Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս իրիկուն՝ առաջին

Անգամ բացի զեփիւռին

Ձըմեռնափակ պատուհանն

Մենարանիս լուռ անկեան։

 

Վերջալոյս մը կ՚երազէր…

Վանկեր, ցոլքեր ու կայծեր…

Տարտամ երգ մը վարանո՜տ…

Շունչ մը բուրմանց խընկահոտ…

Այս իրիկուն՝ նոր գարնան

Ողջոյններն ինձ կը խընդան

Ու կը ցընծայ վերըստին

Ցընորքներուս իմ բագին։

 

Այս իրիկուն՝ ընդ երկա՜ր,

Փակ աչքերով, խօլաբար,

Ես ծըծեցի բոյրն, հոգի՜ն,

Նամէտ նորեկ սըմբուլին։

 

Արբեցութիւն մ՚էր անանց

Հեշտանքն անուշ այն բուրմանց,

Այս վայրկեանը, ի՜ղձ յիմար,

Ուզեցի՝ վերջ չունենա՜ր։

 

Այս իրիկուն՝ դուռս է բաց

Երազներուս օդասլաց

Այս իրիկուն՝ թող ցընծայ

Սիրտս՝ յոյզերով նորընծայ։

 

Եւ եղեգնեայ սըրինգն իմ

Հընչէ տաղեր մըտերիմ,

Ու թող թրթռան հրճուագին

Հոգւոյս լարերը կըրկին։

 

Այս իրիկուն ես կ՚ուզեմ

Ըլլալ տաւիղ մը վըսեմ

Ու մասնակցիլ ցընծագին

Դաշնակցութեանց խըմբերգին…

 

Այլ այս ցընորքն անանուն

Քանդեց զիս այս իրիկուն։