Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ծովէն անդին, ու լեռներէն ալ անդին,

Մառախուղին խորն երազի մ՚ոսկեփայլ,

Աշխարհ մը կայ, որուն պատկերն հոգեզմայլ

Կը կորսըւի ծոցն անըստոյգ անդունդին։

 

Չըքնա՜ղ աշխարհ, ուր խոկումներս կը փըթթին,

Անըրջահիւս տեսլերեւոյթդ անայլայլ

Կը լեցընէ պարապն հոգւոյս իմ մըռայլ

Որ՝ թաղծաբեկ՝ զքեզ կը տենչայ վերըստին։

 

Կը խուսափի՜ս տարտամին խորն օրէ օր,

Ի զուր նայուածքս երեւոյթին դիւթաւոր

Կը նըկըրտի ճըշդել վայրեանն հոսանուտ։

 

Ու գինովցած անկարելի երազէն,

Ոտքերըս դեռ յամառօրէն կը վազեն

Անվերջ ճամբուն երկայնքին վրայ բազմախութ։

 

1912