46.
ԵՐԳ
Քո՛յր,
մօտեցի՛ր
կըրակին,
Ծըխէ
տերեւն
այս
բուրեան,
Զի
ամէն
բան
ինձ
կրկին
Կը
դարձընէ
հոտն
արեան:
Քո՛յր,
մօտեցի՛ր
դարակին
Ու
բեր
հեղուկն
հընծանեան,
Զի
ամէն
բան
ինձ
կրկին
Կը
դարձընէ
համն
արեան:
Քո՛յր,
մօտեցի՛ր
ճըրագին,
Մարէ՛
զայն,
թո՛ղ
լուսինկան,
Զի
ամէն
բան
ինձ
կրկին
Կը
դարձընէ
գոյնն
արեան:
Քո՛յր,
մօտեցի՛ր
նըւագին,
Երգէ՛
դաշտերն
ու
ցորեան,
Զի
ամէն
բան
ինձ
կրկին
Կը
դարձընէ
ձայնն
արեան:
Քո՛յր,
մօտեցո՛ւր
իմ
ձեռքին
Աստուածաբոցն
հըրացան,
Զի
ամէ՜ն
բան
ինձ
կրկին
Կը
յիշեցնէ
վրէ՛ժն
արեան…