33.
ՀԱՄՐԸ
Պիտի
հծծէր
անհուն
բառն
իր
տարփանքին,
Աղբիւրին
քով,
աղջիկներու
ականջին.
Բայց
անհունը
գէթ
չըլլար
վա՛նկ
մը
չնչին.
Ջուրն`
իրեն
տեղ`
կ'երկնէ
սիրերգն
այդ
անգին:
Իր
խո՛կն
է
ծներ
բառն`
որ
հծծիւնն
է
սիւքին:
Ջուրին
կարկաջն,
հովին
մրմո՜ւնջն
իսկ
վերջին,
Անհունօրէն
քաղցրազըւարճ
եւ
ուժգին`
Սլացիկ
թեւն
են
իր
մեղեդի
անուրջին:
Պիտի
ըսէր,
ա՜հ
ամէնն
ալ,
ամէ՜նն
ալ…
Բայց
չէ՜
կերպեր
տակաւին
բառն
առաջին.
Քանզի
կ'ըղձայ
անհունին
մէջ
միշտ
մընալ,
Քանզի
բնութիւնն
ալ`
պարզ
ու
մեծ`
միշտ
կ'ըսէ,
Մի՜շտ
կ'ոլորէ,
մէջն
երգեցիկ
իր
շունչին`
Մտքին
վանկերն,
հոգւոյն
նըւագը
լոյսէ:
1907,
Օգոստոս