Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ողջո՜յն քեզի, ազատութեան նոր արեւ,

Կարմիր ծաղիկ երկարատեւ երկունքին

Արիւնլըւայ՝ կը փողփողիս իմ վերեւ,

Ու կը ցընծայ քեզմով՝ մըռայլ երկինքն հին։

 

Ես՝ շըլացած փայլակնաձեւ տեսիլքէդ,

Կ՚երկըրպագեմ փառքիդ առջեւ անսահման,

Ու կը տեսնեմ կարմիր ուղին լուսահետ՝

Զոր կը գըծես խորն այս նորոգ առտըւան։

 

Սեւ ու անյոյս գիշերուան մը ոճրաբոյր,

Երկարատեւ ըսպասումէն մաղաղկուն,

Այս առաջին առտըւան մէջ ոսկեթոյր,

Բարի՜ արեւ, կը գըտնես զիս մըշտարթուն։

 

Ողջո՜յն քեզի, ազատութեան աստղ անշէջ,

Իմ փախըստեայ մարդկայնութեանս պարգեւիչ,

Այս նորածագ ջինջ առտըւան տօնին մէջ,

Արդարութեամբդ արբեցուր զիս քիչ առ քիչ։