Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան ծնաւ Խարբերդի Եղէգի գիւղին մէջ 1849 Մարտ 25-ին։ Հայրն էր Մհի. Կարապետ, մայրը` Գոհար, իսկ իր աւազանի անունն էր Գաբրիէլ, փաղաքշական կոչումով Գաբօ։
       Փոքրիկ Գաբօի մանկութիւնը անցաւ իր գիւղին մէջ, որու մանուկներուն հետ ինքն ալ գնաց գիւղի դպրոցը, ուր քանի մը ամիս դաս առաւ Աբրահամ Յ. Այվազեանէ Սողիկեան Սարգիսի հետ։
       Պզտիկուց եկեղեցասէր մանչուկ մըն էր Գաբօ եւ առտու իրիկուն գիւղի եկեղեցին կ'երթար, կը մասնակցէր ժամասացութեան։
       Կիլիկիոյ Աթոռէն Յարութիւն Եպիսկոպոս, որուն վրայ խօսեցանք Կիրակոս Գ-ի (Նիկողայոս ) կաթողիկոսացման առթիւ, նուիրակութեամբ այցելած է Խարբերդ եւ հիւր եղած` Խապայենց տունը։ Նուիրակ Սրբազանը դպրութեան աստիճան կուտայ եկեղեցասէր Գաբօին` Խարբերդի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Սահակ Կաթողիկոս մինչեւ հիմա հետաքրքրութեամբ կը յիշէ թէ Յարութիւն Եպս. կը զբաղի եղեր Աղթարքով եւ իբրեւ գիտակ ատոր հռչակ թողած է Խարբերդի մէջ։