Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
24. ՍՊԱՍՈՒՄ
       Բողբոջ տենչեր բիւրաւոր,
Արագ արագ կ'անհետին,
Ըսպասումէն` մինչեւ որ
Մինակ մընամ ես մըթին
Խոհերուս մէջ տարուբեր:
       Եւ ալեկոծ, փոթորկոտ
Մըտածումներ զիս յանկարծ`
Յորձանքներով, հիւանդոտ
Երազանքով մըշտարծարծ,
Կը պաշարեն տըխրաբեր:
       Հեւքոտ ծովուն փըրփուրին,
Կամ եզերքին ես յառած ,
Հորիզոնէ՜ն ալ անդին,
Սիրականիս հեռացած
Ուրուականը կը տեսնեմ:
       Բայց կ'ուշանա՛, ան չի՜ գար,
Ինչպէս այսօր ու վաղն ալ,
Եւ հատնումով ցաւագար,
Կը թըւիմ խենթ մը դառնալ
Ցընորքներու մէջ դըժխեմ: