Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԻՆԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ


Չկա՛յ ասպարէզ մը կեանքի մէջ, որը ապահովաբար աւելի յարմարի կնոջ բնաւորութեան, կազմուածքին ու խառնուածքին՝ ինչպէս կրթական ասպարէզը։

Դաստիարակութիւնը այնպիսի գործ մըն է, որուն յաջողութեան գլխաւոր ազդակներն են՝ սիրող, գորովալի սիրտ, համբերող ու քաղցր հոգի, նախազգացողութիւն, որը արդիւնք է չափազանց զգայնութեան, ամենասուր հոտառութիւն (flair), նուրբ բնական դատողութիւն (tact), եւ կարգ մը ուրիշ բնաւորանիշներ, օրինակի համար՝ կասկածոտութիւն, հետաքրքրութիւն, մտքի փոփոխականութիւն, այսինքն մի՛շտ նորը, հետաքրքրականը դիւրութեամբ որդեգրելու ընդունակութիւն, մինչեւ իսկ լաւ ու զուարթ հագուելու տարամերժ փափաք, որոնք կնոջ նկարագրին տկարագոյն կողմերը կը նկատուին, եւ որոնք սակայն պիտի ըսեմ եւ պիտի հաստատեմ թէ՝ անհրաժեշտ են դաստիարակութեան եւ մանաւա՛նդ բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ կատարեալ յաջողութեան իբրեւ պայմաններ, եթէ ատոնք չափաւորուին, ազնուացուին ու նպատակին համար միայն ի սպաս դրուին։

Կինը՝ մարդուն առաջին բնական դաստիարակն է արդէն. բնութիւնը այդ պաշտօնին կոչած է զինքը աշխարհի սկիզբէն անոր թեւերուն մէջ դնելով մանուկը։

Կինը ի բնէ աւելի կը սիրէ մանուկները. ապագայ մայրութեան բնազդը իր մէջը կը խօսի մանկութեան առաջին տարիներէն, եւ Հիւկօ շատ գեղեցիկ կերպով կը հաստատէ ատի, այնքան կենդանի նկարագրելով գերազանց հաճոյքը՝ զոր կը զգայ մանուկ-աղջիկը համբուրելով, գգուելով, կուրծքին վրայ սեղմելով, օրօրելով, քնացնելով իր պէպէքը, էգ մանուկին այդ անհրաժեշտ պէտքը, մինչ արու մանուկը ընդհակառակը անտարբեր է պէպէք ին համար եւ նախամեծար կը համարի սրընթաց վազող կառք մը, ձի մը, ատրճանակ մը եւ մէկ խօսքով այն ամենը որ պիտի պատշաճի իր ապագայ հասունութեան տարիներուն ճաշակին ու բնաւորութեանը։

Եւ արդէն կինը իր բնական կոչումին, այսինքն մայրութեան, եւ դարձեալ ոչ նուազ բնական իր դաստիարակի պաշտօնին մարդը չէր կրնար ըլլալ եթէ մանուկները չի սիրէր, եթէ անոնց համար չի զգար այն գորովագին խանդաղատանքը, որ իր մէջը անդիմադրելիօրէն կը յաղթէ յոգնութեան, ձանձրոյթի, վհատութեան, եւ կ՚ոգեւորէ զինքը նո՛ր ուժով, նոր եռանդով շարունակելու այդ դժուարին ու փափուկ գործը։

Սէրը իրեն կը ներշնչէ համբերութիւն, մանուկ բնաւորութիւններու մէջ շարունակաբար երեւցող չարութիւններու ու խեռութիւններու դէմ եւ զանոնք ուղղելու համար անայլայլ քաղցրութիւն, վասնզի նկատուած է որ առ հասարակ քաղցրութեան ազդեցութիւնը անդիմադրելի է է՛ն խեռ ու անուղղայ բնաւորութիւններու վրայ։

«Աւելի շատ ճանճ կը բռնուի մեղրով քան թէ քացախով» կ՚ըսէ առածը. եւ բարոյական դաստիարակութեան յաջողութեան մէջ մանաւա՛նդ քաղցրութիւնը առաջին ու միա՛կ պայմանն է, վասնզի անի կը շինէ զգայուն, փափուկ, սիրող հոգիներ. անի կ՚օգնէ գլխաւորաբար խիղճը զարգացնելու ու կազմակերպելու եւ մանուկ սրտերու մէջ քիչ քիչ տեղ կը բանայ այն ամէն ազնիւ ու առաքինի զգացումներուն, որոնք անհրաժեշտ են իբրեւ ճշմարիտ բարոյական մարդ ապրելու համար աշխարհի վրայ։

Իսկ խստութիւնն ու սպառնալիքը, կրկնուող պատիժները կը չորցնեն մանուկ սիրտերը, անգութ եւ անխիղճ բնաւորութիւններ կը շինեն։

Խստութիւնն ու սպառնալիքը շատ շատ կրնար խրտչեցնել մանուկները եւ առանց հիմնապէս ուղղելու երեւցող թերութիւնները կրնան գուցէ ժամանակաւորապէս զսպել զանոնք, եւ այդ դրութիւնը ուրիշ արդիւնք չունենար բայց եթէ կեղծիքի վարժեցնել տղան, որը իր դաստիարակին կամ դաստիարակուհւոյն ներկայութեանը երկիւղի ազդեցութեան տակ ուղղուած կը ձեւացնէ ինքզինքը, եւ այդ ազդեցութենէն դուրս՛ կը դառնայ նո՛յն մարդը եւ գուցէ աւելի վատը, իւրացուցած ըլլալով նաեւ կեղծաւորութիւնը։

Խստութիւնը սրտի հետ չի՛ կրնար խօսիլ, մինչ անպատճառ սրտի լեզուն խօսելու է բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ։

Հազար պատիժ չի կրնար տալ այն բաղձացուած արդիւնքը, ինչ որ տխուր նայուածք մը, թեթեւակի այլայլուն ձայն մը եւ երբեմն ցաւի արցունք մը կրնայ քաղել։

Քաղցրութիւն ըսելով սակայն մենք չենք ուզեր սանձարձակ ներողամտութիւն հասկցնել, ատի՛ թուլութիւն կ՚ըլլայ, ինչ որ նոյնքան վտանգաւոր է դաստիարակութեան գործին։

Քաղցրութիւնը, ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան գործին յաջողութեան համար վերեւ յիշուած իւրաքանչիւր պայմաններ պէտք է դնել որոշ ուղղութեան մը վրայ։

Առ հասարակ կինը բնաւորութեամբ զգայուն ու փափուկ, արցունքի ու հեծկլտանքներու դէմ տկար՝ չի կրնար չափ մը, սահման մը դնել ներողամտութեան, բայց պարտաւոր է հարկը պահանջած ժամանակ, քիչ մը առնական խստութիւն խառնելով իր այդ կարգի զգացումներուն, չափաւորել զանոնք եթէ կուզէ շիտակ նպատակին հասնիլ։

Խստութիւն կայ սակայն եւ խստութիւն ալ կայ. կը կրկնեմ։

Կա՛յ վշտագին խստութիւն մը, որ տղուն կը զգացնէ բուռն ցաւը՝ զոր կը զգայ դաստիարակ կինը կամ մարդը, զինքը յանդիմանելով կամ պատժելով, ինչ որ խորունկ զղջումի արցունքներով շատ անգամ տղան կը նետէ ուղղութեան ճամբուն վրայ. եւ կա՛յ խստութիւն մըն ալ, պաղ, անկարեկիր եւ բռնաւորական, ինչ որ տղան պաղ ու անզիղջ կը թողու իր կարգին, նոյն իսկ տեսակ մը տգեղ վրէժխնդրութիւն ալ վառելով անոր սրտին մէջ, եւ կ՚առաջնորդէ զանի պաղ յամառութեամբ մը կրկնելու իր յանցանքները պարզապէս իր դաստիարակը աւելի՛ զայրացնելու, տանջելու դիտումով։

Տղան շատ շուտով կրնայ զանազանել այդ երկու խստութիւններուն մէջ եղած տարբերութիւնը, վասնզի մանուկները ամենամեծ հոգեբաններն են, եւ ոչ ոք կրնայ անոնցմէ աւելի ուղիղ ըմբռնել մարդոց սրտերուն մէջ անցածը…։