Թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԿԱՐԱՁԻԳ ԽԱՒԱՅԻՆ ԵՐԿԻՐԸ
      
       Յանկարծ աներկրային տարօրինակ փայլ մը շողաց մթին տեսարանին վրայ. վարդագոյն ցոլարձակութիւն մը՝ հետզհետէ մթագնելով կը վերածուէր հրավառ պիսակներու։ Խաւարչուտ երկինքը պատառ-պատառ եղած էր, ու պատռուածքներուն ընդմէջէն կը սահէին լոյսի պայծառ դրօշակներ, կարմիր, կապոյտ, կանանչ ու ոսկեհոս գինիի նման. սաթերանգ, լուսաւոր ժապաւէններ, ծփին, դողդոջուն ու կայթող, հետզհետէ աւելի լայն, աւելի բարձր, աւելի ակնախտիղ կերպով լուսապայծառ, զարմանահրաշ փառքը կը շողշղար հորիզոնն ի վեր բարձրանալով ու նահանջող մթար ամպերուն մէջէն բոցի երկար տէգեր նետելով։ Մինչեւ որ փողփողուն ճառագայթներու հրաշալի հրավառութեան մը մէջ, բոցարծարծ ոսկեղէն կամար մը ոստոստեց արեւելքէն արեւմուտք, ծովածոցին տեսանելի լայնքը չափելով, ու վերեւի սպիտակ լեռնագագաթներն ի վեր վառվռուն կայծեր ու մարգարտափայլ ու մարգարտագոյն ցոլքեր արձակելով։ Հոս էր ապահովաբար Օտինի ծիածան-կամուրջը, Վալհալլա տանող շողշողուն արահետը։
       Զիւմրիւթի ու լեղակի երկար նեարդաւոր թելեր՝ վայրահակ կ՚իջնէին անկէ. զայն երկրին կապող ըղձական ծաղիկներու առասաններ. եւ անոր վրայ կ’առկախուէր գեղմնակերպ, միգամածային ճերմակութիւն մը . ամպհովանի՝ որուն մէջէն կը թրթռային մեղեսիկի յանկարծածին ցոլքեր։ Յետոյ իբր թէ այդ կամարը երկրային որսկանի մը ձեռքին լարուած աղեղը ըլլար, բոսոր ճառագայթներ կ’արձակուէին անկէ, արագ յաջորդութեամբ երկրին մթագին թիրախին նետուած բքիններու պէս։ Գոյնի այլազան շրջանակները դարձդարձիկ կը պտուտքին, մերթ յառաջանալով, մերթ վերջացնելով, մերթ վարի ջուրերը պողովատիկ դողդոջուն կանանչի մը վերածելով, ու մերթ ալ ձիւնապատ բլուրներուն զարնուելով, մինչեւ որ կուտակուած մարգարիտներու եւ ադամանդներու սուտակներ թուին անոնք։ Ամբողջ վայրանկարը փոխուած էր, ու ծովափին վրայ մարդոց ու կիներու մթաստուեր խումբեր, իրենց աշխատութիւնը թողած տժգոյն դէմքերնին կը դարձնէին այդ ծփանուտ շքեղանքին, ու ծանր դոյլերը կ’իյնային իրենց ձեռքէն, հսկայական սարդերէ հիւսուած մռայլ ոստայններու պէս։
       1907 (ԹԵԼՄԱՅԻ անգլ . բնագրէն)