Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դանիէլ-Վարուժան այսօր դէպի գաւառ՝ իր ծննդավայրը Սեբաստեան գիւղ մը Բրգնիկ կ’ուղեւորի, ինչպէս որ անցեալները իր ծննդավայրը՝ Արմտան վերադարձաւ դարձեալ մեր աշխատակիցը՝ նորահաս վիպող Յակոբ Մնձուրի:

Մեզի համար ոչինչ աւելի խանդաղատեցուցիչ է, քան ողջերթ մաղթելը գրողներու եւ բանաստեղծներու իրենց էութեան մէջ տաղանդի մը լոյսն ու մաքուր խառնուածքի մը ջերմ կենսունակութիւնն ապրող գրողներու եւ բանաստեղծներու, անշուշտ որոնք իրենց փոխատնկուած ծաղկի հոգւոյն մէջ բաբախուն ցանկութեամբը կը սարսռան դէպի իրենց մայր-հողը, անոր արեւէն շառայլ մը պահելով իրենց ծոցին խորը, եւ կ՚ուզեն երթալ թեւատարած էախառնուիլ անոր, շնչել անոր օդը, մտերմանալ բոլոր իրերուն որ զայն, իրենց մայր-երկիրը կը յօրինեն, պրիսմակել իրենց մէջէն բոլոր գոյներն ու բոլոր տեսքերը անոր, բոլոր ձայներն ու բոլոր ցաւերը ու բովանդակ հոգին անոր, ու յետոյ, այս անգամ աւելի հզօրապէս, ու աւելի իսկատպօրէն նորէն ճառագայթել, նորէն բուրումնաւէտել:

Ապրելու եւ վերարտադրելու համար ցեղին հանճարն ու ցեղին հոգին՝ պէտք էր վերադառնալ դէպի բնագաւառը այդ ցեղին, դէպի  լիութիւնն ուր ամէն շեշտ եւ ամէն երանգ, եւ ամէն երգ ու ամէն շարժում կը մնան իսկական, կոյս, բնագեղ:

Դէպի բնագաւա՛ռ, ուրեմն:

***

Երկարատեւ եւ անողոք եղաւ ժամանակը, որու ընթացքին քաղաքական անսովոր բրտութիւններ արգելափակ ըրին հայ բնագաւառը, չթոյլատրելով մօտենալ անոր, անկարելի դարձնելով հայ գրողին կամ արուեստագէտին՝ այցելել այն աղբիւրին ուրկէ հայ ցեղին կեանքը ու հոգին բխած էր անվերջ, դարերէ ի վեր, ու տառապանքներու քարքարուտին ընդմէջէն հոսած էր, միշտ հոսած: Մեր գաւառական գրականութիւնը բացի մէկ-երկու տաղանդներէ որոնք մոգական ոյժով մը անոր գոյութիւնը զգացուցին, առհասարակ տկար արտայայտիչ մը միայն կրցաւ ըլլալ ցեղային հոգւոյն եւ հանճարին, զինքը խեղդամահ ընել ուզող բռնակալ թաթերու ճնշումին տակ:

Եւ հայ բնութեան, հայ կեանքին, հայ հոգւոյն, հայ հանճարին, հայ երգին ու աւանդութիւններուն սխրագեղ օրրանը, Թրքահայաստանի մէջ, հազիւ թէ կրցաւ ներշնչարան մը ըլլալ գրականութեան եւ արուեստին համար: Ինչ որ հայ գրողը հեռուէն կը կապէր իր մայր բնագաւառին՝ առհաւութեանց ու ցեղային զգայութեանց, երազներու եւ կարօտի ցանցով մը, ամէնը այդ էր. իսկ անոր անմիջական հաղորդականութիւնն ու ազդեցութիւնը ապրիլ՝ ահա՛ ինչ որ անհնարինն էր: Ինչ որ առաւելութիւնն էր կովկասահայ գրողին բանաստեղծ ու վիպասան դժբախտութիւնն էր թրքահայ գրողին:

Ռուբէն Զարդարեան մըն էր միայն որ մէկ քանի հրաշագեղ հէքեաթներու մէջ վերապրեցուց հայ աւանդութիւններ՝ զանակներ հայ ցեղային հանճարին ու երեւակայութեան, եւ զմայլելի պատկերներու մէջ ի յայտ բերաւ բովանդակ տրտմագեղ թովքն ու յուզումը իր շուրջի կեանքին ու բնութեան, Թլկատինցի մը ուժգնապէս ինքնատիպ պատմուածքներու մէջ արտայայտեց իր գաւառի հայ կեանքն ու հայ հոգեբանութիւնը, ու Մուշի Գեղամն ալ որ իր սրտագրաւ գաւառաբարբառին մասնակցութեամբը Տարօնի հայութիւնը հեծեծեց ու Տարօնի բնութեան գեղեցկութիւնները պատմեց: Ահա թէ որո՛նք, ապրած ըլլալով հայ գաւառի ծոցն իսկ, յօրինեցին թրքահայ գաւառական գրականութեան մը՝ այն ալ համիտեան եղեռնագործ գրաքննութեան մը հալածանքներուն մէջ, առանց նկատի առնելու ազգագրական ու բանահաւաքական այն փորձերը, որ զուտ գրականութեան մաս չէին կազմեր:

***

Եւ արդ, ահա անկարելիութիւնը՝ կարելիութեան վերածուած: Դէպի բնագաւառ՝ նոյնիսկ հայ արուեստին ու գրականութեան վերակենդանութեանը համար, նոյն իսկ հայ հոգւոյն վերյայտնութեանը համար, սպասելով որ երկիրը ծնցնէ նոր գրողներ ու երգիչներ:

Եթէ նոյնիսկ առարկուի թէ արդէն օտար հորիզոններու տակ կազմուած գրողները չէ որ դէպի բնագաւառ իրենց վերադարձովը կամ գաղթովը պիտի զարգացնեն ու ստեղծեն իսկապէս գաւառական գրականութիւնը… բայց, ապահովաբար, այդ գրողները բնագաւառի իրենց կեանքին մէջ, իրենց թափանցողութեանն ու ընդունակութեանը, ինչպէս նաեւ ներշնչումի ու յուզումի սաստկութեանը համեմատ, իրենց արարչական ոյժերովը անցնելով նոր փուլէ մը, իրենց տաղանդը ենթարկուելով նոր եւ հզօր փթթումի մը, եւ զգայականութիւնը ճոխանալով իրենց կարգին պիտի թարգմանէին վեհանձն, հանճարեղ ու խոհական, ու միեւնոյն ատեն տանջահար լռութիւնը, որ ուրիշ բան չէ բայց եթէ հայ հոգին, եւ որ ա՛յնքան հազուադիպօրէն բարբառած է թրքահայ նոր արուեստին ու գրականութեան ընդմէջէն: Ցեղին անեղծ մնացած կեանքն ու հոգին, բնագաւառի գոյնը, հողն ու արփաւէտումը. ահա թէ ինչ բան տարբեր քաղցրութեամբ մը պիտի օծէր իրենց գործը, եւ նոր աւիշով մը աւելի եւս պիտի կենդանացնէր զայն:

Բնագաւառը իրենց ընդմէջէն, եւ իրենք՝ բնագաւառին ընդմէջէն:

Դէպի բնագաւա՜ռ, ուրեմն:

Բարի ե՜րթ բոլոր անոնց, այն գրողներուն, որոնք բնագաւառի ճամբան կը սկսին, այն երկրին՝ ուր հայ հոգին կը նոյնանայ բնութեան հետ:

 

«Ազդակ» 1909, թիւ 36։