Նոր տաղեր. 1906-1907

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
23. ՀՈՎԸ
       Ալիքներուն վրայ ոստոստող հովն ըլլայի,
Ու ջուրերուն խուլ մըռունջին մէջ ամայի`
Ձկնորսներու ականջն ի վար փսփըսայի
Սիրուած երգեր, քաղցրութիւնով օծուն բառեր:
       Հովն ըլլայի կատարներուն վրայ պարանցիկ,
Ու ձիւնին մէջ սառող մարդուն համար լայի.
Հովն ըլլայի` հողվրտիքին մէջ երգեցիկ`
Ու ծըծէի տակաւ գաղտնիքն ես Անդիի:
       Ձըմեռներուն ես ամպավար հովն ըլլայի,
Եւ անճըրագ խուղերու ճիչն հորձքիս ձուլած,
Անցորդներու հոգւոյն վըրայ փշրըւէի
Իբրեւ ալիք: Ու տանէի հոն կոծն ու լաց
       Տըղաբերին, որ հողին վրայ կը գալարի
Եւ անսըւաղ մանուկներուն, ու գրկաբաց
Մատաղատի, որդեկորոյս մօրն ալ` որուն
Տարիքին բոցն հոգւոյն մուխին մէջ կը մարի…