Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉԸ՝ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԻՆ ԱՌՋԵՒ


Անգութ եւ անիրաւ բռնաւոր մըն է յաճախ հանրային կարծիքը։

Անիկա՝ տրամադիր է մի՛շտ դէպի չարը մեկնելու ազնուական հոգիի մը ամենէն անկեղծ խոյանքը, ընտրեալ սրտի մը արտայայտած ազնուօրէն համարձակ զգացումները, սիրալիր եւ ազատ վարուելակերպը ճշմարտապէս եւ վեհօրէն սիրող մարդուն…։

Օ՜ հանրային կարծիքը…։

Անիկա տրամադիր է անխղճօրէն զրպարտելու, ամբաստանելու, դատելու եւ դատապարտելու եւ եթէ ձեռքէն գայ՝ պատժելու նոյն իսկ ան՝ որ հանրութեան օգտին համար կը նուիրէ իր միտքը, սիրտը, հոգին, հանգիստը եւ ինչ որ ամենէն թանկագինն է, իր երիտասարդ կորովը, իր կեանքը։

Հանրային կարծիքը պատրաստ է երբեմն ամենէն անվնաս եւ սովորական բաներն իսկ տեսնելու իբրեւ յանցաւոր ոճրագործ եւ ամօթալի արարքներ, արժանի՝ թուքով ու մուրով հալածուելու։

Ամէն ազգերու մէջ հանրային կարծիքը նո՛յն բռնաւոր եւ անիրաւ հալածիչն է արդարեւ, բայց մեր ազգին մէջ ա՛լ աւելի զարհուրելի համեմատութիւններ առած է ան, եւ զարմանալի չէ՛։

Տրուած ըլլալով մեր ժողովուրդին նախապաշարումներու է՛ն տգեղը, արդիւնք եւ հետեւանք ամենախորունկ տգիտութեան, բնական է որ ազատ խորհելակերպ մը եւ անկաշկանդ գործելակերպ մը պիտի չի կրնար ըմբռնել անոր միտքը։

Պէ՞տք է սակայն կարեւորութիւն տալ հանրային կարծիքին։

Ազնուական եւ ըմբոստ հոգիները կ՚արհամարհեն զայն իրաւամբ, եւ պէտք է որ արհամարհեն, վասն զի մարդկային իրաւունքներուն է՛ն նուիրականն ու անձեռնմխելին է ապրիլ, մտածել եւ գործել իր հասկցած եղանակովը, բաւական է որ մարդ առաջնորդուած ըլլայ լուսամիտ ուղղութեամբ, կեանքի ազնիւ ու սուրբ ըմբռնումներով եւ զգացումներու ջերմեռանդօրէն անշահախնդիր մաքրութեամբ։

Պզտիկ հոգիներու միայն յատուկ է կեանքի մէջ առաջնորդուիլ «ի՞նչ պիտի ըսեն»ի գռեհիկ մտածումովը, երբ անհատական ու ընկերական կեանքի պատահարները գուցէ պէտքը ունենան իրենց աւելի՛ ազատ ու աւելի՛ լայն ժէսթերուն։

Մարդկային ընկերութեան մէջ կայ սակայն դասակարգ մը, որը ստիպուած է գլուխ ծռել հանրային կարծիքին առջեւ ինչքան ալ խիզախ նկարագրով մը եւ ըմբոստ հոգիով մը օժտուած ըլլայ անիկայ։

Այդ դասակարգին կը պատկանի Հանրային Գործիչը։

Սոսկալի գերութիւն մը, ահաւոր տառապանք մըն է արդարեւ այս ստիպումը հանրային գործիչին համար, բայց չէ՞ որ անոր կեանքին մէն մի օղակը զրկանքով ու տառապանքով դարբնուած պիտի ըլլայ…։

Չէ՞ որ ինքը պիտի տառապի, որպէս զի ուրիշը օր մը երջանիկ ըլլայ. չէ՞ որ ինքը պիտի մեռնի, որպէս զի այդ ուրիշը ապրի…։

Եւ պէտք է ընդունիլ թէ՝ հանրային կարծիքին համաձայն վարուելակերպ մը որդեգրելը, իր մտքին ու սրտին ազատ թռիչներուն սանձ դնելը եւ ապրիլ գործին սիրոյն համար հանրութեան ըմբռնած տափակ եւ հասարակ հասկացողութիւններուն համեմատ՝ ամէն մարդու գործը չէ՛, եւ ատոր համար է որ իր կոչման կատարելապէս համապատասխան հանրային գործիչներ շատ քիչ թուով ունինք։

Ի՞նչ ըսել է իսկապէս հանրային գործիչ եւ ի՞նչ է հանրային գործիչին նպատակը։

Հանրային գործիչ կը նշանակէ հանրութեան շահուն եւ օգտին համար աշխատող մշակ։

Անոր նպատակն է բարձրացնել ժողովուրդին մտաւոր եւ հոգեկան վիճակին մակարդակը, լայնցնել, ընդարձակել անոր նեղ աշխարհահայեացքը, լուսաւորելով միտքը եւ արմատապէս ջնջելով նախապաշարումները, եւ ներշնչել անոր, կեանքի առողջ եւ գիտակից սկզբունքներ։

Հանրային գործիչներ են նաեւ զանազան մարդասիրական եւ բարենպատակ ընկերութեանց հիմնադիրներ եւ աշխատաւորներ, Ազգ. Ժողովականներ եւլն. եւլն. ։

Տրուած ըլլալով Հանրային Գործիչին ժողովուրդի ամէն խաւերու հետ շփման մէջ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, իր ծրագիրներուն եւ նպատակներուն յաջող ելքին համար պարտական է իջնել անձամբ մինչեւ անոր հասկացողութեան աստիճանը, ընդունիլ նոյն իսկ կիրարկել անոր նախապաշարումները, յարգել անոր կարծիքներն ու դաւանանքները, մէկ խօսքով նոյնանալ անոր հետ, ապրիլ անոր կեանքով ։

Մենք գիտենք որ ժողովուրդ ըսուածը առաջին անգամ կը խրտչի ամէն նոր եւ լուսամիտ գաղափարներէ, եւ մինչեւ նորը ընդունիլը շատ անգամ դարեր կ՚անցնին… վկա՜յ հին ժամանակներու զանազան փիլիսոփաներու դաւանած ճշմարտութիւնները։ Անոնք ժողովուրդներու կողմէն հալածուեցան մոլեգնաբար եւ զանոնք դաւանողները չարչրկուեցան եւ սպաննուեցան…։

Պէտք չէ՛ ուրեմն խրտչեցնել ժողովուրդը յանկարծական, յախուռն գործելակերպով մը վերիվայր շրջել փորձելով անոր հին արմատացած հաւատալիքները եւ դաւանանքները։

Պէ՛տք է աշխատիլ տակտիկով եւ խոհեմութեամբ։

Անգամ մը որ Հանրային Գործիչը յաջողեցաւ վստահութիւնը գրաւելու հանրութեան, անգամ մը որ հանրութիւնը իր վրայ հաւատք շինեց, ա՛լ գործը դիւրացած է, կը յաջողի անոր ներշնչել ինչ որ նոր է, օգտակար ու գեղեցիկ եւ անզգալաբար կը բարձրացնէ զանի մինչեւ իր ազատ եւ ճշմարտօրէն ազնիւ ըմբռնողութեան աստիճանին։

Եթէ պարտական ենք տղայոց հետ տղայ ըլլալ զանոնք մեզի մօտեցնելու, մեզի հետ ընտանեցնելու եւ մեր խօսածներն ու սովրեցուցածները անոնց սիրելի եւ դիւրըմբռնելի ընելու համար, նոյնպէս եւ պարտական ենք վարուիլ ժողովուրդներու հետ։

Չէ՞ որ ժողովուրդը մեծ տղան է արդէն…։