Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձորակին մէջ իրիկունը վաղահաս

Կը ծաւալի խորհուրդներով իր բեղուն.

Հովին հեւքը կը խըլըրտի հազիւ հազ

Սարին վերեւ ուրուատեսիլ ծառերուն։

 

Աւազանին ջուրը կ՚երգէ մե՜ղմ, անվե՜րջ,

Ուռիներուն ոստերուն տակ ծընրադիր,

Եւ իրիկուան լուռէն թորող այս կեղերջ՝

Մահուան երգն է երազներուն իմ պատիր։

 

Ըսպասման մը գիրկն ինքնամփոփ, թաղծագին,

Կ՚անշարժանան տարտամ իրերը համայն,

Դանդաղ թըռիչ մը խորն աղու երկինքին

Կը թեւածէ… եւ ամէն ինչ է ունա՜յն։

 

Ունայնութեան արբեցութիւնն հեշտազեղ

Կը համակէ ըզգաստ հոգիս քըրմական,

Ու թաղուելով գիշերուան մէջ ստուերագեղ

Ոչ ինչ ինձմէ ա՛լ կը մընայ իրական։