ԼԱ.
ՊԷՅՔՕԶ
Կեցցէ՛
Սահմանադրութիւն
…
։
«Արի՛ք
Հայկազունք,
յառաջ
ընթանանք,
Սահմանադրութեան
նոր
բարեւ
մ
՚
ալ
տանք
»։
Առաջին
անգամ
Պէյքօզի
մէջ
արտասանուեցան
վերոյիշեալ
խօսքերն.
բայց
չորս֊հինգ
տարի
կայ,
որ
բարեւը
կտրեցինք
Պէյքօզին
եւ
ազգային
յիմարանոցին
առջեւ
կու
տանք
Սահմանադրութեան
մեր
բարեւը
։
Շատ
նշանաւոր
եղած
է
Պէյքօզ
սահմանադրութեան
տարեդարձային
այն
հանդէսներով,
որք
տեղի
կ
՚
ունենային
իւր
դաշտավայրին
վրայ,
ուր
կհաւաքուէին
ազգասէր
հայերն
եւ
իրարու
բերնէն
կյափշտակէին
ճառերը,
գինիի
գաւաթներն
եւ
Սահմանադրութիւնը։
Բնաւ
նշանաւոր
եղած
չէ
իւր
վարժարանովն,
որ
հեռի
է
աշակերտները
գոհացնելէ
։
Թաղային
կռիւներն
երբեմն
յերեւան
կու
գան
եւ
քանի
մը
շաբաթներ
պտըտելէն
ետքը
աներեւոյթ
կ
՚
ըլլան,
վերստին
երեւնալու
համար
։
Թաղեցւոյն
մեծ
մասն
անհոգ
է
եկեղեցւոյ
եւ
վարժարանի
մասին.
երիտասարդութիւնն
երբեմն
կաշխատի,
որ
բարեկարգութիւն
մտցունէ
վարժարանին
եւ
թաղականին
մէջ.
սակայն
բարեկարգութիւնն
առանց
դրամի
չըլլար,
եւ
մեր
երիտասարդութիւնն
ալ
դժբախտաբար
առանց
դրամի
կ
՚
ըլլայ
։
Նաւավարներ
եւ
ձկնորսներ
առատ
են։
Ասոնք
սքանչելի
գինի
կխմեն
եւ
պատուական
ալ
ձուկ
կ
՚
ուտեն
գինւոյ
վրայ։
Նախանձ
եւ
ատելութիւն
չկայ
իրարու
մէջ.
ամենքը
սիրով
կը
վարուին
միմեանց
հետ,
եւ
միշտ
այսպէս
սիրով
մնալու
համար
ուխտ
ըրած
են,
որ
չխօսին
թաղային
խնդիրներու
վրայ,
որոնցմէ,
կ
՚
ըսեն,
միշտ
վնասուած
է
իրենց
բարեկամութիւնը
։
Կիները
տան
գործերով
կզբաղին.
քիչով
գոհ
կ
՚
ըլլան
եւ
մեծ
պահանջումներ
չեն
ըներ։
Պարկեշտ
եւ
հաւատարիմ
են,
բայց
կգտնուին
հարկաւ
այնպիսուհի
ներ
ալ,
որք
իրենց
ամուսիններէն
երբեմն
ապտակ
կ
՚
ուտեն՝
ընդդիմախօս
գտնուելնուն
համար
։
Պէյքօզին
օդն
ալ
միշտ
գովեստներով
կյիշուի
…
ընդհանրապէս
ամեն
թաղին
օդը,
որչափ
ալ
գէշ
ըլլայ՝
միշտ
այն
թաղին
վարժարանէն
լաւ
է
։