Յանգապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
40. ՄԻՏՔ ՈՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
       Միտքս անդադար պատճառներու կը կանչէր,
Ինչպէս շան մը լիալուսնին դէմ հաչիւն,
Կամ կոհակին ամբարտակին դէմ շողիւն.
եւՄէկուն պէս շփոթ, միւսին պէս լե՜ռ մըռունջէ:
       Փիւնիկ մըն է միտքս, իր թեւերն են “ի՛նչ է”,
Որ կը սլանայ դէպի “քանզի”ին լոյս հնչիւն,
Հոն տատրա՜կ մը կը վերածնի իր աճիւն`
Զոյգ թեւերով ծիածան ու ճաճանչէ:
       Աղաղակի կ'ըլլայ մըրրիկ ամպաթեւ,
Միտքս` որ հասնող “ինչու”ներուն հնձանն է.
Զոր կաթոգին ձեռք մը յանկարծ կը բռնէ,
       Կը պարուրէ՜ խաղաղութեամբն իր թեթեւ,
Հրաշալիո՜վն արեգակ ու կապոյտի`
Որ համասփիւռ ամէն բանի կը ժպտի՜: