Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձայներ կուգան իրիկունին խորքերէն,

Ձայներ երկբայ, ձայներ նըւաղ, տրտմակիր,

Եւ հեծծանքի դաշտերէ խոնջ տարագիր

Իմ հիւրընկալ դըռնակէս ներս կը մտնեն:

 

Մեղեդին խռով դաշնակի մը մերձեկայ,

Կ’ողջագուրէ զանոնք լալով, կը տանջուի

Մուրացուհւոյն հիւծուած երգն ալ բարեւի:

Կ՚իջնէ անդորրն իր թեւերով ստուերեայ:

 

Սպասումի թախծահայեաց իրիկուն,

Ըզգեստաւոր երազներով ողբական,

Ուր անձուկը կը ծաւալի լուռ, գուժկան:

 

Կոչնակն ալ արդ սուգ կը շիթէ յոյսերուն…

Յուղարկաւոր աղջիկնե՞րը վայրահակ

Կը մըսին հո՛ն, ձիւներուն վրայ, լուսնին տակ…

 

Բիւթանիա (Ազատամարտ) 1913, թ. 1105