Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեզի ժամանակակից դէմք մըն է Մկրտիչ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ։
       Ես ճանչցած եմ Քէֆսիզեանը իմ պատանութեանս, Անթէպ, զոր շատ կը սիրէր նա, այնպէս որ գիշերօթիկ դպրոց մըն ալ բացաւ հոն։ Բարեմիտ հայրս բարեկամ էր իրեն։ Լսած եմ իր քարոզները , որոնք մեծ բազմութիւն մը կը հմայէին։ Մօտէն ուսումնասիրած եմ իր մասին գրուածները, խօսել տուած եմ իր մօտ ապրողները եւ զինք լաւ ճանչցողները։
       Եւ հիմայ, այս աթոռին բոլոր կաթողիկոսներուն կեանքն ու գործը քննելէ եւ պատմագրելէ յետոյ, երբ կ'սկսիմ գրել Մկրտիչ Կաթողիկոսի մասին, արդէն քառասուն տարիներ անցնելու վրայ են իր մահէն ի վեր. եւ ես այնպէս կը կարծեմ որ իմ գրելիքս իրական պատմութիւն մը պիտի ըլլայ, դէմքերու եւ դէպքերու հարազատ պատկերացումով եւ լուսաբանութիւններով։
       Շատ որոշ են Մկրտիչ Կաթողիկոսի կեանքին եւ գործունէութեան հանգրուանները։
       Ա. -Մկրտչի` առաջին քայլերը եւ Սիս.
       Բ . - Մկրտիչ` Միաբան Երուսաղէմի.
       Գ . - Մկրտիչ` Կ. Պոլիս եւ Առաջնորդ Անկիւրիոյ.
       Դ . - Մկրտիչ` Առաջնորդական Փոխանորդ Եգիպտոսի։
       Ե . - Մկրտիչ` Առաջնորդ Հալէպի եւ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ։
      
       Ա.
       Բնիկ Մարաշցի է Մկրտիչ Կաթողիկոս, զաւակ աղքատիկ ծնողաց, Ծննդեան թուականը 1818`ըստ տապանագրին ։ Աւազանի անունը Կարապետ։
       Պէտք եղած տեղեկութիւններ կը կը պակսին իր կրթութեան եւ պատրաստութեան մասին։ Բայց կ'երեւի թէ իր մանկութենէն իսկ ուշիմ եւ համարձակ եղած է ապագայ Կաթողիկոսը։
       Ուշագրաւ է հետեւեալ դէպքը։
       Եգիպտացի Իպրահիմ Փաշա` Նիզիպի Պատերազմի տարիներուն (1839) Մարաշ կուգայ։ Քէֆսիզեան Կարապետ, այն ատեն պատանեկիկ մը դեռ, իբրեւ աշակերտ հացագործի , հաց կը ծախէ իրենց տան ապրուստին օգնելու համար։ Օր մը, Իպրահիմ Փաշային զինուորներէն մին կը յափշտակէ Կարապետին հացերը եւ խոյս կուտայ։
       Փոքրիկ հացավաճառը ուղղակի կը դիմէ Իպրահիմ Փաշայի եւ կը պատմէ անոր իր արկածը։ Փաշան այնքան հաճոյք կ'զգայ Կարապետի համարձակութենէն որ գտնել կուտայ յափշտակիչ զինուորը, կը պատժէ զայն, եւ միւս կողմէն` ոչ միայն յափշտակուած հացին գինը կուտայ Կարապետին, այլ նաեւ աւելին` իբրեւ բաշխիչ։
       Կարապետ կ'ամուսնանայ դեռահասակ, բայց ամուսնական կեանքի երջանկութիւնը կը ցնդի տարի մը յետոյ, իր հարսին մահով։
       Այրիացեալ երիտասարդը փոխանակ նորէն կարգուելու, կը դիմէ Սիս, հոգեւոր կարգի մտնելու համար։
       Հոն Սարկաւագ կը ձեռնադրուի մեզի ծանօթ Նիկողոս Սրբազանէն 1845 Մայիս 2, Դշ. օր։
       Բայց տեսնելով որ Կիլիկիոյ Աթոռին մէջ չկայ իր ուսումնասիրութեան ծարաւը յագեցնելու բաւարար միջոց, կը հեռանայ Սիսէն, կ'երթայ Երուսաղէմ եւ կը միաբանի Ս. Յակոբի ուխտին։
      
       Բ.
       Երուսաղէմացի Կիրակոս Պատրիարքի ատեն էր (1846 -†1850)։ Բարի, հոգեսէր, գործունեայ Պատրիարք մըն էր Մնացականեան Կիրակոս Սրբազան, որ կը քաջալերէր ընդունակութեամբ օժտուած միաբանները։ Կարապետ Սարկաւագ ինկած էր իրեն փափաքած միջավայրի մը մէջ, ուր ոյժ տուաւ ինքնօգնութեան. լաւ ուսաւ Սուրբ Գրոց պատմութիւնը, եւ շնորհիւ իր գեղեցիկ ձայնին, եղաւ հմուտ շարականագէտ մը։ Մշակելով իր խօսելու կարողութիւնն ալ, փնտռուած քարոզչի մը համբաւ շինեց։
       Կիրակոս Սրբազան ուզեց կուսակրօն քահանայ ձեռնադրել Կարապետ Սարկաւագը, ուրիշ հինգերու հետ, բայց հիւանդ էր ինքն, հետեւաբար կարգադրեց որ Միաբան Եպիսկոպոսներէն Կարնեցի Դաւիթ Սրբազան կատարէ ձեռնադրութիւնը Ս. Յակոբի Տաճարին մէջ, հակառակ տեղական սովորութեան, որուն համեմատ Երուսաղէմի Պատրիարքը միայն ձեռնադրութիւն կը կատարէ Ս. Յակոբի մէջ, իսկ Եպիսկոպոսներ` կը կատարեն միւս սրբավայրերու մէջ։
       Ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ 1849 Մայիս 1, Երեւման Խաչի Կիրակին։ Կիրակոս Պատրիարք` Գլխադիրի վերեւ` Ս. Խաչի Պատշգամէն հանդիսատես եղաւ Ձեռնադրութեան։
       Քէֆսիզեան Կարապետ Սարկաւագ կոչուեցաւ Տ. Մկրտիչ Քահանայ։ Նոյն օր երեկոյին կատարուեցաւ Վեղարի օրհնութիւնը եւ եղաւ Աբեղայ։
       Իրեն օծակիցներն են.
       Տ. Սահակ կամ Իսահակ Աստուածատուրեան, Բաբերդցի.
       Տ. Պօղոս Յարութիւնեան, Մշեցի.
       Տ. Մարկոս Սարգիսեան, Սամաթիացի (Կ. Պոլիս).
       Տ. Եղիշէ Ստեփան Շեշտովեանց, Եաշցի (Ռումանիա).
       Տ. Միքայէլ Խաչատուրեան, Մարաշցի։
       Քէֆսիզեան, երբ դեռ Աբեղայ, կը ծառայէր Ս. Գերեզմանի, Յարութեան Տաճարին մէջ, յօրինեց գրքոյկ մը, 208 երեսնոց, բաւական կոկիկ գրաբարով, իբրեւ առաջնորդ ուխտաւորաց, իւրաքանչիւր սրբավայրին պատշաճ աղօթքով ։
       Քէֆսիզեան յետոյ եղաւ Աւագ Թարգման, որ Ս. Յակոբի դրան վերին հսկողն է եւ գործակատարը Պատրիարքարանին։ Յարաբերական բոլոր գործերու մէջ, ըլլայ հանդէպ Կառավարութեան, ըլլայ հոգեւոր պետերու եւ Միաբանութիւններու առջեւ, Աւագ Թարգմանն է որ կ'երեւայ, կը խօսի, եւ կ'առաջնորդէ Ս. Յակոբի թափօրներուն։
       Ուխտաւորութեան ատեն ալ Աւագ Թարգմանն է ընդունողն ու առաջնորդողը ուխտաւորներուն, այնպէս որ շատ բան կախուած է անոր ճարպիկութենէն, ուղղամտութենէն եւ փափկանկատութենէն ի նպաստ կամ ի վնաս Ս. Աթոռին։
       Մկրտիչ Վարդապետ իր անձնականութիւնը կը մեծցնէր Աւագ Թարգմանի պաշտօնին մէջ։
       Բարի եւ հիւանդ Կիրակոս Պատրիարքի ատեն աչքի չէր զարներ Քէֆսիզեանին խաղերը. բայց երբ Կիրակոսին յաջորդեց Զմիւռնացի Յովհաննէս Պատրիարք, (1850-1860) Ս. Յակոբի ներքին գործերը ենթարկուեցան խիստ մաքրագործումի։
       Յովհ. Պատրիարք մէկիկ մէկիկ հեռացուց Վանքէն այն միաբանները, որոնք Ս. Աթոռին գործերը կեդրոնացուցած էին իրենց ձեռքերուն մէջ եւ Պատրիարքը վերածած էին խրտուիլակի մը։
       Ասոնց առաջինն էր Գաբրիէլ Վարդապետ, ծագումով Եթովպացի, որ Կիրակոս Պատրիարքի ձեռքին տակ հայերէն սորվեցաւ եւ անոր ձեռքով քահանայացաւ։ Յովհաննէս Պատրիարք նուիրակ ղրկեց զայն Եթովպիա։
       Երկրորդն էր Յովսէփ Սարկաւագ, ազգաւ Եգիպտացի, Իսլամ ծնողքէ. այս ալ Կիրակոս Պատրիարքի խնամքով ուսում առաւ եւ նորին ձեռքով եղաւ Սարկաւագ, անոր վերջին օրերուն։ Յովսէփ Սարկաւագ, դժգոհ Յովհաննէս Պատրիարքէն, գնաց Կ. Պոլիս, յետոյ Արմաշի Վանքին մէջ Վարդապետ եղաւ (1850) Աղաւնի Ստեփան Սրբազանի ձեռնադրութեամբ։ Սա է ապագայ վեհապետեան Յարութիւն Պատրիարքը։
       Երրորդն էր աշխարհական միաբան մը, Յովհաննէս անուն, որ Ս. Յակոբի Ճապին էր, այսինքն կալուածոց տեսուչը. վարքով բարքով կասկածելի։ Յովհաննէս Պատրիարք զայն ղրկեց Կ. Պոլիս, Երուսաղէմատուն։
       Չորրորդն էր Կարնեցի Դաւիթ Եպիսկոպոս, Պատրիարքական Փոխանորդ, զոր դադրեցուց պաշտօնէն եւ անոր գործերը վարեց Աւագ Թարգման Քէֆսիզեան Մկրտիչ Վարդապետի ձեռքով։
       Բայց Յովհաննէս Պատրիարք գոհ չմնաց Քէֆսիզեանէն, որովհետեւ սա իր անձնական փառքին ու շահին կը գործածէր իրեն յանձնուած պաշտօնը, հետեւաբար զայն ալ դադրեցուց Աւագ Թարգմանի պաշտօնէն։
       Շատ ծանր եկաւ Քէֆսիզեանի այս անկումը եւ սկսաւ այլեւայլ կերպով ոգորիլ Պատրիարքին դէմ եւ խռովել աթոռին ներքին խաղաղութիւնը։
       Յովհաննէս Պատրիարք Դամասկոս ղրկեց լեզուագար Քէֆսիզեանը 1853-ին , իբրեւ Տեսուչ։
       Քէֆսիզեան հանդարտ չկեցաւ Դամասկոսի մէջ։ Արհամարհեց իր Պատրիարքին հրահանգներն ու հրամանները, եւ աւելի առաջ երթալով Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյն մատուռը նորոգել տուաւ հակառակ Պատրիարքի կամքին եւ զայն օծեց ու անուանեց Գլխադիր, որպէս զի Դամասկոսէն անցնող ուխտաւորները կողոպտէ Ս. Յակոբի անունով Դարպաս Գանձելով։
       Յովհաննէս Պատրիարք քանի քանի անգամ գրեց Դամասկոսի Տեսչին եւ հրաւիրեց ուղղութեան, բայց նա չլսելու զարկաւ իրեն ուղղուած ազդարարութիւնները եւ իր հակառակութիւնն ու ըմբոստութիւնը յառաջ տանելու համար նոյն իսկ գրգռեց Դամասկոսի հայութիւնը, Դամասկոսը Ս. Աթոռէն անջատելու եւ առանձին թեմ մը կազմելու առաջադրութեամբ, իրեն հայրենակից Գաբրիէլ Եպիսկոպոսի պէս, որ զատած էր Եգիպտոսի Թեմը։
       Բայց Յովհաննէս Պատրիարք զօրաւոր մարդ էր. սկսաւ կառավարութեան միջոցաւ կարգի բերել ըմբոստ եւ վնասակար Քէֆսիզեանը։ Սա նեղը մնաց եւ ճողոպրելու համար Պատրիարքի ձեռքէն, դաւանափոխութեան (կաթոլիկ ըլլալու ) սպառնալիքով ապաստանեցաւ Դամասկոսի Ֆրանսական հիւպատոսարանը։
       Յովհաննէս մարդ ղրկեց Դամասկոս որպէսզի անուշութեամբ համոզէ զայն եւ Երուսաղէմ բերէ։
       Այս նպատակով Քէֆսիզեանի տեղ Սահաթճեան Յովհաննէս Վարդապետը ղրկեց Դամասկոս իբրեւ Տեսուչ, Մեսրոպ Վարդապետի հետ։ Քէֆսիզեան չուզեց շարժիլ տեղէն եւ ժողովուրդին միջնորդութեամբ, Յովհաննէս պատրիարք հաւանեցաւ որ ըմբոստը մնայ Դամասկոս իբրեւ Խոստովանահայր։
       Բայց Մկրտիչ հանգիստ կեցող մարդ չէր։ Հատաւ Յովհաննէս Պատրիարքին համբերութիւնը։ Աւագ Թարգման Չիլինկիրեան Յակոբ Վարդապետը Դամասկոս ղրկեց, Կուսակալին ուղղուած պաշտօնագրով մը, որպէս զի մեղմով համոզեն Քէֆսիզեանը վերադառնալ Երուսաղէմ։ Ըմբոստը յամառեցաւ, բայց վերջապէս օր մը ձեռք տուաւ իր օձիքը։
       Կուսակալը, զայրացած Քէֆսիզեանի անհնազանդութենէն, հրահանգ տուաւ քանի մը ոստիկաններու որպէս զի փողոցի մէջ ուր որ հանդիպին , կալանաւորեն զայն։
       Եւ ոստիկաններ օր մը բռնեցին Քէֆսիզեանը փողոց ելած ատեն, ձի նստեցուցին զայն, շղթայեցին անոր ոտքերը ձիու փորին տակէն եւ իջեցուցին Պերութ, առանց կարեւորութիւն ընծայելու ֆրանսական հիւպատոսի բողոքներուն, եւ Պերութէն շուտով փոխադրեցին Երուսաղէմ, ուղղակի կառավարական բանտ։
       Յովհաննէս Պատրիարք խնայելու համար հայութեան եւ միաբանութեան պատուին, բանտարկեալը փոխադրել տուաւ Ս. Յակոբ եւ հոն ինքը խցարգել ըրաւ զայն, եւ քանի մը ամիս յետոյ ղրկեց Կ. Պոլիս, վտարելով Ս. Յակոբի Միաբանութենէն։
      
       Գ.
       Քէֆսիզեան Ս. Յակոբի Միաբանութենէն վտարուեցաւ 1856-ին այնպիսի պայմաններու եւ պարագաներու մէջ որ ոեւէ հոգեւորականի համար անկում եւ նուաստացում պիտի համարուէր։
       Բայց Քէֆսիզեանի համար նշանակութիւն չունէին այդպիսի բառեր։
       Հասաւ Կ. Պոլիս, վրայ գլուխ անշուք։ 1856-ը վերջին տարին է Սերոբեան Յակոբոս Սրբազանի երկրորդ անգամ Պատրիարքութեան (1848-1856) եւ սկիզբը Քէրէստէճեան Գէորգ Սրբազանի Պատրիարքութեան (1856-1860)։
       Կ'ըսուի թէ Մեծպահոց շրջանն էր. եկեղեցիներ քարոզիչ կը փնտռէին։ Եւ Նորատունկեան Յակոբ էֆ. Կառավարութեան հացագործապետը, Իւսկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյն համար Քարոզիչ մը ուզեց Պատրիարքարանէն. ծանօթ մէկը չի կար. մատնանիշ ըրին Երուսաղէմէն եկած Մկրտիչ Վարդապետը։ Սա գնաց Իւսկիւտար, պաշտպանութեամբ Նորատունկեանի, եւ իր առաջին քարոզով իսկ ուշադրութիւն գրաւեց, համակրանք ստեղծեց իւր շուրջ, անմիջապէս վրայ գլուխ շտկուեցաւ Եկեղեցւոյ կողմէն, եւ դարձաւ նշանաւոր քարոզիչ, որ լաւ գիտէր Սուրբգիրքը, կը քարոզէր Թիւրքերէն լեզուով։
       Նոյն իսկ Իսլամներ կը հետաքրքրուէին անոր Թիւրքերէն քարոզներով։
       Այս միջոցին կը վախճանի (1862) Գաղատիա-Եոզկաթի միացեալ Վիճակաց առաջնորդ Տէլի յորջորջուած Մատթէոս Եպիսկոպոս, Եոզկաթի մէջ, ուր քաշուած էր, եւ Անկիւրիա կը կառավարուէր փոխանորդով։
       Կ՛ըսուի նաեւ թէ Անկիւրիոյ մէջ կաթոլիկութեան երեսէն յուզում եւ խռովութիւն կար։ Անկիւրիա Թիւրքախօս էր, եւ Քէֆսիզեան յարմարագոյն անձը նկատուեցաւ, իբրեւ պերճախօս քարոզիչ եւ ճարպիկ գործիչ, յաջորդելու համար Տէլի Մատթէոսին։
       Քէֆսիզեանի Առաջնորդութիւնը Անկիւրիոյ Թեմին մէջ տեւեց 1858- Օգոստոս -1864։
       Անկիւրիա մեկնելէ յառաջ Քէֆսիզեան ուխտի գնաց Արմաշու Վանքը, Ալեքսանեան Գէորգ սրբազանի Վանահայրութեան ատեն, 1857 Ապրիլ 19-ին ընկերակցութեամբ Սսոյ Մեսրոպ Եպիսկոպոսին։
       Քէֆսիզեանի Գաղատիոյ Առաջնորդական գործունէութենէն շինարար հետքերէն շատ բան չէ հասած մեզի. բայց իր արծաթսիրութեան եւ զեղծարարութեան հետքերը շատ խորունկ մնացած են հոն։
       Ես իբրեւ Առաջնորդ նոյն վիճակին, Անկիւրիոյ Առաջնորդաց Պատմութիւնը գրելու առթիւ պրպտած եմ ձեռքս հասած բոլոր վաւերագիրները, ինչպէս նաեւ հարցաքննած եմ Տօնէլեան Մելքոն Էֆ-ն, Անկիւրիոյ ամէնէն ազդեցիկ հայ անձնաւորութիւնը, որ իմ առաջնորդութեան ատեն քաշուած էր կառավարական եւ ազգային գործերէ. թէեւ Ծերունի-իննսնամեայ կ'ըսէին-բայց պահած էր իր մտքին կորովը։ Այս Ծերունին որ շատ մօտէն կը ճանչնար Քէֆսիզեանը, իբրեւ գործակից , նպաստաւոր բառ մը չունէր անոր հասցէին։
       Մարդկօրէն հնար եղած վերապահումներն ընելով հանդերձ Տօնէլեանի քննադատութիւններու մասին, Քէֆսիզեանի առաջնորդական գործունէութենէն չեմ հանդիպած ապացոյցի մը, որ արդարացնէր իրեն առաջնորդութիւնը Գաղատիոյ ընդարձակ թեմին մէջ։
       Կ'ենթադրեմ որ իր բոլոր պերճախօսութիւնը թափած ըլլայ Անկիւրիոյ կաթոլիկութեան դէմ եւ զգուշացուցած իր ժողովուրդը, յիշելով անշուշտ Դամասկոսի մէջ իր կաթոլիկ ըլլալու սպառնալիքը Յովհաննէս Պատրիարքի դէմ։ Իր օրով նորոգուած էր Կարմիր Վանքի գմբէթը եւ շինուած ժամատունը եւ Վանքին դպրոցը։
       Անկիւրիոյ Կարմիր Վանքի Թիւ 64 Ձեռագրին մէջ (Զէթունցի Կարապետ Կաթողիկոսի Աստուածաշունչը ), յիշատակագրուած են հետեւեալ տողերը։
       -«Յամի Փրկչական 1859, յառաջնորդութեան Տ. Տ. Մկրտիչ արիաջան Վարդապետին Գերմանիկեցւոյ եղեւ նորոգութիւն հոյակապ գմբէթի սրբոյ Տաճարի Վանացս, եւ շինութիւն Զանգակատանն ի տես ամենայն ազգաց։ -Յայսմ ամի եկին նաեւ Չէրքէզ գաղթականք յերկրէն Ռուսաց ի Գաղատիայ արքունի հրամանաւ։ Գրեաց զսոյն ծանուցումն Կէրմիրցի Մ. Ստեփան Մ. Յովհաննէսեան, Մանկավարժ Անկիւրիոյ»։
       Այս նորոգութեան եւ շինութեան հետ Վանքի մէջ դպրոց մըն ալ կը շինուի եւ 1859 Օգոստոս 1-1860 Յնվր. 17 կը ծախսուի 26228 ղրշ. ըստ հաշուետոմարի։
       Այս նորոգութենէն եւ շինութենէն յետոյ Մկրտիչ Վարդապետ Էջմիածին կ'երթայ եպիսկոպոսանալու։
       Արմաշու Վանահայր Ալեքսանեան Գէորգ Վարդապետ, որ Էջմիածին գացած էր իբրեւ ուղեկից Նիկոմիդիոյ Առաջնորդ Մաղաքեան Ստեփան Վարդապետի, կը գրէ իր օրագրութեան մէջ թէ 1860 Յունիս 2, ԵՇ. Մատթէոս Կաթողիկոսէ ձեռնադրուեցան.
       Ստեփանոս Մաղաքեան, Առաջնորդ Նիկոմիդիոյ
       Յովսէփ առաջնորդ Կուտինայի
       Յարութիւն Վեհապետեան Առաջնորդ Կարնոյ
       Մկրտիչ Քէֆսիզեան Առաջնորդ Գաղատիոյ։
       Ձեռնադրութեան յաջորդ օրն իսկ Մատթէոս Կաթողիկոս կը պատուէ նորընծայ եպիսկոպոսները Արքութեամբ։ - Ալեքսանեան դիտել կուտայ թէ չորս ընծայեալներ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէ յառաջ, Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները առին Ղուկաս Արքեպիսկոպոսի ձեռնադրութեամբ Մայիսի 25- ին։
       Քէֆսիզեան Էջմիածնէ վերադարձին` կ'այցելէ Անիի աւերակներուն եւ կը հասնի իր վիճակը։
       Կարմիր Վանքի հաշուետոմարներու մէջ դիտեցի որ Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Էջմիածնէ վերադառնալէ յետոյ սկսած է իր արծաթասէրի շահատակութիւններուն։ Եպիսկոպոսանալէ յառաջ զգուշացած է կասկած հրաւիրելէ իր դրամական գործառնութեանց վրայ։
       1862 Դեկտեմբեր 15-ին Վանքին եւ դպրոցին վերաբերեալ հաշիւները կը քննուին եւ 413 հնչուն ոսկի կ'առնուի Մկրտիչ Եպսի. ձեռքէն եւ Ժամկոչեան Գրիգոր աղան խնամակալ (միւթէվէլլի ) կարգելով անոր կը յանձնեն այդ գումարը։
       Յաջորդ տարին Քէֆսիզեան Թեմական այցելութեան կ'ելլէ, Վանքէն վերցնելով թանկագին զգեստներ եւ սպասներ, որոնք ցանկուած եւ ստորագրուած եւ կնքուած իր կողմէն, 1863 Ապրիլ 1-ին, վերադարձնելու պայմանով։
       Քէֆսիզեան փառասէր էր եւ սիրահար եկեղեցական ճոխութեան։ Փայլուն հանդէսներով եւ քարոզներով կը հմայէր բարի ժողովուրդը։ Կարմիր Վանքին գանձատունը դեռ հարուստ էր Քէֆսիզեանի ատեն. այնպէս որ կարգ մը զգեստ եւ սպաս զոյգ զոյգ կ'առնէ Թեմական այցելութեան առթիւ, եւ ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ Յակոբ Վարդապետի, կ'երթայ Գարա-Հիսար ։
       Քէֆսիզեան երկար կը մնայ թեմական այցելութեան մէջ, կը մխիթարէ կամ կը շահագործէ ժողովուրդը։ Եւ կ'երեւի այդ այցելութիւնները ի գլուխ հանելէ յետոյ կ'երթայ Կ. Պոլիս, որովհետեւ 1864-ի Հոկտեմբերի մէջ արդէն Եգիպտոս կը գտնենք զինք։
       Միւս կողմէն վերոյիշեալ սպասներու եւ սրբութիւններու ցանկին ներքեւ կը կարդանք սա ծանօթութիւնը, Թիւրքերէն.
       -«1866 Յունիս 29-ին Յակոբ Հայր Սուրբ յիշեալ անօթները Գարա-Հիսարէն բերաւ եւ յանձնեց Յովհաննէս Վարդապետին, այսինքն բացի հինգ մասունքներէն եւ Ձեռնադրութեան Մաշթոցէն` միւսները»։
       Մասունքները չէ վերադարձուցած, որովհետեւ ատոնք միշտ պէտք էին Քէֆսիզեանի ժողովուրդին բարեպաշտութիւնը շահագործելու համար։ Ձեռնադրութիւններն ալ կը կատարէր սիմոնականութեամբ։ Իսկ Շալվարճեան Թադէոս Սրբազան թանկագին պնակէն, որ կը պահուէր Կարմիր Վանքի գանձատան մէջ, մինչեւ իմ առաջնորդութեան ատեն, տարած է Կ. Պոլիս, ուր Կրօնական Ժողովը, Անկիւրացիներու բողոքին վրայ առաւ Քէֆսիզեանի ձեռքէն եւ վերադարձուց Անկիւրիա։ Այս մանրամասնութիւնը պատմեց ինձ Իզմիրլեան Մաթէոս Կաթողիկոս 1910, երբ Էջմիածին գացած էինք եպիսկոպոսանալու, Կարմիր Վանքի վրայ խօսելու ատեն։
       Քէֆսիզեան այլեւս ընելիք չունէր Անկիւրիոյ մէջ, ժողովուրդը դժգոհ, իշխան աղաներ իրեն դէմ դարձած` իր արծաթսիրութեան եւ ուրիշ թերութեանց համար. այնպէս որ Գարա-Հիսարցիք չէր (տէսթան ) հանեցին իր վրայ։
       Տօնէլեան Մելքոն Էֆ. մեզի յանձնեց Քէֆսիզեանի դէմ իր կողմէն Ազգային Պատրիարքարան գրուած բողոքագիրներու պատճենները, որոնք ցոյց կուտան թէ Քէֆսիզեան թեմերու մէջ դրամ ժողված է յանուն Աթոռի բայց իւրացուցած է զանոնք եւ տոկոսով ասոր անոր տուած է ։ Իր ձեռք բերած դրամներուն հաշիւը տալով Էնկիւրիւցիներուն հաշիւը տալով Էնկիւրիւցիներուն, պարտական կը մնայ 30000 ղրշ. եւ մուրհակ մը կուտայ որոշեալ ժամանակի մը մէջ հատուցանելու համար։
       Տօնէլեանի նամակին մէջ այնպիսի տողեր կան որ կը լուսաբանեն Քէֆսիզեանի խաղերը։
       -30, 000ղրշ. մուրհակը տալէ յետոյ, վերեւ յիշուած զգեստները եւ սպասները կ'առնէ եւ կ'երթայ Սիվրի-Հիսար, անկից կ'անցնի Գարահիսար. եւ հոն կը ջանայ Գարահիսարի վիճակը անջատել Անկիւրիայէն եւ առաջնորդ ըլլալ. Պատրիարքարան լուր կը տրուի եւ ձախողութեան կը մատնուի Քէֆսիզեանի այդ ծրագիրը։ Ճիշտ Դամասկոսի մէջ ըրածին պէս։
       Մկրտիչ Եգիպտոս կ'երթայ, բայց Անկիւրացիք կը հետապնդեն զինք։ Կարմիր Վանքի միաբաններէն Թադէոս Վարդապետ եւ Ճէվհէրեան Գէորգ աղա կ'երթան Կ. Պոլիս եւ Ազգային Պատրիարքարանի մէջ դատ կը բանան Մկրտչի դէմ, որ Կ. Պոլիս կը բերուի։ Մէկ ու կէս տարի կը տեւէ այս դատը. հաշիւը կը տեսնուի այս խնդրին համար կազմուած յանձնաժողովի մը առջեւ. Մկրտիչ կը դատապարտուի եւ վերոյիշեալ 30, 000 ղրշէն զատ 90, 000ղրշ. ի չափ գումարի մը պարտական կը մնայ։ Թադէոս Վարդապետ եւ Ճէվհէրեան մէկուկէս տարուան ընթացքին 18, 000 ղրշ. ծախք կ' ընեն։
       Մկրտչի դատապարտութեան վճռագիրը, ինչպէս նաեւ Բինկեանցի Արթին աղայի մը Մկրտչի կողմէն փոխ տրուած 40, 000 ղրուշի մուրհակն ալ առնելով կը վերադառնան Անկիւրիա, եւ այս վճռագիրն ու մուրհակը կը պահեն Կարմիր Վանքի գանձատունը կնքուած տոպրակի մը մէջ , ուրիշ կարեւոր թղթերու հետ, վերոյիշեալ Գալէմքեարեան Յակոբ Վարդապետի հսկողութեան տակ։
       Գաղատիոյ աթոռին վրայ Մկրտչի կը յաջորդէ Արիստակէս Եպիսկոպոս Դերձակեան։ Յակոբ Վարդապետ, դժգոհ Դերձակեանէ, կ'երթայ Սիս` Մկրտիչ Կաթողիկոսին քով, թռցնելով նաեւ տոպրակին մէջ դրուած վճռագիրն ու մուրհակները, անշուշտ երկուքին միջեւ գոյացած համաձայնութեամբ։
       Տօնէլեան մինչեւ 1895 կը հետապնդէ խնդիրը, որ Քէֆսիզեանի մահէն յետոյ, Գաղատիոյ Պտրքկն. Փխնրդ. Գալֆաեան Եղիշէ վարդապետի ալ դարձուածներով կը կնճռոտի խնդիրը։
       Չենք ուզեր ասկէ աւելի կենալ Քէֆսիզեանի Գաղատիոյ մէջ ի գործ դրած արծաթսիրական շահատակութիւններուն վրայ, որոնք արձագանգ գտած էին ամէն կողմ, այնպէս որ կաթողիկոս ըլլալէ ետքն ալ կ'ըսէին թէ Քէֆսիզեան իր հարստութիւնը, զգեստներն ու թանկագին զարդերը, բերած է Էնկիւրիւէն ։
      
       Դ
       Քէֆսիզեան Գահիրէ կը հասնի, 1864 Հկտմ. 30-ին, Պատրիարքական Կոնդակով, իբրեւ փոխանորդ Եգիպտոսի Առաջնորդ` Մարաշցի Գաբրիէլ եպիսկոպոսին, որ շատ ծերացած էր (†1867 Ապրիլ 21)։ Իրեն ամսական կը յատկացուի 1851 ղրշ. որ Նոյեմբեր 1-ին կը բարձրացուի 2500 ղրշի։ Նոյեմբեր 6-ին Ազգային Տուրք կը հաստատուի, տարեկան առ նուազն 75 ղրշ . ։ Մկրտիչ Սրբազան 12 յօդուածներով Կանոնագիր մը կը պատրաստէ առաջնորդարանի եւ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան վերաբերութեամբ եւ կ'որոշուի որ Դպրոցի Հոգաբարձութեան խնամքին տակ օրագիր մը հրատարակուի հայերէն - տաճկերէն։
       Դեկտեմբեր 25-ին կ'որոշուի որ Ս. Ծննդեան Տօնին դպրոցական 20 աղքատ տղաքներ երգ մը երգեն եկեղեցւոյ մէջ ի պատիւ Նուպար Փաշային, որ նոր զգեստ շինել տուած էր այդ տղոց։
       Այսպիսի ցոյցեր շատ կը սիրէր Քէֆսիզեան, եւ հոս Նուպար Փաշային հաճելի ըլլալու համար մտածուած հնարք մըն է։
       1865 Փետր. 26, Աբրահամ Մուրատեան կը հրաժարի Թաղական Խորհրդոյ գրագրութենէն եւ անոր կը յաջորդէ Սարգիս Սարկաւագ։
       Քէֆսիզեան 3000 ոսկի կ'իւրացնէ Վանեցիի մը կտակէն։ Հոգաբարձութիւն եւ Առաջնորդական Փոխանորդ կ'իյնան իրարու։ Հոգաբարձութիւնը կը բողոքէ Ազգ. Պատրիարքարան, Թագթագեան Պօղոս Սրբազանի ատեն (1864-1869), որ Եգիպտոս Քննիչ կը ղրկէ Վարժապետեան Ներսէս Եպիսկոպոսը։ Նոյն ատեն Երուսաղէմէն ալ Սահակ Եպիսկոպոս կը ղրկուի Գահիրէ Երուսաղէմի կալուածներուն եւ հաշիւներուն քննութեան համար։
       Ըստ ոմանց Ներսէս Եպիսկոպոս Վարժապետեան անյաջող կը վերադառնայ Կ. Պոլիս. ըստ այլոց Ներսէս Եպիսկոպոս կ'արդարացնէ Քէֆսիզեանը եւ կը հաստատէ իր պաշտօնին մէջ, Նուպար Փաշայի պաշտպանութեամբ։
       Ըստ Սաւալանի տեղեկութեան` Քէֆսիզեան ժողովուրդին հանդէպ ունեցած բուռն ու անսաստ վարմունքին համար կը գանակոծուի կիներէ, որոնց ամուսինները կառավարութեան մատնած ու բանտարկել տուած էր. այնուհետեւ չկրնալով երկար մնալ հոն` կ'երթայ Զմիւռնիա (Թրգ. Նշանեան, էջ 1087)։
       Կ'ըսուի նաեւ թէ կիներու յարձակումը Քէֆսիզեանի վրայ Հոգաբարձութեան կողմէն գաւ մըն էր, բարոյապէս աղարտելու համար Քէֆսիզեանը, թէ անառակ կիներ էին անոնք, որոնց դէմ ինքզինք պաշտպանած է ծալապատիկ նստելով գետնի վրայ։
       Քէֆսիզեան 18 անուններով ցանկ մը կը ներկայացնէ Կառավարութեան եւ Նուպար Փաշային, որոնք վեց հոգինոց Թաղական Խորհուրդ մը կ'ընտրեն այդ ցանկի վրայէն։
       1866 Յունուար 28-ին նոր Հոգաբարձութիւն մը կ'ընտրուի մանչերու դպրոցին համար, իսկ Փետր. 13-ին Տիկնանց Խնամակալութիւն մը` Աղջկանց Վարժարանին համար։
       Քէֆսիզեան, որ ինչպէս կ'երեւի, գրաւած էր Նուպար Փաշայի համարումը, կրցաւ դիմադրել իրեն հակառակորդներուն։
       Փաշան միշտ բարեկամ մնաց Քէֆսիզեանի, որ դրամ կը քաշէր անկէ իր կաթողիկոսութեան ատեն դպրոցի եւ Աթոռի անունով, բայց կ'իւրացնէր զանոնք։
       Ժողովրդական դժգոհութիւնը, սակայն սաստկացաւ հետզհետէ, եւ Քէֆսիզեանն նոյն ինքն Նուպար Փաշայի խորհրդով հեռացաւ Եգիպտոսէն (1866 Ապրիլ 22) եւ գնաց Կ. Պոլիս ։
       Մանզումէի Էֆքիար, Կարապետ Փանոսեանի թերթը, անողորմ քննադատ եղաւ Քէֆսիզեանի եւ լեզուագարութեան տարաւ իր քննադատութիւնները։ Քէֆսիզեան դատարան դիմեց եւ անձամբ վարեց իր դատը եւ ստիպեց Փանոսեանը գալ հաշտուիլ իրեն հետ։
      
       ՆՈՐ ԴԱՐՁՈՒԱԾՆԵՐ
       Մկրտիչ Սրբազան շիկնողներէն չէր իր թերութեանց համար։
       Հեռացաւ Կ. Պոլսէն, նոր դարձուածներու մէջ, մոռցնել տալու համար իր անցեալը։
       Կը յիշեն մեր ընթերցողները թէ Քէֆսիզեան Մկրտիչ Վարդապետ ինչ պայմաններու մէջ արտաքսուեցաւ Երուսաղէմի Միաբանութենէն (էջ 697-700)։
       Այժմ նա պէտք զգաց նորոգել իր ուխտը եւ վերստին կապուիլ Երուսաղէմի աթոռին իբրեւ միաբան, եւ այս ծրագիրը յաջողցնելու համար երկու նամակ գրեց Եսայի Պատրիարքին 1868 Յունիս 10 եւ 13 թուակիր եւ անձամբ ալ դիմեց Երուսաղէմ (Հմմտ. Սիօն, 1868, էջ 95 եւ 143), եւ յաջողեցաւ։
       Հետեւեալներն են յիշեալ նամակները.
      
       Ա.
       Ամենապատիւ սրբազան Հայր Գահակալ Մայր Աթոռոյս Սրբոյ Յակոբեանց, Մեր նուաստութեան ի բնէ անտի Սրբոյ Աթոռոյս միաբան լինելն եւ զվարդապետական բարձր աստիճան աստանօր ի Սուրբ Աթոռս ստանալն եւ ի քանի մի փափուկ պաշտօնս Սրբոյ Աթոռոյս անձուիրաբար ծառայելն յայտ իսկ է Ձերդ Բարձր Սրբազնութեան։ Իսկ ի վերջոյ որեւիցէ պատճառաւ յակամայս մեկնիլ մեր ի Սուրբ Տեղեացս հարկ անհրաժեշտ գոլով, եւ մինչ ցարդ որչափ եւս բացակայական կեանս վարէաք, դարձեալ սիրտ մեր եւ հոգի ըղձատենչ բաղձայր զշնորհ Սրբազան Տեղեացս եւ զսէր միաբանական եղբարց մշտապէս վայելել։ Ուստի յայն սակս եկեալ իսկ այժմ այսր ի Սուրբ Աթոռս ծանուցանեմ Վեհափառութեան Ձերում զեռանդ մեր եւ զսէր տենչական, եւ միանգամայն խնդրեմ ի Բարձր Սրբազնութենէ Ձերմէ յայտնել միով միամտական օրհնագրութեամբ զբարեհաճութիւն Ձեր առ ի ընդունել զմեր նուաստութիւն վերստին ի շարս միաբան սուրբ եղբարց Մայր Սուրբ Աթոռոյս, որում փափաքիմք միշտ ի սրտէ։
       Արդ նուիրելով զխորին յարգանս ակնածութեան Բարձր Սրբազնութեանդ,
       Մնամ միշտ շնորհապարտ
       Խ. Մկրտիչ Եպս . Մարաշցի
       Միաբան Սրբոյ Աթոռոյս Սրբոց Յակոբեանց որ յԵրուսաղէմ
       (Կնիք)
      
       1868 Յունիս 10
       Ի Սբ . Երուսաղէմ
       Ի Վանս Սրբոց Յակոբեանց։
      
       Բ.
       Ամենապատիւ Սրբազան Հայր Գահակալ Սրբոյ Աթոռոյս Սրբոց Յակոբեանց, Թէպէտ յառաջ քան զինեւտասն ամօք ի վերակոչիլն մեր աստ ի Սուրբ Աթոռս ի պատիւ վարդապետական բարձր աստիճանի յարժանայիշատակ Պատրիարք Տէր Տէր Կիրակոս Հոգելոյս Սրբազան Արքեպիսկոպոսէ, ուխտ եդեալ էաք ըստ վաղեմի կանոնաց Սրբոյ Աթոռոյս կալ եւ մնալ հլու եւ հպատակ կարգաց եւ կանոնաց Սրբոյ Գահիս, բայց այժմ եւս ըստ բարձր հրամանի Վեհափառութեան Ձերում ահաւասիկ վերանորոգեմ զայն առաջին ուխտն նուիրական, այսինքն` ծառայել յօժարութեամբ եւ սրտի մտօք Սրբոյ Աթոռոյս, աշխատիլ ամենայն հաւատարմութեամբ յօգուտ եւ ի պայծառութիւն Սուրբ եւ Մեծին Տանս ուր ուրեք եւ յոր եւ իցէ պաշտամունս գտանիցիմ, յարգել եւ պատուել զգահակալս սորա, սիրով եւ քաղցրութեամբ վարիլ ընդ համայն գերապատիւ հարս եւ սիրելի եղբարս միաբանական Սուրբ Ուխտիս, եւ վերջապէս առնել զամենայն հնարաւոր անձնուիրութիւնս, զոր կար անձինս եւ ժամանակն ներեսցէ։
       Ուստի ի հաստատութիւն սոցին ստորագրեալ եւ կնքեալ զայս գիր ձեռօք իսկ իմովք` մատուցանեմ Ձեր բարձր Սրբազնութեան։
      
       Խ. Ծ. Մկրտիչ Եպս. Գերմանիկցի
       Միաբան Սրբոյ Աթոռոյս
       Սրբոց Յակոբեանց որ յԵրուսաղէմ
       (Կնիք)
       13 Յունիս 1868
       Ի Սբ . Երուսաղէմ
       ի Վանս Սրբոց Յակոբեանց։
      
       Ստոյգ է որ Մկրտիչ Սրբազան սրտանց կը սիրէր Երուսաղէմը։ Իր ուխտին նորոգութեան գլխաւոր ազդակն էր այդ սէրը։ Բայց կար նաեւ գաղտնի միտք մը ատոր ետեւ, ինչպէս կը թուի մեզի. -Քէֆսիզեան զրկուած Անկիւրիոյ եւ Եգիպտոսի Առաջնորդութիւններէն, ոչ պատուաբեր պայմաններու մէջ, այժմ մէջ տեղ չմնալու համար կռթնելիք ապահով տեղ մը կը փնտռէ եւ կը յաջողի։
       Սակայն Քէֆսիզեան չ'ուզեր մնալ Երուսաղէմ իբրեւ վերուխտեալ միաբան, այլ անձնական գործերու պատրուակով կը դեգերի Հալէպ, Անթէպ, Մարաշ եւ կը ջանայ Առաջնորդ ըլլալ Բերիոյ Թեմին։
       Շարք մը վաւերագիրներ, իւր իսկ գրչէն, ցոյց կուտան թէ Մկրտիչ Սրբազան մէկ կողմէն ինչպէս կ'օրօրէ Եսայի Պատրիարքը եւ միւս կողմէն ինչ ջանքեր կը թափէ Բերիոյ Թեմին Առաջնորդութիւնը ձեռք բերելու համար, առանց գիտութեան եւ հաւանութեան Երուսաղէմի Պատրիարքին, եւ վերջապէս իբրեւ թէ դժուարահաճութեամբ կ'ընդունի յիշեալ թեմին Առաջնորդութիւնը` միայն Կ. Պոլսի Պատրիարքարանին հաւանութեամբ եւ հաստատութեամբ։
       Ստորեւ յառաջ կը բերենք իր Կ. Պոլսի Ս. Պատրիարքին ուղղած մէկ նամակը, որով իբր թէ կը դժուարի ընդունիլ Բերիոյ Առաջնորդութիւնը.
       Պտրրք.
       Առ
       Ամենապատիւ
       Տ. Տ. Մկրտիչ Սրբազան Արքեպս. Նորընտիր□ Կ. Պօլսոյ բարեխնամ հայրութիւնն ժաման խորին յարգանօք։
       Կ. Պօլիս
       ի Պտրրքրն. Հայոց
       1870 Փտրվր. 25
       Գերմանիկ
      
       Ամենապատիւ Սրբազան Հայր,
       Այս օրեր հեռագրալուր մը ստացանք ձեր բարձր Սրբազնութեան կողմէն, որ կը հաղորդէր մեզ Բերիոյ վիճակին հովուական պաշտօնը մեզի յանձնուելուն որոշումը Կեդրոնական Վարչութդ. միջոցաւ, արդարեւ այս մասին գրէ թէ երկու տարիէ վեր այս կողմերուն մեր սիրելի ազգայինք կարի թախանձանօք կը հարկադրեն զմեզ յիշեալ պաշտօնը վարելու։
       Բայց մեր նուաստութը. ցարդ որոշակի խօսք մը տուածց չեմք անոնց քանի մը բանական պատճառներով. նախ` որքան ալ ժմնկէ. մը վեր Ս. Եէմի. Աթոռէն հեռացած էինք, անցեալ տարի վերադառնալով ի նոյն Ս. Աթոռն վերահաստատած եմք մեր միաբանական սբ. ուխտը, եւ առժմնկեայ. կերպով եկած եմք այս կողմերը իբր յայցելութ. հայրենեացս, ուստի մեր այս մասին հաճուե. կախումը նոյն Սուրբ Աթոռոյն Սրբազան Գահակալին կը վերաբերի, ինչպէս որ մեր հայրենակցաց մեզի ուղղած խնդրագրութե. եւս սոյն պատասխանը տուած եմք արդէն, զորն որ կարծեմ առ Պտրրքրնդ. ուղղած պիտի ըլլան. եկդ ., մեր անձին անբաւականուեը. եւ միանգամայն տկարուիը. քաջ նկատելով, երրդ . ` այս կողմերու հովուական պաշտօնը կարի ծանր` փափուկ` ու սրտամաշ ըլլալը տեսնելով, չորրդ . ` այս կողմերու ազգային հազարաւոր ցաւալի եւ թշուառ դէպքերուն տեղւոյդ կեդրոնական վարչութը. օրինաւոր կերպով չհամապատասխանելը, վասն զի այս կողմերը թէ կրօնական եւ թէ քաղաքական մասին այն աստիճան զեղծումներ` անկարգութիւններ` զրկանքներ` բռնութներ. եւ վերջապէս կրօնափոխութե. մոլուիներ . ։ արմատացած են անհոգութբ. եւ կամ առ ի չգոյէ առջնրդց ., որ գրէթէ անկարելիութեան հասած է գործը, այս առթիւ սոյն պաշտօնին նախ` ժիր արթուն ու անձնուէր պաշտօնակալ մը պէտք է. եկդ . ` Կեդրոնական Վարչուեդ. ուշադրութիւնը` հզօր պաշտպանուիը . ` մասնաւոր խնամքները միշտ ուժ ու զօրութիւն տալու են նոյն պաշտօնակալին. որ կարողանայ քիչ շատ իրեն պաշտօնը ազգին կամացը համեմատ վարել։
       Եթէ սոյն հանգամանքները չունենայ այս կողմերու հովուական պաշտօնակալութը. երբէք չ'կրնար ազգին իղձը կատարուիլ եւ պաշտօնակալը իւր պաշտօնը ըստ արժանւոյն վարել, ինչպէս որ ասկէց յառաջ թէ ձեր բարձր Սրբազնութե. Պտրրքկն. գահը բարձրացած ժամանակնիդ ` եւ թէ անկէց յառաջ եւս այս մասին քանի մը կարեւոր տեղեկագիրներ ուղղած ենք առ Պտրքրնդ. գուցէ ձեր ուշադրուե. արժանացած ըլլան ցարդ յիշեալ տեղեկագիրները` թշուառութիւնները ու օտար ազգերէ կրած բռնութիւնները. կարելի եղածին չափ նկատել. նամանաւանդ կրօնի եւ կրօնականաց անթիւ զեղծումները. ահա ասոնք են այս կողմերու հովուական պաշտօնակալուե. դժուարութիւնները, զորս մենք մի ըստ միոջէ խորհելով անբաւական կը նկատենք մեր անձը այսպիսի բարձր ու փափուկ պաշտօնի մը, ուստի կը խնդրեմք որ եթէ կարելի է մեզմէ աւելի մէկ արժանաւորը ընտրելու բարեհաճիք, որպէս զի ազգին փափաքը ըստ արժանոյն պսակուի, ու այս կողմերու խեղճ ու անտէր ժողովուրդը անպաշտպան չմնայ, ալ Սրբազան Հայրութեանդ բարձր դիտողութը. ու ուշադրութը. յանձնելով։
       Մնամ միշտ հայրական սիրոյդ փափաքող
       (ստոր. ) Խ՛ ՛ Մկրտիչ Եպս. Միաբան Սբյ. Եէմի.
      
       Քէֆսիզեան այս յաջողութենէն յետոյ իւր ուշադրութիւնը կը սեւեռէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռին վրայ, որմէ բռնի զրկուած էր Հալէպի նախկին առաջնորդ Կիւլէսէնեան Նիկողոս Սրբազան (Կիրակոս Գ.
       Ինչպէս որ կ'երեւի, Հալէպի Առաջնորդութիւնը շատ կարճ կ'ըլլայ (1870-1871), եւ վերջապէս Քէֆսիզեան կը հասնի իր նպատակին, այս նոր դարձուածներով, թէեւ պիտի տեսնենք քիչ յետոյ, իբրեւ թէ Բերիոյ Թեմին Առաջնորդութեան պէս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ դժկամօրէն կ'ընդունի, եւ իբրեւ ապացոյց, ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ իր հրաժարականը կը հասցնէ Կ. Պոլիս, Ազգային Պատրիարքարան։
       Այս հրաժարականներ սակայն պարզ խաղեր էին Քէֆսիզեանի կողմէն, իր դիրքը զօրացնելու գաղտնամտութեամբ։
      
       ՄԿՐՏԻՉ՜ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
      
       Ազգային Պատրիարքարան նուաճելէ յետոյ Նիկողոս Սրբազանը, գործադրեց սահմանադրական ժողովներու կամքը, յաջողցնելով ոչ -Աջապահեան Կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը։
       Քաղաքական ժողով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ընտրութեան հսկելու համար իր կողմէն գործադիր Տեսուչ կարգեց Տ. Սիմոն Եպիսկոպոս Սէֆէրեանը, Միաբան Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսի մէջ Փոխանորդ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, եւ Յովհաննէս Էֆ. Ֆրէնկեանը, Կ. Պոլիսի հայ վաճառականներէն։ Եւ որպէս զի ոեւէ անկարգութիւն տեղի չունենայ, ընտրական գործողութեանց առթիւ, Պատրիարքարանը Բ. Դռնէն ալ ուզեց հսկիչ պաշտօնեայ մը, որ նշանակուեցաւ յանձին Լէպիպա Էֆ-ի (Խուրշիտ?)։
       Ասոնք Ատանա հասան 1871 Սեպտեմբերի սկիզբը. կազմեցին Ընտրողական Ժողով ներկայ Երեսփոխաններով, այսինքն առանց սպասելու բոլոր երեսփոխաններու ներկայութեան, եւ նախապէս կազմուած ցանկի մը վրայ գաղտնի քուէով կաթողիկոսական թեկնածու ընտրուեցան.
       Եպիսկոպոսունքքուէ
      
       Բերիոյ ԱռաջնորդՄկրտիչ Քէֆսիզեան 33
       Նիկոմիդիոյ » Ներսէս Վարժապետեան 26
       Կ. Պոլսի Պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեան 20
       Գաղատիոյ Առաջնորդ Արիստակէս Դերձակեան 17
       Պատրիարքական Փոխանորդ Երուսաղէմի Սիմոն Սէֆէրեան 12
       Պատրիարք Երուսաղէմի Եսայի Կարապետեան11
      
       Այս ցանկը Հկտմ. 23-ին հեռագրով հաղորդուեցաւ Կ. Պոլիս, Պատրիարքարան։ Քաղաքական Ժողովը ատոր մէջէն հանեց Մկրտիչ եւ Եսայի Պատրիարքներու անուները եւ հեռագրով վերադարձուց զայն Ատանա, եւ ընտրողական ժողովը, որ կը բաղկանար 35 երեսփոխաններէ, 28 քուէով Կաթողիկոս ընտրեց Բերիոյ Թեմին Առաջնորդ Մկրտիչ Արքեպիսկոպոս Քէֆսիզեանը։ Այս վերջնական ընտրութեան մէջ Դերձակեան առաւ 6 քուէ, իսկ Վարժապետեան Ներսէս` մէկ քուէ։
       Սիմոն Սրբազան եւ Յ. Ֆրէնկեան հեռագրով հաղորդեցին Քէֆսիզեանի ընտրութիւնը Կ. Պոլիս Ազգ. Պատրիարքարան եւ ստիպողաբար խնդրեցին ատոր հաստատումը։
       Ազգ Պատրիարքարան չլսելու զարկաւ Քէֆսիզեանի ընտրութեան ստիպողաբար հաստատութիւնը եւ հեռագրով պայման դրաւ որ ամէնէն առաջ նորընտիր Կաթողիկոսը խոստմնագրով մը ընդունի Ազգային Ընդհ. Ժողովոյ ընելիք կարգադրութիւնը, Կիլիկիոյ Աթոռին եւ Ազգային Պատրիարքարանի յարաբերությանց մասին, որպէս զի հաստատուի Քէֆսիզեանի ընտրութիւնը եւ անունը սկսի յիշատակուիլ Կիլիկիոյ եկեղեցիներուն մէջ։
       Քէֆսիզեան Հկտմ. 28-ին հեռագրով իր հրաժարականը տուաւ Ազգային Պատրիարքարան, որ մերժեց զայն Խրիմեան Պատրիարքի սա հեռագրով.
      
       -«Առ Մկրտիչ Սրբազան յԱտանա. Արդէն Սիմէոն Եպիսկոպոսին հեռագրած եմք ձեր ընտրութեան համար Վարչութեան գոհունակութիւնը, եւ հրաժարականնիդ չընդունուիլը. ուստի ձեր փափուկ պաշտօնին գործադրութեանը համար Վարչութեան օժանդակութեան վրայ զձեզ վստահացնելով կը շնորհաւորեմ եւ Սիմէոն Եպիսկոպոսին տրուած հրահանգին գործադրութեան կ'սպասեմ»։
       31 Հկտմ. 1871
       Պ. Կ. Խրիմեան
       (Տես Իզմիրլեան էջ 867)
      
       Այս հեռագիրը վաւերացում կամ հաստատում նկատուեցաւ, եւ հետեւաբար նորընտիր Կաթողիկոսը առօք փառօք Ատանայի Առաջնորդարանէն առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցի, ժողովրդական ջերմ խանդավառութեան մէջ։
       Սիմոն Սրբազան այս դէպքն ալ հեռագրեց Ազգային Պատրիարքարան։ Հկտմ. 29-ին, որ գոհ չեղաւ գործերու այսպէս արագ ընթացքէն. որովհետեւ` Ազգային Պատրիարքարանի բուն նպատակն էր նորընտիր Կաթողիկոսէն խոստմնագիր մը առնել , որով պիտի յայտարարէր թէ ինքն կ'ընդունի այն հրահանգը որուն մէջ պիտի ճշդուի Կիլիկիոյ Աթոռին Կ. Պոլսի Ազգային Պատրիարքարանի հետ յարաբերութեան կերպը. ուրիշ խօսքով` Ազգային Պատրիարքարանի եւ Մայր Աթոռոյ գերիշխանութիւնը Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ։
       Խորագէտ Սիմոն Եպիսկոպոս, իբրեւ պատասխան Հկտմ. 31-ին հեռագրեց Ազգային Պատրիարքարան թէ մեր պաշտօնը լրացաւ. բայց գիտնալու էք որ ընտրութեան հաստատութեան յապաղումը տեղի պիտի տայ նոր յուզումներու։ Վիճակ մը որ վեց տարիէ ի վեր կը յուզուի եւ այսօր հազիւ գտած է իր խաղաղութիւնը , նոր յուզումներով կրնայ աւելի գէշ հետեւանք ունենալ։ Վարչութիւնը պէտք է որ հաստատէ Քէֆսիզեանի ընտրութիւնը։
       Ազգային Պատրիարաքարանի յատուկ շատ մը էւէլ պակաս ձեւակերպութիւններէ յետոյ, Ազգային Ընդհանուր ժողովը իր ԼԴ. Նիստին մէջ (1871 Նոյեմբեր 12), հիմնուելով Քաղաքական Ժողովի Տեղեկագրին վրայ, հաստատեց Քէֆսիզեանին ընտրութիւնը, եւ Խրիմեան Մկրտիչ Պատրիարքի յանձնարարութեամբ Կաթողիկոսական օծումը կատարեցին Տ. Սիմէոն Եպիսկոպոս Սէֆէրեան, Տ. Արիստակէս Եպիսկոպոս Դերձակեան եւ Հաճնոյ Առաջնորդ Տ. Պետրոս Եպիսկոպոս, 1871 Նոյեմբեր 28, Յիսնակաց Բ. Կիրակին , Սսոյ Մայրավանքին մէջ։
      
       ՔԷՖՍԻԶԵԱՆԻ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ
       Կիլիկեցիք, աւելի ճիշդը, Քէֆսիզեանը ճանչցողներ կամ չճանչցողներ, Կաթողիկոս ընտրեցին զայն, իբրեւ երկրին զաւակը, առանց գիտնալու կամ անդրադառնալու անոր դատապարտեալ անցեալին Երուսաղէմ, Անկիւրիա եւ Եգիպտոս։ Այս երեք տարբեր միջավայրներու մէջ ալ Քէֆսիզեան ամբաստանուած եւ դատապարտուած էր իբրեւ զեղծարար արծաթասէր, յետին աստիճան գձուձ եւ կծծի մարդ։
       Կիլիկեցիք փոխանակ անդրադառնալու իրենց թեկնածուին փորձուած անցեալին, հրապուրուեցան անոր հարստութենէն, զոր իբրեւ թէ պիտի գործածէր Կիլիկիոյ Աթոռին բարեզարդութեան եւ բարեկարգութեան, ինչպէս նաեւ անոր արտաքին կերպարանքէն - վայելուչ հասակ մը երկար, գրաւիչ դէմք, ճարտար լեզու□ ։
       Ոմանք խորհեցան Արիստակէս Եպիսկոպոս Դերձակեանի վրայ, եւ թերեւս յաջողէր անոր ընտրութիւնը եթէ զգածուած չըլլար բարոյական տկարութեամբ մը։
       Քէֆսիզեան կաթողիկոսանալէ յետոյ դուրս տուաւ իր գոյնը, եւ իր կաթողիկոսութեան 23 տարիները նշանաւոր ըրաւ, կռուելով արծաթսիրութեան հետ, իր ժողովուրդին հետ, Ազգային Պատրիարքարանի եւ հետեւաբար Մայր Աթոռոյ դէմ։
       Եւ այս անիմաստ կռիւներու երեսէն չկրցաւ կապուիլ Սսոյ Աթոռին, եւ այս պատճառով չկրցաւ կազմակերպել Միաբանութիւն, Կաթողիկոսական Դիւան, Դպրոց, եւ ընդհակառակն աստանդական կեանք մը վարեց, առանց զգալու պատասխանատուութեան դոյզն ծանրութիւն իր խղճին եւ գիտակցութեան մէջ։ Կիլիկիոյ Թեմին իրեն հաճելի քաղաքներն ընտրեց, տարուան չորս եղանակներուն համեմատ բնակելու համար։ Մարաշի մօտիկ Քէրխանի մէջ հովոց մը շինեց, Քէֆսիզեանի համեմատ քէյֆի տեղ մը, ամառները անցընելու. Անթէպը` գարնան, Հալէպը` աշունքի եւ ձմռան համար։ Անշուշտ Սիս ալ կ'երթեւեկէր, կը մնար հոն, բայց Սիսը շատ նեղ եկաւ իրեն։ Մեծն Կիրակոսի Մեծագործութեանց աւերակները կը վիրաւորէին իր արծաթսիրութիւնը. Սիսեցիներուն հակառակութիւնը, որ հետզհետէ թշնամութեան փոխուեցաւ, անհանգիստ ըրին Քէֆսիզեանը։
       Նորընտիր Կաթողիկոսը իրապէս շատ աւելի կը մտածէր իր դրամները շահագործելու կերպերուն վրայ քան թէ իր կաթողիկոսական պարտականութեանց վրայ։ Շողոքորթներ փճացուցին իր դրամները, իսկ իրեն քննադատները թշնամի համարեցաւ իրեն։ Չյագեցաւ իր ագահութիւնը, չուզեց ճանչնալ իրմէ վեր կարող մարդ, մինչ քիչ չէին անոնք Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ։
       Իր ժողովուրդէն դուրս տեղեր աչք տնկեց. ուզեց Քէնթրպրիի Արքեպիսկոպոսն ալ շահագործել երեւակայական ծրագիրներով, որոնք ջուրը ինկան ինքնին, երբ քննիչ մը եկաւ նոյն Արքեպիսկոպոսի կողմէն Կիլիկիա։ Մինչեւ Հնդկաստան նուիրակ ղրկեց։
       Կիլիկիոյ ազատագրութեան երազ մը կը շոյէր□երգերով, խօսքով միայն։ Կը ցանկար Ազատ Կիլիկիոյ Թագաւորն օծել իր ձեռքով եւ յետոյ ըսել` Արդ արձակեա Տէր զծառայս քո□։
       Քէֆսիզեանի կաթողիկոսութիւնը զուգադիպեցաւ Մկրտիչ Խրիմեանի, Ներսէս Վարժապետեանի եւ Յարութիւն Վեհապետեանի նման ազգասէր եւ Կիլիկիոյ սրտանց համակիր Պատրիարքներու, իսկ Մայր Աթոռի վրայ ալ, Գէորգ Դ-ի նման մեծամիտ եւ սակայն Մեծագործ Կաթողիկոսի մը, որ անողոքելի հակառակորդն եղաւ Սիսի, Աղթամարի, եւ մանաւանդ Քէֆսիզեանի անձին, եւ Մակարի նման ողջամիտ, ստոյգ Հայրապետի մը ժամանակներուն, որոնց ամէնուն հետ գէշ եղաւ Քէֆսիզեան. մինչ կրնար վարուիլ ասոնց ամէնուն հետ եւ Կիլիկիոյ Մեծն Կիրակոսի ուղղութեան հետեւելով, կրնար ամէնուն համակրանքը գրաւել եւ ապահովել անոնց գործակցութիւնը` վերակենդանացնելու համար Կիլիկիոյ Աթոռը, որ անժխտելի հմայք մը ունէր բոլոր հայ ժողովուրդի աչքին։
       Քէֆսիզեանի ընդհանուր դիմագիծը պատկերացնելէ յետոյ, քննենք անոր կիրքերն ու կռիւները կամ անոր նկարագրին ամէնէն կարկառուն գիծերը։
      
       Ա . - Փարայի կիրքը.
      
       Արծաթսիրութեան ախտին համար ի զուր չէ ըսուած` մայր ամենայն չարեաց։
       Քէֆսիզեան խորապէս ախտաւորուած էր արծաթսիրութեամբ։ Նա կը սիրէր փարան, ոչ թէ օգտակարապէս գործածելու համար զայն, այլ միայն մթերելու եւ շահագործելու համար։ Ատեն մը ընկերակից եղաւ վաճառականի մը։ Իրենց ապրանքներու հակերուն վրայ Մ. Կ. Մարքան (նշանագիր ) երեւցաւ։ Մկրտիչ Կաթողիկոս վաճառական։
       Տոկոսով ալ կը շահագործէր իր փարաները, կը վստահէր շողոքորթներու, եւ կը կորսնցնէր։
       Շատ կծծի եւ գձուձ էր։ Իր դիրքին եւ տեղւոյն համեմատ չէր գիտեր տալ, ծախսել։ Այս կողմէն միշտ կը բամբասուէր, եւ պզտիկ կը մնար□։
       Եթէ իր խելքը տար Աթոռի կալուածներուն օգտագործման, զոր օրինակ, Թլան կոչուած ագարակը, Ատանայի Չուգուր Օվային (ցածանիստ դաշտ ) ամէնէն յուռթի եւ ջրարբի կտորներէն մին, հազարաւոր արտավարներով, կրնար հասոյթի աղբիւր մը ապահովել Մայրավանքի շինութեան եւ բարեկարգութեան համար։
       Բայց Քէֆսիզեան ուզեց մթերել իր անձին համար։ Ապրեցաւ Աւետարանի անմիտ հարուստին պէս, ինքն իր մէջ, մեռաւ առանց լումայ մը թողլու այն Աթոռին, զոր ի զուր գրաւեց 23 տարի, եւ ինչ որ ունէր, իր մահուան անկողնին շուրջ ինկաւ ասոր անոր ձեռքը եւ ոչնչացաւ։
       Քէֆսիզեանի արծաթսիրութիւնը ծիծաղելի ըլլալու չափ նշանաւոր էր։
       Նա փոքր արկղ մը (Չէքմէճէ ) ունէր։ Իր տրամադրելի դրամները կը պահէր ատոր մէջ։ Երբ իր սենեկին մէջ էր Քէֆսիզեան, արկղիկը պէտք էր իր աչքին առջեւ եւ ձեռքին տակ գտնուէր. երբ եկեղեցի իջներ, արկղիկը կը փակուէր պահարանի մը մէջ. երբ վերադառնար եկեղեցիէն` արկղիկը պէտք էր գար իր տեղը. արծաթասէրի աչքին առջեւ եւ ձեռքին տակ։
       Եւ այս արկղիկն էր որ յափշտակուեցաւ ձեռքէ ձեռք Հալէպի Առաջնորդարանին մէջ, Քէֆսիզեանի մահուան անկողնին շուրջ, եւ կողոպտուեցաւ։
       Քէֆսիզեանի մահէն յետոյ` ժառանգորդ անուան տակ խաչագողներ բուսան, իրենց ազգականին ժառանգը պահանջեցին, նոյն իսկ ձեռք երկնցնել ուզեցին Հալէպի Ս. Քառասնից եկեղեցւոյ հողերուն, որոնք իբրեւ միւթէվէլլի` Մկրտիչ Կաթողիկոսի անուան էին արձանագրուած, եւ դատ բացին։
       Այս դատը երկարեցաւ մինչեւ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի օրերը, եւ որպէս զի թիւրք դատարանը, գիտնալով հանդերձ թէ այդ հողերը Հալէպի Ս. Քառասնից եկեղեցւոյն կը պատկանին եւ ոչ թէ Միւթէվէլլի անձին, ի նպաստ ժառանգորդներու վճիռ չարձակէ, Ատանայի Կուսակալ Ճէմալ Փաշայի խորհրդով Սահակ Կաթողիկոս 500 օսմանեան ոսկի տուաւ Քէֆսիզեանի ժառանգորդներուն, որոնք ետ քաշեցին իրենց դատը, եւ հողերը արձանագրուեցան Սահակ Կաթողիկոսի անուան, իբրեւ նոր Միւթէվէլլիի։
       Վերջին դրուագ մը։
       Քէֆսիզեան իր կեանքի վերջին տարին, ուզեց իր հարստութիւնը փոխանցել Երուսաղէմի Աթոռին։ Այս նպատակով նամակ մը գրեց Յարութիւն Պատրիարքին 1894 Փետրուար 5 թուակիր, պայմանաւ որ իր հարստութիւնը յատկացուի Ժառանգաւորաց դպրոցին, որու անունն ալ փոխուելով կոչուի Սրբոց Յակոբեանց եւ Կիլիկիոյ Աթոռոյն Վարժարան, ուր ընդունուին 20 Կիլիկեցի եւ 20 ոչ Կիլիկեցի աշակերտներ, եւ յետոյ ինքն ուր որ ալ մեռնի, իր մարմինը փոխադրուի Երուսաղէմ եւ թաղուի Ս. Փրկչի գաւիթը, եւ տարեկան հոգեհանգիստ կատարուի իր յիշատակին Հոգեգալստեան Տօնին։
       Տնօրէն Ժողովը ուզեց գոհացնել Քէֆսիզեանը, Գաբրիէլ Վարդապետ Անոյշեան ղրկուեցաւ Հալէպ, որպէս զի բանակցի Մկրտիչ Կաթողիկոսի հետ, հասկնայ թէ ի՞նչ է անոր հարստութիւնը, եւ այլն։
       Անոյշեան շատ աննպաստ տեղեկագիր մը բերաւ Տնօրէն Ժողովին. մէջտեղ դրամ չի կար. ասոր անոր վրայ առնելիքներ կային□։ Հետեւաբար մերժուեցաւ Քէֆսիզեանի առաջարկը, հակառակ անոր կրկնակի դիմումներուն ( Տե՛ս Ազգապատում էջ 5012 եւ Միաբանք էջ 299)։
       Փակենք այս հատուածը Աւետարանի հարցումով. - Արդ, զոր Ժողովեցերդ ո՞ւմ լինիցի…։
      
       Բ . - Կռիւ Ժողովուրդի հետ։
       Քէֆսիզեան, խորամանկ, ճարպիկ, խելացի անձ մը նկատուած է։ Բայց իր այս կարողութիւնները, եթէ իրական էին, չկրցաւ արժեցնել հանդէպ իր ժողովուրդին։
       Քէֆսիզեան շատ լաւ գիտէր այն բոլոր անցուդարձերը, որոնց մէջէն քալեց դժբախտ Սրբազան Նիկողոս (Կիրակոս Գ . Շատ լաւ գիտցած պէտք էր ըլլար նաեւ Սսեցիներուն զգացումները, իբրեւ հետեւանք Կաթողիկոսութեան խլուելուն Աջապահեաններու տոհմէն, ինչպէս նաեւ նոյն ինքն Նիկողոս Սրբազանի - որ ողջ էր - եւ անոր բարեկամներուն եւ անոր կաթողիկոսական օծումը կատարողներուն դիրքն ու մտայնութիւնը, եւ ուրիշ քանի մը փափուկ խնդիրներ, որոնց վրայէն կարելի չէր կոխել անցնիլ լեզուագարութեամբ։
       Խելացի Քէֆսիզեան իրեն առաջին գործերէն մէկը ըրաւ հարուածել Սսեցիները Սսոյ մէջ ուղղակի իբրեւ կողոպտիչները Աթոռին. որովհետեւ Սիսի մէջ այն բոլոր տուներ, ուր որ սեղան դրուած է իրեն , դիտեր է որ կերակուրի պղինձ ամաններուն վրայ Աթոռի յիշատակարաններ փորագրուած են. որովհետեւ ասկէ անկէ իմացեր է որ Աջապահեան Կաթողիկոսներու ազգականները, իրենց ազգական կաթողիկոսներէն աս ու ան նուէրը առած են, կամ նոյն իսկ անոնց վախճանման ատեն` իբրեւ կողոպուտ առած են անոնց վերաբերեալ առարկաներ որոնք պէտք է որ Աթոռին մնային, եւայլն։
       Սսեցիներուն վրայ առաջին յարձակումը կը գործէ Սսոյ Մայրավանքին մէջ քարոզելով։
       1872 Յունվար 1-ին, երբ ըստ սովորութեան, Սսեցիք Մայրավանք կուգան, ամանորի ժամերգութեան եւ յետոյ Նոր Տարին շնորհաւորելու Կաթողիկոսին, սա փոխանակ առիթէն օգտուելու եւ սիրաշահելու Սսեցիները, նախատինքով կը կշտամբէ զանոնք իբրեւ գող եւ կողոպտիչ, եւ կը պահանջէ որ Աթոռին եւ հանգուցեալ Կաթողիկոսներու վերաբերեալ ինչ որ կայ իրենց քով, բերեն եւ յանձնեն իրեն։
       Բնական է, Սսեցիք սաստիկ կը վիրաւորուին այս հրապարակային նախատինքէն, եւ կ'որոշեն վրէժ լուծել. եւ հետեւաբար, յաջորդ Կիրակի դարձեալ կուգան Մայրավանքի եկեղեցին, եւ Պատարագի մէջ կաթողիկոսի անուան յիշատակութեան ատեն կ'աղմկեն, եւ չեն ուզեր որ յիշատակուի անոր անունը, նոյն իսկ կը փորձեն Քէֆսիզեանը վար առնել աթոռէն։
       Այս անարգանքը յանկարծակիի կը բերէ Կաթողիկոսը, որ փոխադարձ վրիժառութեան ոգւով, հայատառ թիւրքերէն տետրակ մը կը հրատարակէ Կիլիկիանըն էսրարը վէ սէքալէթի (= Կիլիկիոյ Գաղտնիքները եւ Խեղճութիւնը ) խորագրով եւ Պիր Ատանալը Հայ Երիտասարդ կեղծանունով, 52 երեսնոց, գրուած 1872 Յունուար 23, Ատանա։
       Այս տետրակին մէջ Քէֆսիզեան կը յիշէ թէ Կիլիկիան, որ հայ ազգին համար պանծալի եղած է, ինչպէս ինկած է Տէրէպէյութեանց ազդեցութեան տակ , որոնք եկեղեցական գործերու կը խառնուին, կ'ակնարկէ Աջապահեաններու շահատակութեանց, կը գովաբանէ ինքզինք, կ'ուզէ պատկերացնել իր ըրած ծառայութիւնները, երեւան կը հանէ Սսեցւոց գողութիւնները, կը պատմէ խռովութեանց դէպքեր նոյնիսկ Ս. Աթոռին մէջ, կը շաղակրատէ եւ կը վերջացնէ սա տողերով։ -
      
       «Մկրտիչ, մէկդի՛ վհատութիւնը. առնապէս շարունակէ գործողութիւնդ. եղածը եղած է. մահ կայ բայց դարձ չկայ. (էօլմէք վար տէօնմէք եօգ ). քաջ գիտցէք որ Ձեզ համար շատ անձնուէրներ կան, թէ՛ վիճակներու եւ թէ՛ Կ. Պոլսի մէջ, եւ այլուր. Ազգը Սիսի երեք ու կէս մարդոցմէ չէ՛ որ կը բաղկանայ. Օսմանեան Պետութեան մէջ գտնուող հայերն են որ կը կազմեն Ազգը. նախ բոլոր վարդապետաց հեղինակ մեր Փրկչի սիրուն, երկրորդ Անոր Սրբազան Առաքելոց, Հայաստանի հրեշտակ Թադէոս եւ Բարթողիմէոսի, եւ անոնց արժանաժառանգ յաջորդ, մեր երիցս երանեալ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բազմերախտ Հայրապետին սիրուն, այս Անոր, որուն «արժանաւոր յաջորդ » եղած է ինքն, բազո՛ւմ ընտրողներու ձայնով, որ է Ձայն բազմաց` ձա՛յն Աստուծոյ, շարունակէ գործդ ուշադրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ. եւ մենք ասոր համար ազգովին կ'աղօթենք ի բոլոր սրտէ» ։
       Սսեցւոց Եկեղեցւոյն մէջ կը կարդացուի այս տետրակը, բոլոր ժողովուրդը կը լսէ եւ կը յուզուի, եւ կ՛ որոշեն վրէժ լուծել նորէն։
       Քէֆսիզեան անգամ մը թեմական այցելութեան համար առտու կանուխ կը հեռանայ Սիսէն։ Յանկարծ Մայրավանքի զանգակը կ'սկսի ղօղանջել, իբրեւ ազդարարութիւն գէշ պատահարի մը։ Սսեցիք կը խուժեն Մայրավանք, հոն կը յայտարարուի ժողովուրդին թէ Մկրտիչ Կաթողիկոս Լուսաւորչի Աջը փախցուցեր է։
       Քաջեր անմիջապէս ճամբայ կը նետուին, կը հասնին Կաթողիկոսին ետեւէն, կը նախատեն զինք իբր աջագող։
       Քէֆսիզեան ի զուր կը ջանայ համոզել զինք հետապնղողները թէ Աջը Աթոռի գանձատան մէջ իր տեղն է։ Չեն ուզեր համոզուիլ եւ կ'ստիպեն Կաթողիկոսը որ վերադառնայ Սիս եւ ցոյց տայ Աջը։
       Քէֆսիզեան կը բռնադատուի վերադառնալ Աթոռ, Սսեցի աղաներ կը ժողովուին, գանձատան բանալին կը յանձնէ անոնց որպէս զի երթան տեսնեն Աջը։
       Սսեցիք կ'ստուգեն որ իրօք Աջը իր տեղն է, կը հանդարտին. վրէժը լուծուած էր. հասած էին իրենց նպատակին ( տե՛ս Սիոն1928, էջ 381-82)։
       Բայց Քէֆսիզեան այնքան վիշտ կ'զգայ այս պատահարէն որ կը լքէ Սիսը. Աթոռի այլուր փոխադրութեան ծրագիր կը մշակէ եւ կ'զբաղեցնէ Ազգային Պատրիարքարանը, առանց իրագործուած տեսնելու իր երազները, թափառական կաթողիկոսութիւն մը կը վարէ մինչեւ վերջին կէտը իր կեանքին։
      
       Գ . - Կռիւ Պատրիարքարանի, եւ հետեւաբար Մայր Աթոռոյ հետ։
       Ազգային Պատրիարքարան անկեղծօրէն կ'ուզէր թեւ թիկունք ըլլալ Կիլիկիոյ Աթոռին բարեկարգութեան, ոչ միայն Քէֆսիզեանի ատեն, այլ, ինչպէս որ տեսանք, սկսեալ Մեծն Կիրակոսի ժամանակներէն։
       Քէֆսիզեան ի դերեւ հանեց այդ բարի դիտումն ու տրամադրութիւնները, եւ ընդհակառակն, եթէ ոչ թշնամիներ, գոնէ հզօր հակառակորդներ ստեղծեց իր անձին դէմ, եւ իր պատճառով յանդգնեցան ոմանք Կիլիկիոյ Աթոռին իրաւասութիւններն ալ ուրանալ եւ կաթողիկոսը վիճակաւոր Վանահօր մը աստիճանին իջեցնել, ինչպէս որ տեսանք Իզմիրլեանի պարսաւագիրքին վրայ խօսելու ատեն։
       Ստոյգ է որ անշքացած էր Կիլիկիոյ Աթոռը։
       Իսկ Նիկողոս Սրբազանի (Կիրակոս Գ . ) դէպքը խրտչեցուցած էր Ազգային Պատրիարքարանը, որուն սահմանադրական ժողովները, վարժութեան շրջանին մէջ, ի գործ դրին իրենց բոլոր խակութիւնը, իրենց բոլոր բարի տրամադրութիւնները` շատ անգամ զիրար չէին հասկնար, ժողովներու, մասնաժողովներու կազմութեամբ եւ անոնց խնամքին յանձնուած խնդիրներ կ'երկննային, չէին լուծուեր. «բան մըն է որ կ'երթար»։
       Իսկ Քէֆսիզեան, հին գլուխ մարդ, Սահմանադրութիւն եւ այլն չէր հասկնար. եւ երբ այս մտայնութեամբ բարձրացաւ կաթողիկոսական Աթոռ, կարծես թէ բան մը եղաւ։ Չկրցաւ կշռել մեր ազգային պատմութեան մէջ յառաջ երկած փոփոխութեանց իրական արժէքը։ Չկրցաւ կամ չուզեց տեսնել որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սահմանները սեղմուած էին։ Երուսաղէմ, որ Կիլիկիոյ Աթոռէն կախուած էր, շատոնց ենթարկուած էր Ազգային Պատրիարքարանի գերիշխանութեան, թէ՛ ամիրաներու ատեն եւ թէ՛ մանաւանդ Սահմանադրութեան ուժով. իսկ Կ . Պոլիս, որ երբեմն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն հրահանգ կ'ընդունէր, ուժաւորուած Սահմանադրական կարգերով եւ պաշտպանուած Օսմանեան Կառավարութենէն, նոյն իսկ կ'առաջնորդէր Մայր Աթոռին` վարչական գործերու մէջ։ Կիլիկեան թեմեր ալ արդէն վարժուած էին Կ. Պոլսի մէջ կազմակերպեալ Ազգային Պատրիարքարանի սահմանադրական հրահանգներուն, մանաւանդ Թագթագեանի, Խրիմեանի եւ Վարժապետեանի նման ազգասէր եւ ազգէն սիրուած Պատրիարքներու անձին եւ դիրքին հմայքին տակ։
       Կիլիկիոյ Աթոռը պատմական անուն մը դարձած էր։ Միքայէլ Բ. շատ քննադատուած էր Ազգային Պատրիարքարանի կողմէն, Կիրակոս Բ. չէր յաջողած կեանք տալ պատմական Աթոռին. Նիկողոս Սրբազանի անձին եւ գործին շուրջ յուզած խնդիրները եւ Ազգային Պատրիարքարանի ըրածները, Քէֆսիզեան ամէնէն աւելի ինքն պէտք էր գիտցած ըլլալ։
       Մայր Աթոռն ալ բարեկարգուած էր Ռուս Պետութեան կողմէ տրուած կանոնագրութեամբ (Պօլօժենիա ) եւ Գէորգ Դ-ի նման հուժկու հոգեւորական մը այդ աթոռին վրայ, թեւ կ'ածէր միւս բոլոր աթոռներուն, կ'ուզէր կեդրոն ըլլալ ամէն բանի։
       Ազգային Պատրիարքարան կ'ուզէր իր նոր դիրքը պահել նոյն իսկ հանդէպ Մայր Աթոռոյ։
       Օսմանեան Պետութիւնը ոյժ կուտար Ազգային Պատրիարքարանի , եւ բարեացակամ էր Թիւրքիոյ Հայութեան։
       Քէֆսիզեան չկրցաւ կշռել այս ընդհանուր կացութիւնը։
       Իրեն կը մնար գործակցիլ Ազգային Պատրիարքարանի եւ կրնար մեղմացնել անոր յաւակնութիւնները եւ մեծապէս օգտուիլ անոր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութենէն ի նպաստ իր Աթոռին շինութեան եւ բարեկարգութեան։
       Մկրտիչ Կաթողիկոս , որ պարտաւոր էր գիտնալ այս իրողութիւնները, չգիտցաւ։ Կարծեց որ խօսքով վէճով գործ կը դառնայ։ Ասկէ զատ իր արծաթսիրութիւնը, որ մայրն էր իր բոլոր թերութիւններուն, պատճառ եղաւ իր հաւանական յաջողութիւններուն իսկ ձախողման. որովհետեւ, շեշտենք անգամ մըն ալ, այս մարդը կը պաշտէր մամոնան եւ իրեն վստահուած դրամները չէր գործածեր Աթոռին շինութեան, այլ կը շահագործէր. միայն մթերելու տենչով։
       Այս է պատճառը որ Քէֆսիզեանի քսաներեքամեայ կաթողիկոսութենէն ոչ մէկ յիշատակ` Աթոռի շինութեան եւ բարեկարգութեան վերաբերեալ գործերու մէջ։ Խօսքի մարդ, ցոյցի մարդ։
       Կազմակերպելու կարողութիւն չունէր, եւ կը յաւակնէր Կիլիկիոյ Աթոռին կապերը խզել Մայր Աթոռի եւ Ազգային Պատրիարքարանի հետ։
       Ազգային Պատրիարքարանի հետ իր կռիւը այնքան յառաջ տարաւ որ անձամբ Կ. Պոլիս գնաց, բերանացի եւ գրաւոր բանակցութիւններով ժամանակ շահեցաւ եւ գաղտնի աշխատութեամբ կրցաւ իրեն բարեկամ եպարքոսի մը բարեացակամութեան շնորհիւ Պէրաթ մը ձեռք բերել, որով Կիլիկիոյ Աթոռը թէեւ անկախ կը հռչակուէր Ազգային Պատրիարքարանէն, բայց նոյն ատեն ուրիշ կարգ մը արտօնութիւններ, զոր կը վայելէր Հոգեւոր Իշխանութիւնը հանդէպ պետութեան, ջնջուած էին այդ Պէրաթով։
       Ազգային Պատրիարքարան բողոքեց Բ. Դրան Մկրտիչ Կաթողիկոսի տրուած այդ Պէրաթին դէմ, յետս կոչել տուաւ զայն թէ՛ Բ. Դրան եւ թէ՛ Քէֆսիզեանին եւ վերահաստատել տուաւ նախկին վիճակն իրաց։ Քէֆսիզեան նուաստացաւ իր այս ձեռնարկին մէջ, բայց չզգաստացաւ, եւ միշտ այնպէս ուզեց ցոյց տալ թէ Ազգային Պատրիարքարանն է որ արգելք եւ խոչընդոտ կ'ըլլայ իր ձեռնարկներուն։
       Չէր ուզեր ճանչնալ Պատրիարքարանը, բայց կ'ուզէր որ Պատրիարքարանը գործադրել տայ իր բոլոր ուզածները։
       Քէֆսիզեան այնքան տաղտկացուց Ազգային Պատրիարքարանը որ լուրջ ժողովականներէն ոմանք առաջարկեցին վերցնել Կիլիկիոյ Աթոռը, ուրիշներ ըսին թէ պէտք է զայն միացնել Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։
       Եւ հակառակ ամէն կողմէ եղած քննադատութիւններու եւ յարձակումներու, Օտեան Գրիգորի նման ազգասէր քաղաքագէտներ խորհրդաւոր շեշտով մը յայտարարեցին Ազգային Ընդհանուր Ժողովոյ մէջ եւ ըսին. Պէտք է պահել Կիլիկիոյ Աթոռը, նոյն ինքն Էջմիածնի համար։
       Քէֆսիզեան լսեց ասիկա, բայց չիմացաւ ատոր իմաստը, չգիտցաւ օգտուիլ Ազգային Պատրիարքարանը ոգեւորող այս բարի տրամադրութենէն. միշտ գլուխ բռնեց, կորով եւ ժամանակ վատնեց… վասն ոչնչի։
       Խի՛ստ է պատմութեան դատաստանը հանդէպ Կիլիկիոյ Մկրտիչ Կաթողիկոսին անձին եւ պաշտօնին։
       Խոշոր յուսախաբութիւն մըն է Քէֆսիզեանի քսաներեքամեայ կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ։
      
       ՔԱՆԻ ՄԸ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐՆԵՐ
       Ազգային Պատրիարքարան իր կողմէն կարգ մը միջոցներ գործածեց կարգի բերելու համար Քէֆսիզեանը, եւ հրատարակեց հրահանգ մը Կիլիկիոյ Աթոռին դիրքը եւ յարաբերութիւնները ճշդելու համար։
       Մկրտիչ Կաթողինկոս չորս բան կը պահանջէր Պատրիարքարանէն.
       Ա . - Աթոռի Սիսէն փոխադրութիւնը Կիլիկիոյ ուրիշ մէկ քաղաքը։
       Բ . - Օսմանեան Պետութեան կողմէն ամսական թոշակի մը յատկացումը իրեն։
       Գ . - Կիլիկիոյ Թեմերուն ընդարձակումը։
       Դ . - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաջնորդութենէ մը աւելի արտօնութիւններ տրուիլը Տէրութեան կողմէն։
       Այս չորս առաջարկներն ալ մերժուեցան Պատրիարքարանի կողմէն, եւ փոխանակ ատոնց` մասնաւոր հրահանգ մը պատրաստուեցաւ Կիլիկիոյ Վիճակաց համար, ինչպէս որ պատրաստուած էր Սահմանդրական հրահանգ մը Գաւառաց համար։
       Այդ հրահանգը ներկայացուեցաւ Խառն Ժողովոյ Նիստին (1873 Յունիս 11) բայց Խրիմեան Մկրտիչ Պատրիարքի դիտողութեան վրայ չվաւերացուեցաւ։
       Խրիմեան համակիր էր Կիլիկիոյ եւ կ'ուզէր որ Կաթողիկոսութիւնը յարգուէր իբրեւ Կաթողիկոսութիւն։
       Բայց երբ Խրիմեան հրաժարեցաւ Պատրիարքութենէ եւ Տեղապահ նշանակուեցաւ Վարժապետեան Ներսէս Սրբազան, վաւերացուեցաւ այդ հրահանգը Խառն Ժողովէն (1874 Յուլիս 24)։
      
       ՀՐԱՀԱՆԳ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԱՑ ՀԱՄԱՐ
       1. - Կիլիկիոյ առաջնորդական վիճակներէն իւրաքանչիւրը կ'ընտրէ իւր Գաւառական Ընդհանուր Ժողովը ըստ Սահմանադրական Հրահանգի կեդրոնական վարչութեան, եւ ընտրական գործողութեանց տեղեկագիրը կը ղրկէ առ Կեդրոնական Վարչութիւն, որ օրինաւորութիւնը ստուգելէն ետքը կը վաւերացնէ, եւ կը ծանուցանէ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին որ իր կոնդակաւ ծանուցանէ Վիճակին ժողովրդեան, եւ Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ իր վաւերացումը յատուկ նամակաւ կը ցանուցանէ Առաջնորդին եւ Գաւառական Ժողովին։
       Այսպէս կ'ըլլայ նաեւ վիճակի մը Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովաց ընտրութեան վաւերացումը։
       2. - Գաւառական Կրօնական Ժողովը կրօնական խնդրոց համար ի հարկին նախ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին կը դիմէ, եւ ապա ի հարկին կը դիմէ Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովոյ , Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին կարծիքն ալ ի միասին ծանուցանելով։
       3. - Կիլիկիոյ առաջնորդական վիճակի մը Կրօնական Ժողովը եթէ իւր վիճակին մէջ Վարդապետ ձեռնադրել տալու հարկ տեսնէ, կը դիմէ խնդրագրով մը Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին, եւ անոր հաւանութեամբը ձեռնադրել կուտայ։
       Իսկ եթէ Վիճակի մը ժողովուրդը փափաքի իր Վարդապետ Առաջնորդը Եպիսկոպոս ձեռնադրել տալ` նախ պիտի դիմէ Կեդրոնական Վարչութեան` որ ընծայացուին արժանաւորութիւնը տեսնելէ ետքը` իր հաւանութիւնը կուտայ։
       4. - Կիլիկիոյ Գաւառական սնտուկներուն Ելքն են նաեւ Սսոյ Աթոռոյն սահմանուած տուրքը, պտղի եւայլն, զորս ըստ սովորութեան անխափան հատուցանելու պարտաւոր են։ Եւ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը նաեւ իբր Վանահայր Սսոյ Վանուց պարտաւոր է հոգ տանիլ նոյն Վանուց պայծառութեան, անոր մէջ հաստատելով գիշերօթիկ Վարժարան Ժառանգաւորաց` Կիլիկիոյ Վիճակէն ժողվելով յարմար տղաքներ յուսումն եւ ի կրթութիւն. եւ որոշեալ ժամանակներ համար տալ Կեդրոնական Վարչութեան, վարուելով ըստ հրահանգի Ազգային Վանօրէից, որ վաւերացեալ է Կեդրոնական Վարչութենէն։
       5. - Առաջնորդի ընտրութեան ատեն Կեդրոնական Վարչութիւնը Ազգին մէջ գտնուած բոլոր անպաշտօն եւ առաջնորդական արժանիք ունեցող եկեղեցականաց ընդհանուր ցուցակը կը հաղորդէ նախ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին, եւ անոր դիտողութիւնը լսելէ յետոյ` ըստ այնմ նոյն ցուցակը կը հաղորդէ ընտրող Գաւառին։
       Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը կրնայ նոյն ցանկին մէջէն Գաւառին համար ամէնէն աւելի յարմարաւոր երեք անձինք ցուցընել Գաւառական, Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովոց. բայց Գաւառական Ընդհանուր Ժողովը ազատ է Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Ցուցակին մէջէն ալ ընտրելու։
       6. - Առաջնորդի ընտրութեան տեղեկագիրը կ'ուղարկի առ Ս. Պատրիարքն Կ. Պօլսոյ. եւ Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովը սոյն ընտրութեան օրինաւորութիւնը քննելէ եւ ստուգելէ ետեւ կը հաստատէ զառաջնորդը, եւ Բ. Դրան իմաց կուտայ պաշտօնական հրամանագիրն ստանալու համար, եւ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին ալ իմաց կուտայ որ իր կոնդակաւը վիճակին ժողովրդոց ծանուցանէ։
       Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ նամակաւ իր վաւերացումը մը կը ծանուցանէ Գաւառական Ընդհանուր Ժողովին։ (Առաջնորդական Տեղապահի ընտրութեան մէջ ալ այս եղանակաւ պիտի վարուուի)։
       7. - Երբ առաջնորդի մը վրայ ամբաստանութիւն ծագի, Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի հաղորդէ նաեւ` Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին, Առաջնորդին եւ ամբաստանողաց մէջ իրաւախոհութիւն ընելու համար։ Երբ իրաւախոհութիւնն անհնար լինի, եւ տեսուչ կամ քննիչ ղրկել հարկ ըլլայ, Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի յանձնարարէ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին որ ինք արժանաւոր անձինք ղրկէ նոյն պաշտօնները կատարելու ըստ Սահմանադրական հրահանգին, եւ անոնց տեղեկագրին արդիւնքը ծանուցանէ Կեդրոնական Վարչութեան, հանդերձ իր դիտողութեամբը։
       8. - Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը, իբրեւ հոգեւոր Դէտ Կիլիկիոյ, իւր հոգեւոր իշխանութեանը ներքեւ գտնուած առաջնորդական վիճակաց վրայ հսկելու պարտաւոր է, որ իւրաքանչիւր Գաւառական Վարչութիւն եւ Առաջնորդ Սահմանադրութեան եւ Կեդրոնական Վարչութենէն սահմանեալ օրինաց եւ հրահանգաց համաձայն վարուին, եւ իրենց պաշտօնն ու պարտաւորութիւնը կատարեն։
       Եթէ հակառակ ընթացքի մէջ գտնուող ըլլայ, իրաւունք ունի ազդարարութիւն ընել անոր եւ բացատրութիւն պահանջել։ Երբ անուղղայ մնայ, կը ծանուցանէ Կեդրոնական Վարչութեան, եւ անոր հրահանգին համեմատ կը վարուի։
       Այս պարագային մէջ եթէ Կեդրոնական Վարչութիւնը տեսուչ ղրկելու հարկ տեսնէ, ինք Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի ղրկէ իւր կողմէն։ Իսկ երբ ազդարարութիւնը փոխանակ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին կողմէ ըլլալու, ըստ Սահմանադրական հրահանգի Կեդրոնական Վարչութիւնը հարկ տեսնէ ազդարարութիւն ընել Կիլիկիոյ առաջնորդական վիճակի մը Վարչութեան եւ Առաջնորդին, եւ ապա տեսուչ ղրկել հարկ ըլլայ, Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսին կը յանձնարարէ տեսուչ մը ղրկել հոն, եւ նոյն տեսչին տեղեկագրին հետ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսը իւր կարծիքն ալ կը հաղորդէ Կեդրոնական Վարչութեան, որ պարտուպատշաճ տնօրինութիւնը կ'ընէ, եւ կը ծանուցանէ թէ՛ առաջնորդական վիճակին եւ թէ՛ Կիլիկիոյ Ս. Կաթուղիկոսին »։ 24 Ապրիլ 1874.
       Ի Պատրիարքարանի Հայոց.
       Կոստանդնուպօլիս։
      
       Խրիմեան իրաւունք ունէր մերժելու այսպիսի հրահանգ մը։ Քէֆսիզեան ալ մերժեց զայն բնականաբար, վրան աւելցնելով նաեւ իր հրաժարականին սպառնալիքը։
       Այս հրահանգով Կիլիկիոյ Աթոռը իրականին մէջ կը վերածուէր Պատրիարքարանի ենթակայ առաջնորդական աթոռներէն մէկուն։ «Կիլիկիոյ Ս. Կաթուղիկոսը » կը զրկուէր իր Աթոռին յատուկ իրաւունքներէն եւ հեղինակութենէն. եւ եթէ ասոր պատճառը մէկ կողմէն սահմանադրական ժողովներու անփորձութիւնն էր եւ երեւակայականութիւնը, միւս կողմէն ինքն Քէֆսիզեանը իր անվարչագիտութեամբ վտանգել կուտար Կիլիկիոյ Աթոռին Կաթողիկոսական իրաւասութիւնը եւ իր անձը ատելի կը դարձնէր։
       Քէֆսիզեանի մերժումին վրայ նոր Մասնաժողով մը կազմուեցաւ Ազգային Պատրիարքարանի մէջ վերաքննելու համար այդ հրահանգը։
       Մասնաժողովը իր քննութեան արդիւնքը ներկայացուց Խառն Ժողովին հետեւեալ Տեղեկագրով.
      
       -Ամեն. Ս. Պատրք. Հայր, Նախագահ Ազգային Վարչութեան
       Խառն Ժողովոյ,
       Պատկառելի Վարչութիւնդ` իւր 16 Մայիս, ԺԷ Նիստին մէջ Մասնաժողովոյս պաշտօն տուաւ Սսոյ Կաթուղիկոսական խնդիրը քննել եւ մեր կարծիքն յայտնել Մկրտիչ Սրբազանին Կաթուղիկոսութենէ տուած հրաժարականին ընդունելի կամ չընդունելի ըլլալուն նկատմամբ։
       Մասնաժողովս փութաց ի նկատողութիւն առնուլ այս խնդրոյն վրայ եղած գրութիւնքն եւ պաշտօնական տեղեկագրութիւնքն, եւ յայտնապէս տեսաւ որ,
       Ա. Կիլիկիոյ վիճակը` այս վերջին տարիները մասնաւորապէս` յետին աստիճան բարոյական եւ նիւթական թշուառութեանց մէջ ինկած է, երկպառակութեան եւ կրօնափոխութեան երեսէն։
       Բ. Առաջնորդական աթոռները գրեթէ ամէնն ալ առանց հովուի մնացած են։
       Գ. Սսոյ Վանքը թափուր, միաբանութիւնը գրեթէ ցրուած եւ բոլորովին անտէրունջ մնացած է։
       Դ. Թեմայնոց կողմէն բազմաստորագիր հանրագրութիւններ հասած են, որ Մկրտիչ Սրբազանին Կաթողիկոսութիւնը չեն ընդունիր, եւ նորա անարժանութեան ու անհոգութեան վրայ ծանր բողոք կը բառնան, եւ Վարչութեան անմիջական խնամքը եւ տնօրէնութիւնը կը հայցեն։
       Ե . Նոյն ինքն Մկրտիչ Սրբազան Կաթուղիկոսութենէ կը հրաժարի կրկին եւ կրկին պաշտօնական հրաժարագրով եւ ոչ միայն չընդունիր Վարչութեան կողմէ ղրկուած 1874 Ապրիլ 24 թուական հրահանգը, այլեւ Կաթողիկոսութիւնը վարելու համար պայման կը դնէ հետեւեալ պահանջումները։
       1. Կաթուղիկոսարանին Սիսէն ուրիշ տեղ փոխադրութիւնը։
       2. Տէրութեան կողմէ ամսականի մը սահմանուիլը։
       3. Սսոյ Վիճակաց ընդարձակուիլը։
       4. Կաթողիկոսութեան պաշտօնին Առաջնորդութիւններէ աւելի արտօնութիւն մը Տէրութեան կողմէ տրուելու կարեւորութիւնը։
       Զ. Մկրտիչ Սրբազան այս պահանջումներով ալ գոհ չըլլալով, իւր Համար 295 եւ 1874 Յունիս 12 թուական նամակին մէջ կը յաւելցնէ եւս թէ` «Չէ թէ միայն այսպէս լոկ Վանահայրութեան մը անուամբ, այլ բուն իսկ մեր նախորդներուն ունեցած արտօնութեամբը անգամ չենք կրնար ընդունիլ եւ վարել այդպիսի ծանր եւ փափուկ պաշտօն մը»։
       Մասնաժողովս զայս ամենայն ներկայացնելով պատկառելի Ժողովոյդ , կը դիտէ թէ.
       Նախ. Մկրտիչ Սրբազանին վերոյիշեալ պահանջումներուն շնորհումը ոչ միայն Խառն Ժողովոյ կարողութենէն, այլ եւ նոյն իսկ Ազգային Ժողովոյ իրաւասութենէն բարձր են. ըստ որում թէ՛ Սահմանադրութեան տրամադրութեանց հակառակ եւ թէ՛ միանգամայն Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյս աւանդութեանցը եւ օրինաց ուղղակի հակառակ են։
       Երկրորդ` նկատելով որ Մկրտիչ Սրբազան արդէն կը խոստովանի իւր գրութեանց մէջ, թէ ինքը Կաթուղիկոսական ծանր պաշտօնին անբաւական է, ինչպէս որ զնոյն կը հաստատեն եւ Թեմայնոց հանրագրութիւնք, եւ չորս տարուան տխուր փորձը, եւ Կիլիկիոյ Վիճակին այսօրուան ամենադառն վիճակը, եւ կրօնափոխութեանց զգալապէս աճումը եւ կրօնից հետզհետէ նուաղումը։
       Ուստի Մասնաժողովս` թէեւ այս հրաժարականը ընդունիլ արժան կը դատէ, սակայն ըստ որում Մկրտիչ Սրբազանի պաշտօնի վաւերացումը Ազգային Ժողովէն եղած է , կ'առաջարկէ որ անմիջապէս Պատկառելի Վարչութիւնդ այս ամենածանր խնդրիրը ներկայացնէ յատեան Ազգային Ժողովոյ, եւ խնդրէ որ ժամ առաջ Ազգային Ժողովն իւր որոշումն ընէ թէ` արդեօք Սսոյ Աթոռին վրայ ալ չի՞ տարածուիր այն որոշումը` զոր նոյն ինքն ազգային Ժողովը նմանօրինակ դէպքի մը մէջ, այսինքն Աղթամարայ Խնդրոյն նկատմամբ սահմանեց (1874-ի բացման ) ԺԴ Նիստին մէջ, որպէսզի Ազգային Վարչութիւնդ եւս գիտնայ թէ ի՞նչ ապագայ տնօրինութիւնք պարտին որոշուիլ ի բարւոքումն վիճակի Աթոռոյն Սսոյ եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյս ընդ Կիլիկիա համօրէն»։
       Զսոյն զայս մեր դիտողութիւն փութալով ներկայացնել յատեան պատկառելի Ժողովոյդ։ Մնամք խորին յարգանօք 1775 Յունիս 7
       Ղալաթիա
       (Ստորագրութիւն Անդամոց
       Մասնաժողովոյն)
      
       Ազգային Ժողովը այս տեղեկագիրը ղրկեց Ձեռնհասութեան եւ Իրաւասութեան միացեալ դիւաններուն, որպէս զի ըստ այնմ վարուի։
       Բազում պաշտօնական քննութիւններէ եւ ձեւակերպութիւններէ յետոյ Ազգային Ժողովը իր ԻԱ. Նիստին մէջ (1876 Մայիս 12) կը մերժէ Մկրտիչ Կաթողիկոսի չորս պայմանները եւ Ներսէս Պատրիարք հետեւեալ պաշտօնագրով կը հաղորդէ իրեն` տրուած որոշումը։
      
       -Ամենապատիւ Սրբազան Եղբայր ի Քրիստոս.
       Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Խառն Ժողովը Կիլիկիոյ Վիճակաց հրահանգին նկատմամբ տասն յօդուածէ եւ մէկ վերջաբանէ բաղկացեալ Ձեր Սրբազնութեան դիտողագիրն ուշադրութեան առաւ, եւ յետ բազում խորհրդածութեան որոշեց պատասխանել թէ` նոյն հրահանգին նկատմամբ Ձեր Սրբազնութեան դիտողութեանց հիմը Կիլիկիոյ մէջ Կ. Պօլսոյ Ազգային Վարչական Իշխանութենէն անկախ, եւ նոյն իշխանութեան թէ՛ ի կրօնականին եւ թէ՛ ի քաղաքականին ունեցած միեւնոյն իրաւասութեամբ գրեթէ նոր իշխանութեան մը կազմաւորութիւն տալն է։ Այս հիմը Ձեր Սրբազնութեան ասկէց յառաջ Ազգային Վարչութեան ներկայած չորս գլխաւոր առաջարկութեանց ամբողջութիւնն է, զոր այսօր դիտողութեան ձեւով կը կրկնէք եւ զնոյն կը պահանջէք, մինչդեռ քանիցս եւ վերջին անգամ 624 թուահամար 1877 Մայիս 9 պաշտօնագրով ծանուցած եմ Ձեր Սրբազնութեան թէ` Ազգային Ժողովը Ձեր նոյն առաջարկութիւնները նախ սկզբամբ (բացումն 1875 ամի, ի Նիստ Ժ. 29 Օգոստոս 1875), եւ ապա միառմի (բացումն 1875 ամի, ի Նիստ ԻԱ. 12 Մարտ 1876) մերժած, եւ Սսոյ խնդիրն, իբրեւ գաւառական խնդիր, Վարչութեան յանձնած է պարտուպատշաճը տնօրինելու համար. ծանուցած եմք նաեւ թէ Ազգային Ժողովոյ սոյն որոշումն անվերադառնալի եւ անտնօրինելի է, որուն առջեւ ուրիշ բան չէր մնար ընել, բայց եթէ կամ ընդունիլ զայն որոշում եւ ըստ վարչական հրահանգին վարել Ձեր պաշտօնը եւ կամ բացարձակապէս հրաժարիլ։
       Ձեր Սրբազնութիւնը ոչ այս կ'ընէ սակայն, եւ ոչ այն, այլ դիտողութեանց ձեւով իր առաջարկութեանց հիմը կը նորոգէ եւ վերստին կը պահանջէ որ Կոստանդնուպօլսոյ Ազգային Վարչական Իշխանութեան ոչ նուազ հաւասար իշխանութիւն տրուի իրեն, առանց նախատեսելու թէ` այսպիսի բաժանումէ մը որչափ չարիք եւ վնաս հասած են Ազգին, որոց հետեւանաց ներքեւ տակաւին կը հեծէ ամբողջ Կիլիկիա, եւ որ եթէ շարունակուի, ինչ մեծամեծ վնասուց տեղի կրնայ տալ։
       Սսոյ Աթոռոյն անցեալ վարչական յոռի, լաւ եւս է ըսել, ոչ ազգային ընթացքը բառնալու, եւ ապստամբութիւնն օրինաւորութեան հպատակեցնելու համար էր որ այնչափ երկար ատեն Վարչութիւնն զբաղեցաւ Սսոյ խնդրով, եւ հազիւ ուրեմն շատ մը դժուարութիւններէ եւ անկէ ծագումն առած փափուկ խնդիրներէ վերջը կրցաւ լուծում մը տալ. բայց ո՛չ Կիլիկիոյ ժողովուրդն, որ զՁեր Սրբազնութիւնն ընտրեց, եւ ո՛չ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնն` որ զՁեր ընտրութիւնն վաւերացուց, չէին հաւատար երբեք որ Ձեր Սրբազնութիւնն իւր օծումն ընդունելէն յետոյ` ամեն ինչ երեսի վրայ թողլով` փակէր վանքը, եւ քաշուէր առանձին բնակէր. չէին յուսար բնաւ որ Դուք հակառակ Ձեր խոստմնագրոյն Վարչական հրահանգներն անգործադրելի պիտի թողուք, եւ փոխանակ նոր գործունէութեամբ մը Կիլիկիոյ վիճակաց բարեկարգութեան գործին մէջ աշխատակից ըլլալու Ազգային Վարչութեան, նորանոր եւ Ազգային Եկեղեցական օրինաց եւ Սահմանադրութեան հակառակ առաջարկութիւններով պիտի զբաղեցնէք Վարչութիւնը. չէին յուսար վերջապէս որ Սսոյ վերաբերեալ խել մը վիճակներ, ինչպէս են` Հալէպ, Մարաշ, Այնթապ, Անտիոք, Եօզղատ, Կիւրին, Տիվրիկ, թափուր եւ առանց առաջնորդի պիտի թողուք, եւ պիտի պարտաւորէք Ազգային Վարչական Իշխանութիւնն որ այսու հետեւ այս կողմէն եւ ոչ մէկ Եկեղեցական մը ղրկէ Սսոյ թափուր Վիճակաց հովուութեան համար, ինչպէս որ մեր 1236 Համար պաշտօնագրովն արդէն ծանուցած էինք Ձեզ։
       Նոյնպէս չէր սպասեր Վարչութիւնն որ Ձեր Սրբազնութիւնն մինչեւ իսկ Ազգային Ժողովոյ Ձեր առաջարկութեանց նկատմամբ տուած բացարձակ մերժման որոշումն ընդունելու ձեւին տակ նոր անունով կրկնէ զնոյնս։ Ցաւալի է ըսել սակայն որ Ձեր Սրբազնութիւնը թէ՛ Սսոյ թեմականաց եւ թէ՛ Ազգային Վարչութեան գեղեցիկ յոյսերն եւ ակնկալութիւնքը ի դերեւ հանեց։ Ձեր Սրբազնութեան այս ընթացքն իրաւունք կուտայ մեզ եւ Ազգային Վարչութեան հաւատալու թէ` Ձեր Սրբազնութիւնը Սսոյ Կաթուղիկոսական պաշտօնն անոր անիշխանութեան ժամանակէն աւելի յոռի եւ հակազգային ընթացքով կ'ուզէ վարել հակառակ եկեղեցական կանոնաց եւ Ազգային Սահմանադրութեան, հետեւապէս եւ ապօրինի ընթացք մը` կ՛ուզէք որ իբր օրինաւորութիւն վաւերէ Ազգային Վարչութիւնն ի մեծ վնաս Ազգին եւ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վիճակաց եւ Սսոյ Վանուց։
       Արդ` Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Խառն Ժողովն, ընդ նմին եւ մեք, միանգամ եւ ընդ միշտ կը յայտարարեմք որ Ձեզ Սրբազնութեան Կիլիկիոյ Վիճակաց Վարչական հրահանգին նկատմամբ ըրած դիտողութեանց հիմն արդէն Ազգային Ժողովէն մերժուած ըլլալով` Ազգին Ժողովէն մերժուած ըլլալով` Ազգին համար անընդունելի եւ անտնօրինելի է իսպառ, հետեւապէս Ձեր Սրբազնութիւնը պարտաւոր է (իբր յաւելուած Գաւառական Հրահանգին ) Կիլիկիոյ Վիճակաց համար պատրաստեալ Վարչական Հրահանգին համաձայն վարել իւր պաշտօնը, որպէս զի թէ՛ Սսոյ Վանքը եւ թէ՛ Թեմերն ներկայ անիշխանական ցաւալի վիճակէն ազատին, եւ օրինաւորութեան սահմանին մէջ մտնելով բարեկարգին։
       Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան բացարձակ որոշումն այս է, որու պէտք է հպատակիք, եւ կամ բացարձակապէս Ձեր կամքը յայտնէք, գիտնալով որ եթէ տակաւին շարունակէք Ձեր այս ընթացքը, ամենայն պատասխանատուութիւն Ձեր վրայ պիտի ծանրանայ, եւ անկարելի պիտի լինի Ձեզ խուսափիլ այն վճռէն, զոր Ազգային Վարչութիւնը պիտի պարտաւորի վերջապէս տալ։
       Ազգային Վարչութեան սոյն վերջնական որոշումը հաղորդելով Ձեր Սրբազնութեան` կ'սպասեմք ընդ փոյթ ստանալ առ այս Ձեր պատասխանը։
       Մնամ Աղօթակից
       Պատրիարք Կ . Պօլսոյ
       (Ներսէս Արքեպիսկոպոս)
       9 Յուլիս 1880
       Ի Պատրիարքարանի Հայոց
       Կոստանդնուպօլիս
       (Իզմիրլեան, էջ 1122-30)
       Քէֆսիզեան այս պաշտօնագրին վրայ Սիս Ժողովի հրաւիրեց Կիլիկիոյ Թեմերուն երեսփոխանները 1880 Հոկտեմբեր 15- ին։
       41 Երեսփոխաններ եկան, եկեղեցական եւ աշխարհական, եւ քանի մը նիստերու մէջ քննելէ յետոյ Ներսէս Պատրիարքին այդ պաշտօնագիրը, հետեւեալ պատասխանը տուին.
      
       -«Թեմական Ընդհանուր Ժողով Հայոց Ս. Աթոռոյն Կիլիկիոյ առ Կեդրոնական Վարչութիւնն ի Կոստանդնուպօլիս։
       Ազգասէր Տեարք.
       Ով որ Հայ է, եւ հայու արեւան հետ հայու ոգի կը կրէ` կ'զգայ թէ` Ազգիս եւ իւր Առաքելական ուղղափառ Ս. Եկեղեցւոյն օգտաւէտ է եւ կարեւոր Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն միութիւնը. բայց մշտատեւ գոյութիւնը` թէ կրօնապէս եւ թէ քաղաքականապէս։
       Այս անհերքելի, դիւրիմաց եւ բացատրութեան անկարօտ կէտ մ'է, նամանաւանդ երբ այս վերջին տարիներու մէջ Ազգին ողբալի վիճակը ի նկատ առնուք։
       Ուրեմն ամեն հայ պարտին նորա պայծառութեան աշխատիլ , կամ լաւ եւս ըսելով, նորա նախնական պայծառութիւնը վերածնելու ամեն ճիգ թափել։ Մենք Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդս այսպէս կ'զգամք եւ կը խորհիմք. անտարակոյս եմք որ մեր միւս Ազգային Եղբայրներն ալ մեզ համամիտ են, եւ մեզ գործակից ըլլալ կը փափաքին։
       Կիլիկիոյ վիճակայինքս ի մի հաւաքեալ` Ս. Աթոռոյս արդի աւերակեալ վիճակը տեսնելով` ազգասիրական ոգւով արիւն ի սիրտ եւ արտասուալից աչօք խորհեցանք զայս վերականգնելու միջոցներ ձեռք բերել։ Սակայն նկատելով որ մեք առանձինն անկարող եմք թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս այս սկզբունքը գործադրելու, նամանաւանդ նկատելով որ քաղելիք օգուտը համայն Ազգին կը վերաբերի, մտածեցինք մեր խորհուրդները եւ ցաւերը հանուր Ազգին ներկայացնել, այսինքն` իւր ներկայացուցիչ պատկառելի Վարչութեանդ, խնամակալ եւ պաշտպան ամենայն Հայոց։
       Նա միայն կարող է մեր սրտի ցաւերը իմանալ եւ անյապաղ դարմանել։ Այսպէս միայն Ազգայինք ի մի խորհուրդ գործելով մեր ազգաշէն եւ նուիրական պարտքը կարող եմք օրինաւորապէս եւ կատարելապէս հատուցանել։
       Ուստի, ազգասէր Տեարք, ահաւասիկ մեր խորհուրդները. բայց ըստ որում անկարելի էր, եւ ոչ մի գրիչ կարող էր նկարագրել եւ զգացնել մեր նիւթական եւ բարոյական ներքին եւ արտաքին ցաւերը, աղաչեցինք մեր ամենասիրելի Ս. Հայրապետն մեր, որ բարեհաճի Նորին Վեհափառութիւնն անձամբ դիմելով առ պատկառելի Ժողովդ, մեր գրչի պակասները լեցնել , եւ իւր զաւակաց ցաւերուն դարման մը գտնել։
       Յետ բազում աղաչանաց եւ պաղատանաց` յաջողեցանք Նորին Ազգասէր Վեհափառութիւնն հաճեցնել այս պաշտօնը ստանձնելու։
       Կը յուսանք որ պատկառելի Վարչութիւնդ ինչպէս մինչեւ ցայսօր վերին հայոց համար` նաեւ իւր ուշադրութիւնը մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վրայ կը դարձընէ, եւ նորա ազգասիրական ձայնը լսելով անդորրութիւն մը կը պարգեւէ։
       «Նա միայն կարող է փրկել զմեզ ի ցաւոց մերոց»։
       Յօդ. Ա . - Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթուղիկոսը քանի որ իւր թեմական ժողովրդեան ընդհանուր հովուապետն է, միայն Կաթուղիկոսութեան կը վերաբերի Կիլիկիոյ Առաջնորդ, Տեղապահ, Քարոզիչ, եւ այլն Եկեղեցական պաշտօնէից սահմանադրապէս ընտրութիւնը եւ պաշտօնանկութիւնը, եւ վիճակայինք պարտին ուղղակի առ Կաթուղիկուսութիւնն դիմել այս մասին եւ այլ պարագայից մէջ։ Վեհափառ Ս. Հայրապետն ընտրեալ պաշտօնէին ի Բ. Դրան է պէտք եղած պաշտօնական գրերը ձեռք բերելու համար Կեդրոնական Վարչութեան կ'ազդարարէ ինչպէս նաեւ ի Բ. Դրանէ պէտք եղած ուրիշ ոեւէ պաշտօնական գրոց մասին։
       Նմանապէս Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը քանի որ իւր թեմօրէից գործադիր կեդրոնն է, Կիլիկեան վիճակաց մէջ Ազգային Սահմանադրութիւնը գործադրելու եւ սահմանդրապէս կազմեալ ժողովոց տեղեկագրերը վաւերացնելու պաշտօնը Կաթուղիկոսութեան կը վերաբերի, եւ վիճակայինք սահմանադրապէս Ժողովք եւ Խորհուրդներ կազմելու համար պէտք եղած գործադիր պաշտօոնեայն Կաթողիկոսութենէն խնդրելու են, եւ սահմանադրապէս կազմել Ժողովոց տեղեկագրերը վաւերացնելէ յետոյ` Պօլսոյ Կեդրոնական Վարչութեան կը հաղորդէ տեղեկագրոց պատճենը։
       Յօդ. Բ . - Կիլիկեան վիճակաց եւ Կոստանդնուպօլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան միջեւ յարաբերութեանց միջնորդն է Կաթողիկոսութիւնը ի դիմաց Կիլիկեան Ս. Աթոռոյ եւ վիճակաց պաշտօնէից եւ ժողովոց։ Թեմօրէից պաշտօնեայք, ժողովք եւ խորհուրդներ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ քաղաքական խնդրոց մէջ ուղղակի առ Կաթուղիկոսութիւն պարտին դիմել, եւ Վեհափառ Ս. Հայրապետն Ս. Աթոռոյ եւ նորին վիճակաց քաղաքական խնդրոց նկատմամբ ըստ պահանջման հարկին յարաբերութիւն պիտի ընէ ընդ Կեդրոնական Վարչութեան։
       Յօդ. Գ . - Ժողովս ըստ աւանդութեան նախնեաց մերոց կը փափաքի Ս. Աթոռը ի Սիս պահել. ապա ուրեմն Ս. Աթոռը նորոգութեան կարօտ է, եւ իւր աւերակաց նորոգութիւնը թէպէտ եւ չորս հազար ոսկիէ աւելի գումար մը կը պահանջէ, բայց առ այժմ երկու հազար ոսկւոյ կը կարօտի։ Այս անմիջական երկու հազար ոսկւոյ գումարին մէկ քառորդը Կիլիկիոյ ամբողջ վիճակները կարող են հայհայթել. մնացած երեք քառորդին աղբիւր մը ցուցնելու է Կ. Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը։
       Յօդ. Դ . - Ս. Աթոռը անպատճառ 40 հոգիէ բաղկացեալ Միաբանութիւն մը ունենալու է. այն է Եպիսկոպոս, 8 Վարդապետ, 4 Սարկաւագ, 8 Դպիր, 15 աշխարհական Միաբանք (ծառայք, սպասաւորք, եւայլն ) ընդամենը Վեհափառ Ս. Հայրապետով հանդերձ քառասուն հոգի։ Ս . Աթոռը նաեւ պէտք է որ սահմանադրապէս իւր ժողովներն ունենայ, ինչպէս Թեմական Ընդհանուր Ժողով մը, որոյ անդամները պէտք է լինին Ս. Աթոռոյ Եպիսկոպոս եւ Վարդապետ ներքին Միաբանները։ Կիլիկիոյ Առաջնորդանիստ քաղաքաց սահմանադրապէս ընտրեալ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովոյ Ատենապետները , եւ այս Ժողովը երեք տարին միանգամ պէտք է գումարուի ի Ս. Աթոռն, Աթոռային ելեւմտական հաշուեկշիռը քննելու եւ պէտք եղած ժողովները ընտրելու ի բարւոք մատակարարութիւն Աթոռային եւ Վիճակային խնդրոց։
       Նաեւ Ազգային Սահմանդրութեան բոլոր պահանջած ժողովները, այն է ` Կրօնական, Քաղաքական, Խառն, Ուսումնական Վանօրէից, Տնտեսական, □եւ այլն։
       Յօդ. Ե . - Ս. Աթոռը ոչ թէ մասնաւոր Վանք մը, այլ Կաթողիկոսարան մ'է. կղերական եւ աշխարհական 40 հոգիէ բաղկացեալ միաբանութիւն մը, եւ առ այժմ 25 աշակերտներով գիշերօթիկ վարժարան մը ունենալու է. այսու Ս. Աթոռը տարեկան առ նուազն 1500 ոսկւոյ եկամուտի պէտք ունի. ուստի եթէ մէկ կողմանէ Կիլիկեան Ս. Աթոռոյ մշտատեւ գոյութիւնը եւ պայծառութիւնը մեր Օսմանեան բարեխնամ Տէրութեան եւ հանուր Ազգութեան համար անհրաժեշտ կը դատուի, միւս կողմանէ նկատելով որ Ս. Աթոռն եկամուտի ոչ մի աղբիւր ունի, եւ վիճակայինք աղքատ ըլլալով անկարող են վերոյիշեալ գումարէն մի ամենափոքր մաս գումարել եւ հայթայթել, անպատճառ հարկը կը պահանջէ որ Կայսերական գանձէն 120-150 ոսկի ամսական տրուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ կամ Կեդրոնական Վարչութիւնը Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն համար 1500 ոսկի տարեկան եկամուտի աղբիւր մը գոյացնել բարեհաճի, կամ Կիլիկեան վիճակները ընդլայնելով եւ կամ ուրիշ նպաստաւոր միջոց մը գտնելով։
       Յօդ. Զ . - Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը քանի որ ոչ թէ միայն հոգեւորապէս այլ եւ քաղաքականապէս գերաստիճան դիրք մը ունի, իւր թեմօրէից նկատմամբ, նորա Բարձր պաշտօնին բնութիւնը կը պահանջէ որ ինչպէս հոգեւորապէս առաջի Եկեղեցւոյ, նմանապէս քաղաքականապէս ալ Կառավարուծեան առջեւ, պէտք է որ իւր վիճակային պաշտօնէից նկատմամբ առաւել ազդեցութիւն մը ունենայ. ուստի անհրաժեշտ պէտք է այս մասին պաշտօնապէս ի Պատրիարքարան տեղեկագրել որպէս զի Կեդրոնական Վարչութիւնը յանուն Կաթուղիկոսութեան Բ. Դռնէն քաղաքական առանձնաշնորհութիւն մը առնլու շնորհք ընէ ազգասիրաբար յօգուտ Ազգայնոց։
       Ստորագրութիւն
       17 Եկեղեցականաց
       (1880) եւ 24 Աշխարհականաց
       (Իզմիրլեան, էջ 1134-46)
      
       Մկրտիչ Կաթուղիկոս այս պաշտօնագրով կը հասնի Կ. Պոլիս 1880 նյմբր. 23, եւ Ազգային Պատրիարքարանի կողմէ կը դիմաւորուի երկու վարդապետներէ եւ մէկ բարապանէ եւ կ'առաջնորդուի Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցին։
       Նոյեմբեր 30-ին կը տեսակցի Վարչական Խորհրդոց հետ, իրեն բերած պաշտօնագիրը Դկտմ. 17-ին կը ղրկէ Ներսէս Պատրիարքին, որ զայն կը յանձնէ Կրօնական Ատեանին, որպէս զի քննէ եւ արդիւնքը տեղեկագրէ իրեն։ Կրօնական Ատեանը կը քննէ Սսոյ Թեմական Ժողովին պաշտօնագիրը, կը պատրաստէ Տեղեկագիր մը, ինչպէս նաեւ Պայմանագիր եւ կը ներկայացնէ Ներսէս Պատրիարքին, որ կը հաղորդէ զայն Քէֆսիզեանի։
      
       ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ
       Ա. Հոգեւոր հնազանդութիւն առ Հայրապետն Ամենայն Հայոց` Գահակալ Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի , որ է օրինաւոր յաջորդ Սրբոց Առաքելոց Թադէի եւ Բարթուղիմեայ, եւ Սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին, եւ Վեհափառ Կաթուղիկոս ամենայն Հայոց ընդ աշխարհ համօրէն։
       Բ. Ի ժամ սրբոյ Պատարագի եւ յաղօթս ժամերգութեան յիշատակել նախ զանուն Վեհափառ Հայրապետին ամենայն Հայոց, ապա զանուն Ամենապատիւ Կաթողիկոսի Տանն Կիլիկիոյ։ Այս յիշատակութիւն պարտի լինել յԱմենապատիւ Կաթուղիկոսէն Կիլիկիոյ եւ ի Թեմականաց նորա։
       Գ. Ձեռնադրել Եպիսկոպոս միայն զառաջնորդս Թեմական վիճակաց Տանն Կիլիկիոյ առնելով կանխաւ զգրաւոր հաճութիւն Ամենապատիւ Ս. Պատրիարքին Կ. Պօլսոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան։
       Դ. Չհանել զեկեղեցականս վիճակացն Կիլիկիոյ անդր քան զսահմանս Կիլիկիոյ ի պաշտօնատարութիւն, առանց կանխաւ առնլոյ զհաճութիւն Ամենապատիւ Ս. Պատրիարքին Կ. Պօլսոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան։
       Ե. Զսուրբ Միւռոնն օրհնել միայն վասն Տանն Կիլիկիոյ եւ վիճակաց նորին, եւ չառաքել նուիրակս ի բաշխումն Ս. Միւռոնի ի վիճակս որ են արտաքոյ սահմանաց Կաթուղիկոսութեան Տանն Կիլիկիոյ, առանց գրաւոր հաճութեան Ամենապատիւ Ս. Պատրիարքին Կոստանդնուպօլսոյ յանուն Վեհափառ Հայրապետին Ամենայն Հայոց։
       Զ. Ամենապատիւ Կաթուղիկոս Տանն Կիլիկիոյ պարտի գրել յամենայն վերնագիրս կոնդակացն, եւ ստորագրել յամենայն գրութիւնս, (այս անուն ) Կաթուղիկոս Տանն Կիլիկիոյ։
       Ի Կ. Պօլիս յԱզգային Պատրիարքարանի Հայոց յամի տեառն 1880 ի 10 Դեկտեմբերի ամսոյ եւ յԱզգային թուականիս ՌՅԼ։
       Զվերոգրեալ վեցեսին յօդուածս պայմանագրոյս յանուն Կաթուղիկոսութեան Տանն Կիլիկիոյ ընդունեմ սրտի մտօք եւ խոստանամ գործադրել ընդ բովանդակ կեանս իմ։
      
       ՆԱՄԱԿԸ
       Առ Ամենապատիւ Տէր Մկրտիչ Սրբազան Կաթուղիկոս Տանն Կիլիկիոյ։
       Յայտնելով աստանօր զի համաձայն եմ բոլորովիմբ վճռոյ Կրօնական Ատենին, վասն միութեան Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ, եւ խնդրեմ ի նորին Սրբազնութենէ, բարեհաճիլ ստորագրել զվեցեսին պայմանս ծրարեալս ընդ սմին, եւ ի բաց թողուլ զգործածութիւն մանուշակագոյն վեղարի, եւ տարականոն ստորագրութեան։
       Աղօթակից
       Պատրիարք Կ. Պօլսոյ
       Ներսէս Արքեպիսկոպոս
       1880 Դկտմ. 11
       Խասգիւղ)
      
       Ներսէս Պատրիարք այս պայմանագիրն ու նամակը Քէֆսիզեանի կը ղրկէ Մատթէոս Իզմիրլեան եւ Կարապետ Սերովբեան Եպիսկոպոսներու հետ, խնդրելով որ քաղցրութեամբ լսէ զանոնք։
       Քէֆսիզեան կը լսէ երկու Եպիսկոպոսները, կը կարդայ պայմանագիրը, եւ հետեւեալ պատասխանը կուտայ Ներսէս Պատրիարքին.
      
       Ամենապատիւ Սրբազան Եղբայր ի Քրիստոս։
       Ձեր Ամենապատուութեան կողմանէ պատգամաւորութեան պաշտօնով առ մեզ եկած Գերապատիւ Տ. Կարապետ եւ Տ. Մատթէոս Եպիսկոպոսաց ձեռքով ստացայ Սրբազնութեանդ 11 Դեկտեմբեր 1880 թուականաւ նամակն, եւ ի նմին ներփակեալ պաշտօնական գիրն Կրօնական Ատենի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ ի նոյն Ատենէ խմբագրեալ վեց յօդուածով պայմանագիր մը, որոյ պարունակութիւնն գլխաւորապէս երեք տեսակ խնդիրներէ կը բաղկանար։
       Առաջին խնդիր պայմանագրին։ Կրօնական Ատեանն իւր պաշտօնական գրովն կը յանձնարարէր Ձեզ, որպէս զի Ձերդ Սրբազնութիւնն զնոյն Պայմանագիրն ստորագրել տայ մեզ յանուն Կաթուղիկոսութեան Կիլիկիոյ, եւ Ձեր Եղբայրութիւն ալ «վասն միութեան Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ » ըսելով զայն ստորագրել կ'առաջարկէր մեզ։
       Կիլիկեան Ազգային Ս. Աթոռն եւ նորա կաթուղիկոսութիւնն իւր հաստատութեան թուականէն ի վեր` հանդերձ իւր թեմական եկեղեցիներովն թէ՛ քրիստոնէական սուրբ հաւատոյ ուղղափառ դաւանութեամբ եւ թէ՛ ծիսիւ ու արարողութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ միութենէն անբաժան մնացած է ընդ միշտ, զոր եւ ոչ մի ազգային անհատ կամ պաշտօնական ատեան կարող է ժխտել. ուստի Ձեր արդարակորով դատողութեան կը թողումք որոշել` թէ այդ «վասն միութեան Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ » առաջարկն առ մե՞զ կը պատկանի թէ առ Ս. Էջմիածնի այժմեան Վեհ. Հայրապետն, որ իւր գահակալութեան թուականէն ի վեր զԿիլիկիոյ Աթոռն եւ Կաթուղիկոսութիւնն «հակաթոռ, ընդվզեալ եւ հեստեալ » եւ զԿիլիկեան Լուսաւորչածին հայ ժողովուրդս «թողէք մեռելոց թաղել զմեռեալս իւրեանց » եւ այլն ըսելով հարուածելէ չէ դադրած հակառակ միութեան Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ, եւ մինչեւ իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան նորատիպ Մաշտոցին մէջն ալ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն եւ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ «հակաթոռ եւ հեստեալ » բառերը տպել տուած է□□։
       Իսկ գալով զվերոյիշեալ Պայմանագիրն ստորագրելու կէտին, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռն եւ Կաթուղիկոսութիւնը ո՛չ ես հաստատած եմ եւ ո՛չ Ազգային Կեդրոնական ներկայ Վարչութիւնը. այլ վեցդարեան մի Ազգային Աթոռ եւ Կաթողիկոսութիւն է նա հաստատեալ ի Կիլիկիա. ուստի նուաստս այսչափ դարերէ ի վեր Ազգային Եկեղեցական պատմութեանց մէջ երբէք նմանը չտեսնուած այդպիսի Պայմանագիր մը յանուն Կաթուղիկոսութեան Կիլիկիոյ ստորագրելով չեմ կարող Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռոյ բազմադարեան իրաւասութիւնը զոհել, եւ այնու իմ յաջորդացս եւ Կիլիկեան ապագայ Հայ սերնդոց մեղադրանացն արժանի ձախորդ հետք եւ յիշատակութիւն մը ձգել Ազգային պատմութեանց մէջ, եւ հետեւաբար որովհետեւ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ Առաքելական եւ Հայրապետական Սուրբ Օրէնքը կը պարտաւորէ զմեզ ըստ ամենայնի մեր Ս. Նախորդաց հետեւիլ. ուրեմն պէտք չէ շեղիլ բնաւ ի նոցին շաւղաց ստորագրելով զայնպիսի նորահնար պայմանագիր, որ չէ համաձայն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ հնաւանդ դրութեան. եւ Ազգային եկեղեցական պատմութիւնն ալ չտար մեզ մի այնպիսի օրինակ կամ ապացոյց ընդունելու համար թէ` 5-6 եկեղեցականներէ բաղկացեալ Ատեան կամ Ժողով մը ձեռնհաս եւ կարող լինի Կաթուղիկոսութեան նկատմամբ պայման առաջարկել, որոշում տալ եւ կրօնական սրբագործութիւնները դաշինքի տակ դնել։
       Եւ միանգամայն կը յաւելումք թէ, եթէ սիրելի Ազգիս Արարատեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռոց միջեւ ներդաշնակութիւն գոյացնելու վսեմ նպատակին պիտի ծառայէ Պայմանագիր ստորագրելու զոհողութիւնն, Կրօնական եւ Քաղաքական ոեւէ օրէնք եւ կանոն, եւ նոյն իսկ երկուց սուրբ Աթոռոց երջանկայիշատակ Հայրապետաց այս մասին ունեցած դարաւոր դրութիւնը կը պահանջեն որ այդ տեսակ ազգօգուտ զոհողութիւն մը երկուստեք եւ երկոցունց ներկայութեամբն լինի. ինչպէս որ Սուրբ Էջմիածնի Տ. Փիլիպպոս եւ Տանն Կիլիկիոյ Տ. Ներսէս բարեյիշատակ Կաթողիկոսունք կենդանի օրինակ են մեզ այս մասին, եւ ես ինքս պատրաստ եմ սիրելի Ազգիս գլխաւոր Աթոռոց հետ յարաբերութեան սկզբունքն յարգել հանապազ իմ հոգելոյս նախորդացս եւ մանաւանդ այն երանաշնորհ Տ. Կիրակոս առաջին մեծանուն Հայրապետին նման, որ բազում փառօք եւ պատուովք ընդունուելով Կ. Պօլսոյ նոյն ժամանակուան ամենաբարեպաշտ եւ ջերմեռանդ կղերական եւ ժողովրդական դասէն, միութեան ճշմարիտ կապեր եւ յիշատակութիւններ ձգած է։
       Երկրորդ խնդիր մեր գործածած ստորագրութեան։ Կրօնային Ատեանն կարծելով թէ մենք «Վարդապետ Սուրբ Երուսաղէմի, եւ Եպիսկոպոս Սուրբ Էջմիածնի » դնելով մեր ստորագրութիւնը, Սուրբ Երուսաղէմի ուսուցիչ եւ Սուրբ Էջմածնի Տեսուչ ձեւանալ կ'ուզեմք փառասիրական ոգւով մը, կ'առաջարկէ որ միայն «Կաթուղիկոս Կիլիկիոյ » դնեմք մեր ստորագրութիւնը, մինչդեռ մեր այդ ձեւ ստորագրութիւն գործածելուն նպատակն եղած է, ինչպէս որ Կիլիկոյ Ս. Աթոռէն Կաթուղիկոս, նոյնպէս ալ Սուրբ Էջմիածինէն Եպիսկոպոս, եւ Սուրբ Երուսաղէմէն Վարդապետ ձեռնադրուած ըլլալնիս յիշեցնելով ապացուցանել թէ` մեք առանց երբէք խտրութեան նոյն Ազգային երից Ս. Աթոռոց եւս մեր անձը բարեացապարտ կը խոստովանիմք. եւ Ազգին այն փափաքած սխրալի միութեան սրբազան կապերը ճշդիւ ամրապնդել կ'ուզեմք միշտ նոյն ստորագրութեամբ. ուստի մեր սոյն համառօտ բացատրութեամբն կ'ապահովեմք զԿրօնական Ատեանդ որպէս զի այլընդայլոյ կարծեաց ենթարկուելով` այլեւս այս տեսակ խնդրով զբաղիլ չհարկադրի ի կորուստ իւր թանկագին ժամանակաց։
       Երրորդ խնդիր մեր Մանիշակագոյն Վեղարի գործածութեան։ Կրօնական Ատեանն այս նկատմամբ ըրած դիտողութեամբը հաստատել ջանացած ատեն թէ` Վեղարն մեռելութեան վերարկու եւ Սքեմ կրօնաւորական ըլլալովն սեւագոյն պէտք է լինի, կը մոռնայ Փիլոնն յիշելու, որ կրօնաւորական սքեմ եւ մեռելութեան վերարկու ըլլալու մասին Վեղարէն ոչ նուազ նշանակութիւն ունի Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ ի սկզբանէ անտի ընկալեալ կանոնական սովորութեան համեմատ. եւ հետեւաբար ի նկատի չառնուր թէ ոչ թէ միայն կուսակրօն եկեղեցականաց, այլեւ քահանայից գոյնըզգոյն ծաղկեայ Փիլոն գործածելու թոյլտուութիւն եղած ատեն, Կաթուղիկոի մը Մանուշակագոյն Վեղար գործածելը խնդիր ընելն իսկ աւելորդ է, եւ մանաւանդ Տանն Կիլիկիոյ Կաթուղիկոսունք մինչեւ իսկ ճերմակ Փիլոն եւ Վեղար գործածելու սովորութիւն ունեցած են ի բազում ժամանակաց հետէ, ինչպէս որ ոմանք ալ մինչեւ անգամ ականակուռ խաչ եւս կը կրեն ի ճակատ Վեղարին. ուստի կը խնդրուի որ եկեղեցական բարեկարգութեան համար անմիջական դարմանի եւ իսպառ արգելման կարօտ խնդիրներն ի նկաիտի առնուլ բարեհաճին, որոնք որ կարի ստիպողական են կարծեմ քան այսպիսի ոչ-ազգօգուտ խնդիրս։
       Ի վերայ այսր ամենայնի, Սրբազան Եղբայր, կ'առաջարկեմք որ`Ազգային միութիւնն անհրաժեշտ է, եթէ Ազգային միութիւն ապահովելու համար գլխաւոր Աթոռոց միջեւ ներդաշնակութիւն գոյացնել կ'ուզուի, եւ եթէ Կիլիկիոյ Հայն ու Հայրապետական Աթոռն Ազգութեան մի կարեւոր տարրը համարուած է, բարեհաճեցէք ազգասիրաբար Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայ անուանական դիրքը յիրականութիւն վերածել, Կեդրոնական Վարչութեանդ Ազգասէր Տեարց ուշադրութիւնն առ այն դարձնել, եւ ի պաշտօնէ ազդարարել առ Կեդրոնական պատկառելի Վարչութիւնն, որ շնորհ ընէ մեր առ ինքն ներկայած տեղեկագրին գործադրութիւնը փութացնել, ոյր վասն իսկ եկեալ եմք աստ. վասն զի Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյ Կաթուղիկոսին եւ ժողովրդեան միակ ջանքն եւ փոյթն է անձնուիրութեամբ եւ զոհողութեամբ իւրովսանն գործել զայն, ինչ որ կը պահանջէ մեր Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ փառքը եւ Ազգին օգուտը, ինչպէս որ մինչեւ ցարդ իւր բաժնին ինկած ծառայութիւնը չէ զլացած Ազգային ամենակարեւոր խնդրոց մէջ։
       Աղօթարար Ազգիս Սիրելւոյ
       Խ(ոնարհ) Մկրտիչ Ա.
       Վարդապետ Սրբոյ Երուսաղէմի
       Եպիսկոպոս Էջմիածնի եւ Կաթուղիկոս Կիլիկիոյ
       22 Դկտ. 1880
       Ի Ղալաթիա
       (Իզմիրլեան, էջ 1185-1199)։
      
       Այս բոլոր բանակցութիւններ, գրաւոր եւ բերանացի, չյանգեցան Քէֆսիզեանը գոհացնող եզրակացութեան մը, եւ հետեւաբար նա իր կողմէն առանձինն յարաբերութեան մէջ մտաւ Բ. Դրան հետ , եւ աշխատեցաւ գոնէ Կառավարութեան ճանչցընել իր Աթոռին անկախութիւնը Կ. Պօլսի Պատրիարքութենէն եւ յաջողեցաւ ձեռք բերել Պերաթ մը, որ թէեւ Մկրտիչ Կաթողիկոսը անկախ կ'ընէր Կ. Պօլսի Աթոռէն, բայց նոյն ատեն կը ջնջէր նաեւ շարք մը առանձնաշնորհումներ . այնպէս որ նախ Ազգային Պատրիարքարան բողոքեց Բ. Դրան` Մկրտիչ Կաթողիկոսի տրուած Պերաթին դէմ, եւ յետոյ նոյն ինքն Կաթողիկոսը Բ. Դրան վերադարձուց Պերաթը իրազեկ ըլլալէ յետոյ թէ շարք մը հին առանձնաշնորհումներ ջնջուած էին ատոր մէջ։
       Քէֆսիզեան իր այս յայտնի եւ գաղտնի գործունէութեան ընթացքին, 1881 Ապրիլի սկիզբէն Ղալաթիայէն փոխադրուած էր Գուրու Չէշմէի (Վոսփորի վրայ ) Ս. Խաչ Եկեղեցին, որպէս զի աւելի հեռացած ըլլայ Կեդրոնէն, եւ անկից հետեւեալ շրջաբերականը կ'ուղղէ Կիլիկիոյ Թեմականներուն։
       Այս Շրջաբերականը գրգռիչ ոճ մը ունի, եւ իբրեւ տեղեկագրութիւն իւր վեցամսեայ գործունէութեան մասին, ճշմարտութիւններու քով կը դնէ նաեւ խեղաթիւրումներ։ Եւ սակայն ասոնք, իրենց ամբողջին մէջ, կը պատկերացնեն Քէֆսիզեանի ըմբռնումներն իր հետապնդած դատին նկատմամբ։
      
       -Առ Գերապատիւ Եպիսկոպոսունս, Արժ. Վարդապետս, Խոհեմազարդ Աւագերիցունս, Բարեշնորհ Քահանայս, Բարեպաշտ Իշխանս, Մեծ. Անդամս Երեսփոխանական Ժողովոյ եւ Թաղական Խորհրդոյ համօրէն Հայոց Ս. Աթոռոյս Կիլիկիոյ սիրեցեալսն մեր ի Տէր. Ողջոյն եւ Օրհնութիւն։
       Գիտէք անշուշտ որ Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյս նիւթապէս եւ բարոյապէս կարօտութիւններէն կարի ստիպեալ` թեմական ընդհանուր ժողով մը կազմեցինք ի նոյն Ս. Աթոռն ի Հոկտեմբերի 1880 տարւոյն։
       Յիշեալ Ժողովն, որ կը բաղկանար 30-35 Վիճակային կղերական եւ աշխարհական Երեսփոխաններէ, 3-4 նիստ ընելով, յետ ընդերկար խորհրդածութեան, համաձայն որոշմամբ առ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնն ուղղելի տեղեկագիր մը խմբագրեց որ կը պարունակէր այն ամեն մէկ կարեւորագոյն կէտեր ինչ որ կը պահանջէր Ս. Աթոռոյն աւերակաց նորոգութեան պէտքը, Կաթուղիկոսութեան առաջնորդական եւ այլ դարաւոր իրաւասութեան եւ վիճակայնոց քաղաքական իրաւանց պաշտպանութիւն ստիպողականութիւնը։
       Թեմական Ժողովն թախանձագին խնդրեց ի մէնջ` որ անձամբ գալով ի Կոստանդնուպօլիս` մատուցանեմք առ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւն զայն տեղեկագիր. թէեւ մեր անձնական տկարութիւն եւ ծերութիւն չէր ներեր մեզ ստանձնել մի այնպիսի ծանր պաշտօն, սակայն մեք ի սէր Ս. Աթոռոյն եւ վիճակաց նորին, ամեն դժուարութիւնները յանձն առնելով եկանք ի Պօլիս ձմեռուան այն ցրտաշունչ եղանակին մէջ, եւ ցաւ ի սիրտ կ'ըսեմք որ զԿեդրոնական Վարչութիւն Կիլիկիոյ Աթոռոյն եւ Կաթողիկոսութեան նպաստաւոր դրութեան մը մէջ չգտանք։ Թէեւ ի հեռուստ լսելով կը մտաբերէինք թէ Կ. Պօլսոյ Ազգային Պատրիարքարանը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր գոյութեանը պաշտպան չէ, բայց գալով հոս ալ բոլորովին համոզուեցանք որ Կիլիկիոյ Աթոռոյն ոչ թէ փառաոր դիրքի մը վերածուիլն, այլ չոր ու ցամաք գոյութիւնն անգամ չեն ուզեր։
       Ի գալն մեր այսր, թո՛ղ թէ ի պատիւ Կիլիկիոյ բազմաթիւ ժողովրդեան գոնէ արժանավայել ընդունելութիւն մը չուզեց ընել Պօլսոյ Պատրիարքարանը այլ դեռ մեք ի դիմաց Թեմական Ժողովոյ բերած տեղեկագիրն չմատուցած, Վարչութեան Կրօնային Ատեանն օտարոտի եւ անկարեւոր խնդիրներ յարուցանելով մեր արդարացի ձայնն խեղդելու փորձեր ըրաւ, եւ այնպիսի պայմանագիր մը առաջարկեց մեզ, որոյ մէն մի տողերն նոյն նուիրական Աթոռոյն բազմադարան իրաւասութեանց բոլորովին ջնջում կը սպառնար, եւ միանգամայն կը բռնաբարէր (կը բռնադատէր ? ) զմեզ ընդունիլ ա՛յնպիսի ճնշողական օրէնսդրութիւն մը, որ Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյն Հաստատութեան թուականէն ի վեր մեր հոգելոյս նախորդաց ժամանակաւ երբէ՛ք նմանը տեսնուած չէ. այսինքն է, կատարեալ հնազանդութիւն Արարատեան Աթոռոյն, չօրհնել զՍրբալոյս Մեռոն եւ չձեռնադրել զեպիսկոպոս առանց ամենաբարձր հրամանի Գահակալի Նորին եւ մանաւանդ ի Ս. Աթոռն եւ յամենայն Եկեղեցիս Կիլիկեան վիճակաց յիշատակել զանուն նոյն Կաթուղիկոսին Ս. Էջմիածնի, որ զԿիլիկիոյ Աթոռն «անվաւեր եւ հակաթոռ » եւ զկաթողիկոսութիւնն «հեստեալ, հերձեալ, եւ ընդվզեալ » եւ զձեզ` Կիլիկեցի բարեպաշտ ժողովուրդ, «մեռեալ » հրատարակած է իւր ճիշդ կոնդակագրովն, եւ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան նորատիպ Մաշտոցին մէջ եւս զԿիլիկեաին Աթոռն եւ Կաթողիկոսութիւնն միեւնոյն նախատական բառերով ի շարս հերձուածողաց անցուցած էր, եւ իւր ձեռնադրած ամեն մէկ Եպիսկոպոսէն ալ` ըստ այնմ ուխտագիր առնելը իրօք ստուգուած եւ հաստատուած է։
       Ուստի բնական էր որ մեք այնպիսի նորահնար պայմանագիր մը եւ արտասովոր դրութիւն մը չպիտի կրնայինք ընդունիլ, եւ անշուշտ Դուք, բարեպաշտ վիճակայինքդ եւս, չպիտի ներէիք եւ միանգամայն պատասխանատու պիտի ըմբռնէիք զմեզ. վասնորոյ, անմիջապէս հերքելով զայն` մատուցինք զմեր տեղեկագիրն առ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնն եւ անմիջական տնօրէնութիւն խնդրեցինք օգուտ Ս. Աթոռոյ եւ Վիճակաց նորին։
       Իսկ սակայն կը ցաւիմք որ ցարդ չկրցանք որեւէ պատասխան մը ընդունիլ ի Վարչութենէ յիշեալ տեղեկագրի պարունակած ամենակարեւոր խնդրոց նկատմամբ, եւ որովհետեւ Բ. Դրան եւս կը վերաբերէր սոյն խնդիր իւր քաղաքական կէտերովն, ուստի ստիպուեցանք առ Բ. Դուռն եւս դիմելով ի փառաւոր գոյութիւն Կիլիկիոյ Աթոռոյն եւ Կաթուղիկոսութեան նորին. Նախարարութիւնը թէեւ ոչ սակաւ յուսալից խոստումներ ըրած է մեզ, բայց իւր ներկայ բազմազբաղ եւ կնճռոտ խնդրոց առթիւ չկրցաւ ցարդ զանոնք գործադրել, եւ ահա վեց ամիսէ ի վեր կը դեգերիմ աստ, առանց նիւթական եւ բարոյական օգնութեան վիճակայնոց, եւ ամենայն անձնուիրութեամբ եւ զոհողութեամբ կը մաքարիմք Կիլիկիոյ նուիրական Աթոռոյն դարաւոր իրաւասութիւնը պաշտպանելու միակ նպատակաւ, եւ ոչ թէ աձնական նկատում մը ունենալով. վասն զի մենք սիրահար չէինք այս ապարդիւն պաշտօնին, Դուք ընտրեցիք զմեզ, Կիլիկեցիք, մենք որչափ հրաժարեցանք, Ձեր ընտրողական Ժողովը այնչափ պնդեց եւ հարկադրեց զմեզ ընդունիլ այս բարձր, բայց անօգուտ տիտղոս Կիլիկիոյ Կաթուղիկոսութեան, որոյ արդար եւ սեպհական իրաւասութիւնն ամբողջ տասը տարիէ ի վեր վտանգի ենթարկուած` եւ ահա այսօր ալ վերջին ճգնաժամը հասած է. վասն զի Պօլսոյ Պատրիարքարանը իբրեւ պարզ վանահայրութիւն մը կ'ուզէ ճանչնալ զԿիլիկիոյ Հայրապետութիւնն, որ ճիշտ Սուրբ Լուսաւորչի ուղղագիծ յաջորդութեամբ հաստատեալ եւ մինչեւ ցայսօր շարունակեալ Հայրապետութիւն մ'է, եւ ո'չ «հակաթոռ կամ հեստեալ » ինչպէս որ Արարատեանք եւ նոցա վարձեալ կուսակցութիւնն յանիրաւի կը հարուածեն զայն միշտ, եւ Կեդրոնական Վարչութիւնն ալ ցարդ կը քաջալերէ անոնց այս անիրաւութիւնը` իւր խոր լռութեամբը։
       Իսկ այժմ Դուք, կրօնական եւ աշխարհական Պաշտօնեայք եւ Ժողովուրդք Կիլիկիոյ, եթէ արդարեւ տէրն էք ձեր Ս. Աթոռոյն , եւ նորա պատւոյն նախանձախնդիր, եթէ ի բոլոր սրտէ կ'ուզէք պաշտպանել զայն Սուրբ Գահ աւանդեալն ձեզ ի բարեյիշատակ նախնեաց ձերոց, եւ զնորին հայրապետական իրաւունքն, եթէ Կիլիկիոյ Կաթուղիկոսութեան մշտատեւ եւ պայծառ գոյութիւնը ձեզ փափաքելի է, ի մի բան, եթէ կ'ուզէք ազատել զայն իւր արդի անուանական դիրքէն եւ յիրականութիւն ածել, սթափեցարուք ուրեմն ի քնոյ, խորհեցէք խորին խոհականութեամբ եւ փութաջան եռանդով գործեցէք զպարտուպատշաճն, եւ ջան ի կուրծ աշխատեցէք պաշտպանել ձեր Աթոռոյն բռնաբարեալ իրաւունքը, ճանչցէք ձեր հարազատութեան սրբազան պարտիքը, զոր ունիք առ Ս. Աթոռն ձեր, յարգեցէք զձեր անզուգական աւանդն, նախանձախնդիր լերուք փառաց նորին, ինչ որ կը պահանջէ ի ձէնջ ընել ձեր Հայրապետական Աթոռոյն այժմեան վտանգաւորեալ շահը, զայն մի՛ զլանայք ամենայն անձնուիրութեամբ. այլ եւս իրաւունք չունիք երբէք զմեզ պատասխանատու ըմբռնել. որովհետեւ 8-9 տարի շարունակ պաշտպանողական թղթակցութեամբ եւ այժմ ալ, ահա ', ի Պօլիս վեց ամիսէ ի վեր անձամբ կը մաքառիմք, վիճակայնոցդ եւ ոչ միոյն կողմանէ առանց պաշտպանութիւն մը գտնելու բնաւ. հաւաստի եղիք որ եթէ ես հակամիտէի ընդունիլ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնային Ատենի նոյն ապօրինի եւ մեքենական պայմանագիրն, շատ մը անձնական փառք եւ պատիւներ պիտի ստանայի. բայց ես Կիլիկիոյ Հայրապետական Գահուն գոյութեան եւ դարաւոր իրաւասութեանց իսպառսպուռ ջնջումը սպառնացող Պայմանագիր մը ստորագրելով, իմ ճակտին վրայ վատութեան անուն դրոշմել չտալու եւ Ազգային Պատմութեանց մէջ չարաշուք յիշատակութիւն մը չձգելու վեհանձն խորհրդով, ամենայն զօրութեամբ դիմադրեցի եւ իսպառ հերքեցի զայն. սակայն այլեւս բաւ համարելով իմ այսչափ ըրած բարոյական եւ նիւթական զոհողութիւնը, պիտի ստիպուիմ բոլորվին ետ քաշուիլ` ձեզ վիճակայնոց թողլով այն հնադարեան Ս. Աթոռոյն եւ Կաթուղիկոսական իրաւանց պաշտպանութեան հոգը, եւ միանգամայն ապագայի մէջ անոր պատմական ամեն մէկ պատասխանատուութիւնը։
       Ես այսուհետեւ անպարտ եմ, զոր ինչ պարտ էր եւ հնարին առնել` արարի, եւ կարծեմ քիչ մ'ալ աւելի. բայց չկարողացայ հեղեղանման Ազգային հզօր ընդդիմութեան մը մինակ յաղթանակել. ա՛լ դուք գիտցէք, դուք խորհեցէք եւ դուք գործեցէք ինչպէս որ կ'ուզէք. ա՛լ ձեզ Աթոռային եւ վիճակային կրօնական եւ աշխարհական Պաշտօնէիցդ կը մնայ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն եւ Կաթուղիկոսութեան բազմադարեան գոյութեան եւ իրաւասութեանց հակառակ Պայմանագիրն խորին քննադատութեամբ ընդունելու կամ հերքելու գործադրութիւնը. եւ այս առթիւ կը յայտարարեմ ձեզ թէ մտադիր եմ ի մօտոյ բացակայիլ աստի. իմ վերջին պարտիքն էր ձեզ ազդարարութիւն մը ընել, զոր ահաւաստիկ ներկայ շրջաբերականաւս կը փութամ կատարել, եւ իմ այս ազդարար շրջաբերականն ձեր ապագայ սերնդոց մեղադրանքէն զիս ազատ կացուցանելու համար մի հզօրագոյն փաստ եւ հաւատարիմ վկայ պիտի լինի Ազգային պատմութեան մէջ ի յապառնիսն։
       Ողջ լերուք զօրացեալ ի խնամս Տեառն։
       Խ. Մկրտիչ Ա. Վարդապետ Սրբոյ Երուսաղէմի
       Եպիսկոպոս Էջմիածնի եւ …… Կիլիկիոյ
      
       15 Մայիս 1881
       Ի Կ . Պօլիս
       (Իզմիրլեան, էջ 1326-41)
      
       Կ. Պոլսի մէջ գտնուող Կիլիկեցիներէ մարմին մը կազմուած էր Քննիչ Յանձնաժողով անունով, նոյն իսկ Քէֆսիզեանի նախաձեռնութեամբ, իրեն գործակցելու ծրագրով (1881 Փետր. 15)։
       Այս մարմինն ալ քննեց Մկրտիչ Կաթողիկոսի առաջարկները կամ պահանջները, եւ իր քննութեան արդիւնքը հաղորդեց Ներսէս Պատրիարքին հետեւեալ տեղեկագրով.
       -«Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայր,
       Նախագահ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան.
       Ստորագրեալքս, անդամք Սսոյ Ամենապատիւ Ս. Կաթողիկոսին առաջարկութեանց Քննիչ Յանձնաժողովոյ, ի նկատ առնելով իրաց տխուր վիճակն եւ Սսոյ Կաթուղիկոսական խնդրոյն ստացած հանգամանքը, եւ մանաւանդ այս ամենուն հետ ուշադրութեան առնելով Կիլիկեան աշխարհի դժբախտ կացութիւնը, յանուն եւ ի դիմաց Կիլիկիոյ հայ ժողովրդեան, որոյ պաշտօնական ներկայացուցիչը լինելու պատիւն ունի յիշեալ Յանձնաժողովն եւ զոր վաւերացուցած է Նորին Ամենապատուութիւնն, կը փութանք խոնարհաբար հետեւեալ առաջարկութիւնները ներկայացնել առ Ձերդ Բարձր Սրբազնութիւն , աղաչելով որ նկատողութեան առնուլ բարեհաճիք եւ շնորհ ընէք, յօգուտ եւ ի շահ Կիլիկեան ժողովուրդին, Սսոյ Կաթուղիկոսական ներկայ խնդրոյն օրինաւոր լուծում մը տալ։
       Ահաւասիկ մեր խոնարհ առաջարկութիւններն։
       Ա. Սսոյ Ամենապատիւ Տ. Մկրտիչ Ս. Կաթուղիկոսին այն առաջարկութիւնները, որ հանրութեան օգտին ծառայելու բնութիւնը չունին, իբրեւ ազգային շահուց հակառակ, չենք կրնար ընդունիլ երբեք։
       Բ. Յանուն համայն Կիլիկիոյ Հայ ժողովրդեան կը յայտարարենք թէ Ազգային Միութենէ բնաւ չենք ուզեր բաժնուիլ, եւ առ այս կ'ընդունինք եւ կը ճանչնանք ըստ առաջնոյն Պատրիարքարանի ընդհանուր վերին հսկողութեան իրաւունքը, զոր ունի դարերէ ի վեր եւ որ ապահովեալ է կայսերական պերաթներով եւ Ազգային Սահմանադրութեամբ, որ շնորհեալ է յանուն Հայ ազգին եւ կը տարածի բոլոր Թուրքիոյ Հայ ժողովրդեան վրայ։
       Գ . Էջմիածնայ Ս. Աթոռին նկատմամբ բնաւ ըսելիք չունինք. սակայն նորա արդի Ս. Գահակալին նկատմամբ չենք կրնար մեր խորին ցաւը չյայտնել, որ անբացատրելի է, եւ չբողոքել Ն. Ս. Օծութեան դէմ, որ Սսոյ Կաթողիկոսութիւնն հեստեալ եւ անվաւեր կը կոչէ։
       Մենք բնաւ տարակոյս չունինք թէ այսպիսի վարմունք մը մահացու հարուած մ'է ազգային միութեան, եւ կրօնական տեսակէտով ալ բոլորովին հակառակ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ ոգւոյն եւ սկզբանը, որոյ հարազատ զաւակունքն ենք եւ մեք Կիլիկիոյ Հայքս։
       Դ. Սսոյ Աթոռոյ դարաւոր իրաւունքներն եւ Կիլիկիոյ աշխարհին աւանդութիւնները կը փափաքինք որ անեղծ եւ անվթար պահուին, եւ
       Ե. Սսոյ Կաթուղիկոսութեան Ս. Աթոռին իրաւասութեան եւ յարաբերութեան սահմանները նոյնպէս կը փափաքինք որ ճշտուին Ազգային Ժողովոյ որոշմամբ, եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը Կիլիկիոյ համայն գաւառաց մէջ ճշդիւ գործադրուելով Գաւառական Վարչութիւնք հաստատուին եւ Առաջնորդք սահմանադրապէս ընտրուին։
       Ահա ասոնք են, Ամենապատիւ Ս. Հայր, Կիլիկիոյ Հայ ժողովրդեան ճշմարիտ իղձերն, որ հարկաւ ընդհանուր Ազգային փափաքներն են, եւ զորս ի յայտ բերելով կը խնդրենք որ պարտ ու պատշաճն ի գործ դնէք, որպէսզի շփոթութիւնք վերջ գտնեն. ամուլ վէճեր` որոնցմէ Կիլիկեան աշխարհը մեծապէս վնասուած է` դադրին, եւ համայն Կիլիկիա օրինաւորութեան եւ յառաջդիմութան ճամբուն մէջ մտնէ ի շինութիւն եւ ի բարգաւաճումն նորա բազմաթիւ Հայ ժողովրդեան, որոյ ցաւերն անմիջական ազդու դարմանի կը կարօտի։
       Մնամք
       Ամենապատիւ Սրբազնութեանդ
       Խոնարհ Ծառայք
       Անդամք Առաջարկութեանց
       Քննիչ Յանձնաժողովոյ
       (Ստորագրութիւն Եօթն Կիլիկեցի
       Ազգայնոց)
       1881 Օգոստոս 24
       Ի Կ. Պօլիս
      
       ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
       Քէֆսիզեանի բռնած դիրքը հանդէպ Ազգային Պատրիարքարանի, եւ աւելի շիտակը, հանդէպ Ս. Էջմիածնի, այնքան ըմբոստացուցիչ պիտի չըլլար, եթէ Քէրէստէճեան Գէորգ Դ. Կաթողիկոս չափ մը դնէր իր յաւակնութիւններուն. յաւակնութիւններ, որոնք աւելի Մեծագործ Կաթողիկոսի անձէն եւ նկարագրէն կը ցայտէին քան թէ տիրող իրականութենէն։
       Գէորգ Դ. իր յաւակնութիւնները նոյն իսկ ուզեց պարտադրել ազգային Երեսփոխանական Ժողովին այնպիսի հրամաններ արձակելով, որոնք բոլորովին փափկանկատութեամբ չէ որ կը մերժուէին կամ բարձի թողի կ'ըլլային Ազգային Պատրիարքարանի այլ բարձրագոյն Մարմնի կողմէն։
       Եթէ Էջմիածինէն Գէորգ Դ-ն էր որ իր տարօրինակ յաւակնութիւններով եւ պահանջումներով կը դժուարացնէր յարաբերութիւններուն յարդարումը Աթոռներու միջեւ, Կ. Պոլսի մէջ ալ կար օճախ մը , որ կը յաւակնէր ուղղութիւն տալ Թիւրքիոյ Հայոց ազգային - եկեղեցական գործերուն, Ազգային Պատրիարքարանը առնելով իր հակակշռին տակ։ Այս օճախին եկեղեցական անդամն էր Իզմիրլեան Մատթէոս Վարդապետ, որ իբրեւ թէ Ազգային Սահմանադրութիւնը լաւ հասկցող եւ մեկնաբանող մը, կրօնական խորհրդականի պաշտօն մը ստեղծել տուաւ իրեն Պատրիարքարանի մէջ, եւ սկսաւ Պատրիարքին քով թեւ ածել եւ ամէն խնդրի մէջ «խօթել իր քիթը»։
       Իզմիրլեան ամէնէն ձախող ազդեցութիւն մը ի գործ դրաւ Քէֆսիզեանի յարուցած խնդիրներու վրայ։
       Գէորգ Դ. հակաթոռ եւ հեստեալ հռչակեց Կիլիկիոյ Աթոռը, մինչ այդ Աթոռը դարերու հաստատութիւն եւ պատմութիւն ունէր, որուն գոյութիւնը , իրաւունքները եւ յարաբերութեանց սահմանները ճշդուած էին 1652-ին Երուսաղէմի Ժողովքին մէջ Ներսէս եւ Փիլիպոս Կաթողիկոսներու ներկայութեամբ։
       Գէորգ Դ. փոխանակ հալածելու Կիլիկիոյ Աթոռը եւ Աթոռակալը, կրնար հիանալի գործակցութիւն մը ստեղծել երկու Աթոռներու միջեւ եւ իբրեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետ յարգել տալ իր անձն ու իր ծրագիրը, եթէ ունէր, ընծայելով Կիլիկիոյ Աթոռին հնարաւոր եւ հազարաւոր դիւրութիւններ, որոնցմով հարուստ էր ինքն։
       Միշտ կ'արժէ յիշել Օրմանեան Սրբազանի այն դիտողութիւնը Գէորգ Դ-ի յաւակնութիւններուն նկատմամբ թէ Մեծագործ Կաթողիկոսը ինչ որ չէր կրնար ընել Կովկասի, այսինքն իր անմիջական շրջանակին մէջ, կ'ուզէր գործադրել Թիւրքիոյ մէջ։
       Գէորգ Դ. պատմական կանոնագիտական ոեւէ իրաւունք չունէր անվաւեր նկատելու Կիլիկիոյ Աթոռէն ձեռնադրուածներուն եպիսկոպոսութիւնը եւ զայն վաւերացնելու համար ծիսական ինքնաստեղծ կանոնի մը ենթարկելու Կիլիկիոյ Եպիսկոպոսները. բան մը , որուն համակերպեցաւ Վարժապետեան Ներսէսի նման լուսամիտ Եպիսկոպոս մը։ Զարմանալի է որ կանոնագէտ եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նախանձախնդիր անձեր, եկեղեցական թէ աշխարհական, հանդուրժեցին այդ անկանոնութեան։
       Բարեբախտաբար Գէորգ Դ-ին բոլոր յաջորդները բարձի թողի ըրին անոր ինքնահնար կանոնը։
       Իզմիրլեան, որ ջերմ նախանձախնդրութիւն ցոյց կուտայ Հայց. Եկեղեցւոյ կարգուկանոնին պահպանութեան, ճիկ անգամ չհանեց օրէնքի եւ իրաւունքի սահմանին մէջ այդպիսի կամայականութեան մը դէմ։ Եւ ընդհակառակն իր ծանօթ պարսաւագրով, որուն վրայ խօսեցանք արդէն, ամէնէն սխալ եւ թիւր գաղափարները տարածեց ` երբ Քէֆսիզեանը վարկաբեկ ընելու նպատակով` Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ուզեց ներկայացնել իբրեւ Վանահայրութիւն եւ Առաջնորդութիւն□ ։
       Գէորգ Դ. ոչինչ օգտուեցաւ իր պայքարէն, իսկ Իզմիրլեան Մատթէոս Վարդապետ, իբրեւ վարձք իր պարսաւագիրքին, եպիսկոպոսութեան աստիճանին բարձրացաւ նոյն ինքն Գէորգ Դ-ի ձեռնադրութեամբ։
       Իզմիրլեան յետոյ երկիցս Պատրիարք եղաւ Կ. Պոլսոյ եւ վերջապէս Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, եւ իր այս բարձր պաշտօններուն մէջ աննպաստ շեշտ մը իսկ չուղղեց Կիլիկիոյ Աթոռին դէմ։
       Փոխուած էին ժամանակներ։
       Իզմիրլեան անշուշտ տեսաւ թէ պէտք էր պահել Կիլիկիոյ Աթոռը□գոնէ Էջմիածնի համար։
       Քէֆսիզեան անյողդողդ մնաց իր մաքառումներուն մէջ, եւ Կ. Պոլսէն Կիլիկիա վերադառնալէ յետոյ ձեռնարկեց սահմանադրական ժողովներն ալ վերցնել, բայց չյաջողեցաւ։
       Քէֆսիզեանի առաջարկները քննող ժողովը, որ կազմուած էր Կ. Պոլիս գտնուող Կիլիկեցիներէ իր իսկ նախաձեռնութեամբ, վերոյիշեալ Տեղեկագրին մէջ շատ աւելի իրատես եւ կացութեան գիտակից հանդիսացած է թէ՛ Գէորգ Դ-էն եւ թէ՛ նոյն ինքն Մկրտիչ Կաթողիկոսէն։
       Եթէ Քէֆսիզեան գործէր Առաջարկութեանց Քննիչ Յանձնաժողովին սկզբունքով, արդէն փրկած կ'ըլլար կացութիւնը, ցոյց տալով առողջ վարչագիտութեան տաղանդը։
       Այդ տաղանդը դժբախտաբար պակսեցաւ Կիլիկիոյ Մկրտիչ Կաթողիկոսին, որ վախճանեցաւ իր երազներուն փլուզումներուն մէջ, խորապէս զգալով անշուշտ նաեւ իր նիւթական տաղանդներուն կորուստը ասոր անոր կոկորդին մէջ։
      
       ՄԿՐՏԻՉ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԵՐԸ ԵՒ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
       Քէֆսիզեան, իբրեւ բարձրաստիճան եկեղեցական , ունէր դրական կողմեր, որոնք սակայն չեն կրնար հերքել անոր ժխտական կողմերը, որոնցմով հարուստ եւ զօրաւոր եղաւ Կիլիկիոյ այս Կաթողիկոսը։ Վասն զի տարբեր բան է սա սա յարմարութիւններն ունենալ եւ տարբեր բան` Կաթողիկոսութեան պէս գործ մը կազմակերպել , այն ալ Ազգային Սահմանդրութեան առաջին շրջանին, եւ վարել զայն։
       Քէֆսիզեան օժտուած էր շատ ներկայանալի արտաքինով մը։ Բարակ եւ բարձր հասակ, մանր սրատես աչքեր, քրմական մօրուքով պատկառելի դէմք, ասոնք անտարակոյս բնախօսական առաւելութիւններ էին իրեն համար, փնտրուած եւ յարգի առաւելութիւններ յաչս հանրութեան` որուն պիտի ծառայէր։
       Քէֆսիզեան 53 տարեկան էր երբ կաթողիկոս եղաւ, եւ երբ իր այդ առաւելութիւնները իր հասակին հասուն գեղեցկութեան մէջ իրօք պատկառելի կ'ընծայէին զինք։
       Քէֆսիզեան ճարտարախօս էր թէ՛ հրապարակի վրայ եւ թէ՛ ընկերային տեսակցութեան մէջ։ Լաւ կը խօսէր իր ժամանակի Թիւրքերէն լեզուն, կը քարոզէր այդ լեզուաւ. որովհետեւ Կիլիկիոյ Հայք թիւրքախօս էին։
       Երկար կը քարոզէր, ունկնդիր ժողովուրդը չէր ձանձրանար։ Ես շատ լաւ կը յիշեմ, երբ Մկրտիչ Կաթողիկոս Անթէպ կուգար , Կիրակի օրեր կը խճողուէր Եկեղեցին, շատերը դուրսը կը մնային. եկեղեցւոյ դուռը կը ծեծուէր, որպէս զի խտանար, սեղմուէր ժողովուրդը. այս պահուն կ'ընդհատուէր քարոզը, ժողովուրդը կը խտանար, դասի մէջ եղողներ բեմ կ'ելլէին Կաթողիկոսին հրամանով , դուրս մնացողներ կարելի եղածին չափ ներս կը մտնէին եւ կը զետեղուէին։ Այս գործողութիւնը երբեմն մէկ երկու անգամ կը կրկնուէր։
       Դարձեալ շատ լաւ կը յիշեմ շարքը Քէֆսիզեանի այն ջատագովական քարոզներուն, զորս տուաւ Անթէպի Եկեղեցւոյն մէջ, ընդդէմ բողոքականութեան ջատագով Փրօֆ. Յովհաննէս Գրիգորեանի, ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։
       Կառավարական շրջանակներու մէջ ալ Քէֆսիզեան կը հմայէր թիւրք պաշտօնեաները իր տեսքով եւ լեզուանիութեամբ։
       Քէֆսիզեան ժամասէր էր եւ տօնասէր։ Իբրեւ վարժ Ս. Յակոբի Ժամասացական ճոխութեան, շատ ազդեց Կիլիկիոյ Եկեղեցիներու Ժամասացութեան կանոնաւորութեան։ Ամէն ոք կարծես կը դողար եւ իր պարտքը կը կատարէր ուշադրութեամբ` երբ կաթողիկոսը, զոր օրինակ, Անթէպ էր։
       Ինքը լաւ գիտէր Շարականը եւ կ'երգէր հաճելի եղանակով, երբ իրեն պէս վարժ երգեցող մը գտնուէր միւս դասին մէջ։ Դիտած էի պատանեկան հետաքրքրութեամբ որ Անթէպի Եկեղեցւոյն մէջ կ'երգէր, երբ Գալայճը Մելքոնեան Կարապետ Խալֆէ, Անթէպցի Գալէմքեարեան եղբարց մեծ հայրը, երգէր միւս դասէն, ընդհանրապէս Հարց շարականները։
       Իր դպրոցի աշակերտներուն ինքն կը սորվեցնէր եկեղեցական երգեցողութիւնը, եւ կ'ըսէր անոնց. Տղաք լաւ սորվեցեք. իմ մահէս յետոյ կը կորսուի այս արուեստը։
       Տօները կը ճոխացնէր արտաքին յարդարանքով□։ Նախատօնակ, տօնախմբութիւն, հանդէս եկեղեցական կամ դպրոցական, իր ներկայութեամբ չքեղութիւն կ'ստանային։ Իր դպրոցին տեսքոտ եւ ձայնեղ աշակերտներէն երկու երեք հոգի միասին կ'առնէր իր թեմական այցելութեան միջոցին։ Անոնք սարկաւագութիւն կ'ընէին, կ'երգէին, եւ արտասանութիւններ ալ կ'ընէին երբեմն։ Անգամ մը Անթէպի Եկեղեցւոյն մէջ, Խաչվերացի երեկոյին արտասանել տուաւ իր դպրոցի աշակերտներէն մէկուն, Մուրատեան Մելքիսեդեկ Սրբազանի Խաչ Օգնեա՛ Ինձ քերթուածը։ Տեսանք արդէն որ Գահիրէի Եկեղեցւոյն մէջ ալ ազգային երգ երգել տուաւ ի պատիւ Նուպար Փաշայի։
       Խաղաղականի ժամերգութիւնը (Եկեսցէ) ազդու կ'ըլար Մկրտիչ Կաթողիկոսի ներկայութեամբ. կը սիրէր Հաւատով Խոստովանիմը փոքրիկներէն սկսիլ տալ, որպէս զի չզրկուին անոնք, փոխանակ իրմէ սկսելու։
       Մեծահանդէս անդաստաններ, Հոգեհանգստեան Պաշտօններ հինգ Տաղաւարներու Մեռելոցներուն, ինքն հաստատեց, իր Հայրապետական ճոխութեամբ պատարագները գրաւիչ էին։ Ժողովուրդը կը սիրէր այս հոգեւոր խրախճանքները եւ համակրանքով կը լեցուէր հանդէպ Քէֆսիզեանի։
       Քէֆսիզեան կրթասէր էր եւ դպրոցասէր, պայմանաւ որ դրամ տալու հարկին մէջ չգտնուէր ինքն։
       Անթէպի մէջ գիշերօթիկ դպրոց մը բանալու համար ժողովի հրաւիրեց ժողովուրդին երեւելիները, պարզեց անոնց իր ձեռնարկութեան կարեւորութիւնը, ամէնքը գնահատեցին։ Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տրամադրելի տեղերը տուին Կաթողիկոսին։ Եւ երբ կարգը եկաւ հանգանակութեան, Մկրտիչ Կաթողիկոս մէկ օսմանեան ոսկի դրաւ մէջտեղ, յայտնելով թէ Աւետարանի մէջ պատմուած առակին համեմատ, ասիկա հաց թխող կնոջ խմորին պէս է ձեր տալիքներուն համար։
       Ամէնքը արշահար մնացին հարուստ Քէֆսիզեանի այս առատաձեռնութեան հանդէպ։
       Այսուամենայնիւ Քէֆսիզեանի Անթէպի մէջ հաստատած գիշերօթիկ դպրոցը, իր ամէնէն դրական գործը եղաւ. որովհետեւ տուաւ կարգ մը շրջանաւարտներ, որոնք անդրագոյն զարգացումով յայտնի դէմքեր եղան Թիւրքիոյ Հայութեան մէջ։
       Ասոնցմէ կը յիշեմ քանի մը անուններ.
       Յովհաննէս Պօյաճեան (Ֆէրիտ ), պետական պաշտօնեայ, Նազարէթ Ներսէսեան (Հիլմի ), Իզմիրի նշանաւոր փաստաբանը , Միսաք Գօչունեան, հրապարակագիր եւ հիմնադիր Ժամանակի, Վահան Քիւրքճեան (Վահան Էֆէնտի ), ուսուցիչ, դպրոցավար, հանրային գործիչ, փաստաբան, այժմ Նիւ Եորք, եւ այլն։
       Այս բոլոր յարմարութիւններ եւ առաւելութիւններ, սակայն, չկրցան օգտակար ըլլալ Սիսի մէջ Կիլիկիոյ Աթոռին կազմակերպութեան։ Մկրտիչ Կաթողիկոս լքեց Սիսի Մայր Աթոռը, կազմակերպութեան կողմէն, եւ թափառեցաւ Մարաշ, Անթէպ, Հալէպ։
       Մկրտիչ Կաթողիկոս իր աստանդական վիճակին մէջ վախճանեցաւ Հալէպ 1894 Նոյեմբեր 8, Գշ. (14? ) եւ թաղուեցաւ Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ։
       Այս անհանդարտ, կռուի եւ խօսքի, ըսենք նաեւ երազի մարդը մեռաւ, չկրցաւ թաղուիլ Երուսաղէմ։ Իր բոլոր կեանքը եւ գործունէութիւնը ամփոփուած է իր տապանագրին մէջ (արդե՞օք իր գրչէն ) որ իբրեւ արձանագիր շէնք շնորհք ալ չունի.
      
       -«Ծնեալ 1818 ի Մարաշ.
       «Դիտէ անցորդ դու զայս տապան
       «Ուր հանգչի Պետն Կիլիկիոյ տան
       «Սուրբ Սիօնի էր Միաբան.
       «1860 Էջմիածնայ Եպիսկոպոս.
       «1871 Մկրտիչ Ա . Կաթողիկոս
       «1894 Հանգեաւ եւ եդաւ հոս»։