Ներկայ
յաւելուածին
վերջաւորութեան
պիտիներկայացնենք,
Երեմիա
Չէլէպիի
երէց
որդւոյն՝Գրիգորիս
Վրդ.
ի
(1659-1692)
գրչին
պատկանող՝
եւ
1688-ինվերջնոյս
կողմէ
Ս.
Էջմիածնի
մէջ
գրչագրուած,
Վիեննայի
Մխիթարեանց
թիւ
408
Ձեռագրին
մէջ
գտնուողոտանաւոր
Յիշատակարանը։
Նախ
համառօտտեղեկութիւններ
կու
տանք
բովանդակութեան
մասին։
Ձեռագիրը՝
մասամբ
հայերէն
եւ
մասամբ
ալթուրքերէն
լեզուով
«Հաւաքածոյ-Քարոզագիրքե
մըն
է։Սկիզբէն
պակաս
եղող
երկին,
թղ.
9ա-21բ
էջերուն
վրայգտնուող,
Վարդավառի
նուիրուած
թուրքերէն
քարոզին,
Երեմիայի,
այսինքն
Քէօմիւրճեանի
կողմէ
շարադրուածըլլալը
նշուած
է։
Ասոր
կը
յաջորդէ
Վարդավառի
մասինհայերէն
քարոզ
մը
(թղ.
22ա-26բ)։
Յետոյ
թղ.
28ա-94աէջերուն
վրայ
գոյութիւն
ունի
հայերէն
եւ
թուրքերէնզանազան
քարոզներ։
Թղ.
94ա-115բ
էջերուն
վրայ
կըհանդիպինք
Ձեռագրին
ամենակարեւոր
գլխոյն,
որ
կըկրէ
հետեւեալ
խորագիրը՝
«Կտակ
Խաչելութեան
Տեառնմերոյ
Յիսուսի
Քրիստոսի.
թարգմանեալ
թուրքիմուղթասարի,
ՌՃԻԸ
(1679)
թվականի
յԵրեմիայէ
նիւաստէԲիւզանդեցոյ,
՚ի
խնդրոյ
որդոյն
իւրոյ
Գրիգորիսիրաբունւոյե
Թղ.
116ա-171ա
էջերու
մասն
ալ
կը
կրէհետեւեալ
վերնագիրը՝
«Կտակ
Խաչելութեան
յաճախեալ(ճոխացեալ)
Երեմիա
բանաստեղծ
՚ի
խնդրոյ
ՈրդոյնԳրիգորիսիե
(հայերէն
եւ
թուրքերէն,
ոտանաւոր
եւարձակ)։
Թղ.
171ա-212բ
էջերուն
վրայ
տեղ
կը
գրաւէ,
հայերէն
քարոզ
մը
Ս.
Պատարագի
խորհրդին
մասին։
Թղ.
214ա-230բ
էջերուն
վրայ,
Քրիստոսի
մարմնոյն
եւ
արեանվերաբերեալ
թուրքերէն
քարոզ
մը
կայ։
Թղ.
230բ-250աէջերուն
վրայ,
դարձեալ
թուրքերէն
լեզուով,
Ոտնլուայի
քարոզին
ցանկը
կը
գտնուի։
Իսկ
թղ.
251-258-րդ
էջերուն
վրայ
ալ
«Յայլմէ
իբրեւ
հարցմունքեւ
պատասխանիք
արարեալե
խորագրով
գլուխ
մը
տեղ
կըգրաւէ։
Սոյն
նկարագրականը
կը
գտնուի,
Հ.
Յակովբոս
Վրդ.
Տաշեանի
(1866-1933),
1895-ին
Վիեննայի
մէջ
լոյս
տեսած,
Մխիթարեանց
Ձեռագիրներու
առաջին
ցուցակին
մէջ(էջ՝
859-860)։
Տաշեան՝
Երեմիա
Բիւզանդացիի,
Քէօմիւրճեանը
ըլլալը
չէ
կռահած։
Որովհետեւ
դեռ
այդթուականներուն,
Երեմիա
Չէլէպիի
կեանքը,
գրականգործունէութիւնը
եւ
ընտանեկան
պարագաները
չէրուսումնասիրուած։
Հետեւաբար
կարելի
չէ
զինքըմեղադրել։
Իրմէ
յետոյ
Քէօմիւրճեանով
զբաղածբանասէրներն
ալ
այս
իրողութիւնը
չեն
նշմարած։
Տաշեան՝
Ձեռագրին
թուականն
ալ
չէ
կարողացածճշդել՝
եւ
անոր
ԺԸ.
դարու
պատկանիլը
ենթադրած
է։Մինչդեռ՝
ինչպէս
որ
պիտի
տեսնենք,
ԳրիգորիսՎարդապետի
Յիշատակարանին
վերջին
տողին
սկիզբըգտնուող
ՁԵՌԱՄԲՆ
բառը,
որուն
թուական
արժէքը
1688
է,
կը
յայտնէ
գրչութեան
անծանօթ
տարեթիւը։
Տաշեան՝
Ձեռագրին
վայրն
ալ
անծանօթ
ըլլալով
նշածէ։
Սակայն,
Երեմիա
Չէլէպիի
շարադրած
թուրքերէնառաջին
քարոզին
վերջաւորութեան՝
կը
հանդիպինքԳրիգորիս
Վրդ.
ի
կողմէ
յօրինուած
ոտանաւորՅիշատակարանի
մը,
որուն
Տաշեանի
կողմէ
արտագրուածհաւանաբար
վերջին
քառեակին
մէջ,
Քրիստոսի
Իջմանվայրը՝
այսինքն
Ս.
Էջմիածնի
մէջ
գրի
առնուածըլլալը
յայտնուած
է
(Թղ.
21ա-բ)։
Քառեակը
ստորեւ
կըներկայացնենք՝
Երեմիայ
բանաստեղծ
շարադրօղ
սոյն
բանիս,
Յայսմ
որդի
եմ
տրուպ
ապաշնորհ
Գրիգորիս,
Բաղձանօք
ծըրեցի՝
մէջ
իջման
Տեառն
Փրկչիս,
Հանդիպօղք
ւ՚ընթերցօղք
ժտեմ
ասել
զողորմիս։
Մեր
համոզումով,
Ձեռագրին
պարունակութեան
բացիերկու
մասէն,
որոնցմէ
մին
իր
թարգմանութիւնն
է,
մնացեալը
իր
կողմէ
գրի
առնուած
է։
Արդէն
սոյնթուականներուն,
թուրքերէն
կրօնական
գրութիւններշարադրող,
կամ
թուրքերէն
կրօնական
քերթուածներյօրինող
գրական
դէմքեր
չենք
ունեցած։
Այսպէս՝
Երեմիա
Չէլէպիի
գրական
վիթխարի
վաստակինվրայ,
միաւոր
մը
եւս
աւելցած
կ՚ըլլայ։
Այժմ
կը
ներկայացնենք՝
1679-ին
Երեմիա
Չէլէպիիկողմէ
թարգմանւած՝
եւ
ըստ
Տաշեանի
(ցուցակ,
էջ՝
1083Գ)
բնագիրը
Յակոբ
Վրդ.
Ղրիմեցի
(1360?-1426)
գրչինպատկանող
«Կտակ
Խաչելութեանե
երկինվերջաւորութեան
տեղ
գրաւող,
Գրիգորիս
Վրդ.
ի
կողմէյօրինուած
Յիշատակարանը,
որ
գրի
առնուած
է
1688տարւոյ
հաւանաբար
Ապրիլ
ամսուն,
5։5=10
ոտքտաղաչափութեամբ։
Բովանդակութեան
համեմատ,
Գրիգորիս
Վրդ.
՝Ակինեանի
նշածին
պէս,
մօտաւորապէս
1686
տարւոյՍեպտեմբերին,
հօրը
կարօտը
առնելու
նպատակաւ
Պօլիսկու
գայ։
Սակայն
դժբախտաբար
հայրը
հոն
չի
գտներ,
որովհետեւ
ան
ալ
իր
որդին
տեսնելու
համար,
այդմիջոցին
Ս.
Էջմիածին
կ՚երթայ։
Գրիգորիս
Վրդ.
տասներեք
ամիս
քաղաքս
մնալէ
յետոյ,
Երուսաղէմ
կըմեկնի։
Դժբախտաբար
ճամբան
յելուզակներուհանդիպելով
կը
կողոպտուի։
Յաջորդիւ
կը
վերադառնալՍպարթա
քաղաքը,
ուր
երեք
շաբաթ
կը
մնայ
Հայոցպատկանող
խանի
մը
մէջ։
Յիշատակարանին
բնագիրը
հետեւեալն
է,
որ
Տաշեանիկողմէ
արձակ
կերպով
արձանագրուած
է,
թերեւս
տեղշահելու
նպատակաւ։
Ամենաթշուառ
անուամբ
Գրիգորիս,
Րաբունի
կոչիմ,
եղուկ
ու
վայ
զիս,
Զի
չեմ
արժանի
շնորհացն
որ
կայ
յիս,
Զի
միշտ
չարչարեմ
կամաւս
զխիղճ
(այսպէս)
զհոգիս։
Որդի
եմ
գոլով
զողբս
թարգմանօղիս,
Բանաստեղծ
Րէմեա
կոչի
մեր
ազգիս,
Այժմուս
բնակի
՚ի
Կոստանդնուպօլիս,
Ես
փափաք
առ
նա,
նա
կարօտ
առ
իս։
Զի
յԷջմիածնայ
վասն
այսըմ
բանիս,
Ելի
թէ
տեսից
զմխիթար
սրտիս,
Նա
եռափափաք
դիմեալ
գայ
առ
իս,
Զմիմեանս
ո՛չ
տեսաք
ի
ճանապարհիս։
Մանուլն
իմ
Բիւզանդ
չգտի
զսիրելիս,
Հայեցեալ
մնացի
տասն
ւ՚իրեք
ամիս,
Վռազեալ
չուեցի
Տեառն
իմոյ
փրկչիս,
Թէ
համբուրեցից
զոտակոխ
տեղիս։
Ղուրսանաց
դիպեալ
՚ի
ճանապարհիս,
Թալնեցի
զամէնն
զինչ
որ
կայր
ընդ
իս,
Մնացաք
տառապեալ
խիղճ
ւ՚ողորմելիս,
Դարձաք
տխրութեամբ
Ըսպարթ
քաղաքիս։
Եռ
շաբաթ
կացի
մէջ
Հայոց
խանիս,
Աւաք
(այսպէս)
սուրբ
պահոց
նախկին
շաբաթիս,
Զկտակս
գրեցի
դիւրութեան
սրտիս,
Ձեռամբն
պահպանէ
Տէրն
ըզմեզ
թվիս։
«Ձեռամբնե
բառին
թուական
արժէքինմանրամասնութիւնը
սապէս
է՝
80*։5։1000։1։200։2։400=1688։