Ծիածան.1903-1906

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
27. ՄԵՂՈՒՆԵՐԸ
       Տենչանքներըս, տարագնացի՜կ մեղուներ,
Ոսկի երիզ մը բանալով
Ու զանակներ անձրեւելէն
Թըռան գացին երամ երամ.
Անցան գացին դարուղիէն,
Կիսաթափանց մըշուշներու ապրշում քօղքը պատռելէն
Եւ յածելէն մէջն արեւին ոսկեծաղիկ մառախուղին:
       Արեւակի, սուտակներու ու զիւմրիւթի
Փաղփուն երանգը ծըծելով իրենց չորս դին.
Ծործորներէն, բացավայրէն
Ու ցորենի գադիշներէն անցան անդին.
Ես գետափին մօտ մընացի վարատակա՜ն,
Մելամաղձիկ երազս յըղած
Դէպ հեռաւոր ծաղկաստաններ`
Ուր թառեցան մեղուներն իմ տենչանքներուս:
       Մեղուներն իմ տենչանքներուս`
Միջօրետքի պահերէն վերջ,
Որոնց դարձին ես կըսպասեմª
Ուղեկորոյս զակատելով:
Ահա՜ օրն ալ մըթագնեցաւ,
Եւ ես ի զո՜ւր տարաժամ
Դեռ կըսպասեմ անոնց հեւքոտ ու մեղրազօծ վերադարձին:
       Ա՜հ, այս ցայգուն
Պիտի անցնիմ դարձեալ Վախիս ճամբաներէն.
Ալ յափրացա՜ծ, ուշակորոյս,
Գիշերներու ըմպած գինին խաւարածոր,
Պիտի անցնի՜մ ես այս գիշեր`
Երկիւղիս սեպ ճամբաներէն,
Իմ գանկիս տակ
Յոյսի ոսկի բոցին անուրջն առկայծելէն:
       Ալ յոգնա՜ծ եմ
Ըսպասելէն տենչանքներուս մեղրին անոյշ,
Ու տարաժամ այս յածումին մէջ երջանի՜կ պիտի ըլլամ`
Եթէ թունեղ խա՜յթ իսկ բերեն
Ուղեմոլար մեղուներն իմ տենչանքներուս: