Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
1441ի շարժումին պատմական պատճառները վերլուծելու համար երկու ժամանակակից աղբիւրներ հասած են մեզ. մէկը Թովմայի Յիշատակարանը, իսկ միւսը Էջմիածնի վերանորոգեալ աթոռին առաջին կաթողիկոսին, Կիրակոս Վիրապեցիի, մէկ կոնդակը, որ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ այս գիրքին մէջ։ Թովմա Մեծոփեցի, Գրիգոր Տաթեւացիին աշակերտը, գլխաւոր գործիչն է 1441ի շարժման մէջ, իր խօսքերն ու կարծիքները կը ներկայացնեն մասնաւոր շահեկանութիւն մը։ Թովմա, ամէն տարակոյսէ վեր, իր վարդապետին ոգիով օժտուած հայ վարդապետ մըն է, հաւատարիմ Որոտնեցիի եւ Տաթեւացիի հակաքաղկեդոնական ուղղութեան. նա ուզեց կատարել այնպիսի գործ մը իբրեւ Վարդապետ, որ գերազանցէր Տաթեւացիին, իր մեծ վարդապետին գործը, Աղթամարայ բանադրանքին լուծման մէջ։ Մեծոփեցին յաջողեցաւ իր ձեռնարկին մէջ, եւ գրի առաւ ատոր պատմութիւնը, որ շատ հակիրճ գրուած մըն է, եւ որ սակայն բոլորովին զերծ չէ դիտումէ, վասն զի երբ Սիսի Կաթողիկոսարանին զեղծումներն ու ապականութիւնները մատնանիշ կ'ընէ անխնայ, բացառութիւն մը իսկ չունի մեզի ցոյց տալիք, վասն զի գոնէ պատմութիւնը իրաւունք ունէր գիտնալու թէ Մուսաբէկեան Գրիգոր, որ այդ միջոցին Աթոռին տէրն էր, ո՞վ էր, ի՞նչ նկարագրի տէր կաթողիկոս մը եղած էր, եւ որովհետեւ կ'ըսուի թէ Մուսաբէկեան հրաւիրուեցաւ Սիսէն Էջմիածին փոխադրուիլ եւ սա չհաւանեցաւ, ի՞նչ էր ասոր պատճառը. ասոնք շատ կարեւոր կէտեր են, որոնց մասին Թովման, իբրեւ անաչառ պատմիչ, իբրեւ տեսիլքի եւ տեսանողներու չափազանց կարեւորութիւն ընծայող ժամանակագիր գործիչ մը պարտաւոր է բան մը ըսել, բայց զարմանալի զանցառութիւն մը ըրած է ան այս մասին։ Մենք կը կարծենք որ եթէ Մուսաբէկեան եղած ըլլար իրօք անարժան կաթողիկոս մը, ան ոչ միայն պէտք չէր հրաւիրուեր որ Սիսէն փոխադրուի Էջմիածին, այլ նաեւ Էջմիածնի այդ մեծահանդէս ժողովին մէջ, ուր Վիրապեցին կաթողիկոս ընտրուեցաւ, հարկ էր որ Մուսաբէկեան բանադրուէր եւ Սիսի աթոռը խափանուած հռչակուէր, քանի որ Լուսաւորչին Աթոռը իր աւանդական պատմական տեղւոյն վրայ կը վերահաստատուէր իր տասնադարեան տեղափոխութիւններէն ետքը։ Ասիկա ստուգիւ զարմանալի իրողութիւն մըն է. վասն զի ասիկա կը նշանակէ թէ 1441ի ժողովը կը ճանչնար ու կ'ընդունէր Մուսաբէկեանի կաթողիկոսութեան օրինաւորութիւնը եւ Սիսի Աթոռին գոյութեան իրաւունքը, երբ ասդին, Էջմիածնի մէջ, Վիրապեցին միեւնոյն ժողովին կողմէն կաթողիկոս կը հռչակուէր ամենայն հայոց։ Այս է պատճառը որ Մեծոփեցիին լռութիւնը կամ զանցառութիւնը պատմական այս կարեւոր կէտերու մասին դիտումնաւոր կը թուի մեզ եւ իբրեւ պատմիչ անվերապահ չէ, այնպէս որ Սիսի կաթողիկոսութեան մասին իր ըրած աննպաստ հաւաստումները պէտք է վերապահութեամբ ընդունիլ եւ չափաւորել իր բացատրութիւնները։ Կոստանեան, որ բաւական ընդարձակ ուսումնասիրութեան նիւթ ընելով հրատարակեց Թովմայի Յիշատակարանը, քննադատական թաքթով չէ որ վերլուծած է Մեծոփեցիին այդ գործը, ընդհակառակն ան ալ խանդավառուած է 1441ի շարժումով, եւ բառական ճշդութեամբ ընդունած է իր ուսումնասիրած ու հրատարակած վաւերագիրը եւ ամենեւին չէ՛ անդրադարձած կանոնագիտական այն խնդիրներուն, որոնք ինքնին յերեւան եկած էին Սիսի աթոռին շուրջ , երբ Վիրապեցին ամենայն հայոց կաթողիկոս կը հռչակուէր Էջմիածնի 1441ի ժողովին մէջ եւ բառ մը իսկ չէր արտասանուեր Սիսի աթոռին եւ անոր վրայ բազմող Հայրապետին դէմ։
       Պատմական միւս աղբիւրն է Վիրապեցի կաթողիկոսին անտիպ մէկ գրութիւնը, կոնդակի մը սկսուածով, բայց բուն գրուածը կանոնական է ծայրէ ի ծայր, եւ այս գրութեան առաջին հատուածը մասնաւորապէս արժէքաւոր է մեր ուսումնասիրած նիւթին համար։ Մինչեւ ցարդ Վիրապեցիին միայն մէկ կոնդակը ծանօթ էր հայ մատենագրութեան մէջ. այսինքն` այն, զոր Ջահկեցին հրատարակած է իր Դրախտ Ցանկալի գործին մէջ (էջ 618-620), որ երկրորդ անգամ լոյս տեսաւ Աղթամարայ Կաթողիկոսաց Գաւազանագիրքին մէջ (էջ 19-23), Հ. Ն. Ակինեանի հոգացողութեամբ։ Միւս անտիպ կոնդակը, որ տարբեր է առաջինէն, կը գտնուի Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց մատենադարանին Թ. 182 Ձեռագրին մէջ (էջ 152ա-157ա Ինչպէս որ Վիրապեցիին հրատարակուած առաջին կոնդակը բոլորվին նոր ոգի, նոր ոճ, նոր բովանդակութիւն մը ունի, տարբեր կաթողիկոսական կոնդակներու յատուկ հաստատատիպ եւ տաղտկալի ծանրութենէ եւ երկայնաբան ճոռոմութենէ, այսպէս ալ այս երկրորդ վաւերագիրը, որ կ'երեւի թէ առաջինին հետ կամ անկէ քիչ ետքը գրուած է, մտերմական ոճ մը ունի։ «Կոնդակ»ին առաջին մասը բոլորովին պատմական արժէք մը ունի եւ վերին աստիճանի հետաքրքրական է, որովհետեւ մեր աչքին առջեւ կը դնէ բուն պատճառը Էջմիածնի Աթոռին վերանորոգոութեան եւ ժամանակին բարքերը թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ժողովրդեան մէջ, բարքեր, որոնք կարօտ են սրբագրոթեան եւ ուղղութեան, եւ նորընտիր կաթողիկոսը պարտք կը զգայ ատոնց վրայ խօսիլ։ Եթէ այս «կոնդակ»ին մէջ ուրիշ ձեռք մը չէ՛ խաղցած, զարմանալի բաներ ալ կան, զոր օրինակ անդիի աշխարհի վրայ, եւ այլն, որոնք մեր այժմեան ծանօթութիւններու հետ չեն դաշնիր, բայց հետաքրքրական են ըստ ինքեան, եւ անգամ մըն ալ կը շեշտենք, եթէ վաւերական են, ցոյց կուտան մեզ Վիրապեցիի նման ճգնաւորի մը միսթիքական պարապումները, որոնց աղբիւրն է միջնադարեան աստուածաբանութիւնն ու իմաստասիրութիւնը։ Եթէ այս կոնդակին առաջին մասը իր հարազատութեամբ չյայտնէր Վիրապեցիին ոգին ու ոճը եւս, պիտի չվարանէի անվաւեր նկատել զայն, վասնզի ատոր միւս մասերուն մէջ մշակուած նիւթերը կրնային ուրիշ տեղ մը գրուիլ, բայց ոչ կոնդակի մը մէջ։ Բայց իմ այս դիտողութիւնները ոչինչ կը պակսեցնեն կոնդակիս ներքին արժէքէն, որոնք անյքան կարեւոր են Վիրապեցիին ժամանակակից հայ բարքերուն ծանօթանալու համար ։
       Այս տեղեկութիւնները տալէ յետոյ անցնինք մեր երկու աղբիւրներուն բովանդակութեան։
       Մեծոփեցիի Յիշատակարանը կը բաղկանայ երեք հատուածներէ.
       Ա. - Վասն միաբանութեան հայոց եւ կաթուղիկոս ձեռնադրութեանն (Էջ 51-56)։
       Բ. - Յաղագս Էջմիածնին օրհնութեան եւ կաթուղիկոս ձեռնադրութեանն ի նմա (Էջ 62-74)։
       Գ. -Վասն աքսորման Տէր Կիրակոս Կաթուղիկոսին (Էջ 75-87)։
       Առաջին հատուածը կը սկսի այսպէս.
       «Ի ՊՂ (890) թուականիս մեր (=1441) ազդեցութեամբ Հոգւոյն Սրբոյ, հրաշագործութեամբ բարերարին Աստուծոյ, միաբանութեամբ ամենայն հայոց եդին կաթուղիկոս ի Սուրբ Էջմիածինն զսքանչելի եւ զփառաւոր այրն Աստուծոյ զտէր Կիրակոս ` Պատրիարք եւ Հայրապետ ամենայն հայոց »։ Ասոր կը յաջորդէ անուանացանկը այն վարդապետներուն եւ եպիսկոպոսներուն որ կազմեցին Էջմիածնի Ժողովը, եւ կարճ եւ կուռ ակնարկ մը Կիրակոսի կեանքին վրայ։ Եւ յետոյ, «Վասն զի՞նչ պատճառի եդեալ եղեւ կաթողիկոս ի Վաղարշապատ քաղաքի եւ ի Սուրբ Էջմիածինն, որ Վարդգէս եւ Նոր Քաղաք կոչի» հարցումին պատասխանելով, 12 պատճառներ կը դասաւորէ Էջմիածնի աթոռին վերանորոգումը արդարացնելու համար, եւ կը վերջանայ առաջին հատուածը։
       Երկրորդ հատուածը կը սկսի այսպէս. «Դարձեալ գիտելի է, թէ վասն է՞ր ի խնդիր ելաք Էջմիածնի իշխանութեանն եւ կաթողիկոսութեան հայկազեան սեռիս, զի ոչ գոյր մեզ թագաւորութեան հրամանք եւ ոչ իշխան, այլ նուազեալ քան զամենայն որդիս մարդկան։ Այս է, զի ՊԿԵ թուականին (=1416) բռնաւորն Թաւրիզոյ գնաց գաղտաբար ի վերայ Վրաց քաղաքին Ախլցխու, էառ զքաղաքն եւ զմեծամեծսն կոտորեաց, եւ զկին եւ զորդիս գերեաց աւելի քան զվեցհազար, եւ լցաւ աշխարհ ամենայն լալով եւ կոծով։ Եւ ազգս ամենայն յուսահատ եղեն, թէ վասն է՞ր մատնէ Աստուած զհաւատացեալսն իւր ի ձեռն անհաւատից։
       Եւ եկեղեցւոյ կոպողայ մի խաչ ի վերայ առաք ի նոցանէ, եւ ես ասեմ. Այս Էջմիածնին է պատշաճ, եւ ոչ այլ եկեղեցեաց, եւ ինձ մահ ոչ տացէ Աստուած մինչեւ բացեալ տեսից զդուռն Էջմիածնին»։
       Ասոր կը հետեւին նոր 5 պատճառներ ալ, եւ յետոյ նկարագրութիւնը իրենց հանդիսաւոր ուխտագնացութեան դէպի Խորվիրապ, ուրկէ Էջմիածին կը բերեն Վիրապեցին, եւ վերջապէս «Հրաման եղեւ ի բռնաւորէն օրհնել կաթուղիկոս առանց հակառակութեան»։ Սակայն հակառակութիւնը կը շատնայ, փառասէր թեկնածուներ շատ են հանդէպ անփառասէր Վիրապեցւոյն։ Ուխտագնացութիւն մը դէպի Օշական Ս. Մեսրոպի գերեզմանին, տեսիլներ, գոնէ արտաքնապէս վերջ կուտան հակառակութեանց եւ պառակտումներու, եւ կը կատարուի Վիրապեցւոյն վրայ կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնը։ Հոգեգալստեան տօնին ալ մեծ հանդէսով կ'օրհնեն «զաստուածագործակ մեռոնն » եւ ձրի կը բաժնեն «ընդ ամենայն յազզս Թորգոմեան », եւ կը կանոնեն այնուհետեւ «ձրի տալ եւ ձրի առնուլ » առաքելական ոգւով ու կերպով, եւ, այսպէս դիտել կու տայ Մեծոփեցին, «բարձաք զաղնին սիմոնական»։
       Յիշատակարանիս երրորդ հատուածը, ուր Մեծոփեցին կը բացատրէ Վիրապեցիին «աքսորման » պատճառները, առանձին նիւթ մըն է, որուն վրայ պիտի անդրադառնանք յետոյ։ Իսկ հոս քաղուածօրէն յառաջ կը բերենք այն 12 առաւել 5 պատճառները, որոնց վրայ հիմնուելով որոշուած է Էջմիածնի աթոռին վերանորոգումն ու վերահաստատութիւնը։
       ա . - Սուրբ հարց կարգուկանոնը ապականեցաւ «ի Կիլիկեցւոց յառաջնորդացն », որոնց կաթողիկոսութիւնը 147 տարի տեւեց. մանաւանդ որ Կոստանդին եւ Գրիգոր Անաւարզեցի կաթողիկոսներուն աղթարմայութեան խմորը մնացած էր. կարգէն ինկած անարժան կաթողիկոսները եւ եպիսկոպոսները «յաստիճան առաքելական կոչէին»։
       բ . - Կաթողիկոսները «առանց խղճի մտաց » կը սպաննէին, այնպէս որ 1392էն մինչեւ մեր ժամանակները վեց կաթողիկոս դրին եւ վեցն ալ թունաւորեցին «բաղայս անուղղայս դնելով » անոնց վրայ։
       գ . - Անոնց նուիրակները ժողովուրդէն շատերը տաճիկ ընել տուին գայթակղութեամբ. զոր օրինակ , Նիկտէցի Յակոբ անուն տանուտէր մը իր ընտանիքով իսլամ եղած է, որովհետեւ նուիրակ Ղազար Եպս. 20 ֆլօրի կորսնցուցած է, եւ այնպէս կարծեր է որ տանուտէր Յակոբ առած ըլլայ. սա երդում ըրած է որ ինքն չէ առեր , ասոր վրայ կաթողիկոսին (Կոստանդին ) դիմած են, ան ալ բանադրեր է Յակոբը, որ բարկանալով տաճկըցեր է. եւ մեռած ատեն պոռացեր է լսելով. «Տէ՛ր Յիսուս զհաւատս իմ ի Տէր Կոստանդինէ խնդրեա եւ ի բոք անկեալ պիղծ Ղազար նուիրակէն»։
       դ . - Անառակ, գինով եւ պիղծ «վարուք շրջէին» (նուիրակները ) եւ կը կապէին ու կ'արձակէին։
       ե . - Մեռոնի տեղ «հասարակ ձիթապտղի » ձէթ կը գործածէին։
       զ . - Բոլոր ազգը սիմոնական ըրին, վասն զի «արծաթով տային զշնորհս Հոգւոյն Սրբոյ »։ Այս պատճառով միւս բոլոր քրիստոնեայ ազգեր կը նախատէին մեզ, այնպէս որ ուղղադաւան Յակոբիկ ասորիներ, որոնց կաթողիկոսը մեր կաթողիկոսէն կը ձեռնադրուէր, գայթակղեցան եւ սկսան Եգիպտոս երթալ եւ խպտիներէն ձեռնադրուիլ։
       է . - Մէկ վիճակի վրայ երեք չորս եպիսկոպոս կը ձեռնադրէին, անոնք ալ իրարու դէմ կ'ելլէին` տնօրէնները, տաճիկները եւ «սուտ քրիստոնեաները » իրենց կողմը շահելով, եւ այսպէս «գայթակղութեամբ զաշխարհն մեր կործանեցին»։
       ը. - Անուղղայ եւ անկարգ մարդիկը, հերիք է որ ընչաւէտ ըլլային , կը ձեռնադրէին, իսկ աղքատները կը խոտէին։ Զոր օրինակ, եպիսկոպոս մը ձեռնադրեցին 1030 ֆլորի առնելով. իսկ անոնք որ պահանջուած գումարը չէին կրնար կանխիկ տալ, անոնց եպիսկոպոսական կարգը գրաւ կ' առնէին։
       թ . - Նզովքով ու բանադրանքով «զաշխարհս մեր լցին ». կաթողիկոսներ կը բանադրէին եպիսկոպոսները, եպիսկոպոսներ` քահանաները, քահանաներն ալ` ժողովուրդը։
       ժ . - Ինչպէս որ հին Իսրայէլ Տաճարին ապաւինելով թողուց Մովսէսի դրած աստուածային օրէնքները, եւ ասոր համար իր հիմէն կործանեցան Տաճարը, ասոր պէս եղաւ «Տունն Կիլիկեցւոց » ալ. որովհետեւ «թողին զօրէնքն Քրիստոսի եւ թողին զկանոնեալն ի Լուսաւորչէն ». Լուսաւորչի աջին վրայ կ'երդնուին, բայց ոչ Լուսաւորիչը կը ճանչնային, ոչ ալ «զաջ Լուսաւորչին գիտէին »։ Բոլոր հայոց երկիրը զազրացաւ անոնց գործերէն։
       ժա . - Թորգոմեան ազգիս փրկութեան ժամանակը հասաւ, Մեծն Ներսէսի տեսիլքին համեմատ. վասն զի հայոց ազգը բոլոր հոգեւոր շնորհներէն եւ մարմնաւոր փարթամութիւններէն զրկուած է, բարեպաշտութեան փոքրիկ մէկ նշոյլը մնացած է «յոտն Վարագայ, ի կողմն հարաւոյ » անկից է որ ոմանք ելած կ'երթան «ի կողմն հիւսիսոյ », եւ տառապեալ արամեան ազգը քիչ մը կը նորոգուի ուղղափառութեամբ։
       ժբ . - Կատարուեցաւ նաեւ Սահակ Պարթեւին մարգարէական տեսիլքը, այդ տեսիլքին մէջ մագաղաթի վրայ եղծուած ու ջնջուած գիրերը, որոնց հետքը չէր տեսնուեր, Սահակէն ետքը Լուսաւորչի աթոռին վրայ նստողներն են, անոնք եղծուեցան ու ջնջուեցան «ի դպրութենէն կենաց », որովհետեւ անէծքներով եւ կապանքներով լեցուցին մեր աշխարհը. եւ հայոց ազգը այն օրէն մտաւ այդ եղծուած ու ջնջուած գիրերուն կարգը, երբ որ կաթողիկոսւոթիւնը ելաւ Էջմիածինէն. բայց հիմայ Աստուած ողորմեցաւ, «եւ վերստին հաստատեաց զաթոռ Պարթեւին Գրիգորի»։
       Միւս յաւելուածեական հինգ պատճառներն են.
       ա . - Մեծոփեցին իր երազին մէջ կը տեսնէ բահ մը, որ իր առջեւ կը տնկուի` սուր ծայրը գետնի վրայ եւ կոթը վեր. այս բահը կը սկսի քալել եւ երթալ դէպի Այրարատեան գաւառ եւ հոն կը կանգնի եկեղեցիի մը դրան առջեւ, եւ ինքն ալ շատ մը եղբայրներով մէկ աթոռի վրայ կը հետեւին բահին։ Այս տեսիլքին չեն կրնար մեկնութիւն մը տալ մինչեւ Վիրապեցիին ձեռնադրութեան օրը, բայց այն օրը Մեծոփեցին բահ մը կ'առնէ եւ առաջին տան մը հիմնարկութեան կը ձեռնարկէ, եւ եղբայրներէն մէկը կ'ըսէ իրեն, «ահա կատարեցաւ երազն քոյ»։
       բ . - Սիսի Կոստանդին Կաթողիկոսը կը մեռնի, եւ անոր տեղ «Գրիգոր անուն եպիսկոպոս մի (=Մուսաբէկեան ) դնեն կաթողիկոս ». նա ալ իր ձեռնադրութեան օրն իսկ եօթ նոր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ. եւ արբեցող երէց մըն ալ պատարագ կը մատուցանէ։ Գրիգոր Կաթողիկոսը «ոչ իշխէ» (այսինքն` չի համարձակիր դիտողութիւն ընել ), որովհետեւ «բաղայս անուղղայս եդեալ ունէր ի վերայ ինքեան»։ Ասոր համար Կիլիկեցի չորս եպիսկոպոսներ «ի ներքին կողմանցն» նամակ մը կը գրեն Մեծոփեցիին եւ բոլոր «արեւելեան վարդապետաց եւ եպիսկոպոսաց », թէ բոլոր ազգերու մէջ «խոտան եւ անպիտան » եղանք։ Ասոր վրայ Մեծոփեցին գործի կը սկսի, նամակներ կը գրէ ամէն կողմ որ գան Էջմիածնի օրհնութեան եւ Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան։
       գ . - Տարի մը ետքը Մեծոփեցին իր գրած նամակներուն առաջին պատասխանը կ'ընդունի Հերմոնի վանքին Մեծ Վարդապետ Յովհաննէսէն, թէ շուտով կը հասնի եպիսկոպոսներով ու վարդապետներով, այդ բարի եւ օգտակար խորհուրդին կատարման համար։ Նոյն ատեն աւետաբեր նամակ մըն ալ կու գայ Երեւանի Աղուպ պէկէն, որով կը հրամայուի «գալ վաղվաղակի, առանց ահի եւ երկիւղի, կատարել զխնդիրս ձեր»։
       դ . - Այդ օրերուն, Աղթամարի կողմերէն Ստեփանոս անուն ճգնաւոր միայնակեաց մը կուգայ Մեծոփեցիին քով (Արճէշ ) եւ կ'ըսէ թէ ինչո՞ւ համար չէք հնազանդիր Աղթամարայ Զաքարիա Կաթողիկոսին։ Ճգնաւորը այդ գիշեր իր երազին մէջ կը տեսնէ Լուսաւորիչը, որ աջը դնելով անոր գլխուն, կ'ըսէ, դուն ինչո՞ւ համար կը քրթմնջես եւ կ'ուզես արգիլել Էջմիածնի նորոգումը։ Ճգնաւորը կ'արթննայ, կը զղջայ եւ Մեծոփեցիին գալով «մեղայ » կ'ըսէ եւ կը միանոյ անոնց։
       ե . - Էջմիածնի զօրքերուն երազը, զոր տեսած է բարեպաշտ եւ երկիւղած մայր մը եւ եկած պատմած է Մեծոփեցիին, երբ սա իր ուղեկիցներով ճամբայ կ'ելլէր դէպի Խորվիրապ եւ անկից ալ Էջմիածին։ Երազը, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, շատ խրախուսիչ է ձեռնարկին յաջողութեան համար։
       Մեծոփեցին, հակառակ իր մեծ համբաւին, կանոնաւոր պատմագիր մը չէ։ Այսպիսի ծանրակշիռ դէպքի մը առթիւ կը սպասուէր որ փոխանակ երազներու, որոնք անտարակոյս արժէք մը կը ներկայացնեն հոգեբանական, պատմական իրողութիւններու վրայ ծանրանար մասնաւորապէս եւ խղճմտօրէն նկարագրէր Կիլիկիոյ քաղաքական եւ եկեղեցական վիճակը շուրջ 1441ին։ Բայց Մեծոփեցին կը տարուի զգացումներէ եւ երեւակայութենէ, եւ կը բռնադատէ մեր ուղեղը որպէս զի ընդունինք իր բոլոր հաւաստումները յառաջ բերուած պատճառներու մասին, նոյն իսկ իր պատմական սխալ մեկնութիւնը վեց կաթողիկոսներու թունաւորման մասին, որուն պիտի անդրադառնանք շուտով։ Մեծոփեցին շատ տկար եւ նիհար պատմագիր մըն է ո՛չ միայն այս Յիշատակարաններու մէջ, այլ նոյն իսկ Լանկթիմուրի պատմութեան մէջ, ո՛ւր, հակառակ իր թանկագին տեղեկութիւներուն, ոչ նիւթերու դասաւորութիւն կայ, ոչ ալ կանոնաւոր շարայարութիւն եւ նկարագրութիւն դէպքերու, այլ ինչ որ եկած է իր միտքը ուզած է պատմագրել։ Մեծոփեցին, բարեբախտաբար, ինքն ալ կը խոստովանի իր այս մեծ թերութիւնը, բայց զայն կը վերագրէ իր ծերութեան, եւ կը խնդրէ որ չմեղադրենք զինքն. թէեւ ծեր ըսածը վաթսուն տարիներու շուրջ կը դառնայ, այսինքն` հասունութեան, հանդարտութեան եւ փորձառութեան տարիքը, որմէ լուրջ բաներ կ'ակնակալուին ։ Այս դիտողութիւնները կ'ընենք, որովհետեւ մեծոփեցին միեւնոյն թերութիւնը գործած է իր Յիշատակարաններուն մէջ ալ. եւ մենք, պատմութեան սիրուն, Էջմիածնի աթոռին վերանորոգման համար իր յառաջ բերած 17 պատճառները պիտի վերլուծենք եւ պիտի վերածենք քանի մը գլխաւոր կէտերու։
       Ա . - Մեծոփեցին կ'ըսէ մեզ թէ Կիլիկիոյ առաջնորդներ ապականեցին մեր սուրբ հայրերուն կարգն ու կանոնքը։ Ասիկա ընդհանուր ասացուածք մըն է , եւ կրնայ նկատուիլ աղաղակ մը դժգոհութեան ընդդէմ այն բոլոր քայլերուն, զորս առած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ոմանք Յոյն եւ Լատին Եկեղեցիներու մօտենալու համար` զուտ քաղաքական ստիպումներու ներքեւ։ Մեծոփեցին իր դիտողութիւնը կը կեդրոնացնէ 147 տարիներու շրջանի մը վրայ, այսինքն` Հռոմկլայի կործանումէն (1292) մինչեւ Էջմիածնի աթոռին նորոգումը (1441). վասն զի 1292ին է որ Սուլթան Աշրաֆ կործանեց Հռոմկլան, Ստեփանոս կաթողիկոսը գերի տարաւ Եգիպտոս, եւ Ստեփանոսի տարագիր վախճանումէն ետքը (1293) Սիսի մէջ կաթողիկոս եղաւ Գրիգոր Անաւարզեցին, քաղկեդոնականութեան դրօշակիրը, որու ուղղութեան հետեւեցաւ իր յաջորդն ալ, Կոստանդին Կեսարացին, թէեւ Մեծոփեցին, եթէ ընդօրինակողի սխալ մը չէ, մեծ անուշադրութեամբ Կոստանդինը Անաւարզեցիէն յառաջ կը դնէ, այդ երկու կաթողիկոսները իբրեւ քաղկեդոնական մատնանիշ ընելու ատեն։ Անաւարզեցին, ինչպէս որ վերագոյն ալ դիտել տուինք, հակառակ իր արժանիքներուն եւ անբասիր վարքին, չ'արդարանար մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ. բայց մենք շատ լաւ գիտենք որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները, Հայ թագաւորներու քաղաքական ստիպումներուն ենթարկուած էին. եւ եթէ ոմանք, ընդունելով իսկ թէ անձնապէս համոզուած քաղկեդոնիկներ եղած ըլլային, ասիկա չէր կրնար եղծել Հայց. Եկեղեցւոյն նկարագիրը։ Վասն զի աւելի հին շրջաններու մէջ, զոր օրինակ, Եզր եւ Ներսէս Շինող Կաթողիկոսներ Յոյներու հետ միանալու կամ նոյնանալու քաղաքականութեան կուսակից էին, ասկէ զատ` Պետրոս Գետադարձ, եւ բոլոր Գրիգորիսեանք եւ Ներսիսեանք Բիւզանդիոնի ճնշումներուն տակ ստիպուեցան Յոյն Եկեղեցիի հետ դաւանաբանական հասկըցողութեան մը գալու, եւ Քարավէժի պէս կաթողիկոսներ ալ, իրենց կեանքին գնով, հակառակեցան հայ պետական կամքին։ Նոյն իսկ Մեծոփեցիի մատնանիշ ըրած 147 տարիներու շրջանին կաթողիկոսներուն մէջ կորովի դէմքեր ի յայտ եկան, որոնք չհետեւեցան Անաւարզեցիին եւ Կոստանդինին, եւ առաջինն է նոյն ինքն Գր. Անաւարզեցիի քուերորդին Յակոբ Բ. Անաւարզեցին, որ Լեւոն Դ. ի հետ չհամաձայնելով հրաժարեցաւ աթոռէն (1328-1341), բայց յետոյ նորէն կոչուեցաւ իր աթոռին (1355-59)։ Մխիթար Գռնեցին`խօսքով ու գրչով մաքառող մը եղաւ Կիլիկիոյ աթոռին վրայ Յակոբ Բ. ի հրաժարումէն ետքը. ասոր յաջորդը Մեսրոպ Արտազեցին նոր ժողով մը գումարեց Սիսի մէջ եւ մերժեց Գր. Անաւարզեցի -Կոստանդինէն ներմուծուած լատինական կանոնները։
       Մեծոփեցին իր առաջին պատճառը կը վերջացնէ սա բառերով. - «Զի զկաթուղիկոսս եւ զեպիսկոպոսս, անկեալս ի կարգէ գարշութեամբ վաւաշոտ բղջախոհութեան, ի յաստիճան առաքելական կոչէին։ Ի՞նչ կը նշանակեն գարշութեամբ վաւաշոտ բղջախոհութեան. արդեօք վարքի բարքի անսրբութեա՞ն կ'ակնարկէ, թէ աղթարմայ եղողները կ'որակէ այդ բառերով, դառնագոյն ատելութեամբ մը. վասն զի աղթարմաներ նոյն իսկ «սուտ քրիստոնեայ» են հայադաւաններու աչքին։ Վաւաշոտութիւն եւ բղջախոհութիւն` սեռային անզուսպ վարքի մը արտայայտութիւններն են, տառապէս ուրիշ իմաստ չունին. բայց Մեծոփեցին հոս անոնց վարքուբարքին չէ որ կ'ակնարկէ, այլ աղթարմայութեան. քանի որ առաջին յօդուածին մէջ բոլոր խօսքը աղթարմայութեան եւ քաղկեդոնականութեան շուրջ կը դառնայ։
       Էջմիածնի աթոռին վերանորոգման պատճառներէն առաջինը, այսինքն` «ախթարմայութեան խմորը » պատմական իրականութիւն մըն է, իբրեւ արդիւնք քաղաքական հարկաւորութիւններու։
       Բ . - Մեծոփեցին կ'ըսէ թէ Կիլիկեցիք 1392էն մինչեւ մեր ժամանակը (շուրջ 1441) անխիղճօրէն թունաւորեցին վեց կաթողիկոսներ եւ կենազրաւ ըրին, «բաղայս անուղղայս դնելով ի վերայ նոցին »։ Բայց չ'ըսեր թէ որո՞նք են սպանիչներ եւ ի՞նչ են «բաղայս անուղղայս » ըսուածները։ Բաղայք կը նշանակէ սուտուփուտ խօսքեր , պատճառանք, բարուրանք (թրք. պէհանէ կամ մահանա)։ Օրմանեան այնպէս կը կարծէ որ դեղամահ կաթողիկոսին յաջորդո՛ղն է սպանիչը կամ մեղսակից սպանութեան։ Բայց Մեծոփեցիէն դուրս այդ վեց կաթողիկոսներու յաջորդաբար թունաւորման պատմութիւն կամ յիշատակութիւն չկայ։ Եւ Չամչեան . 457) միայն Յակոբ Գ. ի համար կ'ըսէ թէ թունաւորուեցաւ Հայրապետանոցի միաբաններէն։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն թունաւորումը, եթէ պահ մը ընդունինք թէ շիտակ է Մեծոփեցւոյն հաւաստումը, Սիսի վրայ իշխող բռնապետներու գործ է եւ ոչ թէ հետեւանք եղբայրասպանութեան։
       Այս բոլոր իրողութիւններ ցոյց կու տան թէ Մեծոփեցին անաչառ պատմագիր մը չէ, երբ պատմական դէպքերը լման չի ներկայացներ մեզ։
       Եւ պէտք է ուշադրութիւն ընել որ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութիւնը իր օրհասականին մէջ էր այս միջոցներուն, բառին ստոյգ իմաստով թագաւորութեան անունը միայն մնացած էր, այն ալ Սիս մայրաքաղաքին մէջ, վասն զի Եգիպտոս իր արիւնոտ ու աւերիչ ձեռքը դրած է Կիլիկիոյ վրայ։ Այնպէս որ այժմ մենք, ժամանակակից Մեծոփեցիէն շատ աւելի պայծառ կ'ըմբռնենք Կիլիկիոյ կացութիւնը, Սիսի կաթողիկոսութեան ամենատխուր վիճակը, արդիւնք ոչ միայն քաղաքական կեանքի կործանումին եւ Սիսի պարպումին հայրերէ, այլ նաեւ լատին մեքենայութիւններու։ Մասնաւորապէս Կիլիկիոյ Լուսինեան թագաւորներու շնորհիւ, լատինութիւնը կամ պապականութիւնը արձակ համարձակ ի գործ դրած էր իր ազդեցութիւնը թէ՛ ուղղակի լատին գործիչներու, եկեղեցական թէ աշխարհական , եւ թէ՛ լատինացած հայերու (աղթարմայ ) միջոցաւ, որոնց մէջ անշուշտ եկեղեցականներ ալ կային ամէն աստիճանէ, եւ երկրին այսպիսի խառնակ, անստոյգ, անիշխանական մէկ պահուն, պիտի նկրտէին գործի եւ դիրքի տէր ըլլալ, եւ Սիսի վրայ տիրող իսլամ էմիրը կամ բռնաւորը մէկ կողմէն, լատիններ ու լատինացածներ միւս կողմէն, իրենց շահերուն համար կուսակից պիտի ըլլային ասոր կամ անոր, այս կամ այն շարժումին։ Բայց իրաց այս վիճակին մէջ ալ նոյն իսկ այն վեց կաթողիկոսներ, որոնց կ'ակնարկէ Մեծոփեցին զոհերն են բռնապետութեան եւ անիշխանութեան, եւ ոչ թէ եղբայրադաւ թունաւորումներու։
       Դժբախտաբար Մեծոփեցին այդ վեց կաթողիկոսներու անունները չէ՛ արձանագրած, ոչ ալ անոնց մասին, գոնէ քանի մը խօսքով, բարացուցական ակնարկ մը ըրած է. միւս կողմէն կցկտուր տեղեկութիւններ հազիւ հասած են մեզ անոնց անձին եւ գործին նկատմամբ ուրիշ աղբիւրներէ. ասիկա արդէն ինքնին պերճախօս ապացոյց մըն է տիրող անորոշ ու անիշխանական վիճակին։ Իսկ իբրեւ պատմական աղբիւր, Մեծոփեցիին պարսաւագիրը միայն ունինք այն վեց կաթողիկոսներու մասին , որուն մէջ ընդհանրացումներով կը խօսի, առանց համոզելու մեզ իր պարսաւանքին օրինական ու իրական արժէքներու մասին։ Եւ Օրմանեան Սրբազանն ալ, որ իր Ազգապատումին մէջ աշխատած է ամենայն հայոց կաթողիկոսները իրենց լաւ կողմերէն միայն դիտել ու ներկայացնել, այս վեց կաթողիկոսներու նկատմամբ Մեծոփեցիին անփաստ պարսաւանքը կ'իւրացնէ եւ կը շեշտէ ուժգին, եւ հազիւ թէ բռնադատ բացառութեան մը քանի մը գիծեր ունի մէկ երկուքին համար։ Բայց մեզ համար խնդիրը շատ պարզ է։
       Մեծոփեցիի ակնարկած վեց կաթողիկոսներն են, Օրմանեանի ժամանակագրութեամբ.
       1. Տ. Թէոդորոս Բ. 1382-1392։
       2. Տ. Կարապետ Ա. 1393-1404։
       3. Տ. Յակոբ Գ. 1404-1411։
       4. Տ. Գրիգոր Ը. Խանձողատ, 1411-1418։
       5. Տ. Պօղոս Բ. Գառնեցի, 1418-1430։
       6. Տ. Կոստանդին Զ. Վահկացի, 1430-1439։
       Արդ , ասոնց առաջինը Թէոդորոս, նոյն ինքն Մեծոփեցիի վկայութեամբ, Սիսցի տասնըվեց տանուտէրներու հետ սպաննուած է Սիսի բռնապետ մէլիք Օմարի ձեռքով, քրիստոնեաներու կողմէն եղած նենգութեան մը վրայ ։ Սիսի վրայ տիրող բոլոր բռնապետներ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն շատերը բռնադատած են «դեղ մահու » խմելու։ Այսպէս վերջին Աջապահեան կաթողիկոսներ քիչ բացառութեամբ վախճանած են իրենց բնական մահով. մնացածները Խօզան օղլու ձորապետներու կողմէն մահուան դատապարտուած են թոյն խմելով։ Չամչեան, որ շատ լաւ դիտած է Կիլիկիոյ անիշխանութեան շրջանին դէպքերը եւ կը խօսի կաթողիկոսներու վրայ, միայն Յակոբ Գ. Կաթողիկոսին թունաւորումը արձանագրած է Կաթողիկոսարանի մարդոց կողմէն։ Հետեւաբար Մեծոփեցիին հաւաստումը թէ վեց կաթողիկոսներ ալ սպաննուեցան մահուան դեղով, շատ շատ պատմական արժէք մը կրնայ ներկայացնել այն իմաստով որ Սիսի բռնապետներն էին սպաննել տուողները։ Բարեբախտաբար Մեծոփեցին միայնակ է իբրեւ պատմիչ իր հաւաստումին մէջ եւ ուրիշ կողմէ չի հաստատուիր իր մեղադրանքը։ Մեծոփեցիի հաւաստումին անորոշութիւնն ու ընդհանրացումը իրաւունք կուտան մեզ. իր երկրորդ պատճառը առ առաւելն վերապահութեամբ միայն նկատի կրնայ առնուիլ իբրեւ պատմութիւն։
       Գ . - Մեծոփեցին իբրեւ երրորդ պատճառ մատնանիշ կ'ընէ Կիլիկիոյ նուիրակներու խստութիւնը, մենք կրնանք ըսել նաեւ զօշաքաղութիւնը։ Նիկտէցի տանուտէր Յակոբ կրնայ զոհ մը նկատուիլ թիւրիմացութեան կամ նոյն իսկ Ղազար նուիրակի թշնամութեան։ Բայց իրողութիւնը սա է որ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ այս նուիրակութիւն կոչուած դրութիւնը ամէն կողմ գայթակղութիւն մը եղած է, թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ, եւ թէ անկէ յառաջ ու յետոյ արեւելեան Հայաստանի մէջ։ Եւ ասոր ալ պատճառը այն է որ նուիրակներ, հակառակ իրենց պաշտօնին բնութեան եւ հակառակ կաթողիկոսներու կողմէն իրենց տրուած զգուշացուցիչ հրահանգներուն, ինկած էին դրամի ետեւէն, զօշաքաղութեամբ, զեղծարարութեամբ եւ վիճակաւոր առաջնորդներու գործերուն խառնուելով, եւայն։ Անշուշտ թանկագին բացառութիւններ գտնուած են նուիրակներու մէջ, հաւատարիմ իրենց փափուկ պաշտօնին, բայց նուիրակային դրութեան ընդհանուր նկարագիրը զօշաքաղութիւն եղած է բառին ամէնէն լայն առումով։ Չմոռանանք նաեւ մեր ժողովուրդին պարտազանցութիւնն ու դժկամութիւնը այսպիսի հանգանակութիւններու ընթացքին։ Ասոնք միայն Կիլիկիոյ յատուկ երեւոյթներ չէին դժբախտաբար, եւ մենք այս բացատրութիւններով չենք ուզեր ոեւէ չափով արդարացնել դիտուած անկարգութիւնը. միայն կ'ուզենք ըսել թէ սխալ ըմբռնուած եւ գործադրուած նուիրակութեան ուղիղ հետեւանքներն են Մեծոփեցիին մատնանիշ ըրած զեղծումը եւ գանգատը` պահանջող անձին եւ մերժող համայնքի մը միջեւ։ Ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կ'ուզենք ի վեր հանել . - կաթողիկոսներ դրամի պէտք ունէին Սիսի վրայ տիրող բռնաւորները կշտացնելու եւ գոհացնելու համար։ Դրութիւնը այս էր Էջմիածնի մէջ ալ` նոյնիսկ 1441էն սկսելով։ Վիրապեցիին հակառակորդներէն մէկը նոյն ինքն Մեծոփեցիին վկայութեամբ, քեզի «անթիւ եւ անհամար արծաթ տամ» ըսաւ Աղուպ բէկին, եւ խոստացուած կաշառին վրայ է որ բռնապետն արտօնեց նոր կաթողինկոսական ձեռնադրութիւնը։ Անշուշտ Էջմիածնի աթոռին նորոգութեան արտօնութիւնը ստանալու համար ալ Աղուպ պէյը կշտացուցին նախապէս, վասն զի առանց կաշառի կարելի չէր ոեւէ գործ ընել բռնապետներու իշխանութեան ներքեւ։ Կիլիկիոյ վերջին Կաթողիկոսներուն պաշտօնավարութիւնը, մինչեւ Խօզան Օղլուներու ձորապետութեան շրջանը, նահատակութիւն մը եղած է։ Բռնաւորներ միշտ դրամ կ'ուզէին, եւ դրամը պիտի ելլէր հայ ժողովուրդէն նուիրակներու աշխատութեամբ։ Նոյն իսկ Երուսաղէմի մէջ հայ պատրիարքութիւնը, որպէսզի կարող ըլլար պահել եւ պաշտպանել իր գոյութիւնն ու ազգային իրաւունքները, «անթիւ եւ անհամար արծաթ » կերցուցած է ասոր անոր։ Ս. Յակոբայ դիւանին մէջ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարէն մնացած շարք մը վաւերագիրներ կան. ատոնք թղթակցութիւններ են Երուսաղէմի եւ իր Կ. Պոլսի փոխանորդներուն միջեւ, երբ օր մը հրատարակուին ատոնք, լոյս պիտի սփռեն կաշառի ըմբոստացուցիչ հարկին եւ կերպին վրայ։ Հետեւաբար Մեծոփեցին արդար չէ երբ նուիրակներու խայտառակութիւնը մատնանիշ կ' ընէ միայն Կիլիկիոյ մէջ, մինչ ինքը շատ մօտէն տեղեակ էր նոյն գայթակղութիւններուն Աղթամարի Կաթողիկոսութեան շրջանակին մէջ. որովհետեւ Աղթամարի Կաթողիկոսարանն ալ բռնադատուած էր կշտացնել զինքը շրջապատող բռնապետները, եւ հաւանաբար նոյն ինքն Մեծոփեցին իր վանքը պահելու եւ պաշտպանելու համար Պէկերուն նուէրներ տուած էր եւ կուտար, ապա թէ ոչ հնար չէր որ իր հաստատութեան քարը քարին վրար մնար։ Այս էր իրական կացութիւնը պատմութեան լոյսերուն տակ, եւ կացութիւնը միեւնոյն էր ամէն տեղ, ցո՛րչափ նուիրակութեան դրութիւնն էր գլխաւոր աղբիւրը աթոռներու եւ վանքերու հասոյթներուն։ Կ'ընդունինք նաեւ ի բնէ անարժան եւ զօշաքաղ նուիրակներու գայթակղութիւնները, եւ կ'ուզենք նոյն իսկ Մեծոփեցիին իրաւունք տալ կերպով մը, այնպէս մեկնելով իր պարսաւանքը թէ ատոնք ուղղուած են անարժան եւ զօշաքաղ նուիրակներու։ Երբ այս է կացութիւնը Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի ամէն կողմը հաւասարապէս, պատմութեան դէմ մեղանչում մըն է զեղծումը կեդրոնացնել միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ։
       Դ . - Մեծոփեցին մատնանիշ կ'ընէ նուիրակներուն տգեղ վարքուբարքը, իբրեւ անառակներ ու արբեցողներ եւ չարաչար գործածողներ իրենց հոգեւոր իշխանութիւնը, բանադրելու եւ արձակելու խնդրին մէջ։ Ինձ կը թուի թէ ասոնք ալ մասնաւորներու զեղծումներն են, զորս կ'ընդհանրացնէ Մեծոփեցի։ Անառակութիւնը, ի'նչ իմաստով ալ առած ըլլայ Մեծոփեցին, անձնական թերութիւն մըն է. Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռին հետ աղերս չունի։ Եւ արբեցութիւնը դժբախտաբար ընդհանուր երեւոյթ մըն է հայ ժողովուրդին մէջ. քիչեր չեն խմեր։ Ս. Ներսէս Շնորհալին իր Ընդհանրականին մէջ դիտել կուտայ այգեգործ վանականներուն իրենց զբաղմունքին հետեւանքները։ Այգեկցի Վարդան Վրդ. հակառակ է վանականներուն այգեգործութեան եւ պարտիզպանութեան։ Հետեւաբար Կիլիկեցիներու յատուկ սովորութիւն մը չէ խմելը։ Ես ալ սկզբունքով հակառակ եմ արբեցութեան եւ ո՛չ միայն հայ եկեղեցականի համար յիմարութիւն մը կը համարեմ գինովութիւնը, այլ նաեւ աշխարհականի։ Իսկ հոս երբ մատնանիշ կ'ընեմ թէ խմելը ընդհանուր սովորութիւն մըն է հայոց համար, ըսել կ'ուզեմ թէ Մեծոփեցին այս կէտին մէջ ալ արդար չէ, եւ նուիրակներուն անառակութիւնը չի կրնար օրինական պատճառ մը ըլլալ։ Պէտք է վստահ ըլլալ որ հայ բարքեր տարբեր չէին արեւելեան Հայաստանի ժողովուրդին մէջ։
       Իսկ կապելու եւ արձակելու զեղծումը պէտք է ընդունիլ որ դատապարտելի է ո եւ է ձեւի տակ։ Կապանքի քրիստոնէական կամ աւետարանական իմաստը շատո՜նց աղաւաղուած է քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ։ Հռոմի եկեղեցին բանադրանքը գործածեց իր բոլոր շահերը պաշտպանելու համար։ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ ալ ատեն եղած է որ չարաչար գործածուած է նզովքի զէնքը, բայց բարեբախտաբար չէ ընդհանրացած մեր մէջ. եւ երբ այսօր Հռոմ կը գործածէ բանադրանքի զէնքը, զոր օրինակ Մեքսիկայի մէջ իր նիւթական եւ տիրապետական շահերը պաշտպանելու համար , երկրին օրէնքներուն դէմ, մեր եկեղեցին բոլորովին վերապահած է զայն հերետիկոսութեանց պատմական ու պաշտօնական դատապարտութեան համար։ Անկէ դուրս, շատո՜նց ի վեր է որ մեր եկեղեցւոյ իշխանութիւնը ձեռք չ'առներ այդ զէնքը։ Եւ եթէ այդ ժամանակներուն ալ չարաչար գործածած է այդ զէնքը մեր եկեղեցականներու ձեռքով, ըստ մեզ, դարձեալ լատին եկեղեցւոյ օրինակին ու ազդեցութեան արդիւնքն է այդ։ Գր. Անաւարզեցիի առ Հեթում ուղղեալ գրութիւնը շատ կարեւոր է այդ ազդեցութիւնը մեկնելու համար։ Միայն այդ վաւերագիրէն կ'իմանանք թէ հայոց եկեղեցին բանադրանքի տակ առնուեր է Հռոմի կողմէն։ Հետեւաբար կարելի է ըսել թէ այն ժամանակներուն մէջ, որուն վրայ կը խօսինք, քիչ շատ ժողովուրդին վիճակը նոյն էր ամէն կողմ։ Բանադրանքին կարեւորութիւնը աւելի զգալի էր կամ պէտք էր ըլլալ նոյն իսկ Մեծոփեցիին համար , քանի որ շատ մօտիկ էր Սեւ լերան ժողովին մէջ բանադրուած Աղթամարի Կաթողիկոսական Աթոռին։ Եւ միթէ կարելի՞ է ընդունիլ թէ միայն Կիլիկիոյ մէջ ընդհանրացած էր կապելու եւ արձակելու զեղծումը, եւ արեւելեան Հայաստանի եկեղեցականներ բացարձակապէս զերծ եւ սուրբ էին։ Մեծոփեցիին յառաջ բերած այս չորրորդ պատճառը կրնայ կցուիլ երրորդին, որովհետեւ նոյն արժէքը կը ներկայացնեն։
       Ե . - Մեծոփեցին կ'ըսէ թէ Կիլիկիոյ մէջ մեռոնի տեղ «հասարակ ձիթապտղի ձէթ » կը գործածէին։ Մեռոնի էական եւ հիմնական նիւթն է Ձէթը, այսինքն ձիթապտղի իւղը. յետոյ կու գայ բալասանը, եւ ամէնէն ետքը` 40-42 բազմատեսակ հոտաւէտ բուսեղէն նիւթեր. այնպէս որ պարզ ձիթաիւղն ալ երբ օրհնուի Կաթողիկոսի կողմէն, սրբալոյս մեռոն կ'ըլլայ։ Մեծոփեցին յստակ կերպով չ'ըսեր մեզ թէ ինչո՞ւ համար ինքն համաձայն չէ պարզ ձէթին` եթէ օրհնուած է ան։ Մենք գիտենք որ, Շնորհալիի ատեն, երբ միութեան բանագնացութիւնք կը մշակուէին, յոյներ դիտել տուին իրեն թէ դուք մեռոնի համար շուշմայի իւղ կը գործածէք եւ ո՛չ թէ ձէթ, այսինքն` հասարակ ձիթապտղի իւղը։ Շնորհալին դիտել տուաւ թէ իւղը խորհրդանշան մըն է լոկ, հետեւաբար տարբերութիւն չ'ըներ եթէ շուշմայի կամ ձիթապտղի իւղ գործածուի այդ խորհրդանշանի համար։ Ասկէ զատ, յարեց, մենք մասնաւոր դիտումով մը չէ որ շուշմայի իւղէն կը պատրաստենք մեռոնը, այլ միայն այն պատճառով որ մեր գտնուած միջավայրին մէջ ձիթենի չկայ ։
       Այսու ամենայնիւ, եթէ շուշմայի իւղը, ըսել ուզեց, գայթակղութիւն կ'առթէ ձեզի, մենք պատրաստ ենք ձիթապտղի իւղը օրհնել։
       Ուրիշ կարեւոր կէտ մը Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսական պատմութեան համար այս ժամանակամիջոցին, մէկէ աւելի մեռոններու գոյութիւնն է մեր եկեղեցւոյ ծիսականութեան մէջ։ Սարգիս Շնորհալի Կաթողիկեայց մեկնութեան մէջ, երբ կը խօսի Յակոբայ Թղթոյն սա խօսքերուն վրայ, թէ «օծցեն իւղով յանուն Տեառն», կ'ըսէ.
       -«Փոխանակ միոյ իւղոյն, որ ըստ օրինացն կազմէին, որով օծանէին զքահանայս եւ զթագաւորս եւ զմարգարէս, բազում իւղս ի ձեռն առաքելոցն շնորհեցաւ եկեղեցւոյ։
       Վասն զի առաջին իւղ եւ մեծ ասեմք զիւղն աւազանին, զօրինակ շնորհաց Հոգւոյն, զոր միւռոնն սուրբ անուանեմք. այսինքն մեռուցիչ բոլոր ախտից, որով մարդիկ մեռեալք ի մեղաց, ի մեծ պատիւն ի վեր ելանեն եւ որդիք Աստուծոյ անուանին։
       Եւ ա՛յլ իւղ օծութեան երախայիցն, ըստ օրհնութեան քահանայիցն, եւ ա՛յլ հիւանդացն, եւ այլ վախճանելոցն». (Մեկն. Եօթ. Թղթ. Կթղյց. տպ . Կ. Պոլիս, 1826-28, էջ 166)։
       Մեծոփեցին բան մը ըսել կ'ուզէ, բայց չ'ըսեր յստակ կերպով. վասնզի իր մեղադրանքը ոեւէ արժէք չունի կանոնագիտօրէն։ Մեծոփեցին արդեօք ծանօ՞թ է Կաթողիկեայց մեկնիչէն յիշուած այդ չորս տեսակ իւղերուն։ Արդեօք լատին մեռոնի՞ն կ'ակնարկէ։ Վերջապէս անհասկնալի են իր խօսքերը, կամ թէ բան մը չեն նշանակեր ատոնք իրենց այդ ձեւին մէջ։ Վասն զի իւղը ինչպէս Սարգիս Շնորհալին ալ կ'ըսէ, օրինակ (symbole) մըն է։ Եկեղեցին ձիթապտղի ձէթը ընտրած է այդ սէմպոլի համար, եւ Կիլիկեցիք ալ «հասարակ ձիթապտղի ձէթ»ը կը գործածեն եղեր մեռոնի, ուրեմն ինչո՞ւ համար այս իւղով «զհոգին Աստուած յազգէս հայոց ի բաց » բարձած ըլլան։
       Մեծոփեցիին հինգերորդ պատճառը, ըստ իս, չի կրնար մեղադրանքի կամ դատապարտութեան խնդիր ըլլալ` իր այդ ձեւին եւ իմաստին մէջ։
       Զ . - Մեծոփեցիին յառաջ բերած վեցերորդ պատճառն է սիմոնականութիւնը, այսինքն` եկեղեցւոյ հոգեւոր շնորհները եւ առհասարակ հոգեւոր նուիրականութիւնները առեւտուրի առարկայ ընելը։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, Առաքելական դարէն կը սկսի սիմոնականութիւնը։ Սիմոն Մոգի դէպքով (Գրծք. Ը. 18-25)։ Եկեղեցւոյ մէջ վաղնջական ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունի այս ախտը, եւ եկեղեցւոյ հայրեր ալ այդ ժամանակներէ ի վեր, հետեւելով առաքելական օրինակին, մերժած ու դատապարտած են սիմոնականութիւնը պաշտօնական ժողովներու որոշումներով եւ վճիռներով։ Եւ ախտը ո՛չ Կիլիկիոյ եկեղեցւոյն յատուկ երեւոյթ մըն է, ո՛չ ալ միայն Հայց. Եկեղեցւոյ, այլ ընդհանուր նկարագիր մը ունի։ Ներսէս Շնորհալիի ժամանակ ալ կացութիւնը նոյն էր։ Ժպիրհ եւ յանդուգն եկեղեցական մը, հաւանաբար եպիսկոպոս մը, անգամ մը կսկծեցուցիչ բաներ մը գրեց Շնորհալիին, պարսաւելով զայն իբրեւ անարժան մը կաթողիկոսական աստիճանին եւ իբրեւ կաշառակեր։ Այս սեւոգի եկեղեցականին գրածը չէ հասած մեզ, բայց Շնորհալին իր պատասխանագրին մէջ այսպէս կը կը խտացնէ անոր գրածները։ «Զինէն ոչ ասեմ, զի եւ ես ոչ միայն մեղաւոր զանազան կրիւք, եւ յանցաւոր բոլոր օրինաց զիս ունիմ, այլ եւ ոչ մարդ վարկանիմ զանձն իմ. նաեւ ոչ յանբանից ըստ բնութեան օրինաց կապելոց. առ որով փոքր ունիմ զքոյդ դատել զիս յառաջ քան զդատաւորն արդար , եւ Պիղատոսի եւ Տրայիանոսի զմեզ, համեմատել, եւ զաթոռս զայս առ ինեւ` հակառակ Աստուծոյ եւ ամենայն սրբոց ասելով, եւ թէ չար տերանցն կամաւքս ծառայ եղեր մամոնայի եւ այլոցն, եւ թէ այժմու աթոռդ զոր ունիս` ոչ միայն Աստուծոյ չէ, այլ եւ ոչ Մահմետի, եւ թէ կոյրդ կուրաց ոչ առաջնորդէ, եւ ԶԿԱՇԱՌՆ ԶՈՐ ԱՌՆՈՒՄ` կուրացուցանէ զաչս քո. եւ ՎԱՃԱՌԵՍ ԶԱԹՈՌՆ Աստուծոյ այնոցիկ` որ բիւր չարեօք լցեալ են. եւ թէ յեօթանասուն եւ երկու լեզուս չկայ ոք, ոչ արեւապաշտ, ոչ կռապաշտ` քան զՀայոց ազգս ամենայն չարեօք լի, եւ թէ գլուխ այս ամենայն մեղաց եւ պատճառ դո՛ւ ես վկայութեամբ երկնի եւ երկրի եւ Աստուծոյ եւ հրեշտակաց եւ մարդկան. եւ այլ բազում սոցին նման բանք » (Տն. Նրսի. Շնրհլյ. Հյց. Կթղի. Նամականի, տպ. Վենետ, 1838, էջ 268-269)։
       Շնորհալին ինքն արդէն հարկ եղած պատասխանը տուած է այս լրբութիւններուն հիանալի խոնարհամտութեամբ եւ քրիստոնէական ոգւով. եւ միւս կողմէն գիտենք որ Շնորհալին իր ժամանակին ինկած բարքերէն շատ վեր մնաց եւ Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելաշնորհ եւ ազնուական կաթողիկոսներուն պէս ամենեւին դրամ չառաւ իր կատարած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց առթիւ, նոյն իսկ դրամ առնելու օրինական ու նուիրական ձեւին մէջ, որպէս զի ըսել չտայ թէ դրամո՛վ կը կատարէ ձեռնադրութիւնները կամ թէ դրամ վաստկելու համար ձեռնադրութիւններ կ'ընէ։ Վարդան (էջ 129) քանի մը տողերու մէջ կը խտացնէ ու կը ցայտեցնէ Շնորհալիին նկարագիրը. «Ի 621 (=1173) թուին կատարեաց Պատրիարքն Ներսէս զվարս իւր. եօթն ամ պաշտեալ զպատիւն, եւ եօթն եպիսկոպոս ձեռնադրեալ ձրի, արք անուանիք եւ ընտիրք, ո՛ր վարդապետ, ո՛ր փիլիսոփայ» (=երգեցող, երաժիշտ)։
       Կաթողիկոսներ, որ միշտ հայելին են եպիսկոպոսներուն, առ հասարակ կ'ազդեն իրենց օրինակով եւ ընթացքով եպիսկոպոսներուն վրայ։ Մեր եկեղեցին ունեցած է մէկէ աւելի կաթողիկոսներ Շնորհալիի ոգւով ու նկարագրով, նոյն իսկ մեր օրերուն, զոր օրինակ, Իզմիրլեան Մատթէոս Կաթողիկոս, որ 1910ին զիս եպիսկոպոս ձեռնադրեց Անկիւրիոյ աթոռին, չընդունեցաւ իմ շատ պարզ եւ սրտագին մէկ նուէրս, - Անկիւրիոյ ընտիր պրօնէն վերարկուցու կտոր մը -, ձեռնադրութեան առթիւ ոեւէ բան չնդունելու սկզբունքով, այնպէս որ շատ դժուարաւ ընդունեցաւ նոյն իսկ իմ գրած եւ հրատարակած գիրքերէն մէյ մէկ օրինակ, զորս յատկապէս կազմել տուած էի Կ. Պոլսի մէջ` ներկայացնելու համար իրեն։ Բայց անդին ոչ միայն Կիլիկիոյ մէջ, այլ նոյն իսկ յետոյ Էջմիածնի Աթոռին վրայ մենք ունեցանք կաթողիկոսներ որ շահագործեցին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնները, որոնց ամէնէն յայտնի եւ տխուր դէմքն է Կարբեցի Յովհաննէս Կաթողիկոս, որ իր տգէտ, արծաթամոլ եւ փառասէր նկարագրով չարիք մը եղաւ Լուսաւորչի Աթոռին, իբրեւ գործիք Ռօզէնի եւ Պասքեւիչի ձեռքին մէջ, եւ չկրցաւ օգտուիլ այն բարեբաստիկ պատեհութենէն, երբ Երեւանի նահանգը ազատուած պարսիկ խաներու լուծէն, Էջմիածին ազատութեան շունչ մը կ'առնէր ռուս դրօշին տակ եւ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կեդրոնը, իր դարաւոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ, արդիական մտքով վարչական կարգուկանոնի կ'ենթարկուէր շնորհիւ Պօլօժէնիէի։
       Մեծոփեցին այնպէս կ'ուզէ կարծել տալ թէ, իր ժամանակին մէջ, միայն Կիլիկեցիք «սիմոնական արարին զամենայն ազգս հայոց եւ նախատինք ամենայն ազգաց, զի արծաթով տային զշնորհս Հոգւոյն Սրբոյ, եւ զայս օրէնք զիտէին»։ Կացութիւնը նոյն էր, անգամ մըն ալ դիտել տանք, իր քթին տակ, Աղթամարի կաթողիկոսութեան շրջանակին մէջ, եւ բոլոր արեւելեան Հայաստանի մէջ , միշտ յարգելով թանկագին բացառութիւնները։
       Միւս կողմէն, սիմոնականութեան մշակուիլը արդիւնք է եկեղեցականներու ապրուստի խնդրին, պահ մը մէկ կողմ թողլով արտաքոյ կարգի պէտքերը, եւ արծաթսիրութեան ու ագահութեան ախտերը։ Ես իմ առաջնորդական պաշտօններուս մէջ այնպիսի փորձառութիւններ ունեցայ այս մասին , որոնք ինձ համար շատ արժէքաւոր են այս խնդրին լուսաբանութեան համար։ Իմ եպիսկոպոսանալէն յառաջ, Սամսոնի մէջ, Ճանիկի գիւղերէն քահանայացուներ բերին ինձ, որպէս զի կարգադրութիւններ ընեմ անոնց ձեռնադրութեան մասին, եւ ինքնաբերաբար դրամ ալ բերին ինծի այդ առթիւ։ Եւ երբ ես մերժեցի դրամը իմ անձիս համար, մարդիկ զարմացան եւ ըսել ուզեցին, օրէնքը այս է. այս ինքն` ասիկա առիթ մըն է մեր Առաջնորդին դրամական նուէր մը ընելու։ Բայց ես առի այդ դրամը եւ աւելին եւ գործածեցի քահանայացուները Արմաշի Դպրեվանքը ղրկելու, վասն զի պէտք ունէին պատրաստութեան. գացին, մնացին հոն, քիչ մը բան սորվեցան, եւ ապա ձրիաբար ձեռնադրուեցան ու վերադարձան իրենց գիւղերը։ Եւ եպիսկոպոսութեանս շրջանին, քանի որ մեր ապրուստը կերպով մը կարգադրուած էր ամսաթոշակով, որոնք կը գոյանային թեմական տուրքերէ եւ կամաւոր նուէրներէ, ամենեւին դրամական խնդիր չէ՛ եղած վիճակիս քահանաներուն ձեռնարդրութեան առթիւ։ Անգամ մը առաջնորդական ուրիշ վիճակէ մը քահանայացու մը ղրկեցին ինձ որ ձեռնադրեմ, բայց զայն քննելէ եւ իր նկարագիրը ուսումնասիրելէ ետքը, մերժեցի ձեռնադրել։ Քահանայացուն ուսուցիչ մըն էր, ներկայանալի մէկը, բայց իմ համոզումով յարմար եւ արժանաւոր անձը չէր քահանայութեան։ Քահանայացուն ինքն ալ զարմացաւ, իսկ իր բարեկամներն ալ չկրցան հասկնալ մերժումիս գաղտնիքը, եւ այնպէս կարծեցին թէ եպիսկոպոսին մերժումը դրամի պատճառով է, եւ եկան դրամ առաջարկել ինձ, յանդիմանեցի առաջարկողները եւ դարձեալ մերժեցի ձեռնադրութիւնը. վերջապէս մարդը յուսախաբ վարդարձաւ իր տեղը, եւ որովհետեւ իր մերժուիլը կերպով մը նախատինք էր իրեն եւ զինքը ղրկողներուն, սուտ զրոյց մը ուզեց դարբնել, ըսելով թէ Եպիսկոպոսը շատ դրամ ուզեց ինձմէ, եւ ես չէի կրնար այդչափ դրամ տալ, այդ պատճառաւ մերժեց զիս։ Այս զրոյցը նշանակութիւն մը ունէր բոլոր անոնց համար որ սիմոնականութիւնը եթէ ո՛չ օրէնք մը , գոնէ ընդունուած սովորութիւն մը գիտէին։ Բայց, ի հարկէ իմ մերժած քահանայացուն, իր իսկ յերիւրած սուտ զրոյցով կը հաստատէր թէ ինքն հոգեկան նկարագիր չունէր, անարժան մըն էր քահանայութեան եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ մերժուած էր ինձմէ։ Այդ մարդը գնաց, ձեռնադրուեցաւ ուրիշ եպիսկոպոսէ մը, որ մաքուր անձնաւորութիւն մըն էր եւ վստահ եմ որ արծաթով չձեռնադրուեցաւ։ [Բայց յետոյ, որչափ գիտեմ, այդ քահանային վարքուբարքը ցոյց տուաւ որ ես իրաւունք ունէի մերժելու զինքն եւ չխայտառակել քահանայական սուրբ կարգը իր վրայ, զոր ուզեց արծաթով գնել։]
       Անձնական փորձառութեան այս քանի մը գիծերը յառաջ բերի սիմոնականութիւն ըսուած ախտին պատճառները եւ երեւոյթը բացատրած ըլլալու համար նոյն իսկ մեր օրերուն։ Եւ ինչպէս կանխեցի դիտել տալ, ընդունելով Մեծոփեցիին պարսաւանքը այս խնդրին մէջ ագահ եւ արծաթասէր կաթողիկոսներու եւ եպիսկոպոսներու համար, որոնց գործերը պարզապէս գայթակղութիւններ են, մնացածը եկեղեցականաց ապրուստի խնդրին հետ կապուած եւ դեռ մինչեւ ցայսօր պատուաւորապէս չկարգադրուած կնճռոտ խնդիր մըն է, որու լուծման ձեւերէն ու կերպերէն է որ յառաջ կու գան խրտուցիչ իրողութիւններ։ Ցաւը շատ հին է ուրեմն իր իրաւացի եւ անիրաւ կողմերով միանգամայն։ Մեծոփեցին իրաւունք պիտի ունենար միայն Կիլիկեցիներու վրայ ծանրացնել սիմոնականութեան ախտը, եթէ ան ոեւէ կերպով ու չափով յերեւան եկած չըլլար արեւելեան հայոց մէջ։ Բայց դիտել տուինք արդէն թէ Վիրապեցիէն սկսեալ եւ յետոյ մինչեւ ռուսական իշխանութեան ծաւալումը Երեւանի եւ Էջմիածնի վրայ, նոյն իսկ մեր ամէնէն աւելի առաքինի եւ սիրելի կաթողիկոսներ, իրենց հոգեւոր իշխանութիւնը կերպով մը կը գնէին իսլամ բռնապետներէ, անոնք շահ ըլլան կամ խան , պէյ ըլլան կամ սուլթան, եւ տարեկան հարկերու տակ կը դնէին Լուսաւորչի աթոռը, եւ այս փարաները հայթայթելու համար ստիպուած էին նուիրակներ ղրկել ժողովուրդին մէջ, տոկոսով փոխառութիւններ կնքել, ի հարկին Ս. Աթոռին նուիրական ինչքերն ու գոյքերն ալ ծախել, եւ այլն, այնպէս որ Էջմիածնի կաթողիկոսներ շատ աւելի զբաղած էին բռնապետներն եւ բռնաւորները սիրաշահելու եւ կշտացնելու գործով քան թէ իրենց հոգեւոր պարտականութիւններով։ Գայթակղութեան ահաւորութիւնը հո՛ս է արդէն. բայց քանի որ օտար եւ մեր արիւնին ու կրօնքին թշնամի ժողովուրդներու եւ անոնց բռնապետներուն հետ եղած է մեր ազգին գործը, ԿԱՇԱՌԸ, իր ամէնէն վայելուչ ձեւերուն մէջ իսկ, օրէնք մը նկատուած է։ Նոյն իսկ Կ. Պոլսի Պատրիարքութիւնը, ակնյայտնի կերպով, դրամէն եւ դրամի քանակէն կախուած էր . ո՛վ որ ամուր թիկունք ունէր սուլթաններու պալատին մէջ եւ ո՛վ որ սովորական եղած սակէն աւելի կրնար դրամ տալ, ա՛ն էր Պատրիարքը, եւ այս գումարները պիտի ելլէին ժողովուրդէն, սիմոնականութեամբ եւ այլ կերպերով, այնպէս որ թիւրք -իսլամ կառավարութենէն գնուած այդ դիրքը եւ պատիւը, այդ շրջանին ամէնէն ամօթալի եւ ամէնէն գայթակղական իրողութիւններն են մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի պատմութեան մէջ։ Եւ սիմոնականութեան գայթակղեցուցիչ պատմութեան վրայ զուարճալի յուշք մը աւելցնելու համար մեր պատմութեան վաղեմի շրջաններէն, մատնանիշ կ'ընեմ Փաւստոսի նկարագրած Յովհան եպիսկոպոսին կատարած բռնի ձեռնադրութիւնը ճամբու մը վրայ, գեղեցիկ ձիու մը տիրանալու տենչով . Բիւզանդ, Դպ. Զ. Գլ. Ը.
       Մեծոփեցին շեշտելու համար կարեւորութիւնը իր պարսաւանքին դիտել կուտայ թէ Յակոբիկ ասորիներ, որք իրենց կաթողիկոսները հայոց ձեռնադրել կուտային նախապէս, զզուելով հայ կաթողիկոսներու սիմոնականութենէն, դիմած են Եգիպտոս եւ սկսած են Խպտիներէն ընդունիլ ձեռնադրութիւնը։
       Պատմութիւնը շատ երախտապարտ պիտի ըլլար Մեծոփեցիին եթէ յականէ յանուանէ մատնանիշ ընէր թէ ե՞րբ տեղի ունեցած է այս խզումը Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու միջեւ եւ ո՛վ է այն ասորի կաթողիկոսը, որ խպտիներէն ձեռնադրուած է Եգիպտոսի մէջ։
       Պէտք է գիտնալ որ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն պատմութիւնը շատ հին է եւ կապուած է Հայաստանի քրիստոնէացման առաջին դարերուն։ Զ. րդ դարէն խնայուած եւ մեզի հասած քանի մը թանկագին վաւերագիրներէն այժմ բաւական մանրամասնութեամբ գիտենք որ Միջագետքի եւ Պարսկաստանի «ուղղափառ » Ասորիներ իբրեւ դաւանակիցներ մտերիմ ի՛նչպիսի յարաբերութիւններով կապուած էին Հայաստանի Եկեղեցւոյն։ Զոր օրինակ, երկու եկեղեցիներ ո՛չ միայն հաւատակից եւ դաւանակից էին իրարու, այլ եւ ասորի եպիսկոպոսներ, ի հարկին, հայոց կաթողիկոսէն կը ձեռնադրուէին, եւ նոյն իսկ հայ կաթողիկոսներ կարգադրութիւններ կ'ընէին Ասորի Եկեղեցւոյն մէջ։ Մեր Քրիստափոր Ա. Կաթողիկոսը (539-545) շատ նշանակալից է Ասորւոց մէջ իր ըրած այցելութիւններով եւ կարգադրութիւններով։ Այս յարաբերութիւններ շարունակեցին յաջորդ դարերու մէջ ալ, ունեցան իրենց ելեւէջը, ձկտումները, խզման եւ վերստին միացման շրջանները, վասն զի ասորիք վերջապէս իրենց նկարագրով իսկ «չարագործ » էին (հմմտ. Հայ-Ասորի, էջ 236), այս բառին տալով նենգամտութեան եւ շահախնդրութեան նկարագիր մը ։ Իսկ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան շրջանին, Յակոբիկ կամ ուղղափառ Ասորիներ տարածուած էին հայ պետութեան սահմաններուն մէջ, Անտիոքի ասորի պատրիարքութեան ներքեւ, Սեաւ լեռներու մէջ ալ վանքեր ունէին, շնորհիւ Կիլիկիոյ հայ իշխաններու եւ թագաւորներու, որոնք իշխանական պարգեւներով (հող, եւ այլն ) օժտած էին անոնց վանքերն ու եկեղեցիները։ Նոյն իսկ Սիս մայրաքաղաքին մէջ, Հեթում Ա. ի (1226-1270) բարեկամ Իգնատիոս Բ. Պատրիարք իրեն համար կաթողիկոսարան մը շինել տուաւ 1224ին, որուն վրայ ետքը Եդեսացի Իսա բժիշկ Ս. Պարսամ եկեղեցին աւելցուց։ Ասորիներ Ս. Աստուածածին անուն եկեղեցի մըն ալ եւ ուրիշ կրօնական հաստատութիւններ ունէին Կիլիկիոյ մայրաքաղաքին մէջ (Սիսուան, 221-22)։ Եւ 1263ին երբ վերոյիշեալ Իգնատիոս արեւելքի վրայ Մաֆրիան կը ձեռնադրէ Հալէպի Առաջնորդ` ծանօթ պատմագիր Գրիգոր Ապուլֆարաճը (Բարհեբրիու ), Հեթում անձամբ ներկայ կը գտնուի իր պալատականներով եւ հայ եպիսկոպոսներով ու վարդապետներով։
       Ասորիներ, հակառակ այսքան մօտաւորութեան եւ մտերմութեան, միշտ կը խծբծէին հայերը եւ չափազանց յաւակնութիւններ ունէին, եւ պատմութիւնը կը գրէին իրենց դիտակէտէն եւ իրենց սանկ դիրք մը տուած ըլլալու համար իբրեւ խորհրադատու եւ բանգէտ։
       Մեծոփեցիին պէս Ասորիներ ալ կ'ըսէին թէ հայ եպիսկոպոսներ փողով եւ կաշառքով կը ձեռնադրուին եւ ժողովուրդները իրարու ձեռքէ կը խլեն (Հայ-Ասորի, էջ 253), թէ վանահայրութիւնը երկրի իշխանին աւելի դրամ տուողին է (անդ էջ 254), թէ տուներու մէջ քահանայ կը ձեռնադրեն առանց որոշ տեղ մը ունենալու (անդ, 255), թէ հայոց մէջ կատարեալ վանական հազարէն մէկ հատ կարելի չէ՛ գտնել (անդ, 256)։ Ասկէ զատ Ասորիներ դէմ էին հայոց կաթողիկոսութեան ժառանգական դրութեան (անդ, 254), կը խծբծէին մեղքերու ցուցակադրուած խոստովանութիւնը (անդ, 255), հոգեւոր ազգականութեան մասին անհոգութիւնը, (անդ 256)։
       Ծննդեան տօնին Յունվար 6ին խմբումը (անդ, 257), այնպէս որ այսպիսի խնդիրներու շուրջ տեղի ունեցող վէճեր ու կռիւներ, ԺԲ. րդ դարուն մէջ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները շատ լարած են (անդ, 257-58)։
       Կարելի չէ ըսել թէ Ասորիներ բոլորովին կը ստեն եւ կը յերիւրեն իրենց այդ դիտողութիւններուն մէջ, բայց իրաւունք ունինք պնդելու որ կը չափազանցեն` դիտուած զեղծումները ընդհանրացնելով։ Կարելի՞ է ընդունիլ որ եթէ «կատարեալ » վանական հայոց մէջ հազարէն մէկ հատ կարելի չէր գտնել, սակայն կարելի՞ էր գտնել զայն Ասորիներու մէջ։ Չէ՞ որ կացութիւնը միեւնոյն է բոլոր եկեղեցիներու համար այդ ժամանակներուն, եւ թերեւս քիչ մըն ալ աննպաստ Ասորիներու համար, որովհետեւ Յակոբիկ Ասորիներ հետզհետէ կը նուաղէին եւ կը նուազէին, կորսնցնելով իրենց պատմական մեծութիւնը եւ վերածուելով շատ փոքրիկ թիւի մը, իբրեւ արդիւնք քաղաքական փոթորիկներու, որոնք հաւասարապէս ցիրուցան ըրին եւ փճացուցին մօտաւոր արեւելքի քրիստոնէութիւնը, եւ ասկէ քսան տարի յառաջ եթէ ամէնէն նպաստաւոր թիւով 80000 կը հաշուուէին Յակոբիկ Ասորիներ (անդ, էջ 288), այսօր ատոր կէսէն ալ պակաս են։
       Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու յարաբերութեանց մէջ ուշագրաւ են երկու կէտեր, որոնք արձանագրուած են Անտիոքի Պատրիարք Միքայէլի (1166-1199) պատմութեան մէջ։ Ասոնց առաջինը սա՛ է. Ներսէս Շնորհալիի վախճանումէն ետքը, իբրեւ թէ յաջորդութեան կարգը Գրիգոր Տղայինն էր աւագութեան կարգով, բայց սա Շնորհալիի մահուան ատեն բացակայ կը գտնուէր Հռոմկլայէն, հետեւաբար Գրիգոր Ապիրատ գրաւեց աթոռը, եւ յետոյ Գր. Տղայ` իրեն փեսայ Պարոն Մլեհի միջնորդութեամբ կը ներկայանայ Հալէպի իշխան Սուլտան Նուրէտտինի եւ անոր օգնութեամբ կը հեռացընէ Հռոմկլայէն Գր. Ապիրատը եւ ինքը կաթողիկոս կ'ըլլայ։ Եւ իր ձեռնադրութեան առթիւ ըստ երկու եկեղեցիներու մէջ տիրող սովորութեան հրաւէր կը ղրկէ իրեն (Միքայէլ Պատրիարքին ) եւ աս ալ իր կողմէն երկու եպիսկոպոս կը ղրկէ Հռոմկլայ, որոնք առընթեր ներկայ կ'ըլլան ձեռնադրութեան։ Դարձեալ ըստ սովորութեան երկու եկեղեցիներ իրենց «դաւանութիւն»ը կը փոխանակեն, պատգամաւոր երկու եպիսկոպոսներու միջոցաւ։ Միքայէլ դիտել կուտայ թէ Գրիգոր Տղայ «այր գովելի եւ գիտնական էր », բայց, կ'ըսէ, քիչ մը մեղադրեցի զինքն, վասն զի պէտք չէր որ մերժէր Գր. Ապիրատը, քանի որ անգամ մը «անուանեալ Հայրապետ » եղած էր, «պարտ էր մնալ ի նոյն »։ Այս առթիւ արծաթառութեան կեղտն ալ, կ'ըսէ, խնդրեցի որ վերցնէ հայ ազգի վրայէն, որ երեւելի եւ հռչակաւոր ազգ մըն է, ամէն կերպով անխոտան եւ պարկեշտ, բայց ի այդ մէկ արծաթառութեան կեղտէն։ Յետոյ դիտել տալով թէ հայ ազգը այնքան շատ է որ երեք չորս հայրապետի (կաթողիկոսի ) պէտք ունի, այս պատճառաւ խնդրեցի որ, կ'ըսէ, Գր. Ապիրատ «անուանեալ հայրապետը» պատուով պահէ, տեղ մը ղրկելով, եւ ասոր վրայ, Ապիրատ ղրկուած է Լամբրոն (Միք. Ասորի, էջ 472-73)։
       Պատմութիւնը իր այս ձեւին մէջ բացարձակապէս անծանօթ է մեր հայ պատմիչներուն։ Այսչափ կարեւոր դէպք մը, այսինքն` Գր. Տղայի Հալէպի սուլտանին օգնութեամբ Գր. Ապիրատը մերժելը եւ կաթողիկոսանալը ժամանակակից հայ պատմիչներէն եւ ոչ մէկը գիտէ եւ կը յիշէ։ Հետեւաբար բոլորովին վերապահութեամբ կը նայինք Միքայէլ Ասորիի այս տեղեկութիւններուն, եւ ես զայն յառաջ բերի պարզապէս ցոյց տալու համար թէ Ասորի Պատրիարք մը ի՛նչպիսի յաւակնութիւններ կը տածէ հանդէպ հայոց եկեղեցւոյն, եւ այս կողմէն շատ ուշագրաւ է արծաթառութեան մասին հայոց կաթողիկոսին տուած խորհուրդը։
       Աւելի հետաքրքրական է Միքայէլ Ասորիին ուրիշ մէկ տեղեկութիւնը, որ կը գտնուի իր պատմութեան բնագրին մէջ, որուն համեմատ հայոց կաթողիկոսները կը ձեռնադրուին եղեր Անտիոքի Պատրիարքէն. եւ ասոր պատմական պատճառն ալ իբրեւ թէ սա՛ պիտի ըլլայ - «վաղեմի սովորութեան մը համեմատ կարգադրուած են առաքելական չորս աթոռներուն իրարմէ կախումը. Հռոմի եւ Կ. Պոլսի աթոռներուն տրուած է աշխարհի երեք մասերէն մէկը, այսինքն` Եւրոպան, որ կը գտնուի Ադրիանոս կոչուած արեւմտեան ծովուն (Միջերկրականի) հիւսիսը. Աղեքսանդրիոյ աթոռին իրաւասութեան ենթարկուած են Եգիպտոս, Եւթոպիա եւ Լիբիա, որք կը գտնուին նոյն ծովուն հարաւը։ Մեծն Ասիա, որ կը սկսի Ադրիական ծովուն արեւելեան սահմաններէն եւ կը տարածուի մինչեւ բնակաւորուած երկրին արեւելեան ծայրերը , որ գրեթէ միւս երկու մասերուն չափ ընդարձակ է, կախուած է Անտիոքի Աթոռէն, ահա թէ ինչո՞ւ համար Անտիոքի պատրիարքները կը ձեռնադրէին Հայոց, Վրաց եւ Աղուանից կաթողիկոսները, մինչեւ այն ժամանակ, ո՛ւր Բաբայի (Bab ai, Babou i) սպաննուեցաւ պարսիկ Բարծումայի ձեռքով։ Յետոյ դադրեցաւ այս սովորութիւնը, մինչեւ պարսից Արտաշիր թագաւորին ժամանակը » այսինքն` 628/9 (Շապօ, Բ. էջ 414, հմմտ. Հայ-Ասորի, էջ 126)։
       Արդէն կանխեցինք վերագոյն (էջ 1136) դիտել տալ թէ Անաւարզեցի Գր. Կաթողիկոս իր լայն յարաբերութիւններուն մէջ ուրիշ եկեղեցիներու հետ, շատ յառաջ գնաց, եւ Արեւելեան Հայաստանի վարդապետներու կողմէն եղած խիստ դիտողութեանց դէմ իր ընթացքը չքմեղացնելու համար կ'ըսէր թէ «խնդրեմք զաթոռն Անտիոքու մեզ լինել, եւ վասն նուազեալ ժամանակիս կամիմք զմիաբանութիւն հոռոմոց ընդ մեզ եւ զամենայն ազգաց » (Օրբել. Բ. էջ 195)։
       Այս բոլոր տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով կրնանք ըսել թէ Մեծոփեցիի ակնարկած յարաբերութեանց խզումը երկու եկեղեցիներու միջեւ, ձեռնադրութեան առթիւ արծածառութենէ աւելի ուրիշ պատճառներէ յառաջ եկած պէտք է ըլլայ. որովհետեւ Ասորիներու եւ Հայերու բարեկամութիւնը այնքան կը սերտանայ որ 1224ին Ասորւոց Իգնատիոս Պատրիարքը Սիսի մէջ կաթողիկոսարան մը կը շինէ, ինչպէս որ տեսանք քիչ յառաջ, իսկ Անաւարզեցին, որ 1293ին կաթողիկոս եղաւ, կը յայտարարէ թէ ինքն Անտիոքի աթոռը կ'ուզէ իւրացնել։ Եւ եթէ Ասորիք Հայ կաթողիկոսներու արծաթառութենէն սրտնեղելով խզած են իրենց յարաբերութիւնը (որուն ժամանակը դժբախտաբար չէ՛ արձանագրած Մեծոփեցին, բայց ի հարկէ 1441էն շատ յառաջ եղած պիտի ըլլայ ), այդ գանգատը շատ ուշ է, որովհետեւ տեսանք թէ Միքայէլ Ասորի 1173ին, Գրիգոր Տղայի գահակալութեան առթիւ կը խօսի այդ միակ կեղտին վրայ։
       Այսչափ լուսաբանութիւններէ ետքը իրաւունք ունինք ըսելու թէ Կիլիկեցիներու սիմոնականութեան գայթակղութիւնները նոր երեւոյթ մը չէին կազմեր դժբախտաբար Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին մէջ, վասն զի նոյն երեւոյթը կը տիրէր Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւս, եւ յոյն ու լատին եկեղեցական կեանքին մէջ եւս, եւ Վիրապեցիէն անմիջապէս ետքն ալ, նոյն իսկ Վիրապեցիին բացարձակապէս անիրաւ եւ իսպառ ոճրապարտ գահազրկութեան գնով, Էջմիածնի աթոռն ալ արատաւորուեցաւ կաշառ տալու եւ առնելու հարկաւորութեամբ։ Հետեւաբար Մեծոփեցիին այս վեցերորդ պատճառն ալ չունի օրինական ոյժը ։
       Ը. րդ, Թ. րդ, Ժ. րդ պատճառները սիմոնակութեան հետ կապուած երեւոյթներ են. այսինքն` դրամի համար արժանաւորը զրկել հոգեւոր կոչումէն, իսկ դրամով անարժանները ձեռնադրել, բանադրանքը գործածել դիրքի եւ դրամի տիրանալու համար, եւ Լուսաւորչի Աջին կռթնելով ընել այս բոլոր զեղծումներն ու գայթակղութիւնները։
       ԺԱ. եւ ԺԲ. պատճառներ սուրբն Ներսէսի եւ Սահակ Պարթեւի տեսիլներուն մեկնողական պատշաճեցումներն են Կիլիկիոյ անշքացած կաթողիկոսութեան, եւ հետեւաբար չեն կրնար պատմական հիմ կազմել պարսաւանքի եւ ամբաստանութեան. որովհետեւ այդ երկու տեսիլներն ալ Ս. ՆԵրսէս եւ Ս. Սահակ Հայրապետներու ժամանակակից իրողութիւններուն հետ կապ ունին եւ այդ ժամանակակցութեան մէջ է արդէն պատմական նշանակութիւնը։ Ասկէ զատ այդպիսի տեսիլներ կրնան ընդարձակուիլ եւ յարմարցուիլ մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքի մէկէ աւելի դրուագներուն, եւ ասիկա կախուած է տեսիլները մեկնողին հմտութենէն եւ ճարտարութենէն։
       Այժմ տեսնենք Մեծոփեցիին յառաջ բերած միւս հինգ յաւելուածական պատճառները իր Յիշատակարանին երկրորդ հատուածին մէջ։
      
       Ա. - 1417ին Թաւրիզի բռնաւորը յանկարծ կը յարձակի Վրաց Ախլցխա քաղաքին վրայ, կը գրաւէ զայն, կը կոտորէ մեծամեծները, վեց հազար հոգի ալ կը գերէ։ Բոլոր ազգը կը յուսահատին եւ կը սկսին մտանտանջ ըլլալ թէ ինչու համար Աստուած իր հաւատացեալները կը մատնէ անհաւատներուն ձեռքը։ Այս կոտորածի մէջ, բնական է, եկեղեցիներ ալ կը կողոպտուին, եւ Մեծոփեցին այդ կողոպտուած սրբութիւններէն մէկը կը գնէ կամ կ'առնէ, որ է « Եկեղեցւոյ կոպողայ մի խաչ ի վերայ»։ Կոպողայ բառ չունինք մեր լեզուի մէջ հաւանաբար պիտի ըլայ կորպորայ, այսինքն գորփուրայ, լատիներէնէ տառադարձուած բառը, որ մնացած է մեր Ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ ։ Կ'երեւի շատ աղուոր եւ թանկագին ձեռագործ մը եղած պիտի ըլլայ որ Մեծոփեցին կ'ըսէ, ասիկա Էջմիածնին կը վայելէ եւ ոչ թէ ուրիշ եկեղեցիներու, եւ Աստուած մահ թող չտայ ինձի մինչեւ որ բացուած տեսնեմ Էջմիածնի դուռը։ Ասոր վրայ այն օրերուն, բահին երազը կը տեսնէ, ինչպէս տեսանք վերեւ (էջ 1146), եւ այս երազին մեկնութիւնը այզ ատեն միայն կը տրուի, երբ Վիրապեցիի ձեռնադրութեան առթիւ, միաբանութեան կամ ուխտաւորներու յատուկ բնակարաններու հիմնարկութեան կը ձեռնարկեն, եւ այդ առթիւ Մեծոփեցին առաջին անգամ բահ մը կ'առնէ ձեռքը եւ կ'ընէ հիմնարկութիւնը, եւ եղբայր մը կը յիշեցնէ իրեն, «Ահա կատարեցաւ երազն քոյ»։
       Ինչպէս կ'երեւի այս առաջին պատճառին առաջին պատմական մասէն, Մեծոփեցին եւ իր համախոհներ 1417ին եւ թերեւս անկից յառաջ ալ սկսած են զբաղիլ Էջմիածնի աթոռին վերանորոգման խնդրով, իսկ Գր. Տաթեւացին, կամ Սիւնեաց Դպրոցը, Կոստանդին Ե. ի ժամանակէն։ Ասոր պիտի անդրադառնանք քիչ յետոյ։ 1417-1718ը Կիլիկիոյ աթոռին վրայ Գրիգոր Խանձողատ կաթողիկոսի վերջին տարին է։ Օրմանեան աշխատած է ամէնէն սեւ գոյներով ներկայացնել այս դժբախտ կաթողիկոսը, դէպքերուն տալով իր դիտումը նպաստաւորող դարձուած մը, իբրեւ սպանիչ կամ մեղսակից սպանութեան իրեն նախորդ Յակոբ. Գ. ի, եւ նոյն իսկ Չամչեանն ալ վկայութեան կանչելով. մինչ Չամչեանի խօսքերը շատ պարզ են եւ ամենեւին կարօտ չեն մեկնութեան։
       Չամչեան կը պատմէ Գր. Տաթեւացւոյն ջանքերը Աղթամարի նզովքը վերցնել տալու համար Յակոբ Գ. ի հաւանութեամբ եւ օրհնութեամբ, եւ յառաջ կը բերէ նոյն իսկ Յակոբի թուղթէն մաս մը, եւ կ'ըսէ. Յակոբ կաթողիկոս կը փութար անյապաղ ի գլուխ հանել այս գործը, բայց չյաջողեցաւ. որովհետեւ քիչ օրեր ետքը եկեղեցականներէն ու աշխարհականներէն ոմանք Աղթամարայ կողմը բռնեցին եւ կաթողիկոս մը նստեցուցին աթոռի վրայ , «Ի ձեռն իշխանութեան այլազգեաց», եւ քշեցին այդ կողմերէն բոլոր անոնք որ եկած ժողովուած էին ընդդէմ Աղթամարայ, եւ ասոնց գլուխը Գրիգոր Տաթեւացին, եւայլն։ Այս միջոցին է որ Յակոբ Գ. կը թունաւորուի հայրապետանոցի միաբանութեան ոմանց կողմէն, որոնք չէին ուզեր զայն։ Նոր կաթողիկոս մը ընտրելու առթիւ անհամաձայնութիւն կը ծագի, բայց Գրիգոր անուն վարդապետ մը կը զօրանայ եւ կը գրաւէ աթոռը։ Ոմանք կ'ուզեն ասոր ալ դաւաճանել, բայց Գրիգոր կ՛իմանայ անցուդարձը եւ Կիլիկիոյ այլազգի ամիրային ձեռքով կ'ընկճէ զանոնք . եւ որովհետեւ այս ժամանակներուն այսպիսի աղմուկներ սովորական եղած էին Սիսի աթոռին շուրջ, Գրիգորի հակառակորդներ կը յաջողին բերդարգել ընել տալ զինքն եօթը տարի կաթողիկոսութիւն ընելէ ետքը, եւ նոյն իսկ գաւազանագիրքի մը համեմատ, զայն հոգւով ալ կը սպաննեն, «գուցէ պատճառ լինելով վտանգելոյ ի հաւատս» (Չամչեան Գ. էջ 457)։
       Արեւելեան վարդապետներ եւ եպիսկոպոսներ իրազեկ կ'ըլլան Սիսի աթոռի վիճակին, կը ցաւին, կուլան սրտով, բայց չեն կրնար բան մը ընել, որովհետեւ իրենք ալ նեղութեան եւ տառապանքի մէջ էին «յերեսաց հարուածոց թշնամեաց »։ Այսու ամենայնիւ անոնց գլխաւորներէն ոմանք խորհրդակցեցան իրարու հետ, գրեցին Երուսաղէմի առաջնորդ Պօղոս վարդապետին, բնիկ Հայաստանցի մը, Արտազէն, որ Սիս երթայ եւ հանդարտեցնէ հայրապետանոցի միաբանները եւ նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կատարել տայ։ Պօղոս գնաց Սիս, յաջողեցաւ վերահաստատել խաղաղութիւնը, եւ Սըսեցիներ, որ իրարու հետ չէին համաձայներ իրենցմէ մէկուն ընտրութեան վրայ, համաձայնեցան Պօղոսի պէս չէզոք անձի մի վրայ, եւ հետեւաբար զայն ընտրեցին կաթողիկոս (անդ, էջ 457-58)։
       Օրմանեան , հիմնուելով Մեծոփեցիի այն սխալ հաւաստումին վրայ թէ Կիլիկեցիք իրենց վեց կաթողիկոսները դեղեցին, Պօղոսն ալ կը զոհէ եղբայրասպանութեան, այն ալ վերագրելով յաջորդ Կոստանդին Զ. Վահկացի կաթողիկոսին։ Մենք ցոյց տուինք արդէն թէ այս հաւաստումը սխալ է։ Ասկէ զատ Չամչեան, որ գործածած է Մեծոփեցիին բոլոր գրածները, Պօղոսի համար կ'ըսէ «վախճանեցաւ » ( Չամչեան Գ. էջ 466)։
       Առաջին պատճառին շուրջ մեր ըրած վերլուծումները ցոյց կուտան թէ Մեծոփեցիին գնած «կոպողայ»ն կամ երազի մէջ տեսած բահը զուրկ են պատմական լրջութենէ, եւ անոնց ետեւ աւելի լուրջ քաղաքական իրականութիւններ կան Կիլիկիոյ եւ Սիսի մէջ, որոնք սարսեցին կաթողիկոսական աթոռը եւ անշքացուցին զայն։
       Մեծոփեցիին յառաջ բերած երկրորդ պատճառը Գրիգոր Մուսաբեկեանի կաթողիկոսութիւնն է։ Զարմանալի է որ Պօղոս Բ. ի յաջորդ Կոստանդին Վահկացիի մասին ամենեւին դիտողութիւն չունի Մեծոփեցին. Կոստանդին` որ արհամարհելի դէմք մը չէ անիշխանութեան այդ դժուարին շրջանին մէջ։ Փլորենտիոյ ժողովը 1439ին, որ նշանաւոր է Հռոմի եկեղեցւոյն համար եւ որուն մասնակցելու համար հայ պատգամաւորներ ալ գացին Իտալիա, Կոստանդինի կաթողիկոսութեան հանդիպեցաւ, ամենեւին առարկայ չ'ըլլար Մեծոփեցիի քննադատութեան. մինչ ասիկա կենսական կէտ մըն էր արեւելքի թունդ եւ խորունկ հայադաւան վարդապետներուն համար, եւ կրնար Կոստանդինը պարսաւելու հիանալի առիթ մը դառնալ։ Մինչ Մեծոփեցին կը քննադատէ Մուսաբէկեանը, որ իր ձեռնադրութեան օրն իսկ եօթը եպիսկոպոս ձեռնադրած է, թէ գինով երէց մը Ս. Պատարագ մը մատուցեր է եւ նոր դրուած կաթողիկոսը չէ համարձակեր դիտողութիւն ընել, որովհետեւ ինքն ալ բամբասանքի տակ էր, «զի բաղայս անուղղայս եդեալ ունէր ի վերայ ինքեան» ։ Այս ձեռնադրութեան վրայ չորս Կիլիկեցի եպիսկոպոսներ նամակով կը դիմեն Մեծոփեցիին եւ արեւելեան վարդապետներուն, կը մեղադրեն Մուսաբէկեանը, եւ ճար ճարակ մը կը փնտռեն, ըսելով թէ «խոտան եւ անպիտան գտաք ի մէջ ամենայն ազգաց »։ Այս նամակին վրայ է որ Մեծոփեցին կը ձեռնարկէ գործի, հրաւիրագիր կը ղրկէ ամէն կողմ «գալ ամենայն միաբանութեամբ ի յօրհնութիւն Էջմիածնին եւ ձեռնադրութեան կաթուղիկոսութեան ամենայն հայկազեան սեռիս »։ Մեծոփեցին կը պատմէ նաեւ երկու մանրադէպ այս առթիւ։ Առաջին. հրաւիրագիրը գրած եւ պատրաստած էի , կ'ըսէ, երբ կրօնաւոր մը եկաւ քովս, հարցուցի իրեն թէ «Ուստի՞ գաս ». ան ալ պատասխանեց. «յԷջմիածնէն »։ Աստուծոյ փա՜ռք տուի, կ'ըսէ, որովհետեւ վաղուց ի վեր Էջմիածնէն եկող մը չէի տեսած։ Այս կրօնաւորին տուի հրաւիրագիրը «սփռել առ ամենեսեան »։ Երկրորդ. նոյն օրեր երկու մարդիկ եկան քովս եւ պատմեցին իրենց երազները («տեսիլս »). մէկը տեսեր է աղեղի նման կամար մը, որ ձգուեր է արեւելքէն արեւմուտք եւ հիւսիսէն հարաւ, եւ բոլոր աշխարհ լուսաւորուած ու պայծառացած է, եւ ձայն մըն ալ ըսեր է, «եթէ սկիզբն եղեւ ազգիս նորոգման »։ Իսկ միւսն ալ կ'ըսէ. տեսայ երազի մէջ որ դուն (Մեծոփեցին ) նստած էիր Էջմիածնի տաճարին բեմին վրայ եւ գոգդ լեցուած էր վարդերով. բոլոր հայոց ազգը եկաւ եւ առաւ այդ վարդէն եւ վարդը չպակսեցաւ։ Մեծոփեցին ալ այսպէս մեկնած է այդ երազը. «Ճշմարի՛տ, մեռոնն է այն, որ տարածելոց է յազգս ամենայն»։ Այս է, կը յարէ անմիջապէս, Էջմիածնի նորոգման երկրորդ պատճառը։
       Մուսաբէկեան, ինչպէս կ'երեւի պատմութեան ընթացքէն, իր կարգին արհամարհելի դէմք մը չէ։ Տարակոյս չկայ որ ո՛րչափ ալ խառնակ ըլլային ժամանակներ, Կիլիկեցիք թափուր պիտի չթողուին Կաթողիկոսական Աթոռը, եւ Մուսաբէկեան, հակառակ չորս մրցակից կամ հակառակորդ եպիսկոպոսներու դժգոհութեան կամ ընդդիմութեան, յաջողած է գրաւել Աթոռը, անշուշտ ո՛չ միայն իր կողմնակիցներուն համակրութեամբ, այլ նաեւ Սիսի բռնապետին պաշտպանութեամբ։ Մուսաբէկեան իրաւունք ունէր իր ձեռնադրութենէն ետքը իր դիրքն ու աթոռը զօրացնելու եւ պաշտպանելու համար «ի նոյն աւուրքն» եպիսկոպոսներ ձեռնադրել, որոնց թիւը եօթ եղած է, ուրիշ օրինակներու համեմատ` հինգ։ Չամչեանն ալ ունի հինգ։ Թիւը, հինգ կամ եօթը, տարբերութիւն չ'ըներ, որ կրնայ յառաջ գալ գրիչներու ձեռքին տակ Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթումով։ Մուսաբէկեանին համար մեղադրանքի պատճառ չի կրնար ըլլալ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն կատարելը։ Ասիկա շատ բնական էր։ Եւ ի հարկէ` դժգոհներուն ձայն բարձրացնելն ալ, բնական պիտի ըլլար։ Գինով երէցի մը պատարագիչ ըլլալը այսպիսի հանդիսաւոր օր մը, ամէն կերպով գայթակղական էր եւ հետեւաբար դատապարտելի։ Բայց մենք մութի մէջ ենք. այս երէցը սովորաբար խման, գինո՞վ մէկն է որ պատարագիչ եղած է թէ ոչ այդ օր գինով վիճակի մէջ պատարագ մատուցած է։ Եթէ մարդը սովորաբար խման մըն էր շատերու պէս, ասիկա տարբեր խնդիր մըն է, եւ եթէ սովորաբար խման ըլլալով հանդերձ, պատարագի օրը չէր խմած եւ այդպէս պատարագեր է, այս ալ տարբեր խնդիր մը։ Իսկ եթէ սովորաբար խման մը չէ, եւ այդ օր միայն գինով վիճակի մէջ եկած է պատարագի, այս ալ տարբեր է։ Ամէն պարագայի մէջ անորոշ վիճակ մը եւ ծանր մեղադրանք մը, որուն պատասխանատուն նորընտիր կաթողիկոսը չէ անշուշտ, որ որեւէ շահ չունէր եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան «արբեցող երէց մի » կոչել եւ պատարագել տալ զՔրիստոս։ Ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ սա է. արդեօք այն ատեններ կաթողիկոսներ առանց պատարագիչ ըլլալո՞ւ կը կատարէին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։ Վասն զի մեր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութիւնք (Սարկաւագինէն սկսեալ ) զուգորդուած են Ս. Պատարագի։ Ձեռնադրողը երբ տկար է ֆիզիքապէս, պատարագի յոգնութիւններուն չտոկալու չափ, այդ պարագային պատարագիչը ուրիշ մը կ'ըլլայ, եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առթիւ սովորութիւն եղած է որ եպիսկոպոս մը ըլլայ պատարագիչը, քանի որ կաթողիկոսն է ձեռնադրիչը։ Մուսաբէկեանի պարագան, Մեծոփեցիի նկարագրած ձեւին տակ, շատ հետաքրքրական է։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութիւնն ու կանոնը նկատի առնելով, կ'ենթադրենք թէ Մուսաբէկեան կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ առնուազն երեք եպիսկոպոսներով եւ ինքն ալ պատարագիչ եղաւ անշուշտ իր ձեռնադրութեան օրն իսկ, բայց նոյն օրերուն երբ ձեռնադրեց իր հինգ կամ եօթը եպիսկոպոսները, եթէ ինքն իբրեւ յոգնած` անձամբ պատարագիչ չեղաւ, ըստ սովորութեան եպիսկոպոս մը պիտի ըլլար պատարագիչը։ «Արբեցող երէց»ին պատարագի խնդիրը այսպէս վերլուծուած ատեն, լուրջ դժուարութիւններ անհաւանական կ'ընեն եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան օրը երէցի մը, այն ալ գինով երէցի մը պատարագի կոչուիլը։
       Մուսաբէկեան, իր կաթողիկոսական ձեռնադրութեան եւ իր կատարած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մէջ կանոնագիտօրէն չի կրնար մեղադրուիլ, եւ հետեւաբար Մեծոփեցիին երկրորդ պատճառը, իր նկարագրած ձեւին մէջ, անհիմն է, եւ միայն իր զգացումները եւ երազները արտայայտելու եւ շեշտելու առիթ մը։ Լուսաւոր կամարի եւ վարդի երազներն ալ կրնանք նկատել խանդավառ երեւակայութիւններու յատուկ արտայայտութիւններ «ի գիշերի եւ ի տունընջեան », եւ մա՛նաւանդ Ս. Էջմիածնի բեմին վրայ Մեծոփեցիին բազմիլը վարդալից գոգով, ցոյց կուտայ թէ Գր. Տաթեւացիին աշակերտը ի՛նչպիսի գործունէութիւն ցոյց տուած է Էջմիածնի վերանորոգութեան մէջ , եւ իր գործունէութիւնը խորունկ տպաւորութիւն ըրած է ժողովրդի մտքին վրայ, զինքն տեսնելու չափ Էջմիածնի բեմին վրայ, թերեւս իբրեւ առաջին թեկնածու նորոգեալ Աթոռին։ Շատ հաւանական է որ այս իմաստով էր վարդին երազը տեսնող մարդուն զգացումը, զոր շատ բնական էր որ Մեծոփեցին պիտի չուզէր արտայայտել, քանի որ Արտազի Աթոռին կամ Հաւուց Թառ վանքին եպիսկոպոսներուն պէս զօրաւոր մրցակիցներ կային անդին եւ ինքն պէտք ունէր անոնց գործակցութեան իր երազները գործադրելու համար։
       Մեծոփեցին իբրեւ երրորդ պատճառ յառաջ կը բերէ Հերմոնի վանքին մեծ վարդապետ Յովհաննէս Կօլօտիկին կողմէ տրուած նպաստաւոր պատասխանը իրեն (Մեծոփեցիի ) հրաւիրագրին թէ ահա անյապաղ կուգայ եպիսկոպոսներով ու վարդապետներով այդ բարի եւ օգտական խորհուրդին գործադրութիան համար. նոյնպէս Երեւանի Աղուպ պէկին աւետաբեր նամակը, որով կ'արտօնուին շուտով գալ Էջմիածին եւ անվախ ու աներկիւղ «կատարել զխնդիրս ձեր »։ Այս երկու լուրերուն վրայ Մեծոփեցին եւ իրեն գաղափարակիցներ չափազանց կ'ուրախանան. եւ Մեծոփեցին այնքան յառաջ կ'երթայ իր խանդավառութեան մէջ որ Երեւանի բռնաւորը կը նմանցնէ Կիւրոսի, որ տարագիր հրեաները վերադարձուց իրենց հայրենիքը եւ արտօնեց Երուսաղէմի Տաճարին վերաշինութիւնը։ Աղուպ պէյի նամակին հասած գիշերն իսկ Մեծոփեցին նոր երազ մը կը տեսնէ. չորս ծաղկեփունջեր կը բերեն, երկուքը վարդ եւ երկուքը մանուշակ, եւ ատոնցմէ երկուքը կուտան Մեծոփեցիին ձեռքը, իսկ երկուքն ալ իրեն հարազատ Կարապետ վարդապետին։ Կ՛արթննայ Մեծոփեցին, կը պատմէ իր երազը, բայց չեն կրնար մեկնել մինչեւ որ առտուն մարդ մը նոր աւետիս մը կը բերէ թէ Կիրակոս վարդապետ, Գաբրիէլ եպիսկոպոս եւ Զաքարէ կրօնաւոր եկած են, որոնց անձկանօք կը սպասէին «ի վաղուց հետէ»։
       Մեծ վարդապետ Յովհաննէսին գալուստը, անշուշտ երաշխիք մըն էր Մեծոփեցիի ձեռնարկին յաջողութեան. վասն զի արեւելեան Հայաստանի վարդապետներուն երիցագոյնն էր թէ՛ տարիքով եւ թէ՛ դիրքով, որ կրնար հրամայել ոչ միայն ուրիշ վարդապետներու, այլ նաեւ եպիսկոպոսներու, եւ ի հարկին կաթողիկոսներու ալ դիտողութիւններ ընել իր մեծ վարդապետի իշխանութեամբ։ Հետեւաբար երբ այսպիսի հեղինակութիւն ունեցող վարդապետ մը լուր կը ղրկէ Մեծոփեցիին թէ ահա կու գամ վարդապետներով ու եպիսկոպոսներով բարի եւ օգտակար խորհուրդը ի գործ դնելու համար , այսչափը ինքնին ստոյգ ապահովութիւն մըն էր ներսէն` ձեռնարկին յաջողութեան համար. իսկ բռնաւոր Աղուպ պէկին արտօնութիւնն ալ ստոյգ երաշխաւորութիւն մըն է դուրսէն։ Եւ երկու պատրաստութիւններ իրապէս անհրաժեշտ պայմաններ էին եւ ո՛չ թէ պատճառներ Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութեան համար. հետեւաբար Մեծոփեցին, իր խանդավառութեան մէջ, շփոթած է պայման ը պատճառին հետ` իր պատճառաբանութիւնները դասաւորելու ատեն։ Յետոյ պիտի տեսնենք թէ Մեծոփեցին իր սրտին բոլոր դառնութեամբը պիտի ամբաստանէ Հերմոնից վանքին մեծ վարդապետը իբրեւ պատասխանատու Վիրապեցիի աթոռազրկութեան, եւ ինքն պիտի ըսէ մեզի թէ Երեւանի բռնաւորը Եաղուպ պէկ, զոր նմանցուցած էր Կիւրոսի, նոր կաշառի մը փոխարէն պիտի զոհէր Վիրապեցին անոր մրցակիցներուն, եւ այս կերպով Երեւանի հետագայ բոլոր բռնաւորներուն համար ճոխ բովք մը պիտի ըլլար Լուսաւորչին լուսակառոյց Աթոռը։
       Չորրորդ պատճառը, «հրաշքի յայտնութիւն » մըն է Մեծոփեցիի համար։
       Աղթամարի կողմէն Ստեփանոս անուն միայնակեաց ճգնաւոր մը կուգայ, եւ կ'ըսէ Մեծոփեցիին թէ դուք ինչո՞ւ համար պարապ աշխատանք կը թափէք, ի՞նչ հարկ կայ Էջմիածնի աթոռը վերահաստատելու. ահաւասիկ Աղթամարի աթոռը, շէն եւ պայծառ վիճակի մը մէջ հաստատուն է, եւ Զաքարիայի նման հոյակապ անձնաւորութիւն մըն ալ կաթողիկոս է. եկէ՛ք, հնազանդեցէ՛ք Զաքարիային եւ Աղթամար թող ըլլայ աթոռ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան։ Կրնայ ըսուիլ թէ Ստեփանոս ճգնաւոր պատահմամբ չէր եկած Մեծոփեցիին քով, եւ հաւանաբար եկած էր եթէ ոչ մասնաւոր պաշտօնով մը Զաքարիայի կողմէն, բայց գոնէ իբրեւ Աղթամարցի կ'արտայայտեէր զգացում մը, որ Զաքարիա կաթողիկոսի հետ բոլոր աղթամարցիներուն զգացումն էր դԷ՜ Դաւիթ Թոռնիկեանի գլուխ քաշելէն ի վեր, հակառակ Սեւ լերան ժողովքէն (1113) արձակուած բանադրանքին։ Մեծոփեցին քանի մը բառով միայն ուզած է արտայայտել Ստեփանոս ճգնաւորին առաջարկը, իբրեւ պարզ տրտունջ, այնպէս որ երազի մէջ Ս. Գր. Լուսաւորիչ իր աջը ճգնաւորի գլխուն դնելով ըսած է ճգնաւորին, դուն ինչո՞ւ կը քրթմնջես որ վարդապետներ կ'ուզեն նորոգել Ս. Էջմիածինը։ Ստեփան ճգնաւոր ազդուած այս յայտնութենէն կը զղջայ եւ Մեծոփեցիին գալով «մեղայ » կ'ըսէ եւ կը միանայ անոր եւ միասին կ'երթան Էջմիածին։
       Այս չորրորդն ալ Մեծոփեցիի նկարագրած ձեւին տակ չի կրնար պատճառ մը նկատուիլ. վասն զի Ստեփանոս ճգնաւորի դժգոհութեան ետեւ Աղթամարի խնդրին պատմութիւնը կայ։
       Մենք գիտենք որ Դաւիթ Թոռնիկեան ինքնընտիր կաթողիկոս հռչակեց ինքզինքը պարզապէս արհամարհելով Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի երիտասարդութիւնը, իսկ Սեւ լերան ժողովը դատապարտեց այդ գործը եւ բանադրեց Աղթամարը, 1113ին, եւ այդ թուականէն ի վեր Աղթամարցիք առ ոչինչ համարեցին իրենց վրայ դրուած նզովքն ու կապանքը, եւ շարունակեցին իրենց կաթողիկոսութիւնը կռթնելով ո՛չ միայն իրենց թեմականներուն համակրութեան, այլ նաեւ երկրին վրայ իշխող բռնաւորներուն, որոնց կամքն ու հովանաւորութիւնը կը գնուէր կաշառքով կամ կապալով ։ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը հարկաւորութիւն մը չէր Հայց. Եկեղեցւոյ վարչական կազմութեան մէջ։ Բայց փառասիրութիւնը տրամաբանութիւն չունի. մէկ կողմէն Կիլիկիոյ անջատ ու ամփոփ դիրքը Արեւելեան Հայաստանէն, որ անհնար կը դարձնէր Կիլիկիոյ (պահ մը Հռոմկլայն ալ Կիլիկիոյ մէջ ենթադրելով ) կաթողիկոսներուն անձամբ այցելութիւնը արեւելեան Հայաստան, այնպէս որ Շնորհալին շատ լաւ կը զգար այս տարբերութիւնը , եւ բնական էր արեւելցիք զրկանք մը պիտի նկատէին ասիկա իրենց համար, եւ ուր որ յարմարութիւն կամ հնարաւորութիւն կար պիտի աշխատէին կաթողիկոսոթեան մը հրապոյրը կենդանացնել իրենց մօտ։ Գրիգոր Վկայասէր (1066-1105) շատ լաւ դիտած էր արեւելքի այս հոգեբանութիւնը եւ ճիշդ ասոր համար թոյլ տուաւ որ իր աթոռակալութենէն 14 տարի ետքը Անեցիք իրենց երկրին դեռ նոր թառամած փառքերով հպարտ , քաղաքական իշխանութիւնը կորսնցնելէ ետքը, գոնէ հոգեւոր իշխանութենէ չէին ուզեր զրկուիլ -, ունենան իրենց առանձին կաթողիկոսութիւնը յանձին իր քուերորդւոյն Բարսղի (1080), որ նոյն ինքն Վկայասէրի մահէն ետքը յաջորդեց անոր` Կիլիկիոյ մէջ։ Բարսեղ Ա. Անեցին ինքնագլուխ կաթողիկոս մը չէր, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իրաւունքը եւ յաւակնութիւնը չունեցաւ ամենեւին, այլ իբրեւ գործակից, կամ Օրմանեանի բառով, իբրեւ Աթոռակից Վկայասէրին, կառավարեց արեւելեան Հայաստանը, Աղթամարն ալ մէջն ըլլալով։ Բայց 1113ին, երբ Դաւիթ Թոռնիկեան գլուխ քաշեց, ո՛չ միայն զգածուած էր Գր. Պահլաւունիի երիտասարդութենէն, երբ իրեն պէս տարիքով ու դիրքով բարձր եպիսկոպոս մը հաշուի չէր առնուեր, այլ նաեւ Աղթամարի հին փառքերը, եւ նախկին կաթողիկոսներէն ոմանց բռնադատ եւ առժամանակեայ բնակութիւնը այդ շրջանակին մէջ , իր փառասիրութեան ոյժ տուին որ արեւելեան Հայաստանի հարաւային կողմերը կրնար կաթողիկոսական աթոռ մը ստեղծուիլ, քանի որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ չէին կրնար դուրս ելնել Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ խաչակիր իշխանութեանց եւ կոմսութեանց սահմաններէն դուրսը տիրող անապահովութեան պատճառով։
       Աղթամարցիք սակայն առանց դժուարութեան չէ որ պահեցին իրենց կաթողիկոսութիւնը։ Քաղաքական կեանքը եւ պայմանները միեւնոյն էին ամէն տեղ իսլամ բռնապետութեանց ներքեւ։ Հոյակապ դէմքեր փայլեցան Աղթամարի աթոռին ալ վրայ, որոնց մէկը արեամբ ալ վկայեց իր քրիստոնէական ադամանդեայ նկարագրին անկեղծութեան։ Եւ տարակոյս չկայ որ այս պայմաններու մէջ Աղթամարցիք սկսէին յաւակնութիւններ մըն ալ տածել իրենց մէջ, օր մը, յարմար առթիւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի վերածելու համար իրենց փոքրիկ աթոռը։ Այս առիթը Թոռնիկեան Դաւիթ - եթէ այդչափ հեռատեսութիւն մը ուզենք ենթադրել իր վրայ - հասած կարծեց Գր. Պահլաւունիի պէս երիտասարդի մը կաթողիկոսութենէն օգտուելով։ Անշուշտ սխալ էր այդ կարծիքը, որովհետեւ այս Պահլաւունիներով, նոր դարագլուխ մը կը բացուէր Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Կիլիկիա դեռ պիտի ընդարձակուէր, պիտի զօրանար, թագաւորութիւն պիտի ըլլար եւ այդ յառաջտուական համեմատութեամբ ալ ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը պիտի ուժաւորուէր, իր հեղինակութեան հմայքը ճառագայթեցնելով Տաւրոսէն մինչեւ Արարատ, ստուերներու մէջ թողլով յաւակնոտ Աղթամարը։ Բայց երբ սկսաւ տկարանալ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութիւնը, - որու քաղաքական ստիպումներուն ներքեւ հայոց կաթողիկոսութիւնը մօտեցած էր Հռոմի, եւ այս պատճառաւ ալ Սիսի եւ Հռոմի միջեւ հաստատուած էին այնպիսի յարաբերութիւններ, որք մասնաւորապէս վնասակար եղան Հայց. Եկեղեցւոյ համար, եւ զայրացուցին Արեւելեան Հայաստանի հիւսիսային կողմի վարդապետները -, խնդիրը փոխուեցաւ։ Դաւիթ Թոռնիկեանի յաջորդները կ'ենթադրենք որ բոլորովին անհոգութեամբ չդիտեցին Կիլիկիոյ ճզմւիլը լատին ազդեցութեան ներքեւ եւ մեր կաթողիկոսներէն ոմանց յարումն ու յարմարումը հայ թագաւորներու կամքին։ Պատմութիւնը լուռ է առ այժմ սա իրողութեան մասին թէ, զոր օրինակ, Գր. Անաւարզեցին ի՛նչպիսի հարկադրութիւններու տակ ուզեց վերցնել Աղթամարի բանադրանքը, որ չյաջողեցաւ։ Բայց հետագայ անցուդարձեր բաւական լոյս կը սփռեն Աղթամարի խնդրին մութ կողմերուն վրայ։
       Գր. Տաթեւացի, Աղթամարի մասին գրած իր ծանօթ թուղթին մէջ կ'ըսէ թէ իրենք (Տաթեւու դպրոցը, Որոտնեցիի առաջնորդութեամբ ) շատոնց կը խորհէին Լուսաւորչի աթոռին վերանորոգութեան մասին. թէ ասոր համար ինքն երկու անգամ նամակ գրած է Սիս, Կոստանդին (13742-74) եւ Կարապետ (1384-1404) կաթողիկոսներուն, եւ թէ նոյն ինքն Կարապետ կաթողիկոս «կամէր փոխել զաթոռն ո՛չ յԱխթամար, այլ ի յԱղուանս »։ Աղուանից աթոռը հաստատուած էր նոյն ինքն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով եւ առաջին կաթողիկոս տուած էր անոնց իր թոռնիկը, Գրիգորիսը, որ նահատակուեցաւ իր առաքելական պաշտօնին մէջ։
       Չենք գիտեր թէ Կարապետ կաթողիկոս ի՛նչ ձեռնարկներ ըրած է Աղուանից աթոռը ամենայն հայոց կաթողիկոսական աթոռին վերածելու համար։ Արդեօք ինքն անձա՞մբ պիտի անցնէր արեւելեան Հայաստան, քանի որ Սիս աւերուած եւ աւարուած, իսլամ բռնաւորներու հարստահարութեանց մէջ կաթողիկոսութիւնը չէր կրնար պահուիլ, թէ ուրիշ անձ մը պիտի նստեցներ Աղուանից աթոռին վրայ, իր իսկ կենդանութեան , որպէս զի իր վախճանումէն ետքը հայրապետական Աթոռը, արեւելեան Հայաստանի սահմաններուն մէջ, համեմատաբար ապահով եւ անդորր տեղ մը քան Կիլիկիա, թափուր չմնար։
       Շատ զարմանալի է որ Մեծոփեցին թեթեւ ակնարկ մը իսկ չունի այս շատ կարեւոր ծրագրին վրայ , երբ կը պատմագրէ իր վարդապետին, Գր. Տաթեւացւոյն, եւ իր գործունէութիւնը կաթողիկոսական աթոռին վերանորոգութեան շուրջ։
       Եթէ ներուի մեզ, պատմական իրադարձութեանց ընթացքին հետեւելով ենթադրութիւնը մը ընել, պիտի ըսէինք թէ նոյն իսկ Կիլիկիոյ վերջին կաթողիկոսունք, բոլորովին անտանելի կը գտնէին Սիսը, քանի որ ժողովուրդը գաղթած, եւ պանծալի մայրաքաղաքը իսլամ բռնութեանց ներքեւ ճզմուած էր եւ չէր կրնար կեդրոն ըլլալ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, եւ վերջապէս Կարապետ կաթողիկոս կը ծրագրէ այնպիսի տեղ մը ընտրել, որ ոչ միայն պատմական եւ կանոնագիտական հրապոյր եւ իրաւունք մը ունենայ, այլ նաեւ քիչ շատ ապահով միջավայր մը ըլլայ։
       Այս է պատճառը, կը կարծենք, որ Կարապետ կթղս. խորհած է Աղուանից Աթոռին վրայ։ Եւ հաւանական է նաեւ ըսել թէ Անաւարզեցիի ժամանակ Աղթամարի բանադրանքին վերցուելուն համար եղած ձեռնարկը կապ ունին, դէ՜ այդ թուականներէն (1293-1307) Աթոռը արեւելեան Հայաստանի մէջ վերանորոգելու ծրագրին հետ։
       Եթէ պահ մը շիտակ համարուի այս ենթադրութիւնը, պիտի հետեւցնենք թէ Աթոռի վերահաստատութեան համար, նախ Աղթամար յարմար դատուեցաւ Անաւարզեցիի ժամանակները, իսկ Կարապետ Ա. ի ատեն խորհեցան Աղուանից աթոռին վրայ, քանի որ Աղթամարի բանադրանքը, չգիտենք ինչ պատճառաւ, չէր կրցած վերցուիլ. վերջապէս Գր. Տաթեւացիի ժամանակ դարձեալ կը խորհին Աղթամարի վրայ, եւ այս նպատակով կը ձեռնարկեն վերցնել բանադրանքը եւ պատրաստել զայն իբրեւ յարմար վայր ամենայն հայոց կաթողիկոսական Աթոռին վերանորոգութեան, եւ ինչպէս տեսանք, այս ալ չի յաջողիր, եւ վերջապէս կ'որոշեն վերանորոգել Էջմիածինը եւ հո՛ն հռչակել ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը։ Գր. Տաթեւացին այս վիճակին կը հասցնէ Աթոռի վերանորոգութեան խնդիրը արեւելեան Հայաստանի մէջ. ինքն չի յաջողիր տեսնել խնդրին լուծումը եւ զայն կը յանձնէ Մեծոփեցւոյն, իր վարդապետական իշխանութիւնն ալ փոխանցելով անոր։
      
       Հիմայ ի մտի ունենալով պատմական դէպքերու այս ենթադրական կամ հաւանական ընթացքը, տեսնենք այն դէպքերը, որք տեղի ունեցան Աղթամարի շուրջ, Աթոռին վերանորոգութեան առթիւ։
       Ինչպէս որ կանխեցինք դիտել տալ թէ արեւելեան վարդապետներ, Գրիգոր Տաթեւացիի առաջնորդութեամբ, 1400 թուականներէն ի վեր կը սկսին զբաղիլ արեւելեան Հայաստանի մէջ ամենայն հայոց կաթողիկոսական աթոռին վերահաստատութեան խնդրով։ Եւ նախ կը խորհին Աղթամարի վրայ եւ ո՛չ թէ Էջմիածնի վրայ։ Առիթը ինքնին կը ներկայանայ. Աղթամարայ կաթողիկոս Դաւիթ Գ. (1393-1433), կարող եւ կտրուկ հոգեւորական մը, անբաղձալի կը դառնայ իշխաններէն ու եպիսկոպոսներէն ոմանց, ըստ Օրմանեանի , անոր ճոխանալուն կամ թերեւս բռնանալուն պատճառով (Ազգպտմ. էջ 2022), եւ կը խորհին վար առնել զայն աթոռէն. բայց շատերն ալ կ'ըսէին թէ այլ եւս առանձին կաթողիկոսութիւն չենք ուզեր - «եւ բազումք ի նոցանէ պնդէին թէ ոչ եւս կամիմք մեք զառանձին առաջնորդութիւն այս աթոռոյ»-, եւ այս նպատակով նամակներ կը գրեն ասդին անդին։ Այս միջոցին Գր. Տաթեւացի իր աշակերտներով եկաւ Մեծոփ, ուր տարի մը միայն կրցաւ մնալ։ Տաթեւացիին այցելութիւնը Աղթամարի վիճակին մէջ առիթ մը եղաւ որ իրենց կաթողիկոսէն դժգոհներ դիմեն Տաթեւու մեծ վարդապետին եւ ծանր ծանր ամբաստանութիւններ ընեն Դաւթի մասին։ Տաթեւացին օգտուեցաւ առիթէն, եւ խորհրդակցելով Մեծոփի առաջնորդ Յովհաննէս վարդապետի եւ ուրիշ վարդապետներու հետ, որոշեցին լուծեալ հռչակել Դաւթին կաթողիկոսութիւնը եւ Աղթամարի բոլոր վիճակը միացնել Կիլիկիոյ հարազատ կաթողիկոսութեան, եւ այս կերպով վերցնել Աղթամարի նզովքը, եւ այս նպատակով ընկեցին զկաթողիկոս տեղւոյն (այսինքն` զԴաւիթ) յաթոռոյ նորա, եւ իրենց որոշումը հաղորդեցին Սիս, Յակոբ Գ. ի։ Անշուշտ շատ ուրախացաւ Յակոբ կաթողիկոս Աղթամարի մասին ծրագրուած այս կարգադրութենէն Դաւթի անկումով, եւ ձեռնարկներ ըրաւ իր կողմէն, Տաթեւացիին կատարած գործը վաւերացնելու եւ իր հայրապետական իշխանութիւնը ընդարձակելու համար Աղթամարի թեմերուն վրայ։ Բայց այս ձեռնարկը ձախողութեան մատնուեցաւ. վասն զի Դաւիթ կաթողիկոս չհանդուրժեց վարդապետներու յանդգնութեան, յաջողեցաւ զօրացնել իր կողմը, նոյն իսկ Տաթեւու եւ Մեծոփի միաբաններէն մարդ շահելով եւ մա՛նաւանդ երկրի այլազգի (իսլամ ) իշխանին ուժով, եւ վերստին գրաւեց իր աթոռը, եւ անմիջապէս իր սահմաններէն քշել տուաւ Տաթեւացին եւ իր գործակիցները։ Չամչեան այսպէս կը պատմէ Աղթամարի կաթողիկոսութեան բարձման համար եղած ձեռնարկը եւ ատոր ձախողումը, հիմնուելով նամակներու հաւաքածոյի մը վրայ, զոր կազմած է նոյն ինքն Մեծոփեցին ( Չամչեան Գ. էջ 455-56. հմմտ. Ազգ. Մտնդրն. ՁԶ. էջ 70-73)։
       Դժբախտաբար Մեծոփեցիի կազմած այդ հաւաքածոյէն օրինակ մը չունի Ս. Յակոբայ ձեռագրաց մատենադարանը, որպէս զի կարող ըլլայինք ուղղակի այդ վաւերագիրներէն օգտուիլ պատմական դէպքերու ընթացքը լուսաբանելու համար։ Մի՛ւս կողմէն Մեծոփեցին իր Լանկթիմուրի պատմութեան մէջ կցկտուր ակնարկներ միայն կ'ընէ Աղթամարի կապանքին լուծման մէջ Տաթեւացիին կատարած դերին վրայ, եւ պատմական իրողութիւնները կը թողու թանձր ստուերներու ետին, եւ Օրմանեան այս դժուարութեան հանդէպ կը կարծէ թէ «Մեծոփեցիին զգացումները չեն ներած իրեն խորունկը մտնել այնպիսի եղելութեանց, որոնք շատ պատուաւոր պիտի չըլլային Աղթամարի Աթոռին, որուն ինքն ալ վիճակայիններէն էր, եւ որուն փառաւորութեան համար ալ մեծ փափաք ունէր, եւ մինչեւ վերջ ճիգեր ալ թափեց » (Ազգպտմ. էջ 2022)։ Ինչ եւ իցէ, պատմութեան ընթացքը այնպէս ցոյց կուտայ թէ նախապէս Տաթեւացիի եւ Մեծոփեցիի մտքին մէջ Էջմիածնի Աթոռին վերանորոգութենէն աւելի Աղթամարի Աթոռը զօրացնելու ծրագիրը կար։ Տաթեւացի ինքն ալ Քաջբերունեաց արիւն ունէր հօր կողմէն, եւ Մեծոփեցին ինքն ալ երկրին բնիկ էր բոլորովին, այնպէս որ այս մարդիկ կը խորհէին Սիսի Աթոռը խափանել եւ Աղթամարն հռչակել աթոռ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, եւ ասոր համար հարկ անհրաժեշտ էր որ Աղթամար նախ արձակուէր բանադրանքի կապանքներէն, որուն փորձը ինչպէս տեսանք Անաւարզեցիի ժամանակ ալ եղած էր բայց չէր յաջողած։ Տաթեւացին այս նպատակով «Ի սոյն ժամանակի ի խնդիր ելեալ վասն Կապանաց Աղթամարայ, եւ մեծահանդէս ժողով արարեալ արձակեաց զամենեսեան Կապանաց) հնոց կաթողիկոսացն մերոց» (Մեծփ. Պտմ. էջ 52)։ Բանադրանքը ծանր էր իր պատմական արժէքով եւ կրօնական հեղինակութեամբ, եւ թէպէտ Թոռնիկեան եւ իր յաջորդները արհամարհեցին զայն, բայց իրողութիւնը կար ու կը մնար, եւ Տաթեւացիի նման Մեծ Վարդապետ մը գիտէր այդ բանադրանքին արժէքն ու նշանակութիւնը, եւ կը ջանար որ Աղթամար մաքրուէր այդ կեղտէն։ Անշուշտ Աղթամարցիք Անաւարզեցիի ժամանակ ալ նոյն ոգւով եւ համոզումով թափած էին իրենց ջանքերը։ Սակայն շատ ուշագրաւ է որ վերջը , Վիրապեցիի կողմէն տրուած արձակման առթիւ, Մեծոփեցիին կենսագիր աշակերտը, Կիրակոս բանասէր Վարդապետ, այդ բանադրանքը կ' որակէ զուր եւ անպատշաճ, երբ կը նկարագրէ թէ Վիրապեցին երեք օր ծոմ բռնեց, յետոյ Ս. պատարագ մատոյց եւ այսպէս հոգեւոր մեծ պատրաստութենէ մը ետքը «արձակեաց զԱղթամար ի զուր եւ անպատշաճ անիծիցն, զոր վասն փառամոլութեանն արարին Կիլիկեցիքն» . Մեծփ. կեանքը, էջ 8)։ Մեծոփեցիին աշակերտը անշուշտ լաւ պիտի գիտնար Սեւ լերան պատկառելի ժողովէն արձակուած բանադրանքին զօրութիւնն ու նշանակութիւնը եւ ատոր երեք դարերու ընթացքին ճնշումը բարեպաշտ, երկիւղած, կանոնապահ ժողովուրդի մը ու անոր հոգեւոր առաջնորդներուն վրայ, մա՛նաւանդ Շնորհալիի կողմէն առանձինն այդ նզովքին շեշտումէն ետքը. (տե՛ս վերեւ, էջ 1183 Ծնթ . ) բայց Կիրակոս բանասէր, ի հարկէ իր անձնական կարծիքը չէ՛ որ կը յայտնէր, երբ աստուածաբանի եւ բարոյախօսի մը հովերով կը յաւակնի արդարացնել Աղթամարի բանադրանքին կամ անէծքին համար իր ըրած զուր եւ անպատշաճ որակումը, իբրեւ հակառակ Քրիստոսի հրամանին, որ ըսաւ թէ մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք ձեր թշնամիները (Մտթ. Ե. 44), այլ ասիկա, ըստ իս, արտայայտութիւնն էր մտայնութեանն անոնց, որ կ'ուզէին Աղթամարը ազատել Սեւ լերան ժողովի նզովքին ծանրութենէն, եւ պատրաստել զայն ապագայ ծրագրին գործադրութեան։ Օրմանեան նկատի ունենալով Տաթեւացիին ջանքը, որ քարոզեց Աղթամարցիներուն դառնալ ի հնազանդութիւն ամենայն հայոց կաթողիկոսին, կ'ըսէ. «սակայն (Տաթեւացիին ) նպատակը աւելի հեռաւոր կէտ մը կը դիտէր։ Կիլիկիոյ աթոռին անկումը ընդհանուր ազգին մտադրութիւնը կը հրաւիրէր, մանաւանդ Տաթեւեան աշակերտութեան աչքին, իբրեւ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան կենսական կէտ մը։ Պէտք էր Հայրապետական աթոռը ազատել Կիլիկիոյ վարակեալ մթնոլորտէն. սակայն ցո՛՛րչափ օրինաւոր յաջորդութեան գիծը այն տեղ մնացած էր, դիւրին չէր այդ կէտը յանկարծ լուծել եւ անպատրաստ կերպով որոշման մը յանգիլ (ես կը նօտրագրեմ)։ Աղթամարի աթոռն ալ բաւական ճոխութիւն ստացած էր, եւ Մեծ Հայոց Կաթողիկոսութեան ձեւ առած էր, մինչ Կիլիկիոյ աթոռը Փոքր-Հայոց կաթողիկոսութեան անունով կը յիշուէր անդստին Մխիթարի օրէն (Մանսի, ԻԵ. 1258), եւ այդ կոչումերը Աղթամարին կարեւորութիւնը կը բարձրացնէին ։ Չմոռնանք յիշել որ նոյն միջոցին Աղթամար նստող Զաքարիա եւ Դաւիթ կաթողիկոսները աւելի կ'արժէին քան Սիս նստող Կարապետն ու Յակոբը։ Այդ ամէն պարագաներ հիմնական փոփոխութեան մը եւ կարեւոր բարենորոգութեան մը պէտքը կը զգացնէին եկեղեցւոյ շահերով տոգորուած հոգիներուն » (Ազգապտմ. էջ 2022-23)։
       Տաթեւացին եւ Մեծոփեցին վերջապէս չյաջողեցան Աղթամարը օգտագործել ամենայն հայոց կաթողիկոսթեան աթոռին կեդրոն ընելու համար, եւ իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին Էջմիածին։ Տաթեւացին վախճանեցաւ 1410ին, իր մեծ վարդապետի իշխանութիւնը փոխանցելով իր աշակերտին, Մեծոփեցի Թովմայի, որ յաջողեցաւ ի գլուխ հանել Էջմիածնի աթոռին վերանորոգումը։
       Էջմիածնի աթոռին վերանորոգումը անշուշտ բոլոր հայ ժողովուրդը խանդավառեց արեւելեան Հայաստանի մէջ, եւ բացի Վիրապեցիէն, դիրք եւ անուն ունեցող վարդապետներ ու եպիսկոպոսներ մասնաւորապէս հրճուեցան, իւրաքանչիւրը իր անձին վրայ երեւակայելով նորոգ աթոռին կաթողիկոսը։ Բոլոր անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու ամէնէն բանաւոր ու գործնական կերպն էր Մուսաբէկեանը հրաւիրել Սիսէն Էջմածին. ինչպէս պիտի տեսնենք ետքը, այս փորձը եղաւ, բայց չյաջողեցաւ։
       Այս էր պատճառը որ 1441ի Էջմիածնի համագումար ժողովը աղմկալից եղաւ, չկրցան համաձայնիլ ընտրելիին վրայ, վերջապէս բոլոր դիրք ու անուն ունեցող թեկնածուներ մէկդի դրուեցան մրցանքը խափանելու դիտումով եւ իրենց ձայները կեդրոնացուցին Խորվիրապեցի ճգնաւորին վրայ. եւ սա, ի մե՜ծ զարմացում պատկառելի ժողովականաց, համակերպեցաւ ժողովի կամքին, եւ անպէս կը զգամ նաեւ թէ համակերպեցաւ, որպէս զի վերջ գտնէ ընտրական մրցակցութիւնը եւ սկսի վերաշինութեան գործը եւ կազմակերպումը Հայց. Եկեղեցւոյ կաթողիկոսութեան վարչական մեքենային։ Բայց ինչպէս որ Հաւուց Թառի Զաքարիան եւ Արտազի Ջալալբէկեան Գրիգորը սաստիկ զգածուեցան Վիրապեցիին ընտրութենէն, եւ ընտրութեան վայրկեանէն սկսան տապալել զայն, այնպէս ալ անդին Աղթամարի Աթոռին վրայ կար Զաքարի Գ. (1434-1464), որ իր ծագումով եւ փայլուն կարողութիւններով նշանաւոր եղած էր արդէն , եւ իրաւամբ կը կարծէր սպասել որ 1441ի Էջմիածնի ժողովը զինքն ընտրէր եւ հրաւիրէր ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ ո՛չ թէ ուրիշ մը, թող Խորվիրապի պարզ ճգնաւորը ։ Հետեւաբար, երբ Հաւուց Թառի Զաքարիա եւ Արտազի Գրիգոր եպիսկոպոսները սկսան դաւաճանել Վիրապեցիին եւ յաջողեցան զրկել զայն իր աթոռէն, կաշառով կուրացնելէ ետքը Երեւանի բռնաւորը, Աղթամարի Զաքարիա ալ սկսաւ գործել իր միջավայրին մէջ, դաւաճանել Ջալալբէկեանին, որ յաջողած էր գրաւել Վիրապեցիին աթոռը, եւ հետեւաբար կաշառներով կշտացուց Ջհանշահը, որպէսզի թեւ թիկունք ըլլայ իրեն Էջմիածնի աթոռը գրաւելու համար։ Զաքարիա ո՛չ միայն Ջհանշահին եւ անոր տիկնոջ Բէկում Խաթունի սրտերը շահեցաւ, այլ նաեւ իբրեւ պարգեւ ստացաւ Ս. Լուսաւորչի Աջը, զոր Էջմիածնի միաբաններէն Սարգիս անուն վարդապետ մը վերցուցած եւ Դավրէժ տարած էր, օգտուելով Ջալբէկեանի եւ անոր աթոռակից Արիստակէսի կռիւներէն։ Զաքարիա ուրեմն Ջհանշահի հաւանութեամբ եւ օգնութեամբ Աղթամարէն գնաց Էջմիածին, 1460 ին իբրեւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, վտարեց աթոռէն Ջալալբէկեանն ու Արիստակէսը, վճարեց Էջմիածնի դիզուած պարտքերը, բայց չկրցաւ երկար մնալ հոն, վասն զի 1461ին Ագգօյունլու ըսուած հրոսակապետութիւնը արշաւեց Ջհանշահի երկիրներուն, եւ Զաքարիա կաթողիկոս արիւնահեղութիւնն ու աւերումը կասեցնելու համար իբրեւ պատգամաւոր գնաց Բաղէշ , եւ Ագգօյունլուներուն պետ Ճիհանկիրը համոզեց հաշտութիւն կնքելու։ Այս յաջողութիւնը աւելի եւս փառաւորեց Զաքարիան, որ երկու բռնաւորներէն ալ մեծ յարգ ու պատիւ տեսաւ։ Երեք ամիս տեւած էր իր բացակայութիւնը Էջմիածնէն, եւ այդ միջոցին Ջալալբէկեան եւ Արիստակէս խելօք չէին նստած, իբրեւ հանդիսատես Զաքարիայի նուաճումներուն։ Երբ Զաքարիա վերադարձաւ Էջմիածին, տեսաւ որ Երեւանի բռնաւոր եղած էր Ջհանշահի որդին Հասան Ալի, եւ Ջալալբէկեան ու Արիստակէս լարած եւ լեցուցած էին զայն իրեն դէմ, այս պայմաններու մէջ ապահով տեղ մը չէր Էջմիածին Զաքարիայի համար. այնպէս որ երբ իմացաւ թէ Հասան Ալի պիտի բռնել տայ զինքն գանձք եւ ինչք խլելու համար իրմէ, ծպտուած խոյս տուաւ Էջմիածնէն միասին տանելով Լուսաւորչի Աջն ալ եւ գնաց Աղթամար 1461 Դեկտեմբեր 11ին։ Գրիգոր Ջալալբէկեան նորէն գրաւեց Էջմիածնի աթոռը, եւ Արիստակէսէն զատ երկրորդ աթոռակից կաթողիկոս ըրաւ իրեն հաւանաբար 1462ին, այն Սարգիս վարդապետը, որ Աջը փախցուցած էր Դավրէժ։ Քանի մը տարի ետքը 1464-65 վախճանեցան թէ՛ Ջալալբէկեան եւ թէ՛ Զաքարիա, եւ այսպէս փակուեցաւ Աղթամարի խնդիրը ։
       Ստեփան Ճգնաւորի տրտունջքին եւ քրթմնջիւնին ետեւ պահուած Աղթամարի պատմութիւնը ցոյց կուտայ թէ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան աթոռին վերահաստատութիւնը տեսնել արեւելեան Հայաստանի մէջ լուրջ խորհուրդ մը եղած է Լուսինեաններու վերջին թագապսակ Լեւոնի անկումէն եւ հետեւաբար Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան կործանումէն ետքը, այսինքն` 1374/5էն մինջեւ 1441, կէս դարէ աւելի շրջանի մը ընթացքին, բայց շարժումին կարեւորութիւն կը տրուի շուրջ 1400ին, Տաթեւու դպրոցի կողմէն, նախ Աղթամարի վրայ խորհելով, եւ վերջապէս, խորհուրդը իրագործելով Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութեամբ։
       Կարճ խօսքով ուրեմն Մեծոփեցին պարտաւոր էր իբրեւ գլխաւոր դերակատար եւ պատմագիր ըսել մեզ, թէ որովհետեւ կարելի չեղաւ Աղթամարի մէջ վերահաստատել Լուսաւորչի աթոռը, այդ պատճառաւ աշխատեցանք Էջմիածնի մէջ վերահաստատել զայն։
      
       Հինգերորդ պատճառը դարձեալ երազ մըն է «սքանչելի յայտնութեամբ »։ Այսինքն` ճիշտ այն օրը, երբ Մեծոփեցին ճամբայ կ'ելլէ իրենց վանքէն վարդապետներով, եպիսկոպոսներով ու քահանաներով, բարեպաշտ եւ երկիւղած մարդ մը կը դիմաւորէ զինք եւ կ'ըսէ. Այս գիշեր երազիս մէջ անթիւ ու անհամար զօրքեր տեսայ, ամէնքն ալ սպառազինուած կարմրով, կանաչով եւ սպիտակով, եւ հարցուցի թէ ո՞վ են ասոնք, եւ պատասխաներ են իրեն թէ մենք «Զօրք Էջմիածնին եմք, եկած ենք վարդապետները փնտռելու, եւ անմիջապէս «թռեալք ի վերայ օդոյն » հասած են Էջմիածին։ Ասոր վրայ Աւետարանը կ'առնեն եւ կը սկսին վիճակ բանալ, հասկնալու համար թէ ի՛նչ պիտի պատահի այդ երազին վրայ. երեք անգամ կը բանան Աւետարանը, առաջին բանալուն կը կարդան «դարձաւ Յիսուս ի գաւառն իւր», երկրորդին` «Յաշխարհի աստ նեղութիւն ունիցիք, այլ քաջալերեցարուք , զի ես յաղթեցի աշխարհի». իսկ երրորդին` «դարձաւ Յիսուս ի գաւառ իւր». դարձեալ Նիկիական եփուդը կը նային, որ կ'ըսէ, «ճանապարհդ այդ բարի է եւ Տէր Աստուած Յիսուս Քրիստոս կատարէ զխնդիր ձեր »։ Այսպէս` երազներու եւ վիճակներու յայտնութիւններէն խրախուսուած ու քաջալերուած կ'ուղեւորին դէպի Խորվիրապ, կ'առնեն Վիրապեցին եւ կը բերեն Էջմիածին եւ կը ձեռնադրեն։
       Այս ալ միւս երազներուն պէս շատ սիրուն է, եւ կ'արտայայտէ Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան առթիւ յառաջ եկած ոգեւորութիւնը արեւելեան Հայաստանի մէջ։
       Այժմ տեսնենք այն վաւերագիրները, որոնք հեռուէն մօտէն լոյսեր կը սփռեն Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան պատճառներուն վրայ։
       Ասոնց առաջինն է Վիրապեցիի կոնդակին վերնագրին կցուած կանոնական գրութիւն մը, որ կը բաղկանայ երեք որոշ հատուածներէ ։
       Կոնդակին վերնագրէն («Կիրակոս ծառայ ծառայիցդ Աստուծոյ » եւայլն ) անմիջապէս ետքը կը կարդանք. «Հարց. Զի՞նչ է պատճառ որ սուրբ Էջմիածինն հաստատեցաւ »։ Այս հարցումին պատասխան կը տրուի «Լուարուք քրիստոսասէր անձինք ուղիղք » սկսուածով հատուածով մը, որ քրիստոնէական սիրոյ վրայ խօսելէ ետքը, կ'ըսէ. «եւ գիտէք որ յայսմ աշխարհս Ազգս հայոց իբրեւ զծով ծփայ յազգի յազգի պատուհասից եւ ի վշտաց, եւ յաշխարհին որ գալոցն է, ամենայն անօրէն որ սիրէ զարծաթ առաւել քան զԱստուած, ծփելոց է ի ծովն գեհենական յանշէջ հուրն յաւիտենից. եւ Հայոց Ազգին առաջնորդք փոխանակեցին զսէրն Աստուծոյ ընդ ոսկւոյ եւ ընդ արծաթոյ, եւ սկսան արժանաւորաց վաճառով տալ զիշխանութիւն, զօրհնութիւն եւ զշնորհս Աստուծոյ եւ յանարժանիցն` կաշառօք ոսկւոյ եւ արծաթոյ, եւ այնու կցորդ լինին մեղաց օտարաց ըստ առաքելոյ, վասն այսորիկ նոր կաթողիկոս եդաւ ի Սուրբ Աթոռս Էջմիածնի, որ այս սիմոնական աղանդս եւ չար սովորականութիւնս խափանեսցի, եւ նորոգեսցի պատուիրանն Աստուծոյ, զոր Առաքեալքն կարգեցին մեզ եւ եդին հաստատությամբ »։ Կը յիշատակէ Յովհան Կոզեռն վարդապետի տեսիլը սատանայի իշխանութեան մասին, եւ արծաթսիրութիւն, եւն . սատանայի կամքին կատարումն է կ'ըսէ, եւ յիշեցնելով Աստուծոյ կամքը, որ հրամայեց թէ ինչպես որ ես իմ օրհնութիւնս, իշխանութիւնս եւ շնորհքս ձրի տուի ձեզի «առանց գնոյ եւ կաշառի », այսպէս դուք ալ, «կաթողիկոսք, եպիսկոպոսք, վարդապետք եւ քահանայք ձրի տո՛ւք այլոց, «առանց գնոյ եւ կաշառի»։ Բայց մեր առաջնորդներ մտիկ չըրին Տիրոջ ձայնին եւ չըրին անոր պատուէրներուն համաձայն, այլ ըրին իրենց ուզածը։ Բայց պէտք է գիտնալ որ Աստուծոյ կամքը կատարելն է աստուածպաշտութիւն, իսկ ի՛ր ուզածն ընել հակառակ է Աստուծոյ կամքին. Պօղոս Առաքեալն ալ կ'ըսէ թէ արծաթասէրը կռապաշտ է, ասոր համար կ'աղաչեմ որ այս ծածուկ կռապաշտութիւնը մէկդի նետէք մեր ազգի մէջէն եւ ձեզմէ□մեր առաջնորդներ ապականեցին աստուածային կանոններն ու օրէնքները, եւ ասոր համար մենք երկար ժամանակներ պատժուեցանք անօրէններէն (իսլամներէն ) եւ ուրիշ տեսակ տեսակ պատահմունքներէ. ուրեմն կ'աղաչեմ ամէնքդ ալ, Սուրբ Էջմիածնի նորոգուելուն հետ դուք ալ նորոգեցէք աստուածադիր օրէնքները, որոնք գրուած են առաքելական կանոններու մէջ։ Յետոյ կը համառօտէ Ս. Սահակի տեսիլը , որուն մէջ ոսկի գիրեր կը նշանակեն այն կաթողիկոսները, «որք նստին յաթոռ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին », իսկ մրով գրուած ու ջնջուած գիրերով կը նշանակուին այն կաթողիկոսներ, որոնք պիտի նստին «յաթոռ Սրբոյն Գրիգորի », բայց ոչ սուրբ առաքեալներու հրամաններուն համաձայն եւ ոչ ալ պատուական Սուրբ Ժողովներու կանոնին համեմատ. այսպիսիներ երկրաւոր պատուով կը ձեռնադրուին եւ աշխարհի փառքերուն կը ձգտին յանդգնութեամբ, ասոնք են արծաթասէրներ, որոնց վախճանը կորուստ է։
       «Կոնդակ»իս երկրորդ հատուածը կը բաղկանայ շարք մը կանոններէ, մի՛ ոք իշխեսցէ արգելական սկսուածով, եւ «չկայ հրաման յԱստուծոյ » վերջաւորությամբ։ Այս կանոններով կ'արգիլուի կարգալոյծները? կաթողիկոս, եպիսկոպոս, քահանայ կամ սարկաւագ դնել, մեռոնը կամ քահանայական կարգը վաճառել, կաթողիկոսութիւնը «ի ղապալ հանել », արծաթով ձեռնադրութիւններ ընել, եկեղեցի օրհնել, ծայրատ սաղմոս ըսել (շատ կը ծանրանայ ասոր վրայ ), եկեղեցիի դուռը փակել եւ պաշտամունքը խափանել ոեւէ պատճառով։ Մասնաւորապէս կ'արգիլուին կաթողիկոսէն մինչեւ սարկաւագ, բոլոր կուսակրօններու սանամայր, մայրգիր, քոյրգիր, խոստովանադուստր ունենալ, անոնց քով երթեւեկել կամ տանիլ եւ բերել։ Կաթողիկոսէն մինչեւ սարկաւագ բոլոր եկեղեցականներուն կ'արգիլուի «նզովել կամ բանադրել կամ կապանօք առնել» (ասոր վրայ ալ կը ծանրանայ մասնաւորապէս Թէ կարգաւորներուն եւ թէ աշխարհականներուն հաւասարապէս կ'արգիլուի երդնուլ կամ սուտ վկայել, գինի խմել ոեւէ ատեն։ Մասնաւորապէս կը պատուիրէ «կաթողիկոսաց, եպիսկոպոսաց, վարդապետաց » Յիսուս Քրիստոսի անունով «մի՛ ինչ առնուլ հարկիւ, զի հարա՛մ է եւ մեծ մեղք»։ Հարամ կը համարի ո՛չ միայն արծաթով ձեռնադրութիւնը, այլ նաեւ ոեւէ հոգեւոր պաշտօն կատարել փողով, եկեղեցօրհնէք, կնքադրամ, պսակդրամ, տնօրհնէք , գերեզմանօրհնէք անուններու տակ, կամ «խոստովանութեան փող ուզել »։ Պատարագիչներուն կը պատուիրէ քառասուն օր պատրաստուիլ եւ յետոյ պատարագել։ Կարգաթողներու հրաման չկայ «ի բեմն ելանել », ոչ կենդանութեան, ոչ ալ յետ մահու։ Անձնասպաններուն թաղումը կ'արգիլուի եւ կը հրամայուի քահանաներուն «մի՛ ինչ առնուլ ի նմանէ » ո՛չ ալ պատարագի մէջ յիշել, դարձեալ կը շեշտուի անոցմէ չառնել պտղի կամ ուրիշ ոեւէ հասոյթ, չմկրտել անոնց տղաքը, չպսակել, չհաղորդել, չթաղել, հոգեբաժին չառնել, որովհետեւ պիղծ են։ Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ վարդապետներուն մասնաւորապէս կը հրամայուի հոգ տանիլ եւ զգուշութիւն ընել որ տրուած կանոնները յարգուին եւ ժողովուրդը ուղղութեան գայ, հակառակ պարագային չըլլայ որ թշնամութիւն ընէք անոնց կամ մատնէք, այլ զանոնք նկատեցէք իբրեւ հեթանոս։ Կ՛արգիլէ անօրէններու (իսլամներու ) տղոց մկրտութիւնը եւ անոնց կնքահայր ըլլալը, կը հրամայէ քրիստոնեայ աղջիկները կնութեան չտալ անօրէններուն, կ'արգիլուի հոգեւոր եւ մարմնաւոր ազգականներուն միջեւ ամուսնութիւնը. վերջապէս, իբրեւ աստուածային պատուէր, կը հրամայուի որ հաւատացեալներ անհաւատներէն չդնեն նախրորդ, որթարած, հովիւ կամ գառնարած։ Ասոնք, կ'ըսէ, ծաղկաքաղ ըրի բուն կանոններէն, եւ կը պատուիրեմ որ ո՛չ միայն ասոնք, այլ նաեւ բոլոր կանոնները կատարէք։
       Այս հատուածին վերջը կցուած է ուրիշ կտոր մը. մեռելոց յարութիւնը, կ'ըսէ, տեղի պիտի ունենայ Հոգեգալստեան կիրակի օրը. եկեղեցականներուն ու աշխարհականներուն կը պատուիրուի սրբութիւն. աշխարհականներուն կը պատուիրուի երկու օր ծոմ բռնել հաղորդուելէ յառաջ։
       Կոնդակիս երրորդ եւ վերջին հատուածը դաւանաբանութիւն մըն է մեկնողաբար եւ բաւական ընդարձակ։
       Մեզի հասած պատմական վերջին վաւերագիրն է Գր. Տաթեւացւոյ այն թուղթը, որ ուղղուած է Աղթամարցիներու։ Այս թուղթը կը գտնուի գրչագիրներու մէջ. ես կ՚օգտագործեմ մեր Ս. Յակոբեանց Մատենադարանի թիւ 182 Ձեռագրին մէջ (էջ 145-152) գտնուած պատճենը, որու վերնագիրն է. «Կանոնք եւ բանք գեղեցիկ եւ յոյժ պիտանիք վասն Աթոռոյն Աղթամարայ, որ է ի ներքոյ բանադրանաց, ի սրբոյն Գրիգորի Տաթեւացւոյն առաքելաշնորհ վարդապետէ ասացեալ վասն այնոցիկ, որք հակառակ են Սրբոյ Աթոռոյն Էջմիածնի, եւ ինքնէ Կթղկս. կու լինին »։
       Տաթեւացին երկար բարակ պատճառաբանելէ ետքը Աղթամարայ բանադրանքին պատմականութիւնը, կանոնական արժէքը եւ զայն վերցնելու համար ի գործ դրուած ջանքերը, եւ իր իրաւասութիւնը իբրեւ վարդապետ Հայց. Եկեղեցւոյ, մեր նիւթին վերաբերեալ հատուածին մէջ կ'ըսէ.
       -«Եթէ ձեզմէ մէկը ըսէ. ասկէ յառաջ բազում առաջնորդներ ու վարդապետներ կային մեր քով, ինչո՞ւ համար անոնք չյանդիմանեցին մեզ ու չուղղեցին եթէ թիւր էինք։ Ասոր կը պատասխանենք թէ իրօք այս կողմեր կային ճշմարիտ, բանիբուն եւ ուղղափառ վարդապետներ… բայց անոնք չէին գիտեր այս «որոշեալ» (նզովեալ ) կաթողիկոսներու մասին թէ ի՞նչ էր գործին վնասը եւ չարիքին մեծութիւնը, եւ ոչ թէ անհոգութեամբ չխրատեցին կամ աչառութիւն ըրին ազգական եւ ծանօթ ըլլալուն համար. այլ, ըստ իս, երեք պատճառով. նախ կը լսէին այն դառն թիւրութիւնը որ ետքէն մտաւ Սիս , երբ երկաբնակներ եկան հոն եւ սկսան պահքի մէջ ձուկ ուտել եւ գինի խմել, եւ եկեղեցւոյ կարգը այլափոխել։ Երկրորդ. երբ անոնց նուիրակները Արեւելք կուգային, իրենց ծոյլ, պղերգ, շուայտ, գինով, սնապարծ, փառամոլ, եւն. վարքով կը գայթակղեցնէին եւ ոչ թէ կը շինէին։ Երրորդ. մեր ժամանակներուն մէջ կը տեսնենք թէ մէկ վիճակի վրայ երկու եպիսկոպոսներ կուգան. վերջինը կը նզովէ առաջինին հնազանդողները, առաջինն ալ` վերջինին հետեւողները, եւ ասոր հետեւանքն են կռիւներ, խռովութիւններ, իսլամներուն («յայլազգիս ») երթալ իյնալ, չարախօսել, սպանութիւն, եւ ուրիշ թերութիւններ։ Երբ նախկին սուրբ հայրեր եւ իմաստուն վարդապետներ այս անկարգութիւնները կը տեսնէին Կիլիկիոյ մէջ, թոյլ կուտային կաթողիկոսներուն, եւ նախ Աղթամարին, «որիշ լինել ». այսպէս մեր «րաբունապետն » Յովհան Որոտնեցի. եւ այս պատճառաւ ես երկիցս մեղադրանքի նամակ գրեցի Կոստանդին կաթողիկոսին. եւ Կարապետ կաթողիկոսն ալ կ'ուզէր Աթոռը փոխել ոչ թէ Աղթամար, այլ Աղուանք, որ ճշմարիտ կաթողիկոսութիւն է եւ սուրբ աթոռն է Գրիգորիսին, եւ Սուրբ Արիստակէսի Աջը, սուրբ Գեղարդը եւ ուրիշ շատ մը սրբութիւններ հոն են։ Բայց երբ անոնցմէ չքմեղանքի նամակներ կուգային եւ ուխտ երդում կ'ընէին, գործը կը խափանուէր։ Եւ ես կը կարծեմ որ այս պատճառաւ առաջին կաթողիկոսներ թոյլ տուին որ մնայ Աղթամարայ կաթողիկոսութիւնը, թեեւ անպատշաճ էր. բայց հիմայ այսպէս գայթակղութիւններ Սիսէն վերցած եւ Աղթամար փոխադրուած են, եւ ինչպէս որ գիտէք, ասոնցմէ աւելի ուրիշ շատ մը գայթակղութիւններ ալ»։
      
       Նկատի առնելով Մեծոփեցիին, Վիրապեցիին եւ Տաթեւացիին յառաջ բերած բոլոր պատճառները, որոնք հարկադրած են Ս. Էջմիածնի աթոռին վերանորոգութիւնը, զանոնք կրնանք վերածել երկու գլխաւորներու.
       Ա. -Կիլիկիոյ աթոռին անկումը կաթոլիկ ազդեցութեան տակ։
       Բ . - Հոգեւոր իշխանութեան մէջ կանոնական ու վարչական զեղծումներ։
       Այս երկու պատճառներ պէտք եղածին չափ կանոնագիտական արժէք մը կը ներկայացնեն եւ կրնային ոտքի հանել արեւելեան վարդապետները, հայոց կաթողիկոսութիւնը փրկելու համար այդ միջավայրէն եւ դնելու համար զայն բուն հայկական եւ հայացի միջավայրի մը մէջ։
       Լատին ազդեցութեան պատճառները զուտ քաղաքական էին, այսինքն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չէր կրնար Կիլիկիոյ արքունիքին քաղաքական ազդեցութենէն զերծ մնալ։ Այն կաթողիկոսներ եւ եկեղեցականներ, որոնք հակառակեցան լատինասէր թագաւորներու քաղաքական ուղղութեան, հալածուեցան։ Այս մասին արդէն խօսած եղանք վերագոյն, երբ վերլուծեցինք այդ խնդիրը։
       Եկեղեցւոյ վերին վարչութեան մէջ տիրող անկարգութիւններուն ու զեղծումներուն վերլուծումներն ալ ըրինք եւ ցոյց տուինք թէ ատոնք միայն Կիլիկիոյ յատուկ երեւոյթներ չէին, այլ, դժբախտաբար, այդ էր կացութիւնը, այն տարիներուն, ոչ միայն Հայաստան աշխարհի մէջ, այլ նաեւ բովանդակ քրիստոնէական երկիրներու մէջ։ Եւ եթէ ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը ինկած էր Կիլիկիոյ մէջ, չկրցաւ բարձրանալ Էջմիածնի մէջ այն իմաստով ու կերպով որ կ'երեւակայուէր Տաթեւացիներու եւ Մեծոփեցիներու մտքին մէջ։ Պահ մը մէկդի թողլով մարդկային ամէն տկարութիւն անոնց խորհուրդներուն եւ գործերուն մէջ, ես շատ բարձրէն` կը նայիմ անոնք գործունէութեան վրայ եւ կը հաստատեմ անվերապահ կերպով թէ անոնց կը փափաքէին հայոց կաթողիկոսութեան տալ անոր լուսաւորչեան փառքն ու հմայքը, անոնք կ'երազէին տեսնել Էջմիածնի վերանորոգ Աթոռին վրայ Լուսաւորչեաններէն ետքը Սահակներ, Յովսէփներ, Գիւտեր , Մանդակունիներ, Բաբգէններ, Շնորհալիներ, եւ ո՛չ թէ Վիրապեցւոյն Աթոռը յափշտակող Ջալալբէկեաններ, որոնց նմանները դժբախտաբար պակաս չեղան Էջմիածնի Աթոռին վրայ, յանձին Դաւիթ-Մելքիսէդներու եւ Կարբեցիներու։
       Էջմիածնի աթոռը իրական եւ տեւական կարգուկանոնի տակ չկրցաւ մտնել մինչեւ ռուսական տիրապետութեան թուականը։ Ամէն տեսակ անկարգութիւն եւ զեղծումներ տեղի ունեցան Էջմիածնի Աթոռին վրայ, Վիրապեցիէն անմիջապէս ետքը, եւ ինքն Վիրապեցին առաջին զոհը եղաւ այդ տխուր իրականութեան։ Մէկէ աւելի կաթողիկոսներ մէկ աթոռի վրայ Էջմիածնի մէջ, հայոց կաթողիկոսական պատմութեան ամէնէն աւելի յուսահատական երեւոյթներէն մէկն է, որչափ ալ անվերապահ բարեացակամութեամբ եւ քննադատական անաչառութեամբ ուզենք այդ յուսահատեցուցիչ երեւոյթին պատճառները արդարացնել։ Իրօք Մուսաբէկեանէն վերջն ալ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռին վրայ ալ պատահեցաւ որ երկու կաթողիկոսներ գտնուին, բայց գայթակղութիւնը շատ սաստիկ եղաւ Էջմիածնի Աթոռին շուրջ։ Յետոյ, Սիսի եւ Հալէպի Աթոռներուն գոյութիւնը, ինչպէս որ յետոյ պիտի տեսնենք մեր պատմութեան ընթացքին, գոնէ երեւոյթները կը փրկէր. վասն զի յաճախ Սիսի անապահով դիրքը եւ Հալէպի ապահովութիւնը, պատճառ եղած են Հալէպի Աթոռին վրայ կաթողիկոս մը տեսնելու։
       Պահ մըն ալ շատ աւելի ետեւ երթալով, պիտի ըսենք որ այս բոլոր դժբախտութեանց պատճառը մեր ազգային բախտն է. այսպէս ըսենք ժողովրդական փիլիսոփայութեամբ։ Վասն զի Հայց. Եկեղեցին եւ անոր նուիրապետութիւնը մեր ազգային կեանքէն դուրս եւ անոր օտար երեւոյթներ չեն։ Մեծն Սահակի եւ Գիւտի պէս կաթողիկոսներու իշխանութեան վրայ իշխանութիւն ունէին Սասանեան Շահնշահներ, եւ մեր ներքին կեանքին մէջ ալ, հայ թագաւորներ եւ իշխաններ, իրենց իշխանական ազդեցութեան ենթարկեցին մեր կաթողիկոսները, եւ աղտոտ ու գռեհիկ միջոցներ գործածելէ ալ չքաշուեցան աննկուն նկարագիրները նուաճելու համար ի շահ իրենց քաղաքականութեան եւ նոյն իսկ իրենց անհատական կիրքերուն եւ նախասիրութիւններուն համար։ Կիլիկիոյ հայկական իշխանութեան ընթացքին ալ մեր հայ թագաւորներ, որոնց վերջին դէմքերը լատինացած էին բոլորովին, նուաճեցին Հայց. Եկեղեցւոյ կաթողիկոսները իրենց պետական հաշիւներու եւ շահերու ճնշման ներքեւ, եւ աննուաճելի դէմքերը գահազուրկ ըրին, հակառակ եկեղեցական ու կրօնական սկզբունքներու, եւ վերջապէս Հռոմը սիրաշահելու համար, իբրեւ պետական ոյժ եւ դաշնակից զօրութիւն, զոհեցին Հայց. Եկեղեցւոյն շահերը, եւ այս քաղաքականութեամբ, ինչպէս որ Օրմանեան մատնանիշ կ'ընէ ուժգին շեշտով մը, վտանգեցին նոյն իսկ հայ թագաւորութիւնը. վասն զի Սիսի դարպասը ո՛րչափ մտերմացաւ Հռոմի հետ, այնքան կատղեցուց իսլամ Եգիպտոսը, որու հարուածներուն ներքեւ էր որ ջախջախուեցան Կիլիկիոյ թագաւորական եւ կաթողիկոսական գահերը։
       Եւ երբ մենք միայն երկու գլխաւոր կէտերու մէջ ամփոփեցինք 1441ին Էջմիածնի աթոռին վերահաստատութեան համար ժամանակակիցներուն յառաջ բերած բազմաթիւ պատճառները, ատոնց խորքը կայ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան քաղաքական մեծ սխալը, որ պատրաստեց իր իսկ անկումը։ Մէկ խօսքով կարելի է արտայայտել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անկումը 1441էն յառաջ, այսինքն՝ հայոց կաթողիկոսութիւնը պարզապէս զոհ եղաւ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան լատինամոլ քաղաքականութեան։ Իրական պատճառը ա՛յս է անկումին, բոլոր մնացածները բնական հետեւանքներն են անկեալ վիճակին ։