Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
18. ՏԱՊԻ ՆՈՊԱՆԵՐ
       Ջըրաշոգին գետին վրայէն ամպանըման կը բարձրանայ.
Կը փողփողին լազուարթ գոյներ ճամբան ի վեր Կապոյտ-Դարին.
Շինականներ արեւահար ծերունի մը գիւղակ տարին.
Արեգակի բորբ ընձիւղներ կ'այրեն ամէն իր անխընայ:
       Դարուղիէն կ'անցնին դանդաղ ուղտերը գորշ կարաւանին,
Թաթաւելով իրենց հոգին հըրայրքին մէջ այս տօթական,
Երազանքնին կիսատ թողած, գինով գինով վարդերն ինկա՜ն,
Առանց սիւքի ու պլպուլի կը հեծէ ցաւն իր վարդենին:
       Տիւագոլի երակներով բացավայրերն են բոցափայլ,
Ծաղիկներու հոգեվա՜րն է, ժամն արեւոտ տաղտապանքին.
Բազմազեղուն բուրմունքներն են հեշտագրգիռ ու տապագին,
Մենաբաղձիկ անտառին մէջ ո՛չ հեծութիւն կայ, ո՛չ դայլայլ:
       Ժայռերն անփոյթ դեռ կը տաքնան, հանդարտօրէն, լուսափողփող,
Գիրկն անդորրին այս կիզանուտ եւ երազին տակ բոցավառ,
Հնձողներու ձեռքէն հոս հոն յանկարծ կ'իյնայ գերանդին վար,
Ամէնուրեք կը խըլրտի նոպան տապին տախտապարող:
       Ըսպասումն է հեղգ ու ջերմին, կ'ուշանայ դեռ հովն իրիկուան,
Որ զովացիկ, պիտի մեղմէ տենդն անպարփակ այս թալուկին.
Ջերմակարօտ, փաղփուն օձեր լեռներէն վար կը սողոսկին,
Եւ` հըրաշունչ արբշիռ ու բոցերազ` մերթ կը հեւան:
       Դաշտերու մէջ ընկուզիներ կը քընանան հոս հոն ցանցիր,
Ո՛չ ճամբորդ կայ, ո՛չ ալ թռչուն իրենց շուքին տակ ապաստան.
Հսկայ խորխի պէս կ'երկարի, լայնատարած, մենիկ ճամբան`
Ուր սըլացքի ու քայլերու յետին մրմո՜ւնջն իսկ չի յածիր:
       Թուրինջ գոյներ ջըրանըկար… ծիրանի հե՜ւք արեւմարին…
Մըշակներ ու ձիաւորներ պարտէզներէն կը դառնան տուն,
Խարխուլ կամուրջն անոնց բեռին տակ կը հեծէ խոնջ ու նըկուն,
Գետէն անդին երանգ ու ձայն հետըզհետէ կը մարմըրին:
       Ահա գիշերն ալ ծանր ու մեղկ կը գըլորի սարերէն վար,
Ու տապահար դաշտավայրր կը յագենան աղջամուղջով.
Կենսանորոգ շունչ կը բերէ ըսթափանքի կազդոյրն այս զով,
Բայց ցորեկին դեռ կը տեւէ բազմալեզու տենդն հըրավառ: