Բաբախումներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
11. ՅԻՇԱՏԱԿ
       Գիշերն է լուռ, մութը պատած է չորս դին.
Մըտածում մը կը սաւառնի վեր, ետին,
Ստուերամած ու մթասքօղ ամպերուն.
Եւ կիսատուած խորհուրդներս թեւ կ'առնուն.
       Մտածում մը կը սաւառնի վեր, հեռո՜ւն,
Խորհրդաւոր քօղարկումի մութին տակ.
Ու աչքերս խորհրդամած, սեւեռուն,
Բիւր խորհուրդներ կը բերեն ինձ անյատակ.
       Խորհրդաւոր քօղարկումի մութին տակ
Լուռ անձկութիւն մը կը պրկէ զիս յանկարծ.
Կ'արթըննայ մէջըս բիւրաւոր յիշատակ:
       Լուռ անձկութիւն մը կը պրկէ զիս յանկարծ.
Մութը խորին, ու բոյլ մ'անշէջ յիշատակ
Սարսուռներով կը համակեն զիս անկարծ:
       1902, Յունիս