Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մութ է սենեակս, երազներուն իմ տաճար,

Ու ես պառկած եմ անկողնիս մէջ, անշա՜րժ,

Անգըթօրէն անշարժ, ու հոն, չարաչար

Կը համակէ տակաւ զիս այս միստիկ վարժ։

 

Պատուհանըս բաց է լազուարդ անհունին.

Թըռիչ կ՚առնէ հոգիս, կոհա՜կ թըրթըռուն,

Ու վերացման կ՚ըմպեմ, արբշի՜ռ, ես գինին,

Հոն, դէմ առ դէմ անվերջ, անմեռ իրերուն։

 

Ու հոն եմ դեռ, պիշ ու անթարթ, անխըլիրտ.

Կ՚ըզգամ հոգւոյս նըրբին սըփռումն անայլայլ.

Մինչ մարմինըս, անսահմանէն ընկճեալ դիրտ,

Կը սորսորի ցոլքերուն տակ երկնափայլ։