Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԻՆԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ

դ


Քանի որ օտար դաստիարակութեան միջոցաւ, օտար, խորթ ապրելակերպ մը մեր ազգայնական կեանքին ու բարքերուն մէջ սպրդելու կարելիութիւնը մեզ կը սպառնայ, կը կարծենք թէ՝ հոս տեղն է, մեր տեսութիւնը վերջացնելէ առաջ, արագ ակնարկ մը նետել մեր վարժարանական ծրագիրներուն վրայ ալ, քանի որ ատոնցմէ կախումն պիտի ունենայ գլխաւորաբար մանաւա՛նդ արտասահմանի Հայ գաղութներուն մէջ, ազգայնական ոգիին անաղարտ պահպանութիւնը։

Այդ ծրագիրը կազմելը՝ իրաւ որ դժուար է, վասն զի գործին մէջ գերազանց ձեռնհասութիւն մը ունենալը չի բաւեր, պէտք է նաեւ խորապէս ուսումնասիրած ըլլալ տեղւոյն կեանքը, պահանջքները, յաջողութեան գաղտնիքը, եւ ծրագիրը մասամբ յարմարեցնել այդ պահանջքներուն, քանի որ առանց ատոնց՝ նիւթական ապահովութիւն ու յառաջդիմութիւն չէ՛ կարելի ձեռք բերել այդ անհիւրընկալ երկիրներուն մէջ։

Ի՞նչ պէտք է ընել…։

Հիւսել ազգային դաստիարակութիւնը օտար դաստիարակութեան հետ։

Առ հասարակ արտասահմանի հայ վարժարանները կ՚որդեգրեն տեղւոյն կառավարութենէն վաւերացուած ծրագիրները, բայց ատոնց բացարձակ կիրառութիւնը չի կրնար ճշմարիտ հայ սերունդ պատրաստել։

Բացատրենք։

Ֆրանսական, անգլիական կամ գերմանական դաստիարակութիւնները իրենց ուղղութիւնը կը գծեն իրենց ազգային կեանքին պայմաններուն ու միջավայրին համեմատ, անոնք կը կրեն ազգային սեփական բնաւորանիշ, շատ բնական է ուրեմն որ այդ ուղղութիւնները չի կրնան բացարձակապէս յարմարիլ մեր հայ ազգային կեանքին, քանի որ մերն ալ ունի իր որոշ բնաւորանիշը, եթէ զանո՛նք չի պատուաստենք հայ սեփական դաստիարակութեան մէջ։

Հայ ցեղը բաժան բաժան ցրուած օտար աշխարհներ, թէպէտ տեղական, օտար դաստիարակութիւն մը ընդգրկելու ստիպուած՝ պիտի չմոռնայ նաեւ զարգացընել ազգայնական յատկութիւնները, զօրացնել հայ նկարագիրը, պիտի պահէ ցեղին որոշ գոյնը եւ պիտի չթողու որ անիկայ աղօտանայ, ջնջուի ժամանակի, տեղի, պարագայի, միջավայրի այլազան ազդեցութեանց տակ։

Այն ազգը որ իր ծնող ցեղը պահպանելու մարդավայել հպարտութիւնը չունի. ապրելու արժանի չէ՛։

Ա՛յդ պարագային ան իրաւամբ կը ճանչցուի իբր պիտակ ժողովուրդ մը, ամօթապարտ յանցանքի մը պտուղը կարծես, ճամբաներուն անկիւնը նետուած, օտարներէ որդեգրուած եւ օտարին կաթովը սնած ու մեծցած։

Դարերէ ի վեր, յորում հայ ցեղը ստրուկ է եւ աքսորական, հայ մանուկին վրայ դրուած է նուիրական պարտականութիւնը՝ իր ցեղը ճանչնալու, զայն գուրգուրանօք սիրելու ու պահպանելու, եւ այսօր դարձեալ իր հայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն դեռ եւս մխացող տաք տաք արիւնը սրբազան կտակ կը թողու իրեն նուիրուիլ ազգային վերածնութեան գործին, քալելով հետքերուն վրայէն անոնց՝ որոնք այդ նպատակին համար դիւցազնաբար ցմահ կռուեցան։

Եւ այդ սրբազան կտակին ամբողջական գործադրութեանը վրայ խղճամիտ խստութեամբ մը հսկելու ծանր պատասխանատուութիւնը մեր դաստիարակներուն եւ դաստիարակուհիներուն վրայ կը ծանրանայ մեծ մասամբ, քանի որ անոնք պիտի ըլլան պահպանողն ու զարգացնողը ազգային ոգին մատաղ սրտերու ու մտքերու մէջ, անո՛նք պիտի ըլլան հայ նոր սերունդը առաջնորդողը դէպի պարտականութիւն եւ ցոյց պիտի տան ճշմարիտ ազատութեան ճանապարհը։

Մայր Երկրին մէջ ազգայնական ոգին կը պահուի շատ բնականօրէն, քանի որ օտար ազդեցութիւններ շատ չեն սպառնար զանի ջնջելու, եւ ինչ որ աւելին է, Հայ Տառապանքը կայ ու կը մնայ հոն ցցուած, բնիկ հայութեան աչքերուն ու սրտերուն այնքան մօտիկ։

Բայց օտար հողերու վրայ, ուր կը պանդխտի հայ ցեղը հարիւրներով ու հազարներով, պէտք է ջանալ որ Հայրենիքն ու Հայ տառապանքը ըլլան նաեւ նոյնքան մօտիկ անոնց աչքերուն ու սրտերուն։

Ի՞նչ ընել պէտք է։

Միթէ վարժարանին մէջ հայ լեզուն եւ հայ հին պատմութիւնը որոշ ժամերու մէջ իբրեւ դաս աւանդելը բաւակա՞ն է հայ մանուկը պարտականութեան ու զոհողութեան մարդը ընելու համար. բաւակա՞ն է անոր սիրտը խանդավառելու եւ զանի նետելու դիւցազնօրէն անձնուիրութեան ճանապարհին վրայ…։

Չէ՛… մէկէ աւելի Հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ ունինք, որոնց համար հայ լեզուն ոչ մէկ գաղտնիք չունի, անոնք հայ հին պատմութիւնը լաւ սերտած են, ոչ մէկ անուն, ոչ մէկ դէպք, ոչ մէկ թուական չեն մոռցած, անոնց միտքը լաւ մշակուած է, դրամ վաստկելու ճամբան լաւ գիտեն, եւ իբրեւ galant մարդ կը յարգուին ամենէն, եւ սակայն ի՜նչ օգուտ երբ ցեղին ձայնը լուռ է անոնց սրտերուն մէջ, եւ իրենց մազերէն մէկ թել, եւ իրենց դրամէն մէկ միլիմ չեն զոհեր ազգային վերածնութեան գործին համար։

Հայ լեզուի գոհարները մեզ կը սքանչացնեն, մեր աչքերը կը շլացնեն, հայ հին պատմութիւնը մեզ կը հիացնէ, պղատոնական հիացում մը սակայն, շատ հանդարտ ձգելով մեր սիրտերը։ Ան ալ եւս չի կրնար ոգեւորել, խանդավառել զմեզ այնպէս՝ որ մոռցած բացարձակապէս մեր «Ես»ը մեր միակ ու տարամերժ սէրը, բաղձանքը ընենք Հայրենիքը ու ցեղին փրկութիւնը։

Արտասահմանի հայ վարժարանաց ծրագիրներուն մէջ ուրեմն, առաջին տեղը տալու է հայ լեզուին, հայ ընկերականութեան ու նկարագրին ուսումնասիրութեանը եւ հին պատմութենէն զատ ու նոյն իսկ աւելի՛ հայ նոր պատմութեան դրուագները ծանօթացնել հայ պատանեկութեան եւ անոր ցոյց տալ նոր հայ հերոսներն ու հերոսուհիները։

Միթէ հին Հայկերու, Արամներու, թէպէտ սիրելի բայց շատ առասպելական պատմութիւններէն աւելի նոր ու իրական Հայկեր Արամներ չունի՞նք… նոր Տիգրաններ, Արտաշէսներ եւ Այծեմնիկներ որոնք ժամանակակից հայութիւնը փառաւորեցին։

Հինը չի՛ կրնար ալ եւս ոգեւորել, խանդավառել, կը կրկնեմ, այլ նոր, օրը օրին ապրուած հայ կեանքն է որ թեւ ու թռիչք պիտի տայ հայ մանուկ մտքերու ու սրտերու ու պիտի մղէ զանոնք դիւցազնական գործերու։

Հինը՝ նուիրական, վեհապանծ յիշատակարան մըն է, որուն մարդ կը մերձենայ երկիւղած յարգանքով մը միայն, իսկ նորը, կենդանի աչքերուդ առջեւ կատարուած գործն է որ արիւնիդ մէջ կը վառէ սրբազան կրակը ու սիրտդ թունդ կը հանէ։

Թող չառարկուի թէ՝ Հայոց ժամանակակից պատմութիւնը դեռ լուսաբանուած չէ՛, թէ պատմութիւնը դեռ իր վերջին խօսքը չէ՛ ըսած ներկայ ժամանակներու գործերուն ու գործիչներուն վրայ։ Ի՞նչ փոյթ մեզ։

Միթէ պէտք եղածին չափ դատողութիւն չունի՞նք լաւը՝ վատէն զանազանելու, ճշարիտը՝ սուտէն, իրական հերոսը՝ սուտ հերոսէն տարբերելու։

Միթէ աչքեր չունի՞նք տեսնելու համար դիւցազնութիւնը եւ ականջներ՝ լսելու համար ճշմարտութիւնը։

Միթէ հայ տառապանքը եւ անոր պատճառները հայ նոր սերունդին ճանչցնելու համար պիտի սպասե՞նք, որ ո՞վ գիտէ քանի տարիներ ետքը, գրուած պատմութիւն մը երեւան գայ…։

Անձնուիրութեան, զոհողութեան, քաջութեան գործերը ինքնին չե՞ն խօսիր արդէն մեր սրտին ու մտքին։