Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կարելի չէ հաստատել թէ Մուսաբէկեանի եւ Վիրապեցիի յաջորդներուն ժամանակ խնդիրներ յուզուած չըլլան երկու աթոռներու միջեւ, քանի որ Սիս իր իրաւասութեան ներքեւ պիտի պահէր Կիլիկիոյ սահմանակից հայաբնակ երկիրները. իսկ Էջմիածին, իբրեւ աթոռ ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, իր իրաւասութեան ներքեւ պիտի հռչակէր Կիլիկիոյ սահմաններէն դուրս այս երկիրները։ Դժբախտաբար ժամանակը մեզի զլացեր է երկու աթոռներու յարաբերութեանց վերաբերեալ վաւերագիրներ 1441էն ետքը մինչեւ Կիլիկիոյ Սիմէոն Բ. (1633-1648) եւ Էջմիածնի Փիլիպպոս Ա. (1633-1655) կաթողիկոսներու ատեն, այսինքն` գրեթէ 200 տարիներու ընթացքին մէջ չենք գիտեր թէ ի՛նչպիսի անցուդարձեր տեղի ունեցան երկու աթոռներու միջեւ։
       Բայց Կիլիկիոյ Սիմէոն Բ. կաթողիկոսէն Էջմիածնի Փիլիպպոս Ա. կաթողիկոսին գրուած թուղթ մը կամ նամակ մը, իր շատ կարեւոր բովանդակութեամբ, լոյս կը սփռէ երկու աթոռներու մէջ յուզուող խնդիրներու վրայ։
       Այս թուղթը, որ պատմական մեծ արժէք մը ունի, բաւական տարածուած է իբրեւ ձեռագիր, իր կարեւորութեան համար։ Իսկ, իմ ծանօթութեան սահմանին մէջ, առաջին անգամ տպագրութեամբ հրատարակուած է Զմիւռնիա, Արեւելեան Մամուլի 1890, Հոկտեմբեր , Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր թիւերուն մէջ։
       Իսկ երկրորդ անգամ 1904ին հրատարակեց զայն Ս. Էջմիածնի միաբան Յուսիկ եպիսկոպոս, ուսումնասիրութեան ձեւով, նախ Արարատ Ամսագրի մէջ եւ յետոյ արտատպելով զայն առանձին տետրակով, «Ս. Էջմիածնի կառուցման 1600 ամեակի առիթով » եւ կրկին խորագրով. «Ա. Հայրապետական Աթոռի մասին համառօտ տեսութիւն. Բ. Թուղթ Սիմէօնի Սսոյ Կաթուղիկոսի առ Փիլիպպոս Էջմիածնի Կաթուղիկոս (Վղրշպտ. տպ. Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, 1904), առանց լուր ունենալու Ա. Մամուլի հրատարակածէն։
       Յուսիկ եպս. ին հրատարակած օրինակը , համեմատութեան առնուած ուրիշ օրինակներու հետ, բաղդատելով Ա. Մամուլի հրատարակութեան հետ, կը տեսնենք թէ բաւական տարբերութիւններ կան Ձեռագիրներու մէջ։ Մենք աչքի առջեւ ունենալով Ա. Մամուլի եւ Յուսիկ եպիսկոպոսի հրատարակութիւնները, վերահաստատեցինք Սիմէոն կաթողիկոսի թուղթը` գրչագրական մերթ դիտումնաւոր մերթ պատահական փոփոխութիւնները եւ սխալները շտկելով, եւ այդ վիճակին մէջ է որ կը հրատարակենք զայն երրորդ անգամ ըլլալով այս գլխուն վերջը։
       Այս վաւերագիրը, դարձեալ իմ ծանօթութեան սահմանին մէջ երեք անգամ առարկայ եղած է ուշադրութեան, նախ, Իզմիրլեան Մատթէոս եպիսկոպոսի (յետոյ կաթողիկոս ) կողմէն իր ծանօթ գործին մէջ, որուն վրայ խօսեցանք մեր աղբիւրներու քննութեան առթիւ. երկրորդ Յուսիկ եպիսկոպոսին կողմէն, իր վերոյիշեալ հրատարակութեան մէջ. եւ երրորդ` Օրմանեանի կողմէն` իր Ազգապատումին մէջ։ Իսկ այս երեքին մէջ Իզմիրլեան առանց թուղթը վերլուծելու կ'որակէ զայն «կարի յանդուգն չեմ կամիր ըսել լրբենի, լեզուաւ գրուած պատասխան մը » ուղղուած Փիլիպպոս կաթողիկոսին. իսկ անկնարկելով Ա. Մամուլի, որ հրատարակած է զայն, շեշտելով թէ անոր «պատմական մեծ արժէքն անուրանալի է », կը մեղադրէ ատոր «հրատարակութիւնն », որովհետեւ «ամէն բարեպաշտից եւ ազգասիրաց արդար զայրոյթը կը շարժէ » եղեր (Իզմիր. էջ 437-8)։ Յուսիկ եպիսկոպոս կը բաւականանայ ի մէջ բերելով Իզմիրլեանի որակումը (Յուսիկ, էջ 50)։ Օրմանեան կը վերլուծէ Սիմէոնի նամակը (Ազգպտմ. 2444-53), բայց քաշքշելով եւ ո՛չ թէ պատմագրի լրջութեամբ եւ անաչառութեամբ։
       Մենք պիտի ընենք այդ լուրջ վերլուծումը Սիմէոն կաթողիկոսի թուղթին. վասն զի լուրջ վերլուծման եւ անաչառ քննադատութեան շնորհիւ է որ մէկ կողմէն պիտի պարզուին երկու աթոռներուն մէջ յուզուած կնճռոտ խնդիրներ, իսկ միւս կողմէն պիտի ծանօթանանաք պատմական կարգ մը նոր դէմքերու եւ շարք մը նոր դէպքերու, որոնք կարեւոր են պատմութեան համար, եւ միանգամայն լոյս պիտի սփռեն երկու աթոռներու ներքին կեանքին վրայ։
       Կիլիկիոյ Սիմէոն կաթողիկոսը այս թուղթը գրած է իբրեւ պատասխան Փիլիպպոս կաթողիկոսի կողմէն գրուած «ընդհանրական քարտէս եւ նամակ»ին։ Դժբախտաբար մեզի չէ հասած Փիլիպպոս կաթողիկոսին գրածը, որ գիտնայինք թէ ի՛նչպիսի ոճով ու շեշտով գրուած էր ան, որ Սիմէոն ստիպուած է փոխարինել զայն այնպիսի սաստկութեամբ կամ Ա. Մամուլի խմբագրապետին որակումին համեմատ ազատ ոճով եւ պարզ լեզուով, որ պէտք է խոստովանիլ թէ անվայել է կաթողիկոսներու համար` որչափ ալ իրաւացի եղած ըլլան վեհափառներուն դիտողութիւնները իրարու դէմ։
       Ամէն պարագայի մէջ շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր բովանդակութիւն մը ունի Սիմէոնին այս թուղթը, որ այլապէս ուշագրաւ է իր լեզուի կողմէն ալ, իսկ արտայայտութեանց համարձակութիւնը ո՛չ միայն Սիմէոնին նկարագիրը կը ցոլացնէ, այլ թերեւս ժամանակին բարքերն ալ։ Շատ հաւանական էր որ Փիլիպպոսին ոճն ու շեշտը տեղի տուած ըլլան Սիմէոնի շատ համարձակ դիտողութիւններուն, իբրեւ հաւասար աստիճանաւորէ մը իր հաւասարին ուղղուած, ենթադրելով որ Փիլիպպոս իբրեւ ընդհանրական կաթողիկոս ամենայն հայոց շատ վերէն նայած ըլլայ Սիմէոնի վրայ, առանց հաշուի առնելու անոր մտայնութիւնը իր անձին ու պաշտօնին նկատմամբ եւ անոր խառնուածքը իբրեւ մարդ, եւ հեգնոտ ու արհամարհոտ սլաքներ նետելով Սիմէոնի, ինչպէս կ' երեւի Սիմէոն եւ Սիմոն անուններու վրայ իր փորձած անճահ ու անիմաստ բառախաղէն։
       Փիլիպպոս կաթողիկոս Էջմիածնի աթոռին հոյակապ դէմքերէն մէկն է. երիտասարդ, եռանդուն, անխոնջ, անբասիր , հաւատացեալ, բայց նաեւ բաւական անփորձ աշխարհի քաղաքական կեանքին դարձուացքներուն, անյպէս որ երբ բազմեցաւ կաթողիկոսական աթոռը, կարծեց թէ ինքն կարող է պատմութեան տալ իր ուզած ընթացքը։ Նոյն իսկ նկատի չառաւ թէ ինքն կը գտնուէր Պարսիկ տիրապետության ներքեւ , իսկ Սիմոն` Օսոանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ։ Այս փափուկ կէտը Փիլիպպոսէն ետքը իր յաջորդներն ալ չկրցան դիտել, նոյն իսկ Գէորգ Դ ., որ ռուս կայսրութեան մէջ, երբ Պօլօժէնիով չափուած ձեւուած էին իր կաթողիկոսական իշխանութեան գործառնութիւննները եւ Էջմիածնի աթոռին վարչութիւնն ու տնտեսութիւնը, զարմանալի խնդիրներ յուզեց եւ յաւակնութիւններ տածեց Կ. Պոլսի Պատրիարքության, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի կաթողիկոսութեանց հանդէպ։ Եւ անդին Կիլիկիոյ աթոռին վրար գտնուեցաւ Քէֆսիզեան Մկրտչի պէս Գէորգ Դ. էն աւելի յանդուգն կաթողիկոս մը, որ ի դերեւ հանեց համաձայնութեան ամէն փորձ, ճիշտ այն պատճառաւ որ երկու աթոռներ իրարմէ տարբեր եւ իրարու թշնամի երկու պետութիւններու դրօշներու ներքեւ էին։ Կաթողիկոսական երկու աթոռներուն իրարմէ հեռաւորութիւնը եւ միջավայրերուն տարբերութիւնը այնպիսի կարեւոր ազդակներ էին որ նոյն իսկ Օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ գտնուող երկու եպիսկոպոսներ ուզեցին Օսմանեան երկրի մէջ բնակող հայութեան համար առանձին կաթողիկոսութիւն մը ստեղծել, առանց դպչելու Կիլիկիոյ աթոռին. ասոնցմէ մէկը Սահակ Գառնեցի, որ պահ մը աթոռակից կաթողիկոսութեան համը առած էր Էջմիածնի տառապեալ եւ անկարգ մէկ շրջանին, Տաթեւացի Մովսէս կաթողիկոսի ատեն (1629-1632), ձեռնարկներ ըրաւ Օսմանեան հայոց համար կաթողիկոսական աթոռ հաստատել Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ, բայց ի դերեւ ելան իր ջանքերն ու ծախքերը, մինչ Եղիազար Եպիսկոպոս յաջողեցաւ կաթողիկոս ձեռնադրուիլ Հալէպի մէջ Կիլիկիոյ Խաչատուր կաթողիկոսէն 1664ին եւ իր աթոռը հաստատեց Երուսաղէմ, Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքին մէջ, եւ այս գայթակղութիւնը մէջտեղէն վերցնելու համար Եղիազար Էջմիածին հրաւիրուեցաւ Յակոբ Ջուղայեցիի (1655-1680) վախճանումէն ետքը եւ շատ օգտակար եղաւ Ս. Աթոռին իր խելացի եւ խիզախ գործունէութեամբ (1682-1691)։
       1764ին ալ Կ. Պոլսի մէջ վախ կար որ Երեւանցի Սիմէոն Կաթողիկոսի յաւակնութեանց հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան հայութիւնը յարէր Կիլիկիոյ Աթոռին, ըստ վկայութեան Կ. Պոլսի Պատրիարաք Պասմաճեան Գրիգոր Վարդապետի։
       Երեւանցի Սիմէոն կ'ուզէր իրեն փոխանորդ մը հաստատել Կ. Պոլսի մէջ յանձին Աբրահամ եպիսկոպոսի, եւ այս կերպով հսկել թէ ' Կ. Պոլսի Պատրիարքին եւ թէ՛ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին վրայ, որպէսզի սա՛ իր թեմերէն դուրս չելլէ։
       Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող Արեւելցի Հայք (Պարսկաստանցի, Ջուղայեցի ) կողմնակից էին Սիմէոնի, իսկ ամիրայք եւ իշխանք հակառակ էին ասոր։
       Պատմաճեան երկու տողի մէջ կը խտացնէ երկպառակութեան հաւանական հետեւանքը.
       -«Զի կամ ամենեւին արեւելեան սեւագլուխք չի պիտիր հանդիպին ի սորա սահմանս, եւ կամ Սըսայ Կաթողիկոսն բոլոր մէմալիքի մահրուսէին տիրելոց է»։
       Փիլիպպոս Սիմէոնի հետ չափուելէ ետքը միայն զգաց թէ յանդիմանական ու հեգնական նամակներով չէ որ պիտի կրնար յարգել տալ իր հայրապետական հեղինակութիւնը, եւ հետեւաբար զիջաւ անձնական տեսակցութեամբ հասկցողութեան մը գալ Սիմոնի յաջորդ Ներսէս Կաթողիկոսին հետ, Երուսաղէմի ժողովով։ Այդ ժողովը, որու մասին պիտի խօսինք յաջորդ գլխի մէջ, կրնար տեղի ունենալ Սիմէոնի ատեն, եթէ Փիլիպպոս հեռատեսութեամբ ձեռնարկէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հմայքն ու հեղինակութիւնը տարածել եւ հաստատել երկրագնդին բոլոր հայութեան վրայ։ Բայց ինչպէս Սիմէոն սրամտօրէն դիտել կուտայ Փիլիպպոսին թէ «Երեւանը շինեցիր ու կառավարեցիր եւ այս երկիրը մնաց »։ Երկուքն ալ, Սիմէոն եւ Փիլիպպոս, միեւնոյն տարին կաթողիկոս եղան, եւ Փիլիպպոս ուզեց իր ոյժը փորձել Կիլիկիոյ կաթողիկոսին վրայ, բայց դժուար էր մէկ հարուածով եւ վիրաւորիչ թուղթով կամք պարտադրել Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, որ իր աթոռին պատմութեան ու աւանդութիւններուն վրայ կռթնած, անսպասելի պատասխանով մը ապշութեան մատնեց զայն։
       Այս է Սիմէոն կաթողիկոսի թուղթին հոգեբանութիւնը։ Վերլուծենք այժմ ատոր բովանդակութիւնը, որպէս զի ուղղակի գաղափար կազմենք երկու աթոռներու ձգտումներուն եւ ատոնց յարաբերութեանց վրայ։
       1. - Թղթիս խորագիրը միեւնոյն չէ մեր առջեւ գտնուած օրինակներու մէջ, անշուշտ բնագրական ալ չէ որ նոյնութեամբ պահուած ըլլար։ Շատ հաւանական է որ ընդօրինակողներ խորագրած ըլլան։ Ա. Մամուլի օրինակն ունի. Թուղթ ի Տանէն Կիլիկիոյ Տ. Սիմէօնի Կաթողիկոսի ամենայն Հայոց ի պատասխան թղթոյն Տ. Փիլիպպոսի Կաթողիկոսի Վաղարշապատու։
       Յուսիկ եպիսկոպոսի հրատարակութեան համեմատ Վեննայի Մխիթարեանց օրինակն ունի. «Պաշտպանութիւն իրաւանցն Սրբոյ աթոռոյ Տանն Կիլիկիոյ։ Թուղթ Տեառն` Սիմէօնի ամենայն Հայոց Կաթուղիկոսի Տանն Կիլիկիոյ, պատասխանի թղթոյն` զոր առաքեաց Փիլիպպոս Կաթուղիկոսն Վաղարշապատու»։ Իսկ ինքն Յուսիկ եպիսկոպոսի օրինակին համեմատ «Թուղթ Սիմէօնի Սսոյ Կաթուղիկոսի առ Փիլիպպոս Էջմիածնի Կաթուղիկոս»։
       Այս տարբեր խորագիրներ, ո՛րչափ ալ բնագրական եղած չըլլան, ինքնին շատ նշանակալից են Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն ձգտումները մատնանիշ ընելու համար` հանդէպ Էջմիածնի։
       2. - Իսկ թուղթին սկսուածը կամ մուտքը այնքան յստակ եւ կտրուկ է որ չի կարօտիր մեկնութեան։
       Սիմէոն երեք եկեղեցիներէ, Լուսաւորչի Աջէն եւ ուրիշ աջերէն ողջոյններ կ'ուղղէ Փիլիպպոսին։ Այդ երեք եկեղեցիներն են Ս. Էջմիածին, Ս. Սոփիա եւ Ս. Աստուածածին։
       Սիսի եկեղեցիներուն երկար եւ հոյակապ ցանկին մէջ Սուրբ Սոփիա եղաւ Մայրաքաղաքին կաթողիկոսանիստ եկեղեցին կամ Մայր եկեղեցին։ Կ. Պոլսի Յուստիանոսեան Ս. Սոփիան, իբրեւ հոյակապութեան տիպար եղած էր Արեւելքի Մայր եկեղեցիներուն համար, ինչպէս որ դիտել կուտայ Ալիշան. թէեւ մենք կը տեսնենք Կիլիկիոյ Պատմութեան մէջ, կաթողիկոսներ Սիսի ուրիշ եկեղեցիներն ալ աթոռանիստ ըրած են։ Խնդիրը այն է հոս որ Սիմէօն Սիսի փառաւոր եւ բազմաթիւ եկեղեցիներէն երեքը միայն կը յիշէ. եւ ասիկա ցոյց կուտայ թէ միւսները մասամբ կործանած կամ հանգչած էին եւ կամ խարխլած եւ վտանգաւոր համարուած բնակութեան համար։ Եւ այս երեք եկեղեցիներէն ալ Ս. Սոփիա վերջին անգամ նորոգուած ըլլալով Մեծն Կիրակոսէն 1824ին, կը մնար միակ կանգուն յուշարձանը Կիլիկիոյ երբեմնի պանծալի Մայրաքաղաքէն, մինչեւ որ ան ալ սրբապղծուեցաւ 1915ին թիւրքերու ձեռքով։ Աւելի ուշագրաւ է Էջմիածինը, որ ըստ ոմանց շինուած է Լեւոնի . ) տիրանալէն յառաջ, Ս. Աստուածածնի հետ. եւ ըստ Ալիշանի, թերեւս պիտի ըլլայ Կաթողիկէ փոխանակ Էջմիածնի (Սիսուան. 222 հմմտ. 538)։ Պապական նուիրակ Լէոնարտայ, որ 1586ին այցելած էր Սիս, այսինքն` Սիմէոն Կաթողիկոսէն 47 տարի յառաջ, 12 եկեղեցի եւ մատուռ յիշատակած է, իսկ ուրիշ այցելու մը Ազարիա Ֆրիտոն, անկէ քանի մը տարի ետքը, 14 եկեղեցի համրած է, մէջն ըլլալով Ասորոց երկու եկեղեցիներն ալ։ Այս երկու օտարականներն ալ հայոց 12 եկեղեցիներուն մէջ երկուքը գլխաւորներէն նկատած են, այսինքն Ս. Փրկիչն եւ Ս. Սոփիան, իսկ Ս. Փրկիչը, ըստ Ալիշանի, անշուշտ է նոյն ինքն Էջմիածին, երկուքն ալ հաստակառոյց, բարձրաբերձ եւ բերդանման։ Էջմիածին կամ Կաթուղիկէ իր ճարտարապետութեամբ կը նմանի եղեր Երուսաղէմի Ս. Յակոբին (Սիսուան, 538)։
       Արդ, դիպուածական բան մը չէ Սիսի մէջ Էջմիածին անունով եկեղեցիի մը կառուցումը։ Կիլիկեցիք ուզած են հայոց կաթողիկոսութեան առաջին Աթոռանիստ եկեղեցին վերահաստատել Կիլիկիոյ Մայրաքաղաքին մէջ, իբրեւ յիշատակարան Մայր Հայրենիքի նշանաւոր սրբավայրին, որ 1441էն յետոյ պիտի ծառայէր ըսելու Սիսի կաթողիկոսներուն թէ ոչ միայն Հայոց կաթողիկոսական աթոռը Սիս հաստատուած է, այլ նաեւ նոյն ինքն Էջմիածինը ։ Եղիազար կաթողիկոս, զոր յիշեցինք վերեւ, երբ ինքնիրեն կաթողիկոսութիւն մը ստեղծեց Թիւրքիոյ Հայոց անունով, առանց դպչելու Կիլիկիոյ աթոռին, Ս. Յակոբին հարաւային պատին կից շինեց նաեւ եկեղեցի մը Էջմիածին անունով, ուզելով որ եթէ Էջմիածին մը անհրաժեշտ է կաթողիկոսական աթոռի մը վաւերականութեան համար, ահա՛ Էջմիածին մը հո՛ս ալ, Երուսաղէմի մէջ։ Եղիազարի կանխամտածութիւնը չունէր Մեծն Լեւոն երբ կը շինէր Էջմիածինը, վասն զի այն ատեն Հայոց կաթողիկոսներ Կիլիկիոյ սահմաններուն մօտ էին, բայց Սիսի մէջ չէին. կը թափառէին Տլուքի եւ Քեսունի ամրոցներուն մէջ, մինչեւ որ Գրիգոր Պահլաւունի տիրացաւ Հռոմկլայի, եւ այս նշանաւոր բերդին անկումէն ետքն է որ (1292) Սիս եղաւ կաթողիկոսանիստ։ Եղիազարին գիւտը ծիծաղելի էր թէ՛ իբրեւ յղացում եւ թէ՛ իբրեւ շէնք. որովհետեւ Ս. Յակոբին կցուած աւելի ճիշտը` կցկցուած շէնքը գոնէ իբրեւ ճարտարապետական գործ ոեւէ արժէք չունի, եւ ընդհակառակն ծառայած է Ս. Յակոբի Տաճարին գեղեցկութիւնը եղծելու։
       Ուրեմն Կիլիկիոյ Սիմէոն կաթողիկոսին մտքին մէջ, կրնանք ըսել թէ, Կիլիկիացած Էջմիածնի մը յաւակնութիւնը կար երբ շատ վերերէն փոխարինելով Փիլիպպոսի նոյնքան յաւակնոտ գրուածը, անոր կ'ուղղէր իր սլաքները։
       3. - Սիմէոնի թուղթի մուտքին մէջ ուշագրաւ են նաեւ Տանս Կիլիկիոյ եւ Կաթողիկոս ամենայն Հայոց եւ Պատրիարք Սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղիմայ բացատրութիւնները։
       Տուն բառը, որ իր մէկէ աւելի սահմաններուն մէջ, ազգ կամ ցեղ իմաստն ալ ունի, չեմ գիտեր թէ ե՞րբ սկսուած է Կիլիկիոյ համար գործածուիլ, դարձեալ չեմ գիտեր թէ Սիմէոն կաթողիկոս եւ իր նախորդներն ու յաջորդները, «Տանս Կիլիկիոյ » ըսած ատեն ի՞նչ կը հասկընային եւ կ'ուզէին հասկըցնել ։ Դիտուած է որ Ասորերէնի մէջ Տուն կը նշանակէ գաւառ, երկիր. եւ երբ այսպէս Ասորիք կ՚ըսէին Տուն Հոռոմոց կը հասկընային Հռոմէական պետութեան երկիրները, եւ անձուկ մտօք ալ «Հռոմէական պետութեան Տիգրիսէն ասդին եղած սահմանակողմունք, ուստի եւ ի մասնաւորի Ասորիք » եւ այլն (Ազգ. Մտնդրն. Ի. 24-25)։ Ուրեմն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ ալ Տուն ըսելով պէտք է հասկցած ըլլային Կիլիկիա գաւառը կամ երկիրը, կամ աւելի ճիշտը` ո՛չ միայն անձուկ մտօք Կիլիկիան, այլ նաեւ Կիլիկիոյ կամ Սիսի կաթողիկոսութեան ենթարկուած վիճակները կամ թեմերը այսինքն` Մեծ Կիլիկիա մը, եւ այս հասկըցողութեամբ ինքնին ընդունած եւ հաստատած պիտի ըլլային նաեւ թէ իրենք բոլոր աշխարհի հայութեան վրայ հոգեւոր իշխանութիւն չունին Էջմիածնի «ընդհանրական» կաթողիկոսին պէս, այլ միայն Մեծ Կիլիկիոյ կամ Կիլիկիոյ մեծ Տան վրայ։
       Տարակոյս չկայ որ այն ատեն «Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց » բացատրութիւնը կը մնայ աւելորդ կամ հակասական։ Այս խնդիրը, որ Գէորգ-Մկրտիչ կաթողիկոսներուն վէճերուն մէջ այնքան աղմուկ հանեց, ըստ ինքեան ոչինչ ունի հակասական. վասն զի Ամենայն Հայոց կ'ակնարկէ միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն սահմաններուն մէջ գտնուող Հայոց։ Բայց Սիմէոնի թուղթին ոգին այսպէս չէ. նա երբ ինքզինքը կ'անուանէ կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Փիլիպպոսը կը կոչէ «Կաթողիկոս Հայոց»։ Բայց քանի որ ամենայնը չկայ Յուսիկ եպիսկոպոսի օրինակին մէջ, կարելի է ըսել թէ ուղղակի Սիմոն կաթողիկոսի գրչէն չէ այդ, այլ վերջէն յաւելուած մը։
       Արդէն, առանց «Ամենայն Հայոց» ըսելու ալ, Սիմոն կաթողիկոս իր աթոռին առաւելութիւնը մատնանիշ կ'ընէ իբրեւ պատրիարք Երուսաղէմի, եւ այդ առաւելութիւնը յետոյ պիտի շեշտէ մասնաւոր խնամքով իր թուղթի ընթացքին մէջ։
       Վերջապէս շատ յստակ է Սիմոն կաթողիկոսի թուղթի ոգին, այսինքն` նա շատ լաւ կը հասկըցնէ թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը իր ձեռնադրութեան իրաւունքով ու արդիւնքով հաւասար է Էջմիածնի կաթողիկոսին, միայն վարչական տարբերութեամբ մը, որով Էջմիածնի աթոռին իրաւասութիւնը կը տարածուի Կիլիկիայէն դուրս աւելի ընդարձակ հայաբնակ երկիրներու վրայ։ Ասիկա կ'ընդունի, բայց չ'ընդունիր այդ իրաւասութիւնը Կիլիկիոյ վրայ։ Այս խնդիրն ալ, որ յետոյ դարձեալ յուզուած է երկու աթոռներու միջեւ, պիտի տեսնենք թէ Երուսաղէմի ժողովին մէջ կը լուծուի Սիմոնի հասկըցողութեան համաձայն, թէեւ Սիմոն վախճանած էր այն ատեն։
       Իսկ «Պատրիարք Սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղիմայ» բացատրութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է. այսինքն թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներն էին Երուսաղէմի բուն պատրիարքները, եւ իրենց կողմէն փոխանորդներ կը նշանակէին Երուսաղէմի մէջ, «Եպիսկոպոս Երուսաղէմի » կամ «Առաջնորդ Երուսաղէմի տիտղոսով. այս մասին պէտք եղած ապացոյցներն ու տեղեկութիւնները տուած ենք յաջորդ Սիս եւ Երուսաղէմ գլխին մէջ։
       4. - Փիլիպպոս իր ԸՆդհանրական քարտէզը եւ նամակը կամ կոնդակը առաջին ակնարկով այնպէս կ'երեւի թէ ուղղած է Կիլիկիոյ բոլոր արմենակոչ խումբերուն, այսինքն ուղղակի ժողովուրդին։
       ԹՈՒՂԹ Ի ՏԱՆԷՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Տ. ՍԻՄԷՕՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԹՂԹՈՅՆ Տ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏՈՒ
       Առ ի վերուստ պատուեալ եւ ի գերագայ Էէն բարգաւաճեալ, հռչակելի եւ հաստահիմն մենաստանէս եւ ի հրեշտակաբնակ խորանացս եւ յերկնանման յօրինեալ գերահռչակ ուխտիցս, գմբէթաշէն եւ սագաշէն Սրբոց Եկեղեցեացս Տանս Կիլիկիոյ` Սըսայ Սրբոյ Էջմիածնի, Սրբոյն Սոփիայ եւ Սրբոյ Աստուածածնի, եւ Սրբոյ Լուսաւորչի Աջոյն եւ այլոց Սրբոց Աջերացն, որք աստ կան հաւաքեալ, եւ ի սոցին սպասաւորէ նուաստ Տէր Սիմէօն Կաթողիկոսէ Ամենայն Հայոց եւ Պատրիարքէ Սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղեմայ, առ հոգեւոր եղբայրդ մեր Փիլիպպոս Կաթողիկոս Հայոց։
       Գիտութիւն լիցի քեզ, որ գրեալ էիր ընդհանրական քարտէս եւ նամակ հանդերձ Տեառնառաք ողջունիւ եւ նոյնաւանդ սիրով առ ամենայն Արմենական խումբսն, որ ի յԱշխարհս Կիլիկիոյ, ի Սիս, եւս իսկ Բերիոյ քաղաքին Գերագահի, ընդհանրաբար համայն սեպհականեալ եւ մասնավիճակեալ բաժնի Աթոռոյն Սսայ, միագումար բնաւից զաւակաց Սրբոն Գրիգորի Լուսաւորչին, եպիսկոպոսաց, վարդապետաց, քահանայից, սարկաւագաց, սրբոց հարց, եւ այլն։
       Նախ գրեալ ես թէ «Յուշ լիցի ձեզ, ո՜վ հետեւողք Առաքելոցն », եւ այլ բերելով վկայութիւն ի Սողոմոնէ թէ «Քանզի հզօր է քան զմահ` սէր, եւ խիստ իբրեւ զդժոխս` նախանձ» (Երգ Երգոց Ը. 6)։ Այո՛, զայս ճշմարտութեամբ ասես. բայց զի՞նչ է կարգ սիրոյ, այսինքն` կրկին են. նախ` խնդրելով սիրելն, իբրեւ զդժոխս նախանձ խիստ է։ Այո՛, ճշմարտութեամբ ասես , եւ այս պակաս է, զի ամենայն որ խնդրէ, պակաս առնու քան զխնդրելին, իսկ երկրոդ սէրն` առանց խնդրելոյ սիրեն, եւ այս գերադրական է, զի Աստուծոյ նմանի, որպէս ասէ առ առաքեալն «ո՛չ զի մեք սիրեցաք զնա, այլ զի նախ նա սիրեաց զմեզ» . Յով. Դ. 10)։ Եւ մտերիմ սէրն այն է, որ գործով խնամէ, եւ մտօք սիրէ. իսկ խնամելն` իբր թէ ողոքանօք խօսի խոնարհութեամբ, զի գո՛ն այնպիսի բանք որ ողոքականք են, սակայն խրտեցուցանեն զմարդ։ Բայց տեսանեմք ի սոցանէ ի քեզ եւ ո՛չ մի, զի հեռի է այս ամենայն ի քէն. զի միայն լեզուաւ տոչորիս վասն առաւել ի սիրոյ, եւ ոսկերք քո վառեալ նախանձու` մշտակէզ առնեն զքեզ։ Ասացեալ ես թէ «հուր սիրոյ ձերոյ տոչորեալ մշտակէզ առնէ զոսկերս իմ յարաժամ փղձկմամբ սրտին, որ ոչ բաւի եւ պատմի քարտիսիւ եւ տոմսիւ. միայն առ Աստուած յայտնի է այս »։ Ահա բանիւ քով դու զքեզ ստես, զի ոչ՛ ի քեզ սիրոյ հուր կայ, եւ ո՛չ տոչորումն եւ ո՛չ յոսկերսդ մշտակէզ այրումն եւ ո՛չ միշտ փղձկիս սրտիւ. վասն զի սէրն ի սրտէ ստիպէ զունօղն, իսկ քո սէրդ ո՛չ ի սրտէ է, եւ ո՛չ հոգեւոր եւ մարմնաւոր։
       Եւ երկրորդեալ ես կրկնաբանութեամբ թէ «քան զմահ հզօր ասացաք զունելութիւն սիրոյ եւ գթոյ, որոյ չիք նմանութիւն յայլ մարմնաւոր իրս »։ Զի՞նչ է քո գութն եւ զի՞նչ է սէրդ առ սոսա. զի սէրն նախ տեսութեամբ է զմիմիանս. երկրորդ` խօսակցութեամբ. երրորդ` երթեւեկութեամբ. չորրորդ` պատգամաւ եւ նամակաւ. հինգերորդ` միջնորդօք։ Արդ` ասա՛ ուրեմն, ո՞րն ի սոցանէ գտանի ի քեզ. զի զսոսա ոչ ես տեսեալ երբեք, եւ ո՛չ ընդիս խօսակցեալ, եւ ո՛չ առ սոսա երթեւեկութեամբ ընթացեալ, եւ ո՛չ պատգամաւ եւ նամակաւ ընդ սոսա սէր արարեալ, եւ ոչ միջնորդօք յորդորեալ վասն սիրոյ եւ գթոյ եւ ո՛չ նամակ քո առ մեզ եկեալ։ Ապա ո՞ւր երեւի քան զմահ սէր եւ գութ քո. եւ ոչ երբեք, այլ շողոքորթել է ողոքելն քո, եւ ո՛չ սէր կամ գութ. զի թէ սէր գոյր ի քեզ եւ գութ` դէպ առ մեզ կամ ի վերայ մեր ժողովրդեանս, նա՛ սիրոյ նամակաւ եւ քաղցր բանիւք յորդորական սէր առաքէիր առ մեզ։ Արդ տակաւին զհամբաւ քո չեմք լուեալ եւ ո՛չ զքեզ տեսեալ եւ ո՛չ յորդորական նամակ քոյ առ մեզ եկեալ։ Բայց տեսանեմ զքեզ վառեալ եւ բորբոքեալ իբրեւ զգեհեան հրոյ, որ այրէ եւ տոչորէ զամենայն նիւթ. զի իբրեւ զհուր է նախանձ քո. տեսանեմ զյօժարութիւն քո, որ կամիս սպանանել եւ կորուսանել զԱրեւմտեանս, բայց ո՛չ ես ձեռնհաս, զի «Եթէ Տէր ի մեր կոյս է, ո՞վ իցէ ի ձէնջ մեզ հակառակ» (Հռոմ. Ը. 31)։ Զի «Տէր ամբարտաւանից հակառակ կայ, տայ շնորհս խոնարհաց» (Առակ. Գ. 34)։
       Դարձեալ, գրեալ ես թէ «Դէտ գոլով մեր, պարտիմք զփրկութիւնն հոգալ հօտին Քրիստոսի, ըստ Առաքելոյն։ Քանզի Յունաց եւ բարբարոսաց իմաստնոց եւ անմտից պարտապան եմ» (Հռոմ. Ա. 14)։ Այո՛, ճշմարիտ է ասացեալքդ. որպէս որ քարոզեցիր յերկրին Լեհաց եւ մինչեւ ցայսօր հրատարակի ընդ ամենայն ազգս, իսկ զայն, որ ի վերոյ գրեալ ես «օրհնութիւն ընդհանրական », զքո ունայն սէրն երեւեցուցեր. որ ցուցանելով զասացեալդ, ասացեալ ես, «երկնչիմ յոմանց դիւրասայթաքաց »։ Ո՞վ է դիւրասայթաքն, զի դու զքեզ դո՛ւ սայթաքես եւ ընդդիմադիր լինիս դու քեզ. վասն զի օրինակ յառաջ բերես յԵսայեայ, «որք յարեն տուն առ տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձեցուցանեն» (Եսայի Ե. 8)։ Արդ զո՞ր տուն յարեցաք առ տուն, եւ զո՞ր ագարակ մերձեցուցաք առ ագարակ։ Աւա՜ղ յիմարութեանդ։ Դուք ընդէ՞ր զԱղուանից տունն յափշտակեցիք, զոր դուք ի ձեր թղթոջ գրեալ էիք թէ ինքնագլուխ Աթոռ է, ի Սուրբ Լուսաւորչէն կարգեալ։ Նոյնպէս եւ զԱղթամարայն ընդ ձերով իշխանութեամբ նուաճեցինք որ ՇԻԶ (526) տարի է, որք ինքնագլուխ Կաթողիկոս են, թէպէտ գիրք կու պարսաւեն։ Տե՛ս ուրեմն, ե՞ս եղայ յարող տուն առ տուն թէ դու, «ուտելով զտուն այրեաց, պատճառանօք երկարել զաղօթս, զի աւելի դատաստան ընդունիցին» (Մրկս. ԺԲ. 40)։
       Դարձեալ գրեալ ես թէ «իւրաքանչիւր ոք յոր կոչումն կոչեցաւ, ի նմին կայցէ . Կրն. Է. 20), եւ իւրաքանչիւր ոք զիւր բեռն բառնալոց է »։ Արդ եթէ գիտես որ «իւրաքանչիւր ոք զիւր բեռն բառնալոց է », ընդէ՞ր ուրեմն դու զայլոց վիճակս եւ զայլոց տունն յափշտակեցեր ըստ վերոյգրեցելոցն` թէ զԱղուանս եւ թէ զայլս։
       Դարձեալ գրեալ ես, «եւ զի թէ իցէ առադրել օրինակս, ոչ իսկ գոյ ոք, որ պատասխանատրեսցէ։ Քանզի անհատն եւ տեսակն ի սեռն տեսանին, եւ ոչ սեռն եւ տեսակն` յանհատն. քանզի ամենայն տեսակ եւ անհատ կենդանի են, բայց ո՛չ ամենայն կենդանի մարդ է. որպէս մասունքն ի հանուրն տեսանին եւ ո՛չ հանուրն ի մասունս »։ Այո՛, այս բանս բազում տեսութիւն ունի, զի դուք այնու մտօք էք գրեալ զայս, թէ մեք առաջին եմք եւ դուք վերջինք, կամ թէ մեք գլուխ` եւ դուք մասունք, զի ասելդ թէ, ո կարէ առադրել սմա պատասխանի, է՛ այնպէս ասել, որպէսթէ զրոյցն ի մեզ։ Այո, այդ այդպէս էր երբեմն. վասն զի առաջին Կաթողիկոսութիւնն ի Սրբոյն Գրիգոր Լուսաւորչէն անտի ըսկիզբն էառ. եւ նստան երկոտասան Կաթողիկոսք մինչեւ ցՅովսէփ ի Վաղարշապատ. եւ փոխեցան ի Դուին, եւ նստան անդ Կաթողիկոսք քսաներեք եւ փոխեցան ի յԱրամոնս եւ նստան անդ Կաթողիկոսք քսան եւ մի եւ փոխեցան յԱնի եւ նստան անդ Կաթողիկոսք երեք, եւ եկեալ Պետրոս Կաթողիկոսն նստաւ ի Սեբաստիա, ի թուին Հայոց ՆՂԵ (=1046), եւ քվերորդին Խաչիկն նստաւ ի Կոկիսոն, հրամանաւ Գագկայ Հայոց թագաւորին, եւ Վկայասէրն` ի Ծամնդաւ` բայց շրջագայութեամբ , եւ Բարսեղ Կաթողիկոսն` կրկին յԱնի, եւ եկեալ յԱղթամար, առ իշխանն Հայոց Վասիլ, վախճանեցաւ. իսկ ի թուականիս Հայոց ՇԿԲ (=1113), ձեռնադրեցաւ Գրիգորիս յԱթոռ հայրապետութեան, եւ եկեալ ի Հռոմկլայն ի վեց հարիւր թուականին հայոց (=1151) եւ նստան ի Հռոմկլայն Կաթողիկոսք տասն որ հարիւր քառասուն եւ մէկ ամ մինչեւ ՉԽԱ թուական Հայոց, (=1292) յորում եկեալ Մսրայ Սուլթանն, Աշրաֆն կոչեցեալ, եւ առեալ զՀռոմկլայն քանդեաց, աւերեաց եւ աւարեաց, եւ ապա եկեալ Աջ Սրբոյ Լուսաւորչին ի Կիլիկիա, որ այժմ ասի Սիս, առ թագաւորն Հայոց երկրոդ Հեթումն, եւ շինեցան Կաթուղիկէ Տաճարն Էջմիածին եւ Սուրբն Սոփիա եւ Ս. Աստուածածին անուանեալքն, ի խորհուրդ այդր եղեալ Եկեղեցեացն։ Եւ ձեռնադրեցին Վարդապետք եւ Եպիսկոպոսունք զԳրիգոր Անաւարզացին Կաթողիկոս. յորոց մին էր Գէորգ Լամբրոնացին. եւ յայնմհետէ մինչեւ ցայսօր կայ հաստատ Հայրապետութիւնն աստ, եւ Սրբոյ Լուսաւորչի Աջն «ի սմա բնակեցաւ, զի հաճեցաւ ընդ սա» (Սղմս. ՃԼԲ. 13-14), եւ եղեւ սա գլուխ, որ է անհատն սեռ եւ առաջինն վերջին, ըստ Աւետարանին (Մտթ. ԺԹ. 30), եւ ըստ Սաղմոսին կցորդին (Սղմս. ՃԾ. ), որ էմասն հանուր։ Եւ յետ ՃԻԹ. (129), տարւոյն, յորում էր թուին Հայոց ՉՃՂ (=1441) անհնազանդ եղեալ ձեր Արեւելեացդ Ս. Լուսաւորչի Աթոռոյն, ձեռնադրեցին ըստ կամաց իւրեանց զԿիրակոս Խորվիրապեցին Կաթողիկոս Ղապալայով որպէս յայտն է ի շարադրութեան Գրիգորի Կեսարացւոյն, ահա՛ այս քեզ պատասխանի։ Ահա՛ եւ եւս ի ձեռագրի իւրում վկայէ հոգելից Հայրն մեր, երիցս երանեալ Րաբուանպետն եւ անյաղթ փիլիսոփայն եւ պայծառ ջահն Եկեղեցւոյ այսպէս։
       «Ես անարժան Գրիգորս, պիտակ անուամբ կոչեցեալ Վարդապետ եւ Պատրիարք, յորժամ ելի ի Կոստանդնուպոլսոյ եւ եկի ի Կեսարիա, եւ հարկ եղեւ ինձ գնալ ի Բերիա, այսինքն ի Հալէպ , վասն նուիրակութեան Սրբոյն Սաղիմայ, զոր յառաջագոյն կամօք եւ միաբանութեամբ Տեառն Ազարիա Կաթողիկոսին եւ Վարդապետացն Հայոց, Տ. Ղուկաս, Տ. Սրապիոն եւ Տ. Դաւիթ Եպիսկոպոսացն որ յԵրուսաղէմ, յանձն առի զծառայութիւն նուիրակութեան Սրբոյ Երուսաղէմայ. զոր կատարեցի իսկ զնոյն մատակարարութիւն, եւ ի գնալն կամեցայ անցանել ընդ երկիրն Կիւլիկեցւոց` վասն այսքան պատճառացս, նախ յերկրապագութիւն Սրբոյ Լուսաւորչի Աջոյն, երկրորդ ի տեսութիւն Տեառն Յովհաննու նորընծայ Կաթողիկոսին Տանն Կիլիկիոյ, եւ վասն համոզելոյ զսոսա ի խաղաղութիւն , զի Տէր Յովհաննէս Վարդապետն ի Սիս է ձեռնադրեալ Կաթողիկոս, եւ Պետրոս Վարդապետն ի Հալէպ. եւ այսպէս երկպառակութիւն անկեալ ի մէջ ինքեանց։ Ի թուականիս Հայոց ՌԾԱ. (=1602) եւ Մայիսի ԻԹ. (29) եկեալ հասի ի գաւառն Կիլիկիոյ , ի դղեակն որ կոչի Վահկայ, զի անդ էր ամարայնոց Կաթողիկոսարանի, եւ ի տեսանելն զմիմեանս, ո՛չ սակաւ ուրախութիւն եղեւ մեզ եւ ամենայն քրիստոնէից. եւ եղեւ ինձ մնալ անդ (31) օր Մայիսի ԻԹ. (29) էն մինչեւ ԻԸ. (28) Յունիսի։ Եւ Ժողովեցան առ անարժանութիւնս իշխանազունքն եւ ամենայն գլխաւորք ժողովրդեանն Տանս Կիլիկիոյ եւ աղաչեցին թէ վասն Աստուծոյ ուղիղ դատաստան արա՛ մեզ ըստ կանոնաց եւ ըստ հայրենի հրամանաց եւ աւանդութեանց Տանս Հայոց։ Եւ ետու ձեռագիր վկայական ի ձեռս սոցա այսպէս։ Զի ըստ առաքելական վիճակի գիտեմք վիճակեալ զՏունս Հայոց` Առաքելոյն Թադէոսի, եւ Աթոռ Առաջին` զԿեսարիա. զի ինքն Սուրբ Առաքեալն Թադէոս, ձեռնադրեաց զմի յաշակերտաց իւրոց Թէոփիլոս անուն, զոր Ղուկաս յիշէ զսա յսկիզբն յԱւետարանին եւ ի Պրակս Առաքելոցն (Ղուկս. Ա. 3, եւ Գործք Ա. 1). զսա կարգեաց Ս. Առաքեալն Թադէոս առաջնորդ Հայաստանեայցս։ Յաղագս այսմ պատճառ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն Հայոց ի Կեսարիա ընկալաւ զձեռնադրութիւնն. եւ այսպէս ամենայն Կաթողիկոսք լինէին մինչեւ ի չար ժողովն Քաղկեդոնի, զոր յոյնք կամեցան եւ արարին։ Յայնժամ բաժանեցան Հայք ի Յունաց, եւ այլ եւս ոչ եւս ընկալան զձեռնադրութիւնն ի Յունաց ի Կեսարիա, եւ եղեւ ինքնագլուխ Կաթողիկոսութիւն Հայոց։ Բայց առ ի ոչ ունելոյ զհաստատութիւն Ազգն Հայոց վասն առաւել շփոթմանց եւ խռովութեանց, այսինքն երբեմն ի Թաթարաց եւ ի Պարսից եւ երբեմն ի Յունաց, վասն որոյ յայլ եւ այլ տեղիս նստէին Կաթողիկոսունք Հայոց. երբեմն ի Վաղարշապատ, երբեմնյ յԱնի, երբեմն յԱղթամար, երբեմն ի Ծովքն, եւ ի Քերսոն, երբեմն ի Հռոմկլայն եւ յայլ բազում տեղիս զոր ո՛չ երկարեմք։ Բայց ի վերջին ժամանակս, ի ձեռն Թագաւորացն Կիլիկիոյ, հաստատեցաւ Կաթողիկոսութիւն ի Սիս, կամօք եւ միաբանութեամբ ամենայն հայոց, եւ ո՛չ թէ միով ումեք կամ երկոքումբք, որ ՃԺԱ ամք են, բաց ի Հռոմկլայէն, որ Տունն Կիլիկիոյ հաստատութեամբ ունի զԱթոռն Կաթողիկոսութեան մինչեւ ցայսօր, եւ է այժմ նորընծայ Կաթողիկոս Տ. Յովհաննէսն։ Որպէս եւ մեք բերաք զհաւանութեան ձեռագիր ամենայն եպիսկոպոսաց այսմ Նահանգիս եւ Աթոռոյս, ապա եւ մեք ձեռնագրեցաք եւ տուաք զհաւանութեան թուղթս ի ձեռն սոցա. որ եւ հնազանդեալքն այսմ Աթոռոյս, օրհնին յԱստուած եւ յամենայն սրբոց նորա, եւ ի մէնջ. ամէն։ Իսկ անհնազանդքն եւ հակառակողքն եւ թշնամանողքն այսմ Սրբոյ Աթոռոյս, դատապարտեսցին յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց նորա, եւ անիծեալ եղիցին ի կեանս եւ ի մահ։ Եւ չունի ոք իշխանութիւն այլ եւ այլ ասել այս Սրբոյ Լուսաւորչի Աթոռոյս ո՛չ ի մերոց եւ ո՛չ յօտարաց. իսկ եթէ ընդդիմանան բանիւ կամ թղթով կամ այլով իւիք իրօք, անիծեալ եղիցին կրկին անգամ յԱստուծոյ եւ յամենայն սրբոց նորա, իսկ ընդունողքն սորա օրհնեալ լիցին յԱստուծոյ եւ յամենայն Սրբոց նորա եւ ի մէնջ . ամէն»։
       Եւ դարձեալ ըստ պատմութեանց գրոց յորժամ ի Հռոմկլայ եւ ի Սիս էին Կաթողիկոսունք Հայոց կամակցութեամբ մերոց թագաւորացն, յայնժամ էին յԱրեւելս անուանի Վարդապետք. (նախ ) Մխիթար, մականուամբ Քօշ կոչեցեալն, որ զԱրեւելեան Զաքարէ իշխանի զխնդիրսն յղեաց ի Սիս, առ Առաջին օծեալն Լեւոն եւ առ Կաթողիկոսն Հայոց Տ. Յովհաննէս, եւ նոցա ժողով արարեալ կատարեցին զխնդիրն։ Եւ աշակերտ նորին Վանական եւ նորին Մեծն Վարդան, որ էր եկեալ յերկրպագութիւն Սրբոյ Աջոյն եւ ի տեսութիւն Առաջին Հեթմոյ թագաւորին, որ ժողով արարեալ նոցա Տ . Կոստանդին Կաթողիկոսիւ, ի ՈՂԷ (=1248) թուին մերում, ի մայրաքաղաքս Սիս, ի սուրբն Սոփիա, եւ գրեցին կանոնս, որ է գլուխս ԻԵ. եւ ետուն ի Մեծ Վարդապետն Վարդան. զոր տարեալ յԱրեւելս, եւ յղեալ զհաւանութեան ձեռագիր ի մերոց։ Զայսոսիկ Կիրակոս պատմագիրն գրէ եւ աշակերտն Վարդանայ` Ներսէս, եւ նորայն` Եսայի եւ նորին` Յովհաննէս Որոտնեցի եւ նորին` Գրիգոր Տաթեւացին, որ յղեաց ՊԾԶ թուին Հայոց (= 1407) զԱղթամարցիք ի Սիս, առ Կաթողիկոսն Յակոբ եւ եղեն հնազանդ Սրբոյ Լուսաւորչի Աթոռոյն, որով եղեն մի հօտ եւ մի հովիւ, որպէս գրեն Գրիգոր Տաթեւացի եւ նորին աշակերտք` Պօղոս եւ Մատթէոս ։ Այն Պօղոս, որ ի Սիս նստաւ Կաթողիկոս. որոյ գերեզման կայ ի Ս. Աթոռն մեր, զոր ինքն շինեաց ի ՊԿԲ. (=1414) թուին, զի կայ գրեալ ի փորուածս քարի ի վերայ դրան Աթոռոյս, եւ յիշատակարան Ճաշոցին, զոր ինքն ետ գրել։ Արդ ի ժամանակի նոցա յԷջմիածին Կաթողիկոս ոչ գոյր, եւ ի Սիս գոյր. նոքա ընդէ՞ր կամակիցք եւ հնազանդ էին Կաթողիկոսացն որ ի Սիս, որ եւ ինքն Պօղոս Կաթողիկոս եղեւ։ Միթէ Կաթողիկոսին ժողովոյն վարդապետքն քան զսոսա վեհագոյնք եւ իմաստունք էին. գիտեմք որ չէք կարող ասել այս։ Եթէ յայլ գրոց, եւ կամ յայս սրբոց վկայիցն չպատկառեցար, գոնե պատկառեա ի ձերոց հարցդ, այսինքն ի Գրիգորէ Վարդապետէ Կեսարացւոյ, որ նորին իշխանութեամբն պարծիք։ Այլ լսելով զզրաբան չարախօսացն, որ ապականեն զլսելիս , որպէս զՅուդա, որ էառ պատիւ, աստիճան եւ իշխանութիւն, բայց մատնեաց զՏէրն իւր` նախանձելով իւղոյն նարդոսեան (Յովհ. ԺԲ. 3-7)։ Եւ դարձեալ, անուանեալն կաթողիկոս գրեալ ես զմէնջ. չերկնչի՞ս յԱստուծոյ եւ ի Տէրունական հրամանէն. Որ ասէ ցեղբայր իւր մորռս կամ յիմար` պարտաւոր լիցի գեհենոյն (Մտթս. Ե. 22)։ Որպէս եւ Հրէայքն` զՔրիստոս Սամարացի կոչէին (Յովհ. Ը. 48)։ Ուրեմն պատուիրեսցես ըստ նոցա, որպէս պատուիրեցին նոքա առաքելոցն, մի՛ յիշել զանունն զայն (Գործք. Ե. 40)։ Նոյնպէս եւ Ռափսակ, հպարտանալով ի վերայ բարեպաշտին Եզեկիայ, մեծաբանէր ասելով` Ասացէք ցԵզեկիա . Թգր. ԺԸ. 19)։ Ո՞չ նոյն գիրք է որ զքեզ ձեռնադրեաց, նոյն եւ զմեզ. ո՞չ նոյն կարգ է Առաքելոցն, որ ի քեզ, նոյնպէս եւ ի մեզ. լինի թէ մերն աւելի է բանիւ միով. զի Գրիգոր Վարդապետն աջիւն իւրով ետ մեզ գաւազան, նոյն աջիւն ետ մեզ եւ գաւազան հայրապետական, եւ այս է առաւելն, որ իւր աջիւն զՍրբոյ Լուսաւորչի Աջն եդ ի վերայ գլխոյ իմոյ։ Թողում զՍեղբեստրոսին եւ այլն։ Արդ այսուհետեւ անուանեալն ո՞րն եղեւ, ո՛ Փիլիքս եւ Փելիդէս (Գործք ԻԴ. եւ Տիմթ. Բ. 14-19)։ Եւ ոչ թէ պարծիմք ինչ վերագրեցելովքս, քաւ լիցի. բայց եթէ պարծիմք, ունիմք տեղի պարծանաց, վասն զի Ս. Լուսաւորչի Աջն, պարծանքն պարծանաց, առ մեզ է եւ Ս. Երուսաղեմն թեմ։ Եւ եւս որ երկու ազնուական եւ գերադրական իմաստութիւն կայ աստ ի պարծանս Ազգիս Հայոց, նախ գրչութեան արհեստն եւ երկրորդ երաժշտութիւնն. ահա՛ արհեստն գրչութեան յայտնի է ընդ ամենայն տեղիս, մանաւանդ բազում գրեանք, որ առ ձեզ են, եւ երաժշտութիւնն յայտնի է , զի ընդ ամենայն աշխարհ ցրուեալ է, որպէս Ասպահանայ Խաչատուր Վարդապետն, որ ի Վասիլ Եպիսկոպոսէն էառ զպաշտամունս եւ զկարգ քահանայութեան, որպէս ասեն «Սաղմսոսն ի Մշայ եւ խազն ի Սսայ», զի՞նչ երկարեմք, որ ձեզ եւ ամենեցուն յայտնի է։
       Եւ դարձեալ գրեալ է վարդապետն քո Մովսէս Կաթողիկոսն` (1629-1632) Մեծի վարդապետին Տեառն Գրիգորի Կեսարացւոյն, եթէ «խնդրէ մայրս մեր Ս. Եկեղեցի զմիաբանութիւն եւ միոյ հարսին մի փեսայ. երկու եւ երեքն ընդդէմ կանոնացն է։ Եւ գրեալ էր թէ ո՛չ թէ վասն հաստատութեան իմոյ ասեմ, քանզի ես կամաւ իմով կամիմ հրաժարել իմոյս բաժնէ, բայց զոր դուք կամիք եւ ո՞ւր հաճիք անդ հաստատեցէք » եւ այլն։ Այո՛, ճշմարի՛տ է ասացեալդ. միոյ հարսին մի փեսայ, եւ աւելին ընդդեմ կանոնացն է։ Ստոյգն եւ ճշմարիտն այս է, բայց զերկրորդն դուք արարիք. զի ի Սրբոյն Գրիգորէ մինչեւ ցՅովսէփ Կաթողիկոս, Ղ. րդ (=90) Կաթողիկոս է. սոքա ամենեքեան միոյ հարսին մի փեսայ էին, այլ երկրորդելոյն պատճառ դո՛ւք եղէք։ Արդ ո՛վ եղեւ ընդդէմ կանոնաց, մե՞նք թէ դուք. որպէս ի բազում տեղիս Գրիգոր Վարդապետն ապստամբ կոչէր զքեզ, որպէս այդ Յակոբ աբեղայդ, որ ինքնին լուաւ ի Գրիգոր վարդապետէն, որ եւ այժմ Վարդապետ անուանեալ է։ Որ եւ Մովսէս Կաթողիկոսն գրեալ էր յիւր թղթոջն թէ, «Տէր Վարդապետ, իմոյ զօրութիւն ի ձեռին քո է » եւ թուղթն այժմ առ մեզ է։
       Ասացեալ ես թէ «ընդէ՞ր ձեռնադրութիւն առնես ի մերում վիճակի, ուստի հանդերձեալ եմ որոշել » եւ այլն։ Ահա՛ սմա պատասխանի. որպէս հրամայեաց Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Հայր իմ մինչեւ ցայժմ գործէ եւ ես գործեմ (Յովհ. Ե. 17), որպէս նախնի վեհագոյն կաթողիկոսունք մեր, որ Գլխաւոր Վարդապետքն էին եւ կանոնաց հմուտ, ձեռնադրեալքն այսոքիկ էին։
       Նախ Խաչատուր Կաթողիկոսն ձեռնադրեաց զԱկնայ Մկրտիչ Եպիսկոպոսն։
       Տիրատուր, որ Կաթողիկոս անուանեցաւ, Անկիւրիոյ եպիսկոպոս ձեռնադրեաց զՍարգիս Եպիսկոպոսն Կ. Պոլսոյ Պատրիարք։
       Եւ յետ այնորիկ` Ազարիա Կաթողիկոսն` զՄինաս վարդապետն Կարնոյ, զՅակոբն Եւդոկիոյ, զՎասիլ Եպիսկոպոսն Ամասիոյ , զմիւս Խաչատուր Եպիսկոպոսն Կաֆայու, զՄկրտիչ Վարդապետ Քարբերդու, զմիւս երկայն Մկրտիչն Բաղեշու, զՊօղոս վարդապետն Տարօնոյ։
       Յետ այնորիկ` Յովհաննէս Կաթողիկոսն զԳալուստ Եպիսկոպոսն Մէրտինոյ, զՄինաս Վարդապետն Երզնկայ, զԱլիքսանոս Եպիսկոպոսն Մարսուանու, զերկու Յակոբսն Անկիւրիոյ, զԳրիգոր Կեսարացի Վարդապետն Պաղտատու զՄեսրոպ Վարդապետն Լեհաց, զԹորոսն Կաֆայու, զՂուկաս Եպիսկոպոսն Ղօնեայու, զԴաւիթ Եպիսկոպոսն Կեսարիոյ, որ այժմ առաջնորդ է։
       Եւ յետ այնորիկ Պետրոս Կաթողիկոսն զՍարգիս Եպիսկոպոսն եւ զՄարտիրոս Վարդապետն Տարօնոյ, զՄաղաքիա Վարդապետն Եւդոկիոյ։ Եւ յետ այսորիկ Մինաս Վարդապետն եւ Կաթողիկոսն, զՍարգիս Եպիսկոպոսն Մէրտինայ, զՂուկաս Եպիսկոպոսն Երզնկայ, զՆերսէս Վարդապետն Սեբաստիոյ, զՄարգարէ Եպիսկոպոսն Եւդոկիոյ, զԴանիէլ Եպիսկոպոսն Սուլու Մանաստրու։ Ահա՛ սոքա մեզ յայտնի են, որոց ականատես եղաք։
       Բայց Ազարիա Կաթողիկոսն եւ Պետրոս Կաթողիկոսն որք վասն Սուրբ Երուսաղիմայ պարտուցն գնացին մինչեւ ի Հին Ջուղայ, որքան եպիսկոպոս օրհնեցին յանուանէ ոչ գիտեմք ։
       Ապա մեք ընդէ՞ր ոչ ունիմք իշխանութիւն ձեռնադրելոյ, այո՛ ունիմք իշխանութիւն ըստ վերագրելոցս։
       Եւ երկրորդ ըստ Ներսէսի Լամբրոնացւոյն, որ գրեալ է ի Ճառն Աստիճանաց թէ Կաթողիկոս անուն թարգմանի ընդհանրական, եւ (սմին առաւելութիւն ) առաւելութիւն պատուոյ քան զԱրքեպիսկոպոսականն, զի ոչ թէ յիւր վիճակն միայն, այլ ընդ ամենայն տեղիս, ուր ազգն իւր համասեռքն են, ունի իշխանութիւն ձեռնադրել նոցա եպիսկոպոս եւ տալ զՄիւռոն, վասն որոյ եւ թարգմանին Կաթողիկոսք»։
       Արդ` դո՛ւք զոր մեզ ասէք, ընդէր ո՛չ հետեւիք ասացելոց ձերոց, որ զԲերիացի Մարգար երիցու որդին, զՍիմէօնն օրհնեցիք ։ Եւս առաւել զԵրուսաղիմայ հայրապետն , որ պարծանք է մեզ, որ բոլոր թեմդ չարժէ զնա ըստ Առաքելոյն։ (Եբր. ԺԱ. 38)։ Ուստի ասեմ ըստ Աւետարանին, հա՛ն նախ զգերանդ յակնէ քումմէ, եւ ապա հայեսջիր հանել զշիւղ յականէ եղբօր քոյ։ (Մտթս. Է. 5)։
       Ասացեալ ես թէ, «զի՛նչ օգուտ եղեւ քո օրհնելն եւ մեր բանադրելն »։ Արդ եթէ բանադրես զսոսա, եթէ ի Սիս էք օրհնեալ, եւ ի Սիս օրհնեալքն եթէ ընդ բանադրանօք են, ուրեմն բազումք եւ ի ձէնջ, թէ՛ ի կենդանեաց, թէ ի մեռելոց, ընդ բանադրանօք գտանին որ ի Սիս են օրհնեցեալ, բանադրեա՛ ուրեմն զվախճանեալքն ի հող, եւ զկենդանիքն ի վերայ երկրի, զի թերեւս առ ի նախանձուէ տոչորեալ սիրտ քո պաղեսցի։ Ահա լցաւ նզովիւք ըստ ժամանակին Վահանայ եւ Ստեփանեայ Կաթողիկոսացն, եւ նմանեցար չորրորդ գազանին որ ուտէր եւ մանրէր եւ այլն, (Դնլ. Է. 7) եւ գտար կարծեմ վեհագոյն քան զնախնիսն քոյ։
       Դարձեալ գրեալ ես Ս. Երուսաղէմայ Պատրիարքին թէ, «Մեզ դատաստան արա՛ ». մեր մեղքն այն է եպիսկոպոս եմք օրհնեալ։ Արդ մեր օրհնելոյն դատաստան պիտոյ է եւ ձեր անդատաստան բանից դատաստան չէ՞ պիտոյ։ Վասն Համազասպ Եպիսկոպոսին, զոր զանազան տանջանօք սպանանել տուիք, եւ զՃանճիկ Եպիսկոպոսն Մարդակերաց երկրին ականջատ առնել տուիք , զՍելեւկիացի Աբեղային զծածուկ անդամն կտրել տուիք, եւ զԳառնեցի Աբեղայն ի հաւատոյ ուրացուցիք, զԶաքէոս Աբեղայն ֆռանկ առնել տուիք, նոյնպէս զԻսահակ Կաթողիկոսն եւ զՊօղոս Վարդապետն տաճկացնել տուիք եւ ազգի ազգի չարչարանօք ի հաւատոյ ուրացուցիք, զԼեհու երկրին զայնքան քրիստոնեայսն անհաղորդ, անմաս եւ անթաղում թողուցիք, եւ դեռ եւս այնպիսի բանից դատաստան չկայ, այլ միթէ մե՞զ միայն կայ։
       Դարձեալ գրեալ ես թէ «յաղթահարեցաւ Սիմոնական սխտիւն, ըստ անուանակոչութեան իւրում »։ Արդ` եթէ ես ի նոցանէ կաշառս առի ` զայն Աստուած թո՛ղ քննէ եւ դատէ։ Իսկ եթէ ի զուր զրպարտես զմեզ` Տէր արասցէ դատաստան ընդ մեզ եւ ընդ ձեզ։ Յորժամ եկին քո Աբեղայքն հրաւիրակ ի Կ. Պոլիս եւ մեք անդ էաք, որք փոքրիկ Աւետարան մի առին հարիւր դահեկանի, եւ զգինն Պօլսեցւոց վճարել տուին, ասելով թէ «մեզ պատիւ եւ վարկ է» ։ Նոյնպէս եւ մեք զԱնտօն Երէցն առաքեցաք ի Հալէպ հրաւիրակ, ապա ընդէ՞ր ստակ մի ո՛չ պահանջեաց ի նոցանէ։ Արդ` ո՞եղեւ Սիմոնական, աղէ՛, ասա ինձ։
       Գրեալ ես թէ «ըստ անուանակցին իւրում ». մեր անուն Սիմօն չէ, այլ Սիմէօն. եւ եթէ Սիմօն լինէր, զի՞նչ վնաս էր անուանակից լինելն։ Ահա՛ Առաքելոյն Պետրոսի եւս ասաց Տէրն մեր, «Սիմօն որդի Յովնանու» (Յովհ. Ա. 42). եւ ահա դու անուանակից ես Առաքելոյն Փիլիպպոսի, արդ զի՞նչ շահ է քեզ անուանակից լինելն առանց գործոց. ըստ հօրն Անտօնի, վա՜յ այնոցիկ որոց անունն մեծ է քան զգործն։
       Դարձեալ գրեալ ես թէ «ի կանոնս գրեալ է. Եպիսկոպոս կամ այլ ոք միմեանց վիճակն մի՛ իշխեսցեն ». այդ այդպէս է. սակայն կանոնն Եպիսկոպոսաց վասն է, իսկ Կաթողիկոսաց համարձակութիւն տայ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին, ըստ վերագրելոյն։
       Բայց վասն Թորոսին, որ ասացեալ ես. Մեք յայնմ Ժամանակի ընդ Գրիգոր Վարդապետին գնայաք ի Կ. Պօլիս, հանդիպեցաք ի քաղաքն Անկիւրիոյ. եւ անդ վախճան եղեւ Ղուկաս Եպիսկոպոսին։ Միաբան եւ միաձայն ժողովուրդն աղաղակեցին առ Վարդապետն նաեւ առ մեզ թէ զԹորոս արարէք Առաջնորդ , զի սա կարող է կառավարել զՎանքն մեր եւ զայս չափ պարտքն։ Յետ այնորիկ Վարդապետն Հայր Վանից եւեթ եդ զնա։ Մեք գնացաք ի Կ. Պօլիս, եւ ի դառնալն մեր կրկին հանդիպեցաք անդ. վերստին քահանայք եւ ժողովուրդք եկին միաբան առ մեզ զաղաչանս, պաղատանս առնելով` խնդրեցին ի մէնջ թէ Եպիսկոպոս ձեռնադրեա զնա, ո՛չ թէ ինքեանք միայն, այլ եւ այլազգիք եւս, որ պարտատէրք էին աղաղակեցին եւ երբեմն ահ եւ երկիւղ տալով ձանձրացուցին, բայց այսու ամենայնիւ ո՛չ առի յանձն, այլ ասացի թէ Էջմիածնի է թեմն, եւ Վարդապետն լինի թե նեղանայ։ Քահանայք եւ ժողովուրդք միաբերան ամենեքեան ասացին թէ մեք զքեզ գիտեմք եւ զԷջմիածին գիտեմք եւ Վարդապետին խօսքն ի վերայ մեր։ Յետ այսպիսի բանից նոցա ձեռնադրեցաք զնա Եպիսկոպոս։ Արդ եթէ ուղղադատ ոք էիր, զԱնկիւրիոյ քահանայս եւ ժողովուրդսն բանադրէիր ըստ արժանոյն, որք յանձն առին զպատասխանատուութիւնն. որոց եւ Գրիգոր Վարդապետն նեղացեր է, թէ առանց իմոյ հրամանի բան արարիք, զի ես Էջմիածնի փոխանորդ եւ երեսփոխան եմ։ Յետ քանի ամսոյ Շահին Չէլէպին եւ Խօճայ Երեմիան կը հանդիպին յԱնկուրիա, եւ առեալ զԹորոսն տանին առ Վարդապետն եւ հաշտեցուցանեն, իրաւունք եւ բաժին առնեն ի նմանէ Էջմիածնի, եւ ապա նուիրակ եւ փոխանորդ արարեալ է իւր , եւս եւ թուղթ իշխանութեան ի ձեռս նորա տուեալ եւ առաքեալ ի կողմանս Ռումէլիի եւ Անատօլիի, որ տարի եւ կէս, աւելի եւս նուիրակ լեալ եւ առ ինքն բերեալ, որպէս այսմ բանիս գիտակ է նուիրակն քո Մինաս Վարդապետն , որում հանդիպեալ է, եւ յետ այնորիկ` օրհնութեան նամակաւ յղեալ է յԱնկուրիա Առաջնորդ, թէ ես Էջմիածնի փոխանորդ եմ, այսուհետեւ չունի ոք իշխանութիւն այլ եւ այլ ասել դմա։ Եւ յորժամ գայ յԱնկուրիա, տեսանէ այլ եւ այլ վարդապետս ։
       Յետ որոյ եւ մեք թուղթ առաքեցաք նմա թէ զքեզ աղաչանօք օրհնել ետուն, զՎարդապետին եւ զԷջմիածնի խօսքն ի վերայ ինքեանց առին եւ այժմ մինչ այսպէս արարին քեզ, ե՛լ եւ եկ առ մեզ եւ ի թեմս մեր , զի առաջի քոյ է վիճակն մեր յո՛րն եւ հաճիս։ Ուստի եկն նա առ մեզ եւ մնայ ի Ս. Աթոռս մեր։ Արդ այսուհետեւ ի՞նչ իրաւունք մնայ քեզ, որ թուղթ յղես մեզ վասն նորա եւ մեղադրես զմեզ, թէ Եպիսկոպոս ես օրհնեալ. զի եթէ օրհնեմ, զինչ վնաս ի նմանէ, ո՛չ ապաքէն ի մեր թեմն է, զի ի կողմանէ հօր ի Գամրայ երկրէն է եւ ի մօր կողմանէ ի Մելիտինայ , զի հարբ եւ մարբ իւրով ի թեմէս եւ ի վիճակէս մերմէ է, քեզ զի՞ փոյթ է որ թուղթ եւ մեղադրանք յղես ի կողմանս այս։ Արդ` հրամայէ Քրիստոս Աւետարանին, օրհնեցէ՛ք զանիծիչս ձեր եւ Առաքեալն ասէ օրհնեցէք եւ մի՛ անիծանէք (Հռոմ. ժԲ. 14)։ Մեք զՔրիստոսի հրամանն կատարեցաք ի յօրհնելն մեր զնա, եւ դու զհակառակն նորին գործեցեր յանիծանելն քո։ Եւ ո՛չ այսչափ միայն, այլ եւ անպահեհ յանդուգն բանս գրեալ ժպրհիս ի քարտիզի քում, ըստ Սենեքերիմայ Արքային Ասորեստանեայց, որ առաքեաց զՌափսակ առ Արքայն Եզեկիա ասել թէ, «այսպէս ասէ Արքայն Ասորեստանեայց թէ յո՞ յուսացեալ ես », եւ այլն. ըստ նմին օրինակի եւ դու ասես «յո՞ յուսացեալ նշկահեցեր զիս. թերեւս յուսացեալ իցես ի ցուպն եղէգնեայ ի ջախջախ եգիպտացին , յոր թէ ոք յենուցու ընդ ձեռն ելանէ» (Եսայի ԼԶ. 8)։ Այսմ ասացելոցդ իբր թէ զմեզ նմանեցուցեալ ես, որ անդէպ է բնաւին։ Զի թէպէտ Ռափսակ խրոխտանալով եկն առ Եզեկիա` ասելով զհպարտութեան բանս ըստ քեզ թէ, «ո՞ւր է Աստուած քաղաքին Սեփորիմ, միթէ փրկեցի՞ն զՍամարիա ի ձեռաց իմոց», . Թգր. ԺԸ. 34-35)։ Իբրեւ զայս լուաւ Եզեկիա պատառեաց զհանդերձս իւր եւ եկաց յաղօթս ի տուն Տեառն, լուաւ ամենալուր ունկն Աստուծոյ, եւ առաքեաց հրեշտակս ի բանակն Սենեքերիմայ եւ եհար ի բանակէ նոցին հարիւր ութսուն հինգ հազար . թգր. ԺԹ . ) եւ զայլն. որում գիտակ էք թէ յաղագս ո՞յր էր պատճառն. ըստ այսմ սարասի եւ դու իբրեւ զՌափսակ հպարտացեալ ամբարտաւանութեամբ ի վերայ մեր ասելով ի քարտիզիդ «ահա, զԱղուան, զԱղթամար, զԿ. Պօլիս եւ զԵրուսաղէմ հնազանդեցուցեալ եմք եւ դու յո՛ յուսացեալ ես որ ո՛չ հնազանդիս մեզ »։ Արդ յառեալ զակն քո եւ տե՛ս թէ նա զի՞նչ կրեաց ի գիշերին այնմիկ ի հրեշտակէ անտի. չերկնչի՞ս արդեօք դու յԱստուծոյ, գուցէ մեծաբանութեամբդ այդոսիկ նմին նման լինիցիս։
       Լուր այժմ եւ ունկնդիր դու խրատուց Գամաղիէլի օրէնսուսուցչին, որ առ Հրեայսն վասն Առաքելոցն, «եթէ ի մարդկանէ է, ասէ, կործանեսցին որպէս զԹեւդաս եւ զՅուդա. իսկ եթէ յԱստուծոյ իցէ, գուցէ Աստուածամարտ գտանիցիք» (Գործք. Ե. 33-40)։ Նոյնպէս եւ դու զգոյշ լեր, յընդունայն մի՛ աշխատիր. չբաւականացա՞ր եւ չկշտացա՞ր ի հակառակութենէ, որպէս հաւաստեաւ լսեմք զարարեալ աղմուկդ եւ զխռովութիւնդ ի Բաղէշ առ ի վարդապետսն եւ ազգի ազգի նեղութիւնսդ զորս հասուցեր ժողովրդեան այնմիկ, եւ հազիւ մազապուրծ զերծար եւ փախեար ի նոցանէ եւ անկար ի Վան, եւ անդ եւս զբազում խռովութիւն արարեր ընդ Մոկացի Յովսէփ Վարդապետն, անտի փախստական ի Լիմ գնացիր, եւ անտի արճէշ, եւ անդ եւս այնչափ կռուեցար ընդ եպիսկոպոսաց տեղւոյն, որք ըմբռնել տալ կամեցեալ են զքեզ յորոց ձեռաց եւս փախուցեալ` հազիւ հազ զերծար. թողում զկագն, զոր ընդ Կարնոյ Մինաս վարդապետին արարեր։
       Արդ` զի՞նչ եղեւ քեզ , եւ է՞ր վասն այսքան աղմուկք եւ խռովութիւնք ի քէն յառաջ գան. եթէ չերկնիս յԱստուծոյ, պատկառէիր թերեւս ի մարդկանէ։ Զի՞նչ շահ եւ օգուտ եղեւ քեզ յայսցանէ. եւ յետ այսչափ աղմկաձգութեանց եւ խռովութեանց ընդ ամենայն տեղիս, չկշտացար այսու ամենայնիւ, նաեւ կամիս յԱշխարհս մեր ձգել զնոյն աղմուկ եւ խռովութիւն։
       Սակայն երկրի մերում չես կարող առնել ինչ, հանդարտ կաց, զի այս երկիրս Օսմանեան երկիր է, սոցա դատաստանն ուղիղ է, Աստուած զսոցա թագաւորութիւնն հաստատ պահեսցէ , եւ Սուլթան Մուրատին մէկ օրն հազար արասցէ, եւ զիւր թագաւորութիւնն օրհնեսցէ մեծամեծօք եւ զօրօք իւրովք. ըստ Առաքելոյն աղօթեմք, որ ասէ «մա՛նաւանդ աղօթս արարէք ի վերայ թագաւորաց ձերոց» . Տիմթ. Բ. 2)։ Թուի ինձ, զի դու այժմ նոր Փելիքս եւ Փելիտէս յայտնեցար, որ հանդերձեալ ես կրկին զաշխարհս լուսաւորել, զի եթէ դու եւ թէ մեք նոր կաթողիկոս յայտնեցաք եւ յԱթոռ հայրապետական նստաք, վասն որոյ եւ աշխարհս խռովութեամբ եւ հարկապահանջութեամբ լցաւ, մ՛անաւանդ որ երկու թագաւորք ի վերայ միմեանց պատերազմի կան եւ դասք ժողովրդականաց ի ներքոյ հարկի անդադար հեծեն եւ զելն իրացն գտանել ո՛չ գիտեն. բայց դու այսու ամենայնիւ տակաւին հանգիստ ո՛չ առնուս ի տեղիդ, աւելի եւ պակաս թուղթ գրել եւ յղել ձեռնամխես ի կողմանըս այս։ ԶԵրեւան քաղաք շինեցեր եւ կառավարեցեր, այս կողմանքս մնացին. կամ քեզ նման Կաթողիկոս չէր եկեալ յառաջագոյն. դո՞ւ միայն խելօք, ճարտար եւ հանճարեղ յայտնեցար ի կողմանդ, որ հանդարտ չես կենար ։
       Յիշեմ եւ զՎարդապետին քո զբարեմտութիւն, յորոյ շառաւիղէ եւ դու ի վեր ընծայեցար, զՄովսէս կաթողիկոս ասեմ, որ մինչեւ ի Հռովմայ Պապն զթուղթ առաքեաց, եւ բազում երանութեամբ երանեալ է զնա, որոյ աղօթքն Ձեզ օգնական լիցի, եւ զայն թուղթ տեսեալ Յովհաննէս վարդապետն ի Հռովմ եւ գրեալ զօրինակն առաքեալ էր ի Կ. Պօլիս, որում եւ ես անդ հանդիպեցայ յայնժամ եւ առի զօրինակն, որ այժմ առ իս կայ։
       Եւ արդ քեզ դառնամ բանիւք, զի այսքան ամաց հետէ Կաթողիկոսքն ձեռնադրէին մինչեւ ցայսօր եւ խտրութիւն ինչ ո՛չ էին արարեալ, նմանապէս եւ մեք ձեռնադրեմք զարժանաւորսն եւ ոչ խտրեմք ինչ, ըստ այնմ «զեկեալն առ իս ո՛չ հանից արտաքս (Յովհ. Զ. 37)։ Վասն զի ոչ Ձեր Կաթողիկոսունք թուղթ են առաքեալ սոցա սակս այսպիսի իրաց, եւ ո՛չ մերքն ձեզ. այլ սիրով են կացեալք եղբայրաբար, եւ առ ի միմեանց ձեռնադրեալսն ընդուներ են։ Իսկ դու չամաչե՞ս եւ չզանգիտե՞ս թէ վնաս ինչ յառաջանայ ի հակառակութենէ զմտաւ ածել թէ սոքա Օսմանցի են եւ թէպէտ այլազգի, սակայն ուղիղ դատաստան ունին։
       Եւ դարձեալ գրեալ ես ի թղթոջ քում թէ, «զայս թուղթս իմով ձեռամբ գրեցի », որով կամիս ցուցանել թէ իբր բարձր հրովարտակ է եւ զպատիւ անուան Աստուծոյ յափշտակեալ ես, որ ոչ կամի տալ զփառսն իւր այլոց ըստ մարգարէին (Եսայի ԽԲ. 8), զի կամար եւ գմբէթ ես ձեւացուցեալ ի վերայ անուանդ ։ Արդեօք ա՞յդ է քո իմաստութիւնդ, զպատիւն, որ միայն Աստուծոյ վայելէ, դու ի վերայ անուանդ եդեալ ես, որով մեծաբանիս ի վերայ մեր կածելով քեզ թէ Լեհաց երկիրն է այս, որ թուղթ առաքելով եւ այլ եւ այլ խօսս եւ զրոյցս ասելով նոցա եւ Նիկօլ եպիսկոպոսին, խռովեցուցիք զքաղաքն զայն, որ զմիաբան Լուսաւորչի Ազգն եւ զեպիսկոպոսն ֆռանկ առնել տուիք։ Եւ ո՛չ այսչափ միայն, այլ եւ Էջմիածնի, ի վաղուց հետէ զկարգեալ տուն որ ի Սրբոց վարդապետաց, հայրապետաց, եւ օծեալ թագաւորաց եւ իշխանաց, արդարոց եւ մարտիրոսաց եւ սրբոց բազմաց նշխարք եդեալ կային անդ, ցիր եւ ցան արարիք, եւ ո՛ւր եդիք «զանշարժ եղիցի»ն, որում համարս տալոց էք առաջի Աստուծոյ։
       Եւ դարձեալ զՄելքիսէթ Կաթողիկոսին օրհնեալ միւռօնն ի դաշտն Տարօնոյ արհամարհեալ թափեցիք եւ առաթուր արարիք, որ միայն այնու միւռօնաւն Մելքիսէթ Կաթողիկոսն զՄովսէս` եպիսկոպոս ձեռնադրեաց, եւ եթէ այն միւռօն էր, զիա՞րդ արհամարհեցիք յանդգնութեամբ եւ եթէ միւռօն չէր, զիա՞րդ եղեւ Մովսէս` եպիսկոպոս, եթէ Մովսէս չէր եպիսկոպոս, որպէ՞ս եղեւ կաթողիկոս, եթէ կաթողիկոս չէր, զիա՞րդ զքեզ յաստիճան եպիսկոպոսութեան հրաւիրեաց, եւ եթէ դու կաթողիկոս չես, զիա՞րդ համարձակիս եպիսկոպոս ձեռնադրել։
       Դարձեալ ձեր իմաստութիւնն այսչափ է, որ նուիրակն Ձեր Աղուհացից պահոցն ի Պրուսա, Մանիսա եւ Իզմիր երկիրն վասն զանկի զունկի եւ տնկտնկոցի զպատարագն յայտնի առնել ետ, որ ըստ ամենայնի փակեալ է ի կանոնաց Սրբոց հայրապետաց։ Թէպէտ այլ եւ այլ պատճառ յօդեն, սակայն ո՛չ է այնպէս, այլ վասն փառասիրութեան եւ ագահութեան։ Եւ եւս որ առ աչս մարդկան կեղծաւորաբար պահեցող երեւելով ահացուցանէք զՔրիստոնեայսն, որոյ պատճառն է արծաթ, զի աւելի առնուցուք, քան զտուեալ ի նոցանէ. որպէս յայտնապէս ի մէջ ամբոխին ասէին Նուիրակքն քո թէ, եթէ այսչափ դրամ տայք, առ ձեզ միւռօն տամք եթէ ոչ դուք գիտէք, որպէս Մարտիրոս եպիսկոպոսն եւ Մինաս վարդապետն քո ի Պրուսա հինգ հարիւր դահեկան են ուզեր, որոյ պատճառաւ թէ ո՛րչափ աղմուկ է եղեր. թորում ի գրել։ Եւ յայլ բազում տեղիս արարեալ զանպատեհ եւ զանդատաստան բանս Ձեր մի ըստ միոջէ գրել ինձ ձանձրութիւն համարիմ։
       Ո՞չ պատկառիս բնաւ եւ ոչ ամաչես երբեք Սիմոնական զմեզ կոչելով, իմ Սիմոնական լինելն չլինելն յայտնի է ի մէջ Քրիստոնէից, մա՛նաւանդ ի մէջ բնակչացն Հալպայ, որ այնքան տարի առաջնորդ կացի ի մէջ նոցա։ Նոքա գիտեն զիս լաւապէս, թէ փառասէր եմ կամ ագահ, կամ յափշտակող, կամ արծաթասէր, կամ կաշառառու եւ կամ զինչ եւ իցէ` նոցա յայտնի է. հարց առ նոսա։ Բայց Հայոց տուն դուք աւերեցիք վասն ագահութեան, զոր եթէ գրեմք երկարումն լինի բանիս։
       Բայց հուսկ յետոյ գիտութիւն լիցի քեզ, որ գրեալ էիր թէ այժմ պատիւ արարաք. Քրիստոս Աստուած հրամայէ ի Ս. Աւետարանին «մի՛ դատէք, զի մի դատիցիք, մի՛ պատժէք, զի մի պատժիցիք , զի որով դատաստանաւ դատէք, դատեցոց էք» (Մտթ. Է. 1, եւ Ղուկ. Զ. 37)։ Նոյնպէս եւ դու եթէ պատուես պատուիս, եթէ պատժես պատժիս, եւայլն ըստ կարգին, եւ առ այս բաւ է այսքան… ։
      
       ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
       Ծանի՛ր, ո՛վ ընթերցող, թէ առ ի՞նչ քաջ հեռետորս այս Տ. Սիմէօն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց դիւրիմաց շարադրութեամբ մօտ յաշխարհաբար յօրինեաց զայս թուղթն պատասխանագրութեան առ Տ. Փիլիպպոս Կաթողիկոս Վաղարշապատու, որ ըստ աղմկալից բարուց իւրոց կամէր եւ ի յարեւմտական արկանել զտարաձայնութիւնն, եւ սերմանել զորոմն ապականիչ խռովութեան որում ընդդէմ հանդիսանայր գիր կորովիս յայս ամենայն իմաստս մակածութեան զօրեղ եւ դիւրահասկանալի բառիւք, եւ ոչ վայրապար ինչ այլայլելի իմաստութեամբ, քանզի յունկս բնաւից լուսաւորչականաց ընթեռնլոց էր այս գիր, եւ զինչ օգուտ ունի ծանի՛ր եթէ խորիմաց բառիւք եւ սեթեւեթեալ բանիւք յօրինէր. որով բազում բանք ի բազում լսողաց զանխլացեալ մնայր, յայն սակս դիւրիմաց բառիւք շարադրեաց, զոր կանխաւ ասացաք, զոր եթէ ուշ ի կուրծս արեկալ բարւոք մտաւորութեամբ ընթեռնուցուս զթուղթ երանելոյս` կարես լինիլ խորզգաց եւ տեղեակ թէ հայրապետական շառաւիղ ի Սրբոյն Գրիգորէ Լուսաւորչէն սկսեալ մնաց գերագահն Կիլիկիոյ, յորմէ մակաբերի թէ Կաթողիկոսունք Տանս Կիլիկիոյ ունին ինքեանց նահապետ եւ նախահայր զՍուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Իսկ ի Վաղարշապատ եղեալքն ունին ինքեանց նմանապէս նահապետ եւ նախահայր զԿիրակոս Խորվիրապցին զապստամբութեամբ նստեալն ի Վաղարշապատ , զի ոչ եթէ կաթողիկոսն, որ բերէր յինքն անվրէպ զհայրապետական շառաւիղ ի Սրբոյ Լուսաւորչէն, ելեալ եթող զԱթոռն իւր, որ ի Սիս եւ գնաց ի Վաղարշապատ. այլ մի ոմն ի վարդապետաց գլուխ ամբարձեալ Կիրակոս անուն զապստամբութիւնն խորհէր, զի ի Սրբոյ Աթոռոյս եւ ի Սրբոյ Լուսաւորչէ անտի մինչեւ ի Տ. Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց Կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց հետեւաբերէր մի փեսայ միոյ հարսին , իսկ զերկրորդն արար ապստամբս այս Կիրակոս. մի վայրապար ուրեմն բաջաղիցեն թէ` միոյ հարսին մի փեսայ պիտոյ է, զի երկրորդն ո՞չ ապաքէն նոքա արարին, եւ ո՛չ մեք. զի նկատմամբ երկրորդին, որ եղեւ Կիրակոսն, է մերս առաջին եւ նախապատուական, որքան Բէնին նկատմամբ Այբն է նախկին եւ առաջին։ Այս Սիմէօն կաթողիկոս էր Սեբաստացի, եւ կալաւ զԱթոռ հայրապետութեան շուրջ թուականաւ մեր ՌՁԲ (=1633) ամին եւ էառ զօծումն ի Սրբոյ Յակովբայ Բարեկենդանին եւ ԺԵ. ամ նստաւ, եւ Ե. ամ հրաժարեալ զՍեբաստացի Ներսէս կաթողիկոսն եդ ի տեղի իւր։
       Սիս 1634 ամի
       (Արեւելեան Մամուլ , 1890, Հոկտ. -Նոյմ. -Դեկտ. )