Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1. ԳԻՇԵՐԻՆ ԵՐԱԶԱՆՔԸ
       Աղջամուղջին մէջ գիշերը կ'երազէ
Պայծառ այգուն վառ շրթները կեռասէ.
Ու ցնծութեան լոյս աստղերը կը ժպտին
Հրաշափառ գոգն հրճուանքի կապոյտին.
       Բայց երբեմն ալ մղձաւանջի մը մէջ թունդ
Գիշերն այգը կ'երազէ զերթ մէկ անդունդ.
Ու հեւքէն վերջ ոռնումներու բիրտ հովին
Անձրեւի յորդ արցունքները կը թորին:
       1903, Յունուար