Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կը ճաշակեմ արբեցութեամբ ըզմայլուն

Խաղաղութիւնն ամառնային իրիկուան.

Աղօթակերպ խոհանքն անշարժ իրերուն,

Եւ աստղերուն՝ որ թաղծօրէն կը պլպլան։

 

Հորիզոնին խորքին վըրայ. թաւիշ լուրթ,

Կ՚ուրուագըծուի հեւքն հեռաւոր իրերու.

Համագոյից կըրօնաշունչ այս խորհուրդ

Կը տոգորէ հոգիս՝ հըսկմանցն իմ հըլու։

 

Անշա՜րժ, անթա՜րթ սաւառնում մ՚է ամէն ինչ.

Ու կ՚ամփոփուի նոյն իսկ մըրմունջը յետին.

Կ՚երգէ միայն ծըղրիթն անվերջ իր կըռինչ,

Մաքուր կըշռոյթ՝ խոր լըռութեան քընարին։