Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիշերուան մէջ խոր ու ցըրտին՝

Հէգ ուղեւորն է մոլորեր.

Կը դողդըղան մօտն անդունդին

Իր յոգնած այլ յամառ քայլեր։

 

Կարմիր կայծ մ՚է հոգւոյն թիրախ.

Հեռո՜ւն թանձըր խաւարին մէջ,

Ու կը քալէ, մութ է, աւա՜ղ,

Այլ կայծն արթուն, կայծն է անշէջ։

 

Կը քալէ ան, ուրկի՞ց ի վե՜ր.

Բոպիկ, փըշոտ ճամբաներէն,

Ու կ՚արիւնին իր կարեվէր

Ոտքերն՝ յոգնած անհունօրէն։

 

Եւ չը հասած կայծին երբէք,

Պիտի մարի՞ գիշերուան մէջ.

Կասկածն է սուր ճամբորդին հէգ,

Այլ կայծն արթուն, կայծն է անշէջ։

 

Պիտի քալէ՜ ան յաւիտեան,

Մինչ հուսկ կաթիլն իր ուժերուն,

Գիշերն ի՜նչ փոյթ, ի՜նչ փոյթ ճամբան,

Երբ կայծն՝ անշէջ, կայծն է արթուն։