Բագինին վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՕՐՍ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ

Դեռ փոքր էի. եկայ քեզի մինաւոր.
Մութ զընդանիդ մէջ այցի:
Մայրս հիւանդ էր. կը շըրջէի ե՛ս ազատ
Մէջտեղ բանտի եւ մահճի:
Լուր տըւին քեզ. եկար առջեւը դըրան
Վանդակապատ` որ - ոճի՜ր -
Կը բաժնէր մեր ողջագուրումը կըղկաթ:
Եկար անխօս, վըշտակիր:

Ո՜րքան նիհար էիր եւ ո՜րքան աչքերդ
Ծարաւ էին արեւու.
Մօրուքիդ տակ, կարծես ոսկրի վրայ բուսած,
Ո՛վ հայր, մեռել մ’էիր դու:

Նըշմարելուդ պէս զիս ժըպտիլ ըսկըսար.
Բայց այդ ժըպիտը բարի,
Այդ սուտ ժըպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած
Լըճի մը վրայ արտօսրի:
Կարկառեցիր սեւ վանդակին ետեւէ
Շըրթունքներդ իմ շըրթներուն.
Բայց իրարու անոնք, աւա՜ղ, չըհասած`
Մեր համբոյրին դողդոջուն`

Նոյն ժամանակ եղան օրրան եւ դագաղ:
Ո՛հ, պիտի ո՜րչափ քեզի
Բաղձայի տալ ընդգրկումի մը մէջ տաք`
Ազատ աշխարհը դուրսի,

Եւ իմ փոքրիկ բիբերըս քու բիբերուդ
Տեղալ երկինքն անսահման,
Սըրտէս սըրտիդ պարպել բոլոր օրերս այն
Որ արեւու տակ անցան:
Մութ բանտիդ մէջ գարնան վարդերը ամբողջ
Պիտի լեցնել ուզէի,
Կամ ճիղմ հասակս ու ապագան հասակիս
Պիտ’ հոն թաղել ուզէի:

Ո՜վ տըխուր ժամ: Քեզ մի առ մի պատմեցի
Սեւ վիպակները մեր տան,
Հանիիս մահն ու հիւանդ մօրս հազը խուլ
Լըռութեան մէջ գիշերուան.
Ըսի թէ մեր տանիքին վրայ, լուսնին տակ,
Բուերը պար կը բըռնեն,
Թէ այս տարի մեր վարդենին չորացաւ
Գերեզմանատան խորշակէն:
Կը լըսէիր զիս եւ հարցում կ’ընէիր,
Երբ հըրաման մը վայրի,
Կոյր հըրաման մ’եկաւ ըզմեզ բաժնելու…
Դարձա՜ր… առանց համբոյրի…
Ու ես երկա՜ր ետեւէդ պիշ նայելով,
Հա՛յր իմ, մինակ, հոն լա՜ցի,
(Մինչ կուրծքիս տակ բաշ կը թօթուէր ոխ մը նոր)
Սիրտս աչքերէս քամեցի:
Ո՜վ կեանք սիրոյ, լանջ քըրտինքի, սիրտ փուշի,
Ցեխին նետուա՜ծ սըրբութիւն,
Արեւուն բորբ հոսանքներուն դէմ գոցուած,
Ո՛վ երակներ ազազուն:
Տեսայ` որ ձեզ հետ, ձեզի հետ սուզեցան
Եղեռնի մէջ, արտալած,
Սուրբերն ամէ՛ն կրօնքի, ամէ՛ն շուշաններ
Եւ Յիսուսներ թըքնըւած: