Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
9. ՀԻՒԱՆԴԻ ՀԵՒՔԵՐ
(Ցայգերգ)
       I
       Վանդակին մէջ փակուած հէք
Թռչնիկին պէս մենաւոր,
Բանտըւեցան սրտիս սէգ,
Վարդ բաղձանքները բոլոր:
       Դուրսն ամէն բան կը խայտայ,
Ծառ ու ծաղիկ կամ դալար.
Սրտիս մէջ սեւ պար մը կայ
Նուագներու տրտմալար:
       Թռչնոց ճիչին պէս յիմար
Եւ նուաղկոտ կ'երկերին,
Թոյլ խազերու մէջ տկար`
Մութ երգերս կ'երկարին:
       II
       Լուռ քերթուած մը կապոյտի
Կ'երգէ ցայգը լուսաւոր.
Լոյս երգերով կը ժպտի
Ցերեկներուն հոծ ժըխոր:
       Մայթին վրայ մօտաւոր
Քայլերը միշտ կը շտապեն.
Արձագանգ մը հեռաւոր
Թողլով իրենց ըշտապեն.
       Կապուած անոնց շշուկին
Կու լայ սիրտս սըգաւոր,
Խուլ թափի մը մէջ ուժգին:
Պատուհանէն հեռաւոր,
       Երգեհոնի ձայնը մը ցունց
Կը հանէ սիրտըս տխուր.
Իր շեշտերուն թափն ու ցունց
Կը խըռովեն զիս անլուր:
       III
       Անշարժ կեցած մեկուսի
Կը հեծեծեմ սգաւոր.
“Վայելքն ինձմէ կը խուսի,
Կը հատնի կեանքն օրէ օր:
       Պիտի ըլլա՞յ օր մ'արդեօք,
Որ դառնամ հին օրերուս.
Պիտի շնչե՞մ լիաթոք
Զըւարթութիւնն անոնց կոյս…”:
       Բայց բնութեան հըրճուանքէն
Յոյս ու ժպիտ կը քաղեմ.
Լոյսեր յանկարծ կը ճեղքեն
Մտածումներս դժխեմ:
       Եւ անուրջներ ոսկեզօծª
Լուռ` մտքիս մէջ կը պարեն,
Դուրս վանելով անոր հոծ
Թուխպը լոյսի փապարէն:
       1903, Յունուար 29, 30, 31