Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ա

Ըլլայ լացի, համբոյրի,
Յիշատակի, մըտածման,
Մըռընչելու համար ըլլայ, օ՛ն, մըտնենք.
Մըտնենք հըսկայ քաղաքն հըսկայ աճիւնի,
Մըտնենք Շիրիմն հայութեան…
Ողջո՜յն, Անի, գերեզմնոց,
Ուր կը փըտին ոսկորներն յաղթ Անցեալին.
Ողջո՜յն, Անի, օրօրան,
Ուր փլուզի տակ, կարիճի սեւ արիւնով
Մեր Ապագան կը մեծնայ.
Ողջո՜յն, Մեռե՛լ, Մա՛յր, ողջո՜յն.
Ահա կու գամ, ես վերջին
Նորաբողբոջ գըլուխը հայ Հիդրային,
Կու գամ կեանքիդ փառքովը մա՛հդ օրօրել.
Ըսել, թէ մեծ եղար դու,
Կամ մեծ խոստումը մեծութեան, դու եղար
Լուսակայլակ պողպատ ըստինք մ’որուն դէմ,
Խուժդուժ ցեղեր ծըծելու դեռ անվարժ`
Եկան նօթի լընդերն իրենց ջախջախել.
Ծեր Ասիոյ շեմին վրայ դու եղար
Երեք դարու սիրտն` եթէ Յոյնն ըղեղն էր,
Սիրտ կենսաբուխ` որուն աչքերն յառած պիշ`
Նենգ Բիւզանդիոնն, այդ բոզորդին Հըռոմի
Քեզ կը դաւէր լափլիզելու ախորժով:
Եւ ան դաւեց եւ ան յաղթեց. ու աւա՜ղ,
Երբ դրօշակն իր ցըցուած տըխմար արքայիդ
Յովհաննէսի շիրմին վրայ`
Վեստ Սարգըսեան կ’ըլլար խըլան խոստացուած,
Քու բալլիքներդ Վոսփորի բանտին մէջ
Երիտասարդ թագաւորիդ թեւերուն
Կուռ շըղթաներ կըղպեցին:

Բ

Ո՜վ պատուհաս. կորսըւեցար դու այլեւս
Երբ Պարսն եւ Յոյնն, երկու ոսոխ ոսոխներդ,
Իրարու դէմ ըզքեզ ասպար կանգնեցին,
Կամ իբրեւ որս մ’որ արդէն իր մագիլով
Նախ իր սիրտն է խոցոտեր,
Քեզ անցուցին Մոնոմախոսն ու Տուղրիլ,
Պերոզն ու ժանտ Ալփասլան`
Ժանիքներէ ժանիք, թաթէ ի թաթուլ.
Եւ, դէմ դիմաց կզակներն իրենց ջարդելով,
Հիմնաքարերդ հանեցին`
Որպէսզի սեւ դամբանաքարդ յօրինեն:
Ա՛լ այն օրէն դու իբրեւ շէնք մ’հոյակապ`
Ուրկէ հազար կայծակ մէկէն է անցեր`
Քայքայուեցար մարմար մարմար, ծեփ առ ծեփ:
Ու, ո՛վ ցասում, ո՛վ ամօթ,
Քեզ դէմ առ դէմ բըզըկտողները նենգժոտ
Չեղան արծիւ` այլ գայլե՜ր…

Գ

Արդ քարուքանդ կը հանգչիս
Եւ նըշխարներդ ինը դար է որ կ’ապրին.
Ժամանակին ձեռքը չեղաւ այնքան յաղթ
Աճիւններդ այդ մըրրիկներուն յանձնելու.
Բայց ծոցիդ մէջ ալ բընա՛ւ
Սըմբատի սօս նըժոյգը չի՛ խըրխընջեր,
Ան չի թօթուեր արիւնթաթախ բաշերն իր
Քած ձիուն դէմ Ափշինի,
Ու կոչնակներն ու շեփորներն ոսկեցոլ`
Որոնց ի լուր թուրը խաչով կը ձուլուէր.
Հոն լըռած են` ապրեցնելով իրենց տեղ
Բուի հազար սերունդներ:
Այդ լըռութեան չըղջիկի լայն թեւին տակ
Կ’աճի եղիճն արտասուքովն աստղերուն.
Եւ հոն բաղեղն հայրենասէր թեւերով
Կը գըրկէ հողըդ տըրտում
Իր պատառիչ կայծքարերով միասին.
Եւ խոտ մ’հազիւ, բարձրացած
Ճամբաներուն վրայ անկոխ`
Կը ծածկէ սողն օձի մ’արփւոյն տակ ճեմող:

Դ

Ի՞նչ մընաց, ի՞նչ. Պարիսպներէն քարակուռ`
Որոնք ըզքեզ գըրկած տըւին կուրծքերնին
Ասիական մըրըրկարշաւ ցեղերուն.
Պալատներէդ, ամրոցներէդ, սիւներէդ,
Աշտարակի սըլաքներէդ` ուր ծըփուն
Կարմիր դրօշակ մ’հայկական
Կ’սրբէր քրտինքն արծիւներուն ճամբորդող,
Խոյակներէդ, գըմբէթներէդ` որոնք օր
Մ’ամպին մէջ` շանթն Էին մէջ բախտն հեգնելով`
Ժամանակի բռունցքին դէմ
Կ’ըլլային կումբ ձուլուած փառքի հանքերէն,
Զօրանոցէդ, տաճարներէդ, այո՛, քու
Հազարումէկ տաճարներէդ` որոնց մէջ,
Դէպի հաւատքն ուղղաբերձ
Մինչ բազուկներ կը յոգնէին, կ’հեղգային
Մինչ հին արիւնն Արամեան
Իր հեթանոս ռազմիկ թափէն կը սանձուէր,
Եւ մինչ Յիսուսը կը ծընէր արցունքով
Լաստիվերտցին եւ նենգ Յուդան` Կիրակոս,
Այդ հազար մէկ տաճարներուդ մէջ կ’ըսեմ,
Քանդակ քանդակ, զարդ առ զարդ,
Արուեստ մը նոր, արուեստ մը հայ,
Արուեստն աղջիկ Աստուծոյ, քոյր Բընութեան,
Արուեստը հարս Տիեզերքին,
Ժող’վուրդներու եւ Ազգերու վախճանած
Տապանագիրն ու շիրմապսակն այդ վերջին
Իբր աղաւնի մ’ոսկեդըրուագ ուրագով
Քանդակուած` այդ գըմբէթներուդ ներքեւ սուրբ,
Բատուցներուդ, խոյակներուդ, մոյթերուդ
Մէջէն լըռիկ, գըլուխը դուրս կարկառած`
Դէպի երկինք, աղուոր, վեհ,
Թռիչները լա՜յն կը պարզէր…
Հիմա, աւա՜ղ, ատոնցմէ,
Այդ բիւրաւոր ճաճանչներէդ, ո՛վ Անի,
Ըսէ՛, ըսէ՛, ի՞նչ մընաց…

Է

Կը պատէ շուրջը լըռութիւն: Լայնարձակ
Դաշտին վըրայ, լուսնակի քա՛ղցըր շողով
Աւերակները կ’ողողուին: Հեռուէն
Միջոցին մէջ աստղալից
Լոկ կը լըսուի սոյլն հովերուն ճամբորդող:
Անին յաւէ՜տ կը լըռէ…
Ոտքըս փըլած քարի մը վրայ կը դընեմ,
Եւ ուրիշի մ’յետոյ, յետոյ ուրիշի
Մ’ու կ’ելլեմ դէ՛պի կիսաքանդ պարըսպին.
Ծերպերն որմին, ժամանակի վէրքեր, ինձ
Սանդուխ կ’ըլլան. քայլափոխէս փըխրըւած
Կը թաւալին կոշկոռներ,
Եւ մատերուս տակ ճանկող`
Բաղեղներէն, մորմերէն
Քընաթաթախ մողէզներ վար կը թափին:
Ու ես կ’ելլեմ. հոգիս խոր
Արբշըռութեան մ’ուժին տակ
Զիս աստղերուն կը քաշէ.
Կը շուլլըւիմ, կը մագլիմ.
Կայծքարերուն դէմ կուրծքըս մերկ կ’արիւնի,
Կը մընայ մաս մ’ըզգեստէս
Վարը փուշի մը ճանկին մէջ աւազակ.
Բայց ես կամշոտ, որսին դիմող վագրի պէս,
- Եթէ ազատ բարձրութիւնն որսն է հոգւոյն -
Կուռ ու տենդոտ խոյանքով,
Մութն ու փլատակն ոտքերէս վար թօթափած,
Նախնիներուս բիւր գանկերուն վըրայ գօս
Հուսկ ոստումով մը խըրոխտ
Պարիսպներուն հառաչակուլ կը կանգնիմ…

Զ

Ո՜վ բնազդական դու վերելք,
Ո՜վ խոյացման գինովութիւն` նոյնիսկ սեւ
Դամբանի վրայ կամ ոսկրի,
Ո՜վ վեհ բարձունք` որ կը գըգուես ճիղմ հոգիս
Զիս ընելով աճիւնին վրայ պապերուս
Բողբոջ մ’որ դեռ կը զարդարէ կոճղը հին.
Ո՜վ բարձրութիւն թովչական`
Որ կապոյտին եւ խաւարին մէջտեղ զիս
Մըտածումի լազուարթ լարով կ’առկախես.
Կու տաս անցուկ մխիթարութիւնը սըրտիս`
Որ վարն ոտքիս տակ գըտնեմ
Անիի մէջ ցոլքն երկընքի մեծութեան,
Ըզգամ թէ մեր շիրմին վրայ
Մոլորակները դեռ զիրենք կը գըծեն,
Թէ խաւարն այս` է Խորհուրդին դէմքը վեհ,
Փլատակը` մե՛ղքն Յաւէրժին.
Անւոյ փոշին յարդգողն, եւ կամ աս շըրջմոլ
Փոսուռան աստղ մ’է չըքնաղ.
Սա գանկը հոս լուսին մըն է, ես` Աստուած…
Ըլլալ Աստուա՜ծ, ո՛վ հեգնութիւն, այս ըլլալ
Է միմիայն ծաղրանըկարն Աստուծոյ,
Քանի որ մեր հոգին հարճն է Բընութեան,
Ու սոսկ անոր տաք ծոցին մէջ` բեղնաւո՛ր,
Չունենալով նոյն ինք իրե՛ն սեփական
Հայրենիքի այս Ոչընչին, բոհին դէմ`
Իբր առաջին սերմընցու
Խօ՜սք մ’որ ստեղծէ, ներդաշնակէ, պոռթկալով
Փոշիներէն Անիի
Քանան մը նո՜ր եւ ազա՜տ:

Է

Ի՜նչ, ունենալ աչքի ներքեւ դիակներ`
Որ եղած են ատենով
Արեանդ արիւն, սերմիդ սերմ
Եւ, ո՛հ, առանց յարուցանել գիտնալու`
Այսպէս դիտե՜լ ծալապատիկ թեւերով,
Ի՜նչ, տեսնել որ խըխունջ մ’այսօր կը չափէ
Հըսկայ շէնքերն այն` երկու թել լորձունքով,
Եւ խորանի մը խորշին մէջ լոկ կ’ապրի
Բուն, սեւազգեստ ճըգնաւոր,
Տեսնել որ լուռ կը փըտին
Աւերներու տակ հերոսի բազուկներ,
Գանկեր, սըրտեր` որոնց արիւնը եղաւ
Թոյն` իժերուն, ա՛յնչափ որ լի էր ոխով.
Տեսնել որ փլած պատուարներու, դըղեակի
Ճեղքերուն մէջ կը մեռնի
Շող մ’արեւու, Անուն մը հին, Ազգ մը մեծ,
Եւ գահերու բեկորներուն վրայ թափուր
Արծիւն ամպէն կը ծըրտէ՜…
Ի՜նչ, մինչդեռ վարը, անդին,
Այս ջընջումին հաւասար
Կը ջընջուին, կ’այլասերին հոգիներ
Խեղդըւելով նոյնիսկ իրե՛նց արեան մէջ,
Կամ մալ ու կուրտ եզի պէս
Ժուժով մը վատ, իւրաքանչիւր հարուածի
Ներքեւ ջըլատ կ’ըսեն. -Լըծէ՛: -Ո՛հ, ի՜նչ, ի՜նչ,
Առջեւը այս ամէնուն,
Շուրջիս այս մութ ծըփանքին մէջ դիերու,
Ոսկըրներու, նըշխարներու, արիւնի,
Մընալ կանգուն, մինաւորիկ, անկարո՜ղ,
Եւ չը կըրնալ այս թոհբոհէն հանել դուրս
Վերածընո՜ւնդ, վերածընո՜ւնդ մ’արփագեղ…
Ո՛վ այպանք, ո՛վ նախատինք,
Ուրեմն ինչո՞ւ ապրիլ, ինչո՞ւ ընդունայն
Հայրենիքի անունն ասա՛նկ մըռընչել,
Երբոր Ողջերը թըմրած
Քեզ չե՛ն ուզեր լըսել, ոստնուլ չե՛ն ուզեր,
Եւ ռազմերգէդ` ահաբեկ`
Ականջներին ծցերնուն մէ՛ջը ղօղած
Երբ գըլխուդ շա՛նթ կը մաղթեն,
Ուրեմն ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ապրիլ…

Ը

Վարը, հոս,
Օձ մը հըսկայ` գլուխը փոսէն տընկած դուրս`
Լուսնի շողով կը նայի ինձ. օ՛ն, եկուր.
Դու, որ ունիս այդ աչքերուդ մէջ կանանչ
Մահուան անուշ մխիթարութիւնն. օ՛ն, եկուր.
Կրունկըս քուկդ է, քուկըդ տաք
Երակներս այս. խա՛ծ ու խայթէ. թող տապալ
Գըլորիմ վար, Ախուրեանի ողբին մէջ,
Եւ վարը այն որձաքարին վըրայ սեւ
Ջախեմ գլուխս, ու իմ խեղճ
Հայրենիքիս փոշիներուն վըրայ սա`
Ըղեղիս խիւսը փըռեմ…