Պատմութիւն հրակիզման Կոստանդնուպոլսոյ (1660 տարւոյ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր ազնիւ բարեկամներէն՝ Հ. Սահակ Վրդ. Ճեմճեմեան, իրենց Մատենադարանին մէջ գտնուող թիւ1047 Ձեռագրէն օգտուելով, 1977-ին բարեհաճած էր մեզուղարկել Երեմիա Չէլէպիի չորս քերթուածներունլուսապատճէնները։ Ասոնցմէ առաջինը տապանագիրն էՅերապօլսեցի կամ Արապկիրցի Տէր Մինասի, որ 1634-ինպատահած Ծռազատկի խռովութեանց հետեւանքով, քաղաքիս մէջ գլխատուած է Սէֆէր կամ Սաֆար անունՀայու մը հետ։ Երկրորդը՝ Երեմիա Չէլէպիի մօրըմօրեղբայրը եղող, Մահտեսի Ամբակումի տապանագիրնէ։ Երրորդը՝ 1662-ին, որդւոյն Գրիգոր Չէլէպիի կողմէամբողջացած, Խօճայ Դաւթի ապարանքին յիշատակարաննէ։ Իսկ չորրորդն ալ, Սողոմոն անուն Ղալաթիացիանծանօթ ազգային մը կը վերաբերի։

Ասոնցմէ առաջինը, երկրորդը եւ երրորդը, Տօքթ. Վ. Թորգոմեանի կողմէ, Երեմիա Չէլէպիի ՊօլսոյՊատմութեան երկրորդ հատորին ծանօթագրութեանցմէջ լոյս ընծայուած է։ Իսկ չորրորդը՝ որքան որյայտնի է մեզ, չէ հրատարակուած։

Նկատի առնելով թէ՝ առաջին երկուքը պատմութեանսհետ առնչութիւն չունի եւ արդէն լոյս տեսած էաւելորդ կը համարենք զանոնք վերստին հրատարակել։Սակայն ներկայ պատմութեան մէջ, Խօճայ Դաւթիընդարձակ տեղ յատկացուած՝ եւ կարեւորանձնաւորութիւն մը ըլլալուն պատճառաւ, յարմարդատեցինք երրորդը վերստի հրատարակել։ Որովհետեւիր մասին կը պարունակէ շահեկան տեղեկութիւններ, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել իր անուանի ճարտարապետմը՝ եւ նոյնսիկ Արքունի Ճարտարապետ ըլլալը։Արդարեւ « խօճայ ե մակդիրը, որունընդհանրապէս ԺԷ. դարուն կը հանդիպինք, առհասարակպետական շրջանակներու մէջ, ազդեցիկ եղող անձերուհամար գործածուած է։ Իսկ չորրորդին ալ տեղ տուածենք, անտիպ ըլլալուն պատճառաւ։

Հետեւաբար՝ երրորդ եւ չորրորդ քերթուածները, որոնց երկուքն ալ ԷՐԵՄԻԱ ծայրանունովյօրինուած են, ստորեւ կը ներկայացնենք.

Է ին աջովն պահպանական,
եւ օրհնութեամբն Աստուածական,
ընդ սիրելիսն միշտ զուարճական,
տէր յարկիս այս վայելչազան։

Ր եննական ձրիւք նորակերտեալ.
ի ճարտարացն արհեստ յարգեալ,
զարմանագործ շէնս կառուցեալ,
քառանկիւնիւ ընդ դրամբք հիւսեալ։

Ե րկրի վերայ յարկ կառուցեալ,
կացք եւ գահոյք ներ յօրինեալ,
նաղշարարացն գեղանկարեալ,
ծաղկորակաւ յոքնագունեալ։

Մ եծ տուն էր սա խօճայ Դաւթին,
որ հրակիզեալ ընդ քաղաքին,
հանգեաւ եւ ինքն ի մէջ գործոյս,
որ ոչ ետիս զյաւարտ սորին։

Ի սկ միամօր որդի նորին,
չքնաղ Գրիգորըն չէլէպին,
աւարտեաց զսա վայելչապէս,
շնորհաւորեալ առթել զբարին։

Ա նբասիր կեանք սմա լիցին,
յորդւոց յորդիս ժառանգութիւն,
կուռ ցնծութեամբ յաւէժական,
զճապաղեալ գիծդ (1662) առ հայ թվական։

(Թղ. 100բ. - 101ա)

*

Է ին կոչէն բըղխեալ վըտակ,
առ յաւազանս գոլ մաքրունակ.
Ր ոտեալ զմարմինսըն սրբաբար,
ծնանի ըստ հոգւոյ աստուածաբար.
Ե ւ ժառանգ տայ արքայապէս,
ընդ Փրկչին մերոյ եղբայրապէս.
Մ արդասիրեալ զորդեակս գգուէ,
յարքայութիւնն մեծարէ.
Ի բարեխօս ժողովոց մեր,
եւ ստացողիս որ յօժարէր.
Ա յլ եւ ծընօղք մեր ընդ նախնիս,
Ղալաթացի Սողոմոնիս։

(Թղ. 103ա)