Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ՕՐԵՐԷՆ
ԿՌԻՒԻՆ ՍԷՐԸ


Ա.

Քեզնէ եւել զօրեղ սէր մը չեմ ճանչցեր ես,

Դեռ եւս մանուկ քու դրուագներըդ լըսեցի

Մեծ մօրս բերնէն, որ կը պատմէր հին օրերէն,

Իմ մանկական արտասուքներս չորցընելու,

Կամ պուպրիկիս ինձ առթած վիշտն ամոքելու,

Կամ իբր օրօր իմ մանկական անուշ նինջիս

Նա կը պատմէր ինծի երկա՜ր հին օրերէն,

Եւ կը չորնար արցունքն իսկոյն իմ աչքերուս

Դեռ կը յիշեմ… օ՜ գիշերներ ձմրան երկար…

Բազուկներովս գրկած ծունկերն մեծ մօրս անուշ,

Կը կախուէի շրթունքներէն մեղրածորան,

Ու կը պատմէր կերկեր ձայնովն իր ծերունւոյ,

Վէս կռիւներն անոնց որոնք ալ չի կային.

Անոնք՝ որոնք եղբարքն էին իր հարազատ,

Յանդուգն քաջեր, որոնք այսօր մոռցըւած են.

Լեռան պէս բարձր, կաղնի ծառին պէս անյողդողդ,

Սարսափն համակ իրենց դարուն բըռնաւորին,

Փոյթ չէր թէ ան Քո՞ւրդ էր, Թո՞ւրք թէ Հայ ամիրայ,

Թաղակա՞ն էր, թէ Պատրիա՞րք կամ Առաջնորդ,

Վա՜յ թէ անոնք ժողովուրդի սուրբ իրաւունք

Դրամի, դիրքի ուժով եւ կամ վատ մատնութեամբ

Յանդըգնէին պիղծ ձեռքերով յափըշտակել…։

Բ.

Լեռան պէս բարձր, կաղնի ծառին պէս անյողդողդ,

Իսկէնտէրն էր ահա կանգնած, հոն, Աթ-Մէյտան,

Իր առիւծի բաշերն տնկած եւ ահաւո՜ր,

Իր առնական խըրոխտութեան մէջ գեղեցի՜կ,

Աչքերուն մէջ արդարութեան հուր սըրբազան,

Հաւատքովը իր ստանձնած դատին՝ հըզօ՜ր.

Նուիրական իր պարտքերուն քաջ գիտակից,

Ժողովուրդին գըլուխն անցած դիւցազնօրէն,

Նա կը սպասէր ճամբուն վրայ մեծ Սուլթանին,

Ձեռքը բռնած բողոքագիր մ՚ուր պերճօրէն,

Պատմեր էր ան բռնաբարումն ժողովուրդին

Սուրբ իրաւանց, ու զրկումներն օրը օրին

Այն ամիրայ կոչուած կարգ մը ճիւաղներէն՝

Որոնք երկա՜ր ատեն արիւնը քամեցին

Խեղճուկ Հայուն, թաղականի դիմակին տակ.

Երկա՜ր ատեն ո՛րը բանտը, ո՛րն ալ աքսոր

Անոնց շնորհիւ տուայտեցան, արիւն լացին,

Եւ ո՛ր մէկն ալ անոնց ճանկէն ազատելու

Համար, բարւոք դատեց, աւա՜ղ, փոխել իսկոյն

Յիսուսի Խաչն Մուհամմէտի Ղուրանին հետ…

Ու երբ օր մըն ալ զըղջացած փափաքեցաւ

Հայրենի կրօնն ջերմ կարօտով վերընդգրկել,

Անբա՜ղդ գլուխն դահճին սակրին տակ ինկաւ, ա՜խ…։

Գ.

Սուլթանն անցաւ Աթ-Մէյտանէն ու երբ տեսաւ

Լեռան պէս բարձր հըսկայ կտրիճը գեղեցիկ,

Արքայական ձեռքն երկարեց, անձամբ առաւ

Բողոքագիրն այն պերճախօս եւ ազդեցիկ.

Ու պատրիարքն ըլլար գուցէ շուտ գահընկէց

Իբրեւ միակ պատճառ չարեաց, շատ իրաւամբ,

Քանի իր հօտն անօգնական կեր գայլերուն

Թողած՝ ինքը զեղխութեան մէջ կը յըղփանար,

Բայց մատնութեամբ մը դաւաճան Սուլթանն ահեղ,

Խըռովելով հըրամայեց շուտ աքսորել

Իսկէնտէրը, իբրեւ գրգռիչ, խըռովարար,

Իրաւունքի այդ վեհ պաշտպանն հայրենիքէն

Քըշեցին դուրս, երկիր մը ցուրտ, անհիւրընկալ,

Ուր շնորհիւ ամիրայից սեւ մատնութեան

Մընաց երկար, Վերադարձաւ նա հուսկ յետոյ,

Մի՛շտ անողոք, անվախ ու մի՛շտ վրէժխընդիր,

Մի՛շտ կազմ, պատրաստ մըղել կռի՜ւ բռնութեան դէմ։

Ու կը պատմէր մեծ մայրս դարձեալ, ինչպէս օր մ՚ալ

Թուրք պաշտօնեայ մ՚յանդըգնելով հայուն քըֆրել,

Իսկէնտէրի պողպատ ձեռաց տակ կիսամեռ

«Մեղա՜յ, մեղա՜յ…» կանչուըռտելէն հոգին տուաւ.

Զի բարկութիւնն ահաւոր էր այն առիւծին։

Ու անգամ մ՚ալ վաւաշոտ Թուրք մ՚եաթաղանով

Երբ կը սպառնար Հայ պատանւոյն կա՛մ հետեւիլ

Իրեն եւ կամ պատրաստ ըլլալ հոն մեռնելու,

Հասաւ Արթինն, եղբայր դիւցազն Իսկէնտէրի.

Դիւցազն մ՚ալ ինք, անոր պէս վէս ու գեղեցիկ,

Եւ առնելով եաթաղանը Թուրքին ձեռքէն,

Երկու կըտոր ըրաւ փխրուն կաւի մը պէս.

Պինդ երկաթը իր ձեռքերուն մէջ փըշրեցաւ,

Ու պատանին ազատ թըռաւ թըռչնոյ մը պէս.

Մինչ Արթինը բռնած Թուրքը պինդ մօրուքէն,

Ապտակներու տեղատարափ սեւ երեսին

Տեղացընէր, յետոյ բըռնած երկու ոտքէն,

Անպէտ բեռի մը պէս հեռուն կը նետէր զայն։

Եւ դեռ որ մէկն թուեմ այս տեղ… իմ մանկութիւն

Դիւցազնական այս դէպքերուն պատմութիւնով

Շատ կանուխէն ազդուեր էր. ա՜լ չի սիրեց

Խարտիշահեր պուպրիկ. պէսպէս խաղալիքներ,

Միա՜կ տենջը, սէրը, կեանքը մանուկներու։

Եւ գիշերներն երբ փակէի աչքերս ի քուն,

Երազներուս մէջ հսկաներն այն փառաւոր,

Իմ նախահարցս կերպարաններն դիւցազնական,

Կը թուէին ինձ բարձրանա՜լ մինչեւ երկինք,

Ոտքերնուն տակ շանթեր առած իբր պատուանդան,

Գլուխներնուն վըրայ բոցէ ամպեր բարդ, բարդ

Ցոյց կուտային ինծի հեռուն կռուոյ դաշտեր,

Կարմիր դաշտեր… խումբ խումբ աղւոր թեկնեղ տղաք

Փաթթոցաւոր ու ֆէսաւոր գաճաճներու

Վրայ ինկած, վայրագօրէն վըրէժխնդիր

Սուրով, բիրով անոնց արեւն կը մարէին։

Դ.

Օ՜, բռնութեան, հալածանքի դէմ մի՛շտ կըռիւ…

Ասկէ եւել զօրեղ սէր մը չեմ ճանչցեր ես

Հէնց առաջին տարիներէն իմ մանկական…

Պատանուհի՝ դարձեալ ուրիշ տենջ չունեցայ.

Քեզնէ եւել զօրեղ երբէ՛ք սէր չի ճանչցայ.

Ո՜վ սուրբ կըռիւ հալածանքի բռնութեան դէմ…։

Չի սիրեցի բեհեզ, սընդուս ու տանթէլներ

Որոց տենջան երիտասարդ սըրտերը միշտ.

Չի սիրեցի մտնել երբէք պերճ սըրահներ՝

Ուր կը յածին սմոքինկներ պաշտօնական,

Ձեռնոցապատ ձեռքեր, աչքեր մօնօկլաւոր

Ուր կը խորհին ինչպէս պատշաճ գօմբլիման մը

Օրիորդի մ՚ականջին տակ տեղաւորել։

Չի սիրեցի երբէք ատոնք…Օ՜ կոշտ ձեռքեր

Եղբայրներուս, զձե՛զ միայն սիրեցի ես.

Թէպէտ ձեռնոց հագնիլ գուցէ դուք չէք գիտեր,

Թուր, հրացան գործածելու վարժ էք սակայն.

Անո՜ւշ ձայներ… հըզօ՜ր ձայներ… ինչպէ՜ս ազդու

Ի՜նչ ճշմարիտ, անկե՜ղծ էին ձեր շեշտերը

Երբ խօսէիք կռւոյ դաշտէն, արեա՜ն ծովէն.

Ցածուկ ու նեղ այն սենեկին մէջ աղքատիկ,

Քանի՜ քաղցր է ինձ հոս յիշել այն անցեալը

Ուր կը տեսնեմ ձեզի դարձեա՜լ խորհրդաւոր,

Ձեր պարզ ու բիրտ կերպարանքին տակ գեղեցիկ,

Եւ առնական ու կորովի ձեր ժէսթերը

Երբ Մայր Երկրի տառապանքէն կը խօսէիք…

Օ՜… դուք որքան կը մեծնայիք աչքերուս տակ,

Ինչպէ՜ս իմ սիրտս կը բաբախէր ձեզի համար,

Իմ կո՜յս սիրտըս, որ կռուէն զատ սէր չի ճանչցաւ…

Օ՜… դուք որքա՜ն կը մեծնայիք աչքերուս տակ,

Կերպարանքին մէջ ձեր պարզուկ, անվայելուչ

Ցայտ բերելով սիրտ մը անհուն, աշխարհի մ՚չափ…

 

Այսօր՝ մայր եմ. ու չեմ խորհիր թ՚արդեօ՞ք տըղաս,

Պիտի կանգնի օր մ՚վայելուչ ու գեղեցիկ,

Համազգային հանճար մ՚հսկայ որուն համար

Համայն աշխարհ ըլլայ խորունկ երկըրպագու…

Կը մտածեմ միայն թ՚արդեօք պիտի սիրէ՞

Սուրբ կըռիւը հալածանքի բռնութեան դէմ,

Պիտի սիրէ՞ կռիւը՝ զոր մայրը սիրեց…։

Ե.

Ինչե՜ր ունիմ քեզ պատմելու, իմ սիրելի՛ս,

Նոր օրերէն, որոնք հինցած պիտի ըլլան

Հայ ցաւերէն, հայ աղէտքէն, ծո՜վ արիւնէն

Որը, յուսանք, արդէն չորցած պիտի ըլլայ…

Քեզ պիտ’ պատմեմ, ինչպէս արի այն կըտրիճներ

Ժըպիտ ի շուրթն կախաղանը ելան անվախ.

Կախաղանէն խըղդուկ ձայնով դեռ պօռալով,

«Դուն շա՜տ ապրիս, մեր կեանք, մեր սէր, ա՜խ Հայաստան…։»

Օ՜հ թէ ինչպէ՜ս… հերոս զարմիկդ Վըռամշապուհ,

Փըրկարար ռումբն ահեղօրէն նետած պահուն

Հալածանքի ու բռնութեան ճամբուն վրայ

Դիպուածական դարձաւ ինքը զոհ շանթերուն…։

Եւ թէ ինչպէ՜ս, ուրիշ զոհ մ՚ալ, դարձեալ մեզնէ,

Սահարայի անհունութեանց մէջ միս մինակ

Տառապեցաւ, ու սիրելեաց ջերմ կարօտը՝

Անապատի հուր արեւէն ա՛լ աւելի

Վառեց, այրեց իր հէգ կեանքը, մոխի՜ր դարձուց…։

Եւ դե՜ռ… տըղա՛ս, քեզ պի՛տ պատմեմ դեռ շատ դէպքեր,

Պատմութիւնը ամէն անոնց՝ որ հայ ծընան,

Հուրի, սուրի դար մը աւա՜ղ, ուր կռուողը՝

Ազատ կեանք մը կամ պատուաւոր մահ մ՚ունեցաւ…։

***

Այսօր՝ քու մայրդ չի մտածեր թ’արդեօք տըղաս,

Պիտի կանգնի օր մ՚վայելուչ ու գեղեցիկ,

Համազգային հանճար մ՚հսկայ, որուն համար

Համայն աշխարհ ըլլայ խորունկ երկըրպագու.

Կը մտածէ միայն թ՚արդեօք պիտի սիրէ՞

Սուրբ կըռիւը հալածանքի, բռնութեան դէմ,

Պիտի սիրէ՞ կըռիւը՝ զոր մայրը սիրեց,

Կռիւը՝ զոր իր նախահարքը սիրեցին…։