Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
20. ԳԱՐՈՒՆԸ Կ'ԱՊՐԵՑՆԷ
       Կը թանձրանան
Տերեւներուն
Շեղջեր լըքուն,
Մինչ կը դառնան
Դեռ ծառերուն
Մէջ համօրէն
Հովերն աշնան,
Պարն ամեհի:
       Ու դէպ ի տուն
Միշտ կը դիմեն
Շեշտերն ամէն
Ծիծաղներուն.
Միշտ դէպ ի տուն
Ու դէպ ի ներս
Բոլոր իղձերս
Ա՛լ տարիր դուն,
Չքնա՜ղ աշուն:
       Դէպ ի տամուկ
Պատուհանին
Ա՜լ կը յառին
Աչքերս հիմակ,
Ու սէ՜ր համակ,
Երգըդ կ'իջնէ
Սրտիսª ուր նէ
Իղձ մը ճերմակ
Պիտի գտնէ:
       Չէ՜, հովերուդ
Հետ ցաւը չէ՛
Որ կը տանջէ
Սիրտըս հըրուտ.
Այլ կը դառնան
Ինձ, յուզմունքէդ
Բողբոջ գարնան
Արեւաշող
Յոյսերն յաւէտ: