Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՆՈՋ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ.
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԿԻՆԵՐԸ
Գ

Հայրենիքի սէրը դաւանանք մըն է, կրօնք մըն է, եւ այն միակ կրօնքը՝ որուն միշտ կոյր ու մոլեռանդ պաշտումով մը պիտի երկրպագէ մարդկութիւնը, եւ որուն մէջ՝ դարերու ընթացքը, զարգացումը, քաղաքակրթութիւնըբան մը չպիտի կրնար փոխել։ Անիկայ պիտի մնայ յաւիտենական նորը, մի՛շտ ճշմարիտը, միշտ ստիպողականը եւ միա՛կ տիեզերականը, եւ այդ սէրը այնքա՛ն բնականօրէն է՛ն նախնականն է ու զօրաւորը որ կարելի է ըսել թէ՝ ծնողական սէրէն ալ առաջ կ՚անցնի, որովհետեւ մենք գիտենք շատ մարդիկ, որոնք մեռած են հայրենաբաղձութեան ցաւէն, բայց չի յիշուիր բնաւ մարդ մ որ մեռած ըլլայ իր ծնողքը կորսնցուցած ըլլալու վիշտէն։

Հայրենասիրութեան կրօնին պաշտամունքին մէջ սակայն քանի կինը հետզհետէ տեղ ու դիրք կը բռնէ, հաւատքը աւելի՛ կ՚ամրապնդուի, եւ կրօնքը կ՚աստուածանայ ու կը մշտնջենաւորուի։

Եւ ասի թող զարմանալի չի թուի, վասնզի մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամեն գաղափարները, դաւանանքները, շարժումներն ու զգացումները որոնք կնոջ մասնակցութեամբն ու աջակցութեամբը մէկ խօսքով կնոջ շունչովն են ոգեւորուեր, անո՛նք միշտ մե՛ծ, հերոսական ու տիրական եղեր են։

Քրիստոնէական կրօնը պիտի չգտնէր ապահովաբար այն գրեթէ տիեզերական ընդունելութիւնը եւ պաշտումը, եթէ կին մարտիրոսուհիներ իրենց դիւցազնական արիութեամբը չի խանդավառէին ժողովուրդը եւ իրենց աննկուն հաւատքով անոր չի ներշնչէին Հաւասարութեան, Եղբայրութեան ու Սիրոյ խորհուրդին մեծութիւնն ու սրբութիւնը։

Եւ դարձեալ Քրիստոնէութիւնը գուցէ երկար չապրէր, եթէ կին մը, սրբուհին Հեղինէ իր ազդեցութեամբ չի յաջողէր ձեռք բերել այդ նոյն կրօնքին ազատ պաշտաման իրաւունքը։ Եւ նոյնիսկ ա՛յսօր քրիստոնէութիւնը իր բացարձակ հոգեւարքին մէջը կ՚ըլլար, եթէ կինը չի պահպանէր զայն նախանձոտ գուրգուրանքով ու երկիւղածութեամբ իր ընտանեկան յարկին ու ապրծ միջավայրին մէջ։

Կնոջ ազդեցութիւնը, լաւ թէ վատ— ոչ միայն այսօր՝ ուր կինը յառաջդիմած, զարգացած եւ իբրեւ մարդէակ իր բնական եւ արդարացի իրաւունքները ձեռք բերած է, այլ նախնական դարերու մէջ ալ երբ անիկայ գերի, ստրուկ էր նկատուած— մի՛շտ մեծ ու տիրական եղեր է ընտանեկան կեանքի վրայ, ընկերական կեանքի վրայ, ինչպէս նաեւ իր ապրած միջավայրին վրայ։

Մեր նախամայրը Եւա իր ազդեցութեամբ կրցաւ խախտել Ադամի կամքը եւ անոր կերցնել տալ արգիլեալ պտուղը, եւ Սառա, Աբրահամու կինը կրցաւ ազդել իր ամուսնոյն վրայ եւ յաջողեցաւ վռնտել տալ անոր սիրելի հարճը՝ Հագարը եւ որդին՝ Իսմայէլը։

Եսթեր հրեայ գերուհի մը կրցաւ ազդել զօրաւոր Ասուերոսի վրայ եւ իր ցեղը ազատել անխուսափելի աղէտքէն։

Ալանաց գեղեցիկ օրիորդը, Սաթենիկ, յաջողեցաւ իր անուշ լեզուին ազդեցութեամբ համոզել հպարտ Արտաշէսը որ ազատէ իր եղբայրը գերութենէ. եւ Խոսրովիդուխտ հայ իշխանուհին կրցաւ վերջապէս համոզել պալատական իշխաններն ու նախարարները որ երթան վիրապին մէջ փնտռեն կենդանի Ս. Գրիգորը, որուն երեւումը բոլորովին յեղաշրջեց այն ատենուան հայ կեանքը։

Եւ կիները ըմբռնած ըլլալու էին իրենց այդ խորունկ եւ անդիմադրելի ազդեցութիւնը, քանի որ իրենք կ՚ոգեւորէին, կը խրախուսէին իրենց ամուսինները, եղբայրները, զաւակները պատերազմի ատեն։

Ո՞վ չի յիշեր Սպարդացի այն դիւցազն կիները, որ իրենց սիրելիները պատերազմի ղրկած պահուն վահանը ցոյց տալով կ՚ըսէին. «Կա՛մ տակը, կա՛մ վրան»։

Ո՞վ չի յափշտակուիր յիշելով Հռովմայեցի այն սքանչելի մայրը, Կուռնելիան, որ իր զաւակները ժողովուրդի բարօրութեան ու երջանկութեան համար զոհուելու ու մեռնելու յորդորած ատեն կ՚ըսէր անոնց թէ՝ իր միակ տենչալի բաղձանքն էր գերեզմանին վրայ իբր տապանագիր ունենայ միայն «Կրաքեաններու մայրը»։

Շա՜տ համառօտ ու միեւնոյն ժամանակ շատ պերճախօս տապանագիր մը, որը իր մէջ կը բովանդակէ հայրենիքի, ցեղի սիրոյն գերազանց բարձրութիւնը, ու միանգամայն փառասիրութիւններու ամենէն ազնիւը ու ամենէն սուրբը…։

Ո՞վ չի յիշեր պատմութիւնը ասպետական դարերու, ուր ասպետը իրական կամ նոյնիսկ երեւակայական գեղուհւոյ մը սիրովը ոգեւորուած, անոր սիրոյն արժանի ըլլալու համար կ՚երթար հերոսական արկածներ փնտռելու եւ շատ անգամ իրօք հերոս կը դառնար մի՛շտ այդ ներշնչող ազդեցութեան խթանին տակ։

Ուրեմն կինը ամեն դարերու եւ ամեն ժամանակներու մէջ սիրեր է արին, կարիճը, եւ անոր դիւցազնական գործերը վարձատրեր է ամենէն բարձր շնորհներով։

Եւ այսօր նոյն բանը չէ՞, դարձեալ…

Ո՞ր սրտով ու հոգւով ճշմարիտ հայ աղջիկը իր անտիական հասակին երազները չոսկեզօծեր հայ կարիճին իտէալ պատկերով, հայ կտրիճը, վեհ եւ սքանչելի նկարագրով մը օժտուած, որ ամեն զրկանք ամեն տառապանք կը տանի անտրտունջ հասնելու համար իրեն պարտականութիւն դաւանած սուրբ նպատակին… Եւ ո՞ր լուրջ, ճշմարտապէս զարգացած հայ աղջիկը զզուանօք երես չի դարձներ այն փափկասուն ինքնակոչ—կենցաղագէտ երիտասարդներէն որոնք վարպետ են միայն ճարպիկ հաճոյախօսութիւններ անոր ականջներուն մօտ սահեցնելուն մէջ… Ծիծաղելի՜ խամաճիկներ, որոնք արժանիքը կը տեսնեն միայն իրենց վայելուչ սմօքինքներուն եւ կամ մի քանի արուեստական նրբացած ծեքծեքումներուն մէջ։


Քիչ անգամներ անբարոյականութիւնը, ստութիւնը, մատնութիւնը սպրդեր են ո եւ է կազմակերպութեան մէջ, երբ կինը ներկայ եղեր է հոն։

Քիչ անգամներ կռուող զինուորը կռնակը դարձուցեր է թշնամիին, երբ կնոջ աչքերը տեսեր է իր վրայ սեւեռուած։

Քիչ անգամներ հարուստը մերժեր է իր դրամը, շատ թէ քիչ, երբ կին մը ներկայացեր է իրեն։

Քիչ անգամներ, պիտի ըսեմ գրեթէ երբէք ո եւ է նպատակ բացարձակապէս վիժեր է, երբ կինը հոգւով մարմնով մասնակցեր է գործին։

Ֆրանսայի Մեծ Յեղափոխութիւնը յաղթանակեց գլխաւորաբար իր Տիկին Ռօլաններով։

Կիւլիւզարի մը դիւցազնական արիութիւնը բռնկցուց հայ յեղափոխութիւնը եւ Զէյթունի ու Սասունի յեղափոխութիւնը բարոյական ահագին յաղթանակներ տարաւ իր կռուող յեղափոխական կիներով, եւ քաղաքակիրթ աշխարհներու ուշադրութիւնը դարձուց մինչեւ ցարդ անտեսուած հայ ցեղին վրայ, որ այդպիսի հերոսներ ու մանաւանդ հերոսուհիներ կրնար ծնիլ դեռեւս իր այդ ընկճուած ու տանջուած վիճակին մէջ…։

Պօէր կիներու դիւցազնութիւնը յաւէրժացուց Պօէր յեղափոխութեան պատմութիւնը։

Մարիա Սպիրիտօնօվաներ եւ Զինիւդա Քօնօպլինիքօվաներ, այդ գերազանցօրէն բարձր հերոսուհիները, այդ նոր Շարլօթ Քօրտէները ռուս յեղափոխութեան յաղթանակը ապահովելու համար չարչրկուեցան, հանուր աշխարհի հիացումը, պաշտումը, օրհնութիւնը ընդունելով իրենց գացած աքսորի ու մահուան ճամբաներուն վրայ։

Եւ ո՞վ կրնայ չի պաշտել այդ հրաշալի աղջիկները, տասնեւհինգամեայ պատանուհիներ շատ անգամ, որոնք հայրենիքի ճշմարիտ սիրովը վառուած, յեղափոխութեան պէտքը իրենց տառապեալ երկրին համար լիովին ըմբռնած եւ անոր հաւատքովը գերազանցօրէն զօրացած, չի վարանեցան հրապարակաւ իրենց դաշոյնները մխելու վատերու սիրտը, կամ իրենց ատրճանակները պարպելու անօրէններու ճակտին, եւ մահէն աւելի սոսկալի տանջանքներ կամովին կրեցին իրենց որդեգրած գաղափարին տարածմանը համար, եւ ահա յեղափոխական Ռուսիան իր կիներուն գործունէութեան եւ գլխաւորաբար անոնց ազդեցութեան պիտի պարտի իր ապագայ յաղթանակը։

Անոնք գիտցան ազդել մինչեւ իսկ ամենէն տգէտ ու մոլեռանդ մուժիկներուն վրայ, ամէն գնով գիտցան խանդավառել բռնակալութեան է՛ն հաւատարիմ զինւորները ազատութեան գաղափարով եւ ապստամբական շարժումներ պատրաստել Ռուսաստանի ամէն անկիւնները, ծովու թէ ցամաքի վրայ։

Այսօր բարեբաղդաբար Հայուհին պէտքը չունի կռուելու, հայրենիքը ազատ է… Բայց ինչե՜ր չի կրնար ընել ան ազգային ու կրթական ամէն հաստատութիւններու օգտին համար, եթէ իսկապէս Մարիա Սպիրիտօնօվաներու հաւատքովը փարի գործին։

Իսկ անցեալին մէջ եթէ ան հաւաքական ուժերով պատկառելի մեծամասնութիւն կազմած Հայ Յեղափոխութեան մէջ բռնէր իր որոշ տեղը, հայ յեղափոխութեան ճակատագիրը այլապէս վճռուած կ՚ըլլար գուցէ, սակայն հայ կիներէն շատ աննշան մաս մը բաղդատաբար խանդավառուեցաւ ազատութեան սիրովը։ Այսօր բռնակալութիւնը վերցած է. հայրենիքը ազատ է. բայց հայ տառապանքը կա՛յ ու կը մնայ…։

Հերի՛ք արեւելեան կակուղ բազմոցներու անկիւնը թոյլօրէն ընկողմանած մետաքսի կամ թաւիշի կտոր մը երազելով անցնենք թանկագին ժամանակը, կամ ադամանդեայ մատնիի կամ քայռի մը տիրացմանը մէջ ապուշօրէն երջանիկ մոռացութեան տանք հայ տառապանքը…։

Հերի՛ք չնչին մտածումներ, տգեղ նախապաշարումներ մեզի առաջնորդեն կեանքի մէջ։

Պարտականութեան ձայնը ամենուս ալ կը խօսի բարձրագոչ, ո՛վ որ ականջ ունի թող լսէ։

Ժողովուրդ մը յարուցանելու, ժողովուրդ մը փրկելու, նորոգելու պարտականութիւնը դրուած է մեր վրայ եւ մենք կարող ենք այդ բանը ընելու։

Թող մեր սրտերը ուռենան ազնուական հպարտութեամբ այն փրկարար ազդեցութեան եւ գերազանց կարողութեանը համար, որով բնութիւնը օժտեր է մեր սեռը ի բնէ։

Յիշե՜նք որ մենք պիտի ըլլանք ազգը բարձրացնողը կամ ձգողը, քանի որ ազգերը իրենց կիներով կը բարձրանան, ու դարձեալ իրենց կիներով կ՚իյնան։

Հայ ցեղը իր այսօրուայ սարսափելի տառապանքներուն մէջ ուժով եւ յաղթական մնալու համար մեր օգնութեան կը կարօտի…։

Անիկայ կը սպասէ լաւ դաստիարակուած կիներու, անձնուէր մայրերու եւ գործօն ու ժրաջան աղջիկներու։

Պէտք է որ գործենք, եւ ասի՛ բնական է եւ իրաւացի, անբնական է միայն ճահիճի ջուրերուն պէս անշարժութեան մէջ մնալ, ուր մեր բոլոր բնածին կարողութիւններն ու յատկութիւնները կը նեխին, կը փտին ու կ՚ոչնչանան։

Մենք կրկին դեր ունինք կատարելու հայ ընտանեկան, հասարակական ու ընկերական կեանքին մէջ.

Ա. Բարոյական.

Բ. Գործնական.

Մեր բարոյական դերն է, քաջալերել, խրախուսել, խրատել, սիրել, գթալ, ներել, օգնել, խնամել, իսկ գործնական դերը՝ դժուարին է ու պահանջող։

Գործնական դերը մեզմէ կը պահանջէ աշխատիլ, տալ մեր ժամանակը, մեր միտքը, մեր դրամը, եթէ հարկ ըլլայ, որպէսզի այս թշուառ ու չարչրկուած ցեղը վերապրի։

Պարտականութեան ձայնը թող համախմբէ ուրեմն բոլոր Հայուհիները այս վսեմ նպատակին շուրջը։

Ցեղի գոյութիւնը պէտք է որ ապահովենք, բնաջնջումի դէմ պէտք է որ մաքառինք, ասի բնական է եւ օրինաւոր։

Կեանքի մէջ մեր խեղճուկ անձը պահելու համար ամէն օր հազար դժուարութիւններու դէմ կը կռուինք. որչա՜փ աւելի ուրեմն պարտաւոր ենք կռուիլ պահպանելու համար այն ցեղը՝ որ մեզի ծնունդ տուած է եւ որմէ կը քաղենք մեր կեանքի ամենէն անուշ եւ անենէն բարձր ոգեւորութիւնները…։

Զարգացած միտք ունեցողը՝ թող իր զարգացումը ծառայեցնէ անոր օգտին, տաղանդ ունեցողը՝ իր տաղանդը, դրամ ունեցողը՝ իր դրամը, իսկ անոնք որ բան մը չունին եւ գուցէ այդ պատճառով ալ կը վարանին գործին մասնակցելու, անոնք ալ թո՛ղ իրենց ազնիւ ու շիտակ սիրտը տան գործին։

Անկեղծ ու զօրաւոր սրտերու բանակը շատ աւելի տիրական գործեր կարող է կատարել ցեղի մը ընկերային ու հասարակական կեանքին յառաջխաղացութեան մէջ քան մեծամեծ տաղանդներն ու հսկայ հանճարները։

Ո՜վ դուք, որ գործին մեծութեան առջեւ տկար, տգէտ եւ անկարող կը զգաք ինքզինքնիդ, յիշեցէ՛ք որ Ժան տ՚Արք նոյնպէս տկար ու տգէտ աղջիկ մըն էր, եւ սակայն Ֆրանսան փրկե՜ց…։