Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ առաւօտ մը, լուսածագին, ներս մտայ: Ես, Ազատութիւն, յաւիտենական անվկանդ ուխտագնացը արդարութեան, բաշխիչ բարեաց բոլոր մարդոց, ես՝ զոր այսպէս կը տեսնէք յաղթապանծ, դիւցազնաշունչ եւ լուսագէս, ես՝ յղացուած ահագնախռիւ անհուն զուգաւորումէն արեւուն, ճշմարտութեան, ոյժին, աստուածներու հուրքին, գեղեցկութեան ու կեանքին, եւ անոնց տիեզերացունց ու միահաղոյն երկունքէն դուրս թռած, Ես՝ Ազատութիւն, առաւօտ մը կանգ առի խորհրդաւոր ու անշուք դրան մը առջեւ որուն հինաւուրց ու հաստաբեստ կամարները ծեփատած ու փլփլած էին, եւ որուն վրայ արեւելեան քմայքով հիւսուած ու արիւնով գրուած խոշորատառ սա՛ բառը կը կարդացուէր՝ թիռանիա:

Կանգ առի այդ դրան առջեւ զոր ինծի թուեցաւ թէ մթին ու անորոշ դարերու առասպելապատում հէքեաթ մը կառուցած էր, եւ որուն ետեւի կողմէն կը լսէի հեծեծանքներու, հռնդիւններու եւ վշտակոծ աւաչներու աղիողորմ եղերգը՝ այլ եւս անյուսութենէ ձայնատած ու նուաղուն, մինչ դիւային խռպոտ խնդուքներ, հերովդեան ցնծութիւններու անողոք անփութութեամբը ոգեւորուած, ու մահասփիւռ, սպառնական սաստերովը ընդհատուած, կը հեգնէին զայն: Կը լսէի, յետոյ, մերթ աղերսարկու, մերթ լիահագագ եւ բուռն, բայց միշտ կարօտագին կոչերը իմ անունիս ուղղուած, «Ո՜վ ազատութիւն, ո՜վ ազատութիւն, փրկագործ, քաղցր, երջանկաբե՛ր…»:

Եւ ընդոտնելով դուռը ներս մտայ:

Հազիւ թէ քայլ մը փոխած էի շէմքէն ներս, ու թուեցաւ ինձ թէ աչքերս, որոնք արեւաբիբ, արեւներուն խորն իսկ սուզուած էին, ու գիշատած սեւն իսկ ամէնէն թանձրամած ու ամրակուռ մթութիւններուն, թուեցաւ ինծի թէ աչքերս, արեւաբիբ, իրենք իսկ պիտի մթագնէին այս անգամ: Ո՜վ արիւնի ու մարդակմախքներու մահասարսուռ տեսարանը որուն հանդիպած ըլլայի ես երբեք, եւ որ յաճախած ըլլար զիս երբեք՝ իմ երկարատեւ ու դարեւոր ուղեւորութեանս ընթացքին:

Սուրս ճօճեցի ու յառաջացայ, եւ իմ մուտքս եթէ պակուցումին լռութիւնը համասփռեց ամէն դի, սփոփանքի ու խնդուրախութեան աղաղակը ժայթքեցուց միանգամայն: Կենդանի մարդոց այս տարօրինակ դամբարանին մէջ ուր մահը, զուլումը եւ խաւարը անըմբռնելի տենդով մը կը շարժէին, դժնետեսիլ ուրուականներու պէս, ու եղեռնական բռնակալութիւնը երկաթէ վայրէջքով մը կը նուաճէր ու կը խեղդէր մթնոլորտը, իմ լուսեղէն յառաջխաղացութեանս առջեւ ամէն ինչ սասանեցաւ վայրկեան մը, ու դղրդալից յեղաշրջութեան մը փրկարար փոթորիկէն ետքը, կապոյտ պայծառութեան մը առջեւ տեղի տուաւ ի՛նչ որ ժահր ու բորբոս էր, ինչ որ սպանիչ ու աւերիչ էր: Իմ վրիժաբիբ նայուածքներուս շանթերը կ’որոտային մէն մի քայլափոխիս, մաքրագործ ու ապանեխիչ կնդրուկը ծխալով ամէն կողմ: Եւ հետզհետէ կը տապալէին ոճրական պարիսպները զնտաններուն, կը լուծուէին օղակները ստրկութեան շղթաներուն, կը խորտակուէին պալատները՝ մարդկային ոսկորներով ու մարդկային արիւնով քարուկիրուած, կը քայքայուէին կառափնատները եւ դահճութեան ու կոտորածի միլիոնաւոր անխոնջ բանուորներ, հեւիհեւ, լեղապատառ կը փախչէին, կը փախչէին…

Մեծ դահճապետը, իշխողը Թիռանիային՝ բռնութեան եւ եղեռնի երկրին, կը սասանէր ահաբեկ, իր գահոյքին վրայ:

Եւ մեծ ու փոքր ոճրապալատներու պատուհաններէն ներս կը քաշուէին երկնչած՝ բոլոր դաժան ու արիւնախանձ դէմքերը, որոնք մինչեւ այն ատեն երջանիկ, հաճոյազգաց հանդիսատեսներն էին իրենց առջեւ, իրենց շուրջը ներկայացող սպանդի, բազմաձեւ տանջանքի, արիւնաներկ պատկերալից մահագործութեանց անծայրածիր բեմին, եւ վայրագ ծաղրով մը կը կատակէին բոլոր անոնք որոնք զիս կը հայցէին անձկագին բայց կը գլխատուէին, դէպի ինծի գալու համար կը մարտնչէին եւ կը հերոսանային:

Եւ այս փլուզումներուն ու այս քայքայումներուն, եւ այս անկումներուն ու փախուստներուն մէջէն, դէպի ինձ կը վազէր շղթայազերծ, անպարագիր թափօր մը միլիոնաւոր ճնշուածներու, բռնութենէն ու բռնամահէն ազատագրուած միլիոնաւոր դժբախտներու՝ իբր յորդանապտոյտ եւ անզուսպ ծովախաղացք մը մարդոց՝ որ իրենց գլուխներն ու թեւերը բարձրացուցած էին ինչպէս բրգացած կոհակներ, մինչ իրենց միլիոնաւոր ձայներու յօրինած միանուագ փոթորկալիր ովսաննան՝ արծուեթիռ խոյանքով մը սրարշաւ՝ իմ աստուածութիւնս կ’երգէր:

Հրաշագործ անցքն էր զոր կը կատարէի այդ եղկելի մահաստանին մէջ, ուր ամէն ինչ կը վերածնէր ահա, եւ ուր արեւուն լոյսը այլեւս պիտի դադրէր վրդովուելէ գարշալիր ապականութիւններու մէջ:

Ես կը քալէի յաղթական, ես՝ Ազատութիւն, ահա կ’ընթանայի խրոխտագին՝ Թիռանիայի ընդմէջէն, դէպի այն սահմանը ուր կը վերջանար եղեռնանուէր երկիրը: Բայց ինչ որ կը զարմացնէր զիս այս մեծադղորդ տեսարանին մէջ, տեսնելն էր անհամար ա՛յնքան թշուառներ, որ մեկուսացած գերագոյն տօնահանդէսէն, զոր եղբայրութիւնը կը նուիրագործէր, ապշահար ու տխմար, վրդովուած կը զգային ինքզինքնին իրենց ստորնաքարշ գերութեան շնական հանգիստին մէջ: