12.
ՏԵՂԱՏԱՐԱՓ
Մութ
մը
թանձր
ու
հոծ
պատեր
է
չորս
դին.
Ամեհի
հեւքը
կը
լսուի
ծովուն.
Տենդեր,
բիւրաւոր
խորհուրդներ
մթին
Կը
ցնցեն
յանկարծ
միտքըս
վրդովուն:
Օձաձեւ
լոյսի
երիզներ
ճերմակ
Կը
փայլատակեն
շողիւնով
արագ.
Եւ
որոտումներ,
ահաւոր
համակ,
Գոռ
դըղրդումներ
կը
տեղան
վայրագ:
Յորդ
անձրեւներու
տարափներ
թօնուտ
Խօլ
ջրվէժներով
մայթը
կը
ծեծեն
Խառնակ
շողիւն
մը
երկարելով
բութ`
Իրենց
մոլեգին
ու
վայրագ
ծեծէն:
Իմ
սիրտս
ալ
տրոփուն
կը
փղձկի
յանկարծ,
Եւ
զայն
կը
ծեծեն
յոյզեր
անհամար.
Անհաս
տենչերու
ճիգեր
մշտարծարծ
Կը
լուսաւորեն
իր
մռայլ
կամար:
[1]903,
Փետր.
12