Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այսպէս, կեանքին դեռ կը փարիմ երբ, աւա՜ղ,

Պատրանքներուն մասնատուփն ա՛լ թափուր,

Երբ յոյսերը կը խորտակուին զերդ փըրփուր,

Ու կը փըչէ ոչընչութեան քամին պաղ։

 

Զի՝ կը մոգէ զիս դառն հեշտանքն ունայնին.

Անդորրն ունիմ ա՜լ չը խաբուող սըրտերուն,

Եւ զի բոլոր տեսիլներըն անկայուն՝

Անճառելի թովքի մը մէջ կ՚անհետին։

 

Վայրավատին գեղեցկութեանց վեհ տաճար,

Ես կը պաշտեմ բընութիւնը մայրական.

Բա՜ց է հոգիս իր խորհուրդին մոգական.

Դիւթանքն անոր զիս կ՚առինքնէ չարաչար։

 

Դեռ կը սիրեմ… փախչող ցոլքերը թրթռուն,

Օծուած՝ տըրտում գեղովն անդարձ կորուստին,

Եւ խորհուրդի խորշն՝ ուրկէ ինծի կը ժըպտին

Բիւր տեսիլներն անմեկնելի իրերուն։

 

Ու կը փարիմ կեանքին, պայմանն իսկ ըստոյգ

Այս նըրբահամ ու հեշտաւէտ խնջոյքին,

Միշտ ջերմեռանդ, մի՜շտ աւելի սըրտագին,

Հոգիս՝ կայծ ու հեգնանք, ու սիրտս ալ խարոյկ։

 

1912