Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
12. ԳԵՏԱՓԻ ԵՐԱԶԱՆՔ
       Գիւղն համօրէն կը մըրափէ ծոցն արեւոտ ժայռերուն.
Տիւանդորրի պահն ըմպած է մեղկ հեշտութիւն մը սիւքի,
Որ ջուրերուն վրայ կը ցանէ գինովի ղողն իր թրթռուն,
Գետն համբոյրի մը երազով դէպ ի ափունք կը թեքի:
       Գետեզերեայ ծառաստաններ, միջօրետքի այս պահուն,
Ինձ անծանօթ թաւուտքներէ կը խրկեն բոյրն հեշտանքի,
Որ յամրօրէն կը ծաւալի ծաղիկներէն այն լըքուն,
Ասդին անդին տարտըղնըւած` որոնց հոգին կը ցամքի:
       Եւ հընամի ծառեր զիւմրիւթ միայնութեանց ընդմէջէն,
Կ'արտածորեն մուշկի բոյրեր ու ժպիտներ ալ բոսոր.
Կիսամըրափ կ'երազեմ, զիս աղաղակներ կը կանչե՜ն…
       Ձայներ` դիւթիչ աշխարհներէ, տարտա՜մ, անո՜յշ, հեռաւո՜ր`
Որոնք անդին զիս կը տանին երանաստան մը բաղձոտ
Ու կը նիրհեմ արբշիռ` հովին դիւթիչ նեկտարն ըմպած հոտ: