Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ Ալլահը ողորմեցաւ։ Ֆուատի ջանքերը պսակուեր էին, յաջողեր էր ձեռք անցնելու կառավարութենէն վաւերացուած հրամանագիր մը, որով Ֆաթիմէ ազատ համարձակ պիտի կրնար իր զաւակը տեսնելու։ Եւ վեհոգի երիտասարդը, հրճուելով իր կնոջ պատճառելիք այս նոր մեծագոյն ուրախութեանն համար, կը վազէր տուն հեւ ի հեւ։

Սանդուղները չորս առ չորս ցատկեց, գրեթէ շնչասպառ մտաւ կնոջը սենեակը, ու ձեռքը բռնած թուղթը յաղթութեան դրօշակի մը պէս պարզելով անոր զարմացկոտ նայուածքին առջեւ,

Ահա՜, ըսաւ, ահա՜ հրամանագիրը. վերջապէ՜ս յաջողեցայ. գնա՜, տե՜ս վաղը զաւակդ…։

Ֆաթիմէ ճերմկեցաւ մոմի պէս, ծունկերը դողդոջեցին եւ պատին կրթնեցաւ չիյնալու համար։

Տէ՜ր իմ… մրմնջեց. ո՜վ իմ բարի տէրս, ինչո՞վ երբէք պիտի կրնայ փոխարինել քեզ քու աղախինդ, ինչ որ դուն ըրիր ու կընես անոր համար…։

Զիս շա՜տ սիրելով, եւ ինծի հաւատարիմ մնալով, պատասխանեց Ֆուատ անոր մազերը շոյելով։

Ֆաթիմէ լուռ մնաց. բայց սիրով ու երախտագիտութեամբ լեցուն այնպիսի՝ խորունկ նայուածք մը նետեց անոր, որ Ֆուատ արդէն շա՜տ իսկ վարձատրուած գտաւ իր յոգնութիւնները։