Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձեր համեստ դպրոցական ներքին հանդէսներուն մէջ կ՚արժէ որ երբեմն բարոյական դաս մըն ալ լսէք, տղա՛քս։ Յաճախ երկար խօսելու ժամանակ չեն ունենար ձեզ ձեր դաստիարակուհիները, որովհետեւ դուք զբաղուած էք շատ, եւ իրե՛նք ալ զբաղուած։

Այս անգամ թող մեր դասախօսութեան նիւթը ըլլայ այն թէ՝ պէ՞տք է սիրել փառքը…։

Գուցէ ըսած ըլլան ձեզի՝ «փառասիրութիւնը լաւ բան չէ՛». բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի, փառասէր եղի՛ք, որովհետեւ առանց փառասիրութեան յառաջդիմութիւն չկա՜յ. միայն պէտք է որո՛շ գիտնալ թէ՝ ո՞ւր է ճշմարիտ փառքը. ո՞րն է օգտակար եւ ազնիւ փառասիրութիւնը։

Փառասիրութեան շիտակ եւ ազնիւ սահմանը գծելէ ետքը միայն պիտի կրկնեմ դարձեալ ձեզի, «փառասէ՛ր եղիք»։

Ազնիւ ու օգտակար փառասիրութիւնը, տղա՛քս, դիրքի եւ ճոխութեան մէջ չէ՛. դիրքը եւ ճոխութիւնը շատ շատ մեր աչքերը կը շլացնեն ժամանակի մը համար եւ անհատին հետ կը մեռնին. դո՛ւք հետամուտ եղիք ա՛յնպիսի փառքերու, որոնք յաւիտեան կ՚ապրին, անհատին մահէն ե՛տքն ալ անթառամ պսակ բոլորելով անոր յիշատակին շուրջը։

Ձեր անձին արտաքին փայլին, ձեր գեղեցկութեան եւ երիտասարդութեան մէջ փառք մի՛ փնտռէք, որովհետեւ ատոնք անցաւո՜ր են. օր մը կը ծերանաք, կը խամրիք, ձեր գեղեցկութիւնն ալ կը թառամի, եւ ո՛չ ոք օր մը կը յիշէ թէ՝ դուք երիտասարդ եղաք ու գեղեցիկ։

Ցեղի ազնուականութեան, մեծ ու համբաւոր ընտանեկան անունի մէջ մի՛ փնտռէք ձեր փառքը, վասն զի ցեղի ազնուականութիւնը ոչինչ է առանց սրտի ազնուութեան, ցեղը ապագայ չունի, որովհետեւ ան ա՛լ ուշ կամ կանուխ կը մեռնի։

Ճշմարիտ փառքը փնտռեցէք, գործունէութեան, ստեղծագործող եւ յաղթական աշխատութեան մէջ։

Գործեցէ՛ք ձեզի շնորհուած կարողութիւններուն չափով, ձեր մտքո՛վ, ձեր սրտո՛վ, ձեր հոգիո՛վ, եւ ձեր գործին մէջ փնտռեցէք ձեր փառքը։

Փայլուն կեանք ապրելու ետեւէ մի՛ ըլլաք. օգտակար կեանք ապրելու ջանացէք։ Երկրի մը ամենէն խուլ ու մութ անկիւնն իսկ մարդ կրնայ փառք վաստակիլ, եթէ միայն գործել գիտէ։

Փայլուն ու ճոխ քաղաքներու մէջ ապրելու հետամուտ մի՛ ըլլաք անպատճառ, եթէ բաղդը այնպէս տնօրիներ է որ դուք ապրիք համեստ անկիւն մը. բայց ուր որ ալ ըլլաք, ստեղծեցէք ձեզ համար գործունէութեան ասպարէզ մը, թո՛ղ ըլլայ անփառունակ, եւ հոգւով փարեցէք այդ գործին, ու պիտի տեսնէք որ գործը ինքն ըստ ինքեան, ինչքան ալ ըլլայ համեստ, ձեզի պիտի փառաւորէ։

Եթէ բաղդը ձեզի ժպտի, տղաքս, եւ հարուստ ըլլաք, ձեր փառքը մի՛ փնտռէք ձեր ժանեակները եւ թաւիշները ցուցադրելու մէջ, այլ ձեր շուրջը վխտացող անհամար թշուառութիւնները տեսնող եղիք, եւ ատոնք դարմանելու մէջ փառք փնտռեցէք։

Եթէ երկինք ձեզի տուած է շնորհք խօսելու եւ գրելու, ճշմարիտը եւ արդարը խօսելու մէջ փնտռեցէք ձեր փառքը, թո՛ղ ձեր խօսքերը շողոքորթ չըլլան, թո՛ղ ձեր գրիչը արդարութեան, իրաւունքի ախոյեանը դառնայ միայն։

Բարի, անկեղծ, առաքինի եւ ներողամիտ եղիք, հպա՛րտ՝ ձեր արժանապատուութեան զգացումին մէջ։

Թո՛ղ ձեր նկարագիրները, յարգանք ու պատկառանք ներշնչեն ձեզի մօտեցողներուն։

Հեռո՜ւ, մակերեւութային կրթութենէ, հեռո՜ւ թեթեւսօլիկ վարմունքներէ, եւ ծեքծեքումներէ. խորունկ աղջիկներ եղիք, լուրջ, մտածող, համեստ եւ քաղաքավար. արմատական զարգացում, հիմնական կրթութիւն ունեցէք. թո՛ղ ձեր խօսքերը ըլլան կշռուած, ձեր վարմունքը ու շարժուձեւերը՝ չափաւոր, ձեր հագուստները՝ մաքուր եւ պարզօրէն վայելուչ։

Լաւագոյն համարեցէք որ ձեզի տան «Վեհանձն եւ ազնուասիրտ» մակդիրը, քան գեղեցիկ եւ հարուստ տիտղոսը, որովհետեւ առաջինը անթառամ պսակ է ձեր անուան համար, իսկ երկրորդը՝ անցաւոր գովեստներ։

Ու եթէ ըլլայ որ ձեր մէջէն կոչուին դաստիարակութեան Ս. գործին, անոնք թող իրենց միակ փառքը փնտռեն՝ իրենց կրթած սերունդներուն գործքերուն մէջ. յիշեցէ՛ք Կրաքեաններու մայրը, որ իր ամենէն թանկագին փառքը իր զաւակներուն բարոյական արժանիքները կը նկատէր, եւ ազնիւ հպարտութեամբ կը շեշտէր ատիկայ, յիշեցէ՛ք որ դաստիարակուհի մը պէտք է կատարեալ մայր մը ըլլայ իր աշակերտ զաւակներուն համար, եւ տարամերժօրէն նախանձախնդիր անոնց մտաւորական, եւ մանաւանդ բարոյական բարձրութեան։

Եւ այսօր, մենք ամենքս ալ որ ձեր մտաւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան համար կ՚աշխատինք, մեր փառքը ձեր յաջողութիւններուն մէջ կը փնտռենք, սիրելի՜ տղաք. մենք ալ փառասէր ենք, ու գիտնա՜ք, որքա՜ն երջանիկ ձեզ համար տրուած գովեստի մը կամ լաւ գնահատութեան մը համար, եւ ինչքա՜ն դժբաղդ եթէ տրուած վկայութիւնը գոհացուցիչ չըլլայ։

Դուք ձեր աչքին տակ ունիք կենդանի օրինակներ, որ յիշուած այս բոլոր տեսութիւնները իրենց անձին վրայ գործնականօրէն ու պայծառօրէն կը պատկերացնեն։

Միայն ձեզի կը մնայ, որ այդ գեղեցիկ եւ տիրական օրինակներէն օգտուելով եւ խրախուսուելով ձեր ազնիւ վարքով ու բարքով, ձեր եռանդուն աշխատասիրութեամբ դառնաք մեր ամենուս ճշմարիտ փառքն ու երջանկութիւնը։