Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պետրոս բնիկ Հալէպցի է եւ Առաջնորդ Կարկառ քաղաքի (1700), ուրկէ անցած է Սիս եւ կաթողիկոս եղած է 1708ին. երկու տարի յետոյ եկած է Հալէպ։
       Պետրոս երկու տեղ, իր իսկ ձեռքով յիշատակագրած է կենսագրական քանի մը կարեւոր տեղեկութիւններ։
      
       Ա. - Սսոյ Մաշթոցին մէջ.
       -«Նուաստ Բերիացի Պետրոս Կթղկս. նստաւ աթոռ հայրպութեան ի Սիս, թվին ՌՃԾԷ (=1708), Ապրիէլ ԻԹ. (=29) օր Հինկշբթի»։
      
       Բ. - Հալէպի Թիւ 127 Ձեռագրին (Մեկնութիւն Պատարագի ) վերջը.
       -«Յիշտկ է գրգուկս Պետրոս Բերիացի բանասիրիս ի թվին ՌՃԽ եւ Թին (=1700), ի առաջնորդութեանս Կառկառ քաղաքին. ըստացա ի Հասանմսուռ նահանգին, ի թվին ՌՃԾԷ (=1708) եղեւ (պիտի ըլլար՝ եղէ ) կաթողիկոս ի Սիս քղքին եւ ի թվին ՌՃԾԹ (=1710) եկա Բերիա քաղաքս, եւ բազում անցք անցին ընդ իս. Ած. զվերջն ի բարին կատարեսցէ»։
      
       Զմմառի Թիւ 209 Ձեռագիրը, Քարոզագիրք մը, ԺԶ-ԺԷ դարու գործ, կը բովանդակէ յիշատակագրական քանի մը տող Պետրոսի մասին։
       Թղթ. 83բ. - «Զվերջին ստացօղի Քարոզգրքիս զՏէր Պետրոզա յիշատակ է (այսպէս)բբ. ա. տվ. ժժ. եդ. լլ. ա. եդ. յյ. խծ. ժժ. կոսին (=Դաւիթ Կաթողիկոսին Ի ձեռն իւր քուրոչորդւոյն Տէր Պետրոսին, ի վայելումն անձին իւրում . Ամէն»։
       Թղթ. 84ա. - «Որ (=Տէր Պետրոս ) ի թվին ՌՃԾԷ (1708) օծաւ կաթողիկոս Սըսա նահանգին»։
       Ըստ այս յիշատակագրութեան՝ Պետրոս Բերիացին քեռորդին է Վաղարշապատցի Դաւիթ Դ. ի, որ կաթողիկոս եղաւ Էջմիածնի 1587ին եւ հրաժարեցաւ 1629ին։
       Եթէ ստոյգ է այս, այն ատեն Պետրոսին Բերիացի կոչումը պէտք է բացատրել Առաջնորդ Բերիոյ, ինչ որ յստակ չ'երեւիր։
       Զմմառի Թիւ 243 Ձեռագրին մէջ, Հաւաքածոյ մը, ԺԷ. դարու գործ, կը կարդանք սա յիշատակագրութիւնը, Արծիւեան Աբրահամի գրչէն. - «Այս գիրքս ի Ատանա ըստացաւ Աբրահամ Աբեղայ (=Արծիւեան ) ի Գրիգոր կաթողիկոսէն, ի թվին ՌՃԿ (=1711)ին վասն Բերիացի Պետրոս Կաթողիկոսին»։
       Հոս ալ կը շեշտուի թէ Պետրոս Կաթողիկոս Բերիացի է ։
       Շատ ցաւալի է որ առ այժմ ուրիշ աղբիւրներէ տեղեկութիւններ կը պակսին։
       Բայց յայտնի է որ Պետրոս Կաթողիկոս կ'ըլլայ 1708ին, երբ արդէն Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ է Հաճընցի Յովհաննէս Ե. րդ, երկու կաթողիկոսներ միասին կը նստին ի Սիս, բայց յայտնի է որ տռլիկ չեն ըներ, եւ Պետրոս ինքն կը գրէ թէ արդէն Հալէպ վերադարձած է 1710ին։
       Յովհաննէս Ե. ի ինքնագիր մէկ նամակին մէջ, որուն տիպը դրած ենք քիչ մը անդին, կ'ակնարկէ Պետրոսին, առանց տալու անոր անունը։ Նամակը գրուած է ՌՃԾԸ (=1709) Նոյեմբեր 11ին, եւ ուղղուած Հալէպ, իրեն Լուսեղբօր եւ Երէցփոխան մահտեսի Սահակին, անոր որդւոյն Յովհաննէս Չէլէպիի, Խօճայ Պետրոսի եւ Մահտեսի Ղաբլանի, եւայլն, եւ շեշտելով Աթոռը շէն պահելու հարկին վրայ , կ'ըսէ.
       -«Աստուած ինսաֆ տայ իւրեան (=Պետրոս Կաթողիկոսին ). ասացաք թէ եղբօր պէս նստիմք. ուխտ եւ դաշինք արարաք . եւ ոչ կեցաւ ուխտին վերայ. բայց ինծ թէ մեղադրէք, մեղապարտ կու լինիք»։
      
       Հետաքրքրական է երկրորդ յիշատակարանի մէջ եղած ակնարկութիւնը. - եւ բազում անցք անցին ընդ իս։
       Այս մասին կարելի է ընել այլեւայլ ենթադրութիւն։ Եւ անոնց ամէնէն հաւանականն է Պետրոսի լատինասիրութիւնը, որուն հետեւանքով աթոռէ վար առնուեցաւ Կ. Պոլսի պատրիարքարանին կողմէն եւ աքսորուեցաւ Պարսկաստան 1710ին, ըստ վկայութեան Արծիւեան Աբրահամ Վարդապետի ։
       Պետրոս իբրեւ թէ ինը ամիս մնացած ըլլայ Պարսկաստան եւ հոն մեռած ։
       Բայց իրողութիւնը սա է որ Պետրոս կաթողիկոս վախճանեցաւ Երուսաղէմ, 1728ին եւ հոն թաղուեցաւ։
       Ահա տապանագիրը.
       -«Այս է տապան Պետրոս Կաթողիկոսին Կիլիկիոյ, որ փոխեցաւ առ Տէր ի թվ. ՌՃՀԷ (=1728) ամին. յիշեցէք ի Քրիստոս»։
      
       Այս Տապանաքարը զետեղուած է Ս. Փրկիչ Վանքի եկեղեցւոյն արեւմտեան որմին արտաքին երեսը, խաչքարերու շարքին։
       Օրմանեան ոչ միայն անհաւանական կը գտնէ Պետրոսին աքսորը Պարսկաստան, այլ նոյն իսկ չ'ուզեր ընդունիլ անոր լատինասէր ըլլալը. որովհետեւ հռոմէականներէ հալածիչ նկատուած է ինքն Պետրոս։ (Ազգպտմ. էջ 2765շ)։
       Իսկ Ա. Աղէքսանդրեան այնպէս կը կարծէ որ Պետրոս Պիսակ (եւ ոչ թէ Պիծակ ) կաթողիկոս եղած ըլլայ Գրիգոր Պիծակի հաւանութեամբ, իբրեւ իրարու ազգակից, թէեւ մին Ատանացի եւ միւսն Բերիացի, ասկէ հետեւցնելու համար թէ երկուքն ալ «միաբան էին ընդ եկեղեցւոյն Հռովմայ» (Հմռտ. Պտմ. ԲԺ . Կթղց. 9)։
       Ասիկա կարծիք է, եւ ոչ թէ պատմութիւն. վասն զի Բերիացի Պետրոս գործակից է Հաճընցի Յովհաննէսի եւ ոչ թէ Ատանացի Գրիգորի։ Եւ ստոյգ է որ աքսորուած է Պարսկաստան ըստ վկայութեան Արծիւեանի։
       Այսուհանդերձ աւելորդ է հերքել այս կաթողիկոսներու եւ ասոնց նման շատերու, եկեղեցական թէ աշխարհական, լատինասիրութիւնը կամ պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն ընծայել անոնց։
       Միայն այսչափ իրական է որ ասոնք ժամանակի բերմունքով, համակիր էին Հռոմի, որովհետեւ շատ ակնկալութիւններ ունէին անկէ։
       Դարձեալ, ասոնք, առհասարակ պարզ, բարի մարդիկ էին. Հռոմի աստուածաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, իրենց ներքին եւ արտաքին նրբութիւններով անծանօթ էին այս մարդոց. չէին կրնար փրօփականտայի դպրոցէն պատրաստուած եւ պատուաստուած «աստուածաբաններու » հետ մրցիլ կամ գլուխ ելլել. անոնք կրնային ամէն գոյն առնել ասոնց հետ խօսելու եւ գործելու ատեն եւ շահիլ անոնց վստահութիւնը։ Զոր օրինակ Թասպասեան Մելքոն եւ Արծիւեան Աբրահամի նման եկեղեցականներ, որոնք Բերիացի Պետրոս կաթողիկոսէն ձեռնադրուած էին, իբրեւ հայադաւան կ'օգտուէին հայ եկեղեցիէն, բայց սրտանց կաթոլիկ էին, եւ անտարակոյս չափազանցութիւններ կը տեղեկագրէին Հռոմ։
       Գալէմքեարեան կը գրէ Մելքոն Վրդ. Թասպասեանի մասին թէ աշակերտն էր Հռոմայ Բրոբականտայի, «որ 1680էն մինչեւ 1708 իր ծննդավայրի հայերու մեծ մասը կաթողիկէ դարձնելէն ետեւ՝ գրեթէ բոլոր Հայաստան, Փոքր Ասիա եւ Կիլիկիա շրջած էր Հռոմայ հրամանաւ (Տիգրանակերտ-Բաղէշ-Վան-Մուշ-Կարին-էջմիածին-Տրապիզոն-Սեբաստիա-Գաղատիա-Խարբերդ-Կեսարիա-Մարտին-Քիլիս-Անթապ-Սիս-Ատանա-Մարտին ) եւ նոյն տեղերը կաթողիկէութիւն մուծած (իր Օրագրութիւնը)։ 1708ին Հռոմայ հրամանաւ Սիս կ'երթայ եպիսկոպոս ձեռնադրուելու Պետրոս Բերիացի Պիծակ (կամ Պիսակ ) կաթողիկոսէն զոր կանխաւ կաթողիկէութեան դարձուցած էր եւ անոր դաւանութեան թուղթը Հռոմ ղրկած » (Կենսագրութիւններ, 91)։
       Եթէ ճշմարտութեան համաձայն ըլլային Թասպասեանի Օրագրածները եւ Հռոմ ղրկած տեղեկագիրները, պէտք է որ յիշեալ քաղաքներու հայերը, գոնէ մեծամասնութեամբ, կաթոլիկ եղած ըլլային։
       Թասպասեաններու օրագրածներն ու տեղեկագրածները չափազանցութիւններ են՝ չըսենք շաղփաղփութիւնք։
       Այսպիսի օրագրութիւններ եւ տեղեկագիրներ այսօր մեր ժամանակներուն ալ կը խմբագրուին միսիոնարական աշխատանոցներու մէջ, եւ անոնք իրական ապացոյցներ են միսիոնարներու խանդավառ երեւակայութեան եւ ոչ թէ ճշմարտութեան։
       Պատմութեան համար մեծ կշիռ մը չունին այդպիսի օրագրութիւններ եւ տեղեկագիրներ, իրենց չափազանցութիւններուն կողմէն։
       Պէտք է ընդունիլ ժամանակի ոգին եւ դիտել իրողութիւնները իրենց պարզութեան մէջ։
       Դարձեալ մենք գիտենք թէ անձերու եւ կուսակցութիւններու մէջ տիրող հակառակութիւններ, կիրքեր, ինչպէս նաեւ կարօտութիւններ ինչպիսի դեր կատարած են դաւանափոխութիւններու մէջ եւ կը կատարեն մինչեւ ցայսօր, մեր շուրջը, մեր աչքերուն տակ։
       Օրմանեան իրաւամբ դիտել կուտայ թէ Բերիացի Պետրոս կաթողիկոս «ամէն առթի մէջ պաշտօնապէս հայադաւան եկեղեցւոյ պաշտօնեայ էր, եւ անոր ուղղութիւնը կը պահէր. զի եւ ոչ իսկ յանձն կ'առնէր Քաղկեդոնի եւ Լեւոնի նզովքը զեղչել Ձեռնադրութեան ատեն, թէպէտ ոմանք տարբեր դարձուածներ գործածուած կ'ըսեն։ Պետրոսի համար գիտենք թէ Հայադաւան եկեղեցւոյ ծոցը մեռած է Երուսաղէմի մէջ, եւ անհիմն է ոմանց կարծելը թէ Պարսկաստան աքսորուած եւ հոն մեռած ըլլայ, քանի որ Պարսկաստան Օսմանեան իշխանութեան ներքեւ երկիր չէր » (Ազգպտմ. էջ 2767)։
       Առ այժմ ասկէ աւելի ըսելիք չունինք Բերիացի Պետրոս կաթողիկոսի մասին։ Արծիւեանի Օրագրութեան վրայ հիմնուելով իրեն անկումը դրինք 1710ին։ Ըստ այսմ Պետրոս երկու երեք տարի հազիւ մնացած կ'ըլլայ կաթողիկոսական աթոռի վրայ։ Անկից անդին, մինչեւ իր վախճանը Երուսաղէմ, 1728, տասներկու տարիներու միջոց մը կայ, որ թափուր կը մնայ պատմութեան մէջ ։
       Միայն 1726ին Բաբերդ կը գտնուի յիշատակարանի մը համեմատ, հաւանաբար Պարսկաստանի աքսորէն վերադարձին։ Կ'երեւի թէ ներման արժանացած է եւ հրաժարելով գործօն կեանքէն քաշուած է Երուսաղէմ եւ հոն վախճանած 1728ին։
       Յիշատակ մը.
       Երուսաղէմի Թիւ 532 Ձեռագրին մէջ . Տետր, էջ բ, տող 4) յիշատակագրուած է .
       -«Ած. ողորմի Սըսայ Պետրոս Կթղին եւ իւր հոգեւոր եւ մարմնաւոր ծնողացն եւ հաւասար ննջեցելոցն, որ ունի յիշատակ ի սբ . Աթոռս մէկ սպիտակ շուրջառ»։
       Տեսանք որ Պետրոս կաթողիկոս իր ինքնագիր յիշատակարանին մէջ բանասէր ստորոգելին կուտայ իրեն։ Այդ ժամանակներու մէջ բանասէր կը նշանակէր գրասէր, գիրքի գրչի մարդ։
       Աջապահեան Եփրեմ Ա. Կաթողիկոս դիտել կուտայ իր պատմութեան մէջ թէ Սիսի մատենադարանին գիրեքերը եթէ տարուած ցրուած են ասդին անդին, ասոր պատճառը այն է որ դուրսէն եկողներ սկիզբէն ի վեր իրենց հետ տարած են Ս. Աթոռին սպասներն ու զարդերը, եւ մանաւանդ անոր անգին մատեանները, «որպէս Պետրոս Կարկառեցին՝ ի Կարկառ եւ Պետորս Բերիացին՝ ի Բերիա » (Տաշեան Ցուցակ, էջ 359)։
       Բերիացի Պետրոսէն ունինք ինքնագիր կիսկատար նամակ մը, անշուշտ Սիսէն գրուած եւ ուղղուած իր Հալէպի բարեկամներուն։
       Նամակին ճակատը չէ դրոշմուած կաթողիկոսական կնիքը. եւ որովհետեւ նամակը ընդհատուած է, թուական ալ չունի։
       Այս նամակը պատմական կարեւորութիւն ունի միայն անոր մէջ յիշուած ժամանակակից անուններու կողմէն։
       Յի Քի նուաստ ծառայ Պետրոս Կթղկոս ամ. Հայոց եւ պատրիարգ տանն Կիլիկիոյ եւ սպասաւոր սբ. լուսաւորչի աջոյն եւ աթոռոյն. ժամանեսցի ողջոյն քսական. եւ սէր հոգէլրական եւ շաղկապական. հանդերձ սրտատենջ կարօտիւ. եւ ածառաք. բազմապատիկ ահնութբ. ի վերա սերտ սիրելեաց. եւ անմիջց. բարեկամացդ. մահդսի. խճյ. ածատուրիդ. եւ մեր երէցփոխան նալպանտ խճյ. յոհանիդ. խճյ. թապախ սՊիրգիսիդ եւ խճյ. կիրակոսիդ. եւ խճյ. փաչանճի ածատուրիդ. եւ խճյ. բախտիկ մելքոնին, եւ մհդսի. փանոսին. տէրտէրն. ած. զձեզ չիմոռանայ. վեր ի պիտի գրէի մօռացա. եւ դրձլ. շատ շատ ողջոյն տէր գասպարին. եւ սիրելի տէր կարապետին. եւ տէր պօղոսին. եւ տէր պետրոսին. եւ տիրացու ղարիպին. եւ այլոց զմեզ հարցանողաց. եւ ձեր այ. ահնեալ. տանըն եւ ընտանեաց։
      
       Ձեռագիր Թիւ 1162. -
       Գր. Նարեկացւոյ Մեկն. Երգոց Երգոյն։ Նօտրագիր։ Բ. Կանոն ձեռնադրութեան վրդպկն. պաշտօնի։ Յիշատակ. Դ. կդ տետրիս. -
       «Արդ ի վերջին դարուս եւ երեկոյացեալ ժամանակիս, որ էր թվականն Հայոց ՌՃՀԵ (=1726), եկն առ մեզ Բաբերթ քաղաքիս Պետրոս հոգեւոր տէրն Սըսոյ կաթողիկոսն, ունելով զայս տետրիկս ընդ ինքն, եւ ի տեսանել Ներսէս վարդապետին որ է առաջնորդ այսմ քղքիս. որ եւ խնդրեաց ի հոգեւոր տիրէն օրինակս զայս, էառ եւ հրամայեաց հողոյս օրինակել ըստ չափոյ իմոյ հողոյս, ուստի գրեցաւ սա յայսմ ամի աւերման տանն Պարսից եւ կոտորածոյն եւ գերելոցն զորս ոչ կարեմ ը. միտս բերել, կամ գրով արկանել այսպիսի ահագին պտրզմն. եւ արիւնհեղութիւն, զոր տր. ած. մեր բարձցէ ի Քրիստոնէից ազգէս . ամէն»։
       (Սաւալանեանցի Ցուցակ Ձեռագրաց Մատենադարանին Ս. Յակովբեանց Վանուց, էջ 628)։