Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իրիկուն է. տըժգոյն ցոլքեր աշնային

Կը ջըրդեղեն ջինջ գաղտակուրն երկինքին,

Եւ իրերը կը սարսըռան՝ յոգնաբեկ

Նըշոյլներու ոսկեզօծման տակ ցըրտին։

 

Հոն, մըտամփոփ ձորակին մէջ ծառախիտ

Կը թըրթըռայ լըռութիւնը խոր, վըճիտ,

Եւ լըքաւեր այգին մըսկոտ, ծառեր հէգ

Դեռ կ՚երազեն խոկման մը գոգն անքըթիթ։

 

Ծառերն աղքատ՝ կը նիհարնան ցըրտահար

Այս ճըգնական հըսկումին մէջ տըրտմագին.

Չոր, գետնաքարշ տերեւներն ալ հողմավար

Անգութ լըքման սեւ սուգն ունին, վիշտն ունին։

 

Մերկ թուփերուն միայնութեան մէջ վախկոտ

Կանանչութիւն մը կը ծըլի փախըստեայ,

Եւ խոտերուն քընքուշ վրձինն՝ հեշտագին

Կը փայփայէ իմ քայլերըս թափառկոտ։

 

Համեստ, խարխուլ աղբիւր մը հոն, լալագին

Կը հեծկըլտայ լօռուտ գիրկը քարերուն.

Խոր լըռութեան մէջ իր մրմունջն արցունքոտ

Աղաչաւոր աղօթքի շեշտ մ՚է թրթռուն

 

Իրիկուն է. տըժգոյն ցոլքեր աշնային։

Կը ջըրդեղեն ջինջ գաղտակուրն երկինքին,

Եւ իրերը կը սարսըռան ձանձրաբեկ

Նըշոյլներու ոսկեզօծման տակ ցըրտին։