Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անհունութեան չորս ծայրերէն,

Գաւառներէ անծանօթ,

Կը տեղայ ձիւնն առատօրէն,

Ջըղագալար ու տենդոտ։

 

Մըթնոլորտին մէջ դողահար,

Կը պարէ ձիւնն ըսպիտակ.

Հովն է՝ դըժնեայ ջութակահար

Մահուան տօնին այս պիտակ։

 

Ու երկինքէն անուրջներ բիւր,

Մըտածումներն անարատ,

Վար կը թափին, կ՚իյնան ըսփիւռ

Երկրի վըրայ մահառատ։

 

Ո՜վ երազներ, արդեօք ինչո՞ւ

Կը վըտարուիք երկինքէն.

Բարձրութիւններն այն օդաչու

Կը փորձեն ձեզ պահել քէ՞ն։

 

Ո՜վ ձիւն մաքուր, ո՜վ գաղափար

Վըսեմութեանց անառիկ,

Դեռ կը տեղաս թոյլ, յամրաբար,

Ցրուուն, թրթռուն, թափառիկ։

 

Ի՛նչ, համակե՞լ կը փորձես դուն

Մաքրութեամբըդ յաղթական

Մըթին երկրին, երկրին տրտում

Սալայատակն անկենդան։

 

Այլ՝ կոչումիդ երկրակենցաղ

Անձնանըւէր մարտիրոս,

Իբրեւ տրիտուր, ո՜վ ձիւն, աւա՜ղ,

Ոտքի կոխանն ես մարդոց։

 

Ու կը հալիս, ու կը հատնիս,

Հատիկներդ ա՛լ թեւ չունին։

Արդեօք ճերմակ կարօ՞տն ունիս,

Դըժբախտ կարօտն անհունին։