ՀԱՅՈՑ ՆՈՐ ՎԿԱՆԵՐ (1155-1843)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18.
ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹՈՐՈՍԼԻՑԻ

Համշէնի լեռներու արեւմտեան երեսից հիւսիս կը հոսի Սեւ Գետ (գարա-տէրէ) ասուած մեծ եւ պատմական գետն: Սորա հովտի ամբողջ տարածութիւնը Սեւ Գետ եւ ըստ ժողովրդի Սեւ Գետացիք կասուին, որ Համշէնցոց պէս հայերէն կը խօսին եւ 1708-10 թուականներուն թուրքացած են կրօնամոլ մօլլաներու եւ ենի-չերիներու ճնշման ներքեւ…

Համշէնի եւ Սեւ Գետ գաւառաց մէջ կային 16, 000ի չափ հայեր, որք մտած որջացած էին այնպիսի վայրեր, գաւառակներ, որոց յարաբերութիւնը արտաքին գաւառներու հետ խզուած էր, երկրի դրից բնական պատճառներով…

Ենիչերիներու ի Տրապիզօն ամենազդեցիկ ժամանակն էր 1700 թուականը, որք Պօլսից ի Տրապիզօն որջացած, իրենց թուոյն վերայ եւս բարդուած էին տեղացի աւազակք ու ենիչերեաց կարգն անցած եւ սոքա եւս սփռուած էին մինչեւ Կարին, Մուշ, Վան, Բաղէշ, Տիգրանակերտ, Խարբերդ եւ այլն:

Ենիչերիներու մեծ ոյժ տուած էր Սիւրմէնեցի աւազակաբարոյ ժողովուրդն, որք մեծ եւ փոքր աւազակ են, այս օր իսկ, փոքր մասն միայն նաւավարութեամբ կը պարապին. ենիչերիք աւելի նոցա ազդեցութեամբ ի Սեւ Գետ գործած են, երկրի դիրքն եւս իրենց օգնած է: Ամեն գաւառ լեռներով ու անտառներով շրջապատուած է պարսպի նման, հինաւուրց անտառներն անմխելի դարձած են, որով ենիչերիք ուռկանի մէջ ամփոփուած ձկներու նման ինչ որ ուզած են այս տեղ անել` յաջողած են:

Այսպէս էր Սեւ Գետ եւ Համշէն, որք կղզիացած էին այդ երկու հովիտներու մէջ. Պարխար լեռներու շղթայն ընդհատած էր Կարնից եւ Բաբերդից, արեւելեան կողմն Եգերացիք, հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմից յունական ատելութեան մատնուած. առաջնորդներից, նոյն իսկ կաթուղիկոսներից մոռացուած, քահանայից զրկուած, ալէկոծեալ. 36 գիւղի համար հազիւ մի քահանայ կար:

Թորոսլի գիւղն Սեւ Գետի ամենէն բարձրն եւ մեծն է. այս գիւղը կայր տէր Կարապետ անուն քահանայ մի, որ նոյն ժամանակ մեծ հռչակ հանած էր, եւ ժողովրդից իբրեւ սուրբ անձնաւորութիւն մի կը պաշտուէր. ամբողջ Սեւ Գետի ժողովուրդն նորա անունով կերդուէին:

Սիւրմենէ գաւառին մէջ անուանի եղած էր նաեւ Ղուռուֆ օղլի մօլլա Մէհմէտ, սա այնչափ մոլեռանդ մէկն էր, որ կուզէր մի ակնթարթի մէջ զքրիստոնեայս մահմետական կրօնին դարձնել:

Քանի անգամ մտաւ Համշէն եւ Սեւ Գետ, ենիչերիներու խմբով կամեցաւ իւր նպատակը առաջ տանել, չը յաջողուեցաւ, թէեւ գտաւ իւր քարոզին լսող, իսկ ոչ մահմետականութիւնը ընդունող. այլ եւ այլ երկիրներէ ընտրեց քառասուն մոլեռանդ աշակերտներ, միջոց մի ուսոյց, մոլեռանդութեան թերին սոցա մէջ լրացոյց, զորս մօլլա կարգեց, երդում առաւ նրանցից, որ ցմահ մահմետականութիւնը տարածելու համար պիտի մաքառեն:

Այս մօլլաներն կրկին հոգւով եւ մեծ եռանդեամբ խորհուրդ արին մոլեռանդ թուրքերու եւ ենիչերիներու հետ, մտան Սեւ Գետ, մի ծայրից միւսը քարոզեցին մահմետականութիւնը, սպառնացան, «եթէ չընդունիք, թագաւորից մեծ բանակ կգայ, զամենդ կը կոտորէ, ձեր որդիքը եւ աղջկունքը ձեզնից կը բաժանեն…» եւ այլն սպառնալեօք:

Մօլլաներն տակաւ առ տակաւ սերմանելու վայրեր գտան, ոմանք առ երես, ոմանք հայերից առ ահի կը խոստովանէին թէ Մահմէտ ճշմարիտ մարգարէ է, եւ թէ Ղուրանը սուրբ է:

Հայերէն ոմանք ժամանակի պահանջման եւ քաղաքականութեան հետեւած էին: Ջերմեռանդ մօլլաներն իրենց սերմանած սերմը արդիւնաւորած կարծելով` հաշիւ կը տային դուրսը գտնուած մահմետականներուն, թէ իւրաքանչիւր գիւղէ ո՞րչափ անձնաւորութիւններ լսած եւ ընդունած են Մահմետի կրօնը:

Մօտ տասն տարի քարոզեցին մօլլաներն Սեւ Գետացոց, վերջ ի վերջոյ պաշտօնապէս առաջարկեցին որ ընդունին Մահմէտի կրօնը:

Հայ ժողովուրդն բուռն կերպով դիմադրեց մօլլաներու առաջարկութեան եւ արտաքսեց նրանց Սեւ Գետից:

Մօլլաներն վիրաւորուած նախ հնարագիտութեան եւ ապա բռնութեան դիմելու խորհուրդն յղացան, ժողովեցին 500-ի չափ մոլեռանդ թուրքեր, որոց աւետեցին թէ Սեւ Գետացիք պաշտօնապէս մահմետական կրօնը ընդունելու են, եւ թէ այս այն ինչ մարդով մեզ լուր յղած են եւ պաշտօնապէս թլփատութեան արարողութիւնը իրենց վերայ կատարել կը խնդրեն, եւ թէ ամեն ջերմեռանդ մահմետականի պարտականութիւնն է այսպիսի մեծ հանդիսի ներկայ լինելու:

Այս 500-ը տարածուեցան երկրի այլ եւ այլ կողմերն, քարոզեցին եւ հռչակեցին մօլլաներու աւետիսն, հազար ձիաւոր, մի այնչափ եւս ոտով դիմեցին Սեւ Գետ, նաեւ մի մեծ ենիչերեաց խումբ եւս հետերնին, որպէս զի չզրկուին այն մեծ հանդիսէն:

Այս ամբոխը մեծ հանդիսով եւ աղմուկով մտաւ Սեւ Գետ. Ղուրուֆ օղլի Մէհմէտ առաջ անցած ձին կը քշէր, վեց հոգի նորա չորս կողմ պատած, պատկառելի կերպով կը ծառայէին նմա, նորա քառասուն աշակերտներն դրօշակ պարզած երգելով կը հետեւէին իրենց վարժապետին: Ենիչերիք եւս փայլուն եւ մեծամեծ տապարներ իրենց ուսին դրած, մօլլաներու շուրջը պատած կը հետեւէին ամբոխին: Մահմետականներից ամենէն ջերմեռանդը ամբոխը ճեղքելով կաճապարէր առաջ սողալ, կրօնականներու մօտ գտնուիլ:

Մօլլաներու երգը, ենիչերիներու հա հուն, մոլեռանդ ամբոխի խառնափնդոր աղաղակն` մեծ սարսափ ազդեցին եւ զարմանք հայ գիւղացոց, յիշեցին որ «սուլթանը զօրք յղած է զիրենք կոտորելու», որպէս առաջ սպառնալեօք լսած էին:

Մօլլաներն իրենց խմբով իջան մի հայ գիւղ. առաջարկեցին որ մահմետականութիւնը ընդունողներն թող ներկայանան իրենց առաջնորդին:

Հայք միակամ դիմադրեցին, յայտնելով որ այս երկրի մէջ թրքացող չկայ. ինչ եւս սպառնալիք լինի, միակամ դիմադրելու են:

Մօլլաներն ատեան բերել տուին այն հայերն, որք միւսուլմանութեան մերձեցած կը համարուէին, որոնցից հարց ու փորձ արին, իրենց համոզումը ուզեցին գիտնալ:

Նոքա պատասխանեցին.

- «Մեզնից վեր կայ Թորոսլի գիւղ, ուր կը նստի Տէր Կարապետ քահանայն, ժողովրդեան մեծ մասն նորա համոզուած է, չեն դառնար մահմետականութեան. մենք եւս դառնալու լինենք, հայ ժողովրդից անհնարին հարուած կը կրենք»:

Թուրք ամբոխը նոյն հանդէսով մեկնեցաւ, քանի գիւղեր պատահելով` մտաւ Թորոսլի մեծ հայ գիւղն, ուր էր պաշտելի Տէր Կարապետ:

Տէր Կարապետ զարմացաւ, երբ զայս տեսաւ. հարիւրի չափ զինեալ հայեր յղեց անմիջապէս, որք գիւղի եզրն սպառնացան թուրք ամբոխին, որպէս զի գիւղը չը մտնեն, շուտով հեռանան. ապա թէ ոչ` ասացին, ցմահ կռուելու են:

Մոլեռանդ ամբոխի վերայ մեծ ներգործութիւն արաւ հայերու սպառնալիքը, թէեւ կատաղած կուզէին մի վայրկենի մէջ կլլել ու կորսնցնել, սակայն վտանգաւոր դիրքի մէջ կը գտնուէին, հայ բնակիչներով շրջապատուած էին:

Խոհեմութեամբ յետ քաշուեցան, տարածուեցան մոլեռանդ թուրքերու մէջ, յայտնեցին որ «հայեր ապստամբ են, դիտմամբ զմեզ հրաւիրած են թլփատուելու, որպէս զի զմեզ ներս առնեն, ապա կոտորեն. հազիւ կարողացած ենք որոց նպատակին հասու լինիլ, փախչիլ»:

Այս եւ սորա նման խօսքեր տարածեցին թուրք հասարակութեան մէջ, մոլեռանդ մի մեծ ամբոխ եւս գրգռեցին հայերու դէմ:

Բերնէ բերան տարածուեցաւ. Ղուրուֆ օղլին, մօլլաներն եւ պատուաւոր մահմետականներ անարգուած են, ուրեմն մահմետական կրօնը եւ Մահմետ անարգուած է:

Այլ եւ այլ տեղերէ գիտնական մօլլաներ, ղազի, մուֆթի եւ այլն անձինք հաւաքուեցան ի Սիւմենէ, Ղուրանը եւ նորա բացատրութիւնը մէջտեղ դրին, ամենը պատկառանօք համբուրեցին, որոշեցին թէ Ղուրանի հրամանն է, քրիստոնէից լաւ խնամ տանել, բայց երբ մէկն դիմէ մահմետականութեան եւ ետ դառնայ, նորա պատիժը մահ է. նա պէտք է մաս առ մաս յօշոտուի, զի մարգարէն խաբած է. իսկ Սեւ Գետացիք ոչ միայն Աստուծոյ մարգարէն խաբած են, այլ եւ ապստամբ են. ուստի ո'չ թէ հասակաւոր մարդերն մահուամբ պատժել` այլ ծծկեր երեխայն մինչեւ անգամ ի սուր մաշել, որպէս զի այդ անհաւատներու սերունդը այս աշխարհէն բարձուի:

Մօլլաներու որոշումը հաղորդուեցաւ Տրապիզօնի կառավարութեան եւ թուրք հասարակութեան. մոլեռանդներու թիւը քառապատկեցաւ. կառավարութիւնն եւս իւր ոյժը միացոյց այս ամբոխին, մեծ ոյժով մտան Սեւ Գետ. առաջին անգամ մտան Թորոսլի եւ գիւղը պաշարեցին յանկարծակի:

Աւագ շաբաթ օրն էր. ժողովուրդն հաւաքուած էր եկեղեցին` կրօնական պաշտամանց ներկայ լինելու. տեսան շրջապատուած ամբոխն, որ կառաջարկէին եւ կըսպառնային մահմետականութիւն ընդունելու. հայ ժողովուրդն շուարած Տէր Կարապետի երեսն կը նայէին. մօլլաներէն մին թրով մի հարուած իջեցոյց քահանայի գլխին. նա ձեռն դէմ տալով` կտրուեցան բազուկներն. երկրորդ եւ երրորդ հարուածին արիւնը սկսաւ ֆշալ եւ գետին տապալեցաւ, որ անմիջապէս միւս մօլլաներն յօշոտեցին մաս առ մաս նորա մարմինը. որպէս զի երկիւղ ազդեն ամբողջ հայ ժողովրդեան վերայ:

Ժողովրդեան մեծ մասը դիմադրեց թուրք ամբոխին, մերժեց նորա առաջարկութիւնը եւ մերժողի դիակը ընկաւ բարի քահանայի մասունքներու վերայ. կոտորածը ամեն կողմ սկսաւ. ծեր եւ մանկունք սուրերու հարուածներու տակ կը թաւալէին արեան մէջ:

Կոտորածը սարսափելի եղաւ. մռնչիւն ու հեծկլտանք տխուր արձագանք տուին Սեւ Գետացոց սեւ գլխին. Սեւ Գետի սեւ ջրի հետ խառնուեցաւ սեւ արիւնը. ժողովրդեան երկչոտ մասն խոնարհեցաւ մոլեռանդ գազանաց առջեւ. խոստացան կոտորածը դադարեցնել, որպէս զի հետեւեալ օրն որոշում մի տան եւ թլփատուին:

Հետեւեալ օրն որոշումը հաղորդուեցաւ Ղուրուֆ օղլի Մէհմէտին, թէ Սուրբ Յարութեան օրը կը պատրաստուին թլփատուելու:

Կոտորածը դադարեցաւ. կրօնասէր մարդիկ ժողովեցին իրենց որդիքը, տանը մէջ գտնուած թեթեւ իրեղէնները, մտան Սեւ Գետի շուրջն պատած սեւ անտառներու մէջ, ոմանք սեւ գազանաց ճիրաններուն զոհ գացին. մնացողներն մխուեցան անտառին խորը` յարեւմուտս կոյս ուղղութիւն մի բռնելով, անցան խիտ ու փշալից անտառներու միջէն, ուր ոչ թէ մարդու ոտք, այլ գազանաց անգամ ոտք կոխած չէր:

Այս փախստականներու մէջ կային ջերմեռանդ մարդիկ, որք խնամով հաւաքած եւ ամփոփած էին տէր Կարապետի յօշոտուած մարմինը, իբրեւ անգին մի բան շալակած` կը հետեւէին փախստականաց:

Փախստականներու վիճակն սարսափելի էր, անտառներն դեռ արձագանք կտան. ոմանք հառաչանօք կը ձայնէին իրենց ամենասիրելի սրտի հատորիկներն. ոմանք կը մրմնջէին կոտորուած ազգականներն. ոմանք նօթի ծարաւ կը հեւային. երախաներու վժոցի ձայնն անգամ սարսափ ազդած էր հազարաւոր տարի մարդու ձայն չլսող անասնոց եւ գազանաց:

Եթէ դուք այս անտառները տեսած լինէիք` պիտի երեւակայէիք, որ սորա մէջէն անցնողներից մէկն եւս չպիտի ազատուէր. իսկ ես կասեմ որ 1/10-ը Բաբերդի կողմն դուրս ելաւ, 1/5-ը Տրապիզօնի մերձականերն Զաղփոս, Ապիօն, Կալաֆկայ եւ այլն վայրեր դուրս ելան. դուրս ելնողներու 3/4-ը եւս անցան Ճանիկ, որ Տրապիզօնից ծովով մի աւուր ճանապարհ է ի յարեւմուտս:

Տէր Կարապետի սերունդից ազատուողներն հասան Կալաֆկայ գիւղն, ուր եւս հաստատուեցան, որ տեղ եւս ամփոփեցին ի հող նորա յօշոտուած մարմնոյ մէկ մասն, միւս մասն եւս` Բաբերդի կողմն գնացողներն իրենց հետ տարած էին:

Իսկ այն կողմ Գարա դէրէի մէջ թուրք ամբոխը` ինչ որ արած էր Թորոսլիի, նոյնը եւս արեց հարիւրի չափ գիւղօրէից. փախչողն արդէն փախաւ, մէկ մասը կոտորուեցաւ, մէկ մասն եւս առ երես ուրացաւ, որպէս զի վտանգն դռնից հեռացնէ:

Բուն զատկի օրն էր ամբողջ երկրի երեւելիներից 500-ի չափ անձինք հաւաքուեցան Թորոսլի գիւղի եկեղեցւոյն մօտ գտնուած հսկայ աժրի ծառներու ներքեւ եւ թլփատուեցան:

Մի շաբաթ յետոյ այս աժրի ծառերի շուրջն 30 ձեռք դավուլ զուռնա կածուէր, նախկին թլփատուողներու ազգականներն էին նոքա, որք հանդիսաւոր կերպով կը թլփատուէին, եւ որոց թիւը հազարի կը հասնէր:

Նահատակուած տէր Կարապետի որդին Կալաֆկայ գիւղի մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ իւր հօր անունով:

Սա ուխտեց, որ միշտ իրենց սերունդից քահանայ ձեռնադրուին տէր Կարապետ անունով եւ գոնէ տարին մի անգամ ծպտեալ այցելեն ի Սեւ Գետ, ժողովուրդն հոգեպէս մխիթարեն: 1

1 Սոյն տէր Կարապետ նահատակիս պատմութիւնը հանում ենք Ս. Հայկունու «Կորած ու մոռացուած Հայեր. Սեւ Գետացիք» երկար յօդուածից, տես Արարատ, 1895, էջ 239-243 եւ 293-297. մեր արտագրած մասն է էջ 239-ից մի հատուած եւ էջ 240բ-242ա. մնացեալը թէեւ նոյնպէս շատ հետաքրքրական է, բայց Տէր Կարապետի նահատակութեան հետ կապ չունենալով` զանց ենք առնում մէջ բերել այստեղ: