Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հին հիւղակը կը տեսնեմ ճերմակ՝ որ իր առջեւ բացուող լճակին երկնքին մէջ կը շրջի ճերմակ բեկբեկումով մը կը փլչի գիշերուան մութին մէջ:

Եւ անշուշտ աղջիկները, որ ամէն գիշեր, հիւղակին մէջ իրենց վարսերէն տենչանքներուն մահը կ’ոստայնանկեն, անոնք ալ լճակին մէջ կ’ընկլուզին անոր հետ:

Եղեւինները որ կը պահնորդեն հիւղակը, լուսնի ցոլքերէն կանթեղուած, ահա անոնք ալ լճակին մէջ կ’իյնան, անշուշտ ուզելով փրկիլ հին հիւղակը ճերմակ՝ ուր աղջիկները կը գործեն անդարձ մահերու երգը հիւսելով:

Ահաւասիկ ամէն ինչ լճակին մէջ. ահաւասիկ ողբերգութիւնը՝ տարտամ, շփոթ ու տեսլական ցոլացումով մը լճակին մէջ ամփոփուած:

Ո՛չ ոք գիտէ թէ ինչ տեղի կ’ունենայ լճակին մէջ: Ո՛չ ոք գիտէ մենաւոր հիւղակին պատմութիւնը որ պատմութիւնն է իր պատսպարած աղջիկներուն:

Ամէն ինչ կը լռէ. ոչ ոք պիտի իմանայ աղէտը:

Հաւալուսները, անխռով, ճակատագիրը կը խոկան: Ո՛չ ոք պիտի լայ ջրամոյն մահերը:

Եւ վաղը, աղկիոնները, զուարթագին պիտի յածին լճակին վրայ, ու եղերական ջուրերը ըմպելէն՝ այերն ի վեր պիտի թեւածեն՝ կռնչալէն՝ լճակին ողբերգութիւնը խնդալէն: