Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
22. ՍՈՆԱԴԻՆ
       Միջոցին մէջ կը թօշնի
Լոյսի ծաղիկը թրթռուն.
Ըմպած մըռայլն ամպերուն,
Տըխուր է ծովն աշունի:
       Ցորեկներուն կը հակին
Գորշութիւններն հոգւոյս մէջª
Ուր գիշերուան երգը գէ ջ
Լացաւ թօնով մը մէկին:
       Ամայութեան մը տրտում
Կու գայ ինձ ցաւն երբեմնի.
Եւ երազանքս անպատում
Կը կոծկոծի՜, կ'արիւնի:
       Հովը կ'ոռնայ խուլօրէն,
Ու գիշերը կ'երկարի՜.
Ալիքներու ժըխորէն
Ու սարսափէն խաւարի:
       Դալուկ սիրոյ մ'աշնային
Կը կաթէ դողն հոգւոյս մէջ,
Ուր հուրիներ կը նային
Անրջածին, լուսամէջ:
       Բայց կը վախնամ որ նորէն
Խուսափի՜ լոյսն երազին,
Ու մըշուշներ գաղտօրէն
Վայելքներուս շուրջ յածին:
       Աղաղակ մը, մէջն հոգւոյս,
Արագօրէն կը ձայնէ
Մահուան պարը սրտայոյզ,
Մեռա՜ծ է կոյսը ձիւնէ:
       Տարփատենչիկ, զաղփաղփուն ,
Աղջիկն է ան անուրջիս,
Երազունակ ու փաղփուն
Հոգին կանգնած է առջիս:
       Ու կը տեսնեմ դեռ շողուն
Փայլը սրտին իր նըսեմ.
Մոգութենէն աչքերուն
Յափշտակուած կ'երազեմ…