Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ

Մ. ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ ՈՐԴԻին՝
Մամուրեանի մահուան տարեդարձի առթիւ։

 

Արդի հայ մտքին ուսումնասիրութեամբը պարապիլ ուզողին համար՝ լուրջ ու պատկառելի բան մը կայ Մամուրեանի ծննդավայրին մէջ։ Ու Հոմերոսի հանճարին ծլարձակման փառքը իրեն վերապահել յաւակնող այդ երջանիկ երկինքին տակ՝ եթէ խնդիրը միշտ բանաստեղծութեան վրայ չըլլայ՝ գէթ լրջօրէն հմայքոտ կէտի մը շուրջը պէտք է դառնայ։

Եւ իրօք, Իզմիրը միշտ արժանի ու յաճախ անմրցելի ախոյեան մը հանդիսացած է Պոլսին՝ արդի հայ իմացականութեան գործունէութեան բազմապատիկ սահմաններուն մէջ։

Այս տեսակէտէն բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը՝ միշտ օգտակար եզրակացութիւններ պիտի կարենար հանել քննասէր ու խորհրդածու մտքերուն համար։

Պոլիս՝ առաւելապէս եղաւ այն միջավայրը՝ ուր գարնանային կեանքով ծաղիկները ապրեցան, հմայիչ այլ վաղանցիկ, երազամոլ ու հայեցողական։ Արդեօք անո՞ր համար որ Սթամպուլին արբուցիչ մթնոլորտը եւ Ոսկեղջիւրի հանդարտ ու ծոյլ ծփանքները առաւելապէս կը նպաստէին՝ զաղփաղփուն անրջային բուսականութեան մը այդ խուսափական հմայքներուն։ Մինչդեռ հոն, վարը, Յօնիականի ափունքներուն վրայ, աստուածներու հինաւուրց նուիրական լրջութենէն բան մը կայ դեռ՝ որ մտածել կուտայ անկորստական մնայուն իրերուն, եւ կարելի չէ չդիտել՝ թէ այդ երկինքին տակ ու այդ հողին վրայ դեռ կայ բան մը՝ որ ուժով ջրդեղումով ու դիմացկուն խառնուածքով անհատականութիւնները սնուցանելու յատկութիւնն ունի։

Արդարեւ բոլոր գրագէտները, գիտունները, բոլոր մտքի աշխատաւորները, որոնց ծնունդ տուած է այդ խրոխտ ափունքը, ձգտումներու եւ բարոյական խառնուածքի այն զանազանութեան մէջ՝ որ անհատականութիւնները կը ստորագծէ, տեսակ մը հոգեբանական միացման գիծով իրարու կապուած ըլլալու ուշագրաւ պարագան կը ներկայացնեն։ Այդ միացման գիծը, նախաձեռնութեան, կամքի, յարատեւութեան ոգիի՝ ու ջղուտ եսականութեան մը մէջ զարգացած անհատականութիւններուն նկարագիրն է, երկրորդուած՝ վտանգաւոր ոստումի մը, խիզախ շարժուձեւի մը յանդուգն ու խիստ ճաշակովը։ Այլապէս՝ Պալթազարեան մը չպիտի կարենար քառսուն տարի անընդհատ ու անվհատ հետամուտ ըլլալ գրական հանդէսի մը հրատարակութեան, Իզմիրէն չպիտի սպասուէր՝ Հիւկօի եւ Մոլիէռի գործերուն թարգմանութիւնները։ Ստեփան Ոսկանեան մը, արդի աշխարհաբարին այդ ռահվիրան, այդ ջղուտ ու կորովի հրապարակագիրը, այդ թանկագին հայը, մինչեւ իր մահը երկարած խրոխտ յամառութեան մը մէջ անընդունակ պիտի ըլլար ֆռանսերէն թերթի մը հրատարակութեան, եւ, ապահովապէս, Գալուստ Կոստանեանի մը, հայոց լաւագոյն գիտական մտքին, աղմկայարոյց ու գայթակղալից գրական կտակարարութեան պարագային առջեւ չպիտի գտնուէինք բնաւ։ Եթէ տաճկահայերու առաջին պարբերականը Իզմիրի հողին վրայ ծնունդ առաւ, եթէ թրքահայերուն առաջին ուսումնարանի փառքը Մեսրոպեանին կը մնայ, մեր առաջնակարգ հրատարակիչը՝ Տէտէեանէն տարբեր մէկը չեղաւ, եւ անոնց ամէնէն խելացին՝ Մսերեանը գերազանցող մը չգտնուեցաւ։

Ու առանց այդ կամքի ուժի՞ն էր նորէն՝ որ Արեւելեան Մամուլը երեսուն տարիներէ ի վեր կեանք պիտի ունենար հայ գրականութեան ժամանակակից շարժումին մէջ, հանդիսանալով առաջնակարգ պարբերականը թրքահայերուն, Պալթազարեանի թերթին անդրանկութեանը փառաւորակից։

Իզմիրը, ըսի արդէն, ուժով անհատականութիւններուն, զարգացած ու խրոխտ անձնականութիւններուն հայրենիքը եղած է իրօք, հայրենիքը՝ կոչումով ու լուրջ գիտակցութեամբ նուիրուած գրագէտին։

Եւ եթէ այն պէտք է ըլլայ դիմաստուերի մը յատկանիշը, որուն համեմատ՝ ուսումնասիրուած դէմքին ամէնէն մտահար ու կարկառուն գիծերը իրենց բնորոշ նկարագրով ցցուէին՝ երկրորդական կարեւորութիւնները խորհրդապահ ստուերարկութեամբ մը ծածկող տարտամութեան մէջէն, իբրեւ այս՝ Մամուրեան կը ներկայանայ մեզի՝ կամքին, տոկունութեան ու յարատեւութեան մարդը։

Եթէ մտքի աշխատութիւնը իրօք լուրջ, հիւթեղ, գիտակցօրէն օգտակար հաճոյք մըն է, իր ջանադիր յարատեւութեան ու անխոնջ հետապնդումին մէջ, ուր Գիրքը կը թխսուի ու կ՚երկնուի, ապահովաբար՝ թռուցիկ ու սին քէյֆէ մը տարբեր բան պէտք չէ նկատուի այն գրական դիւրին զբօսասիրութիւնը՝ որուն կը հետեւի մեր մէջ գրողներու պատկառելի բազմութիւն մը։

Մամուրեան՝ մեր օրուան գրողներուն ամէնէն տարէցն էր, գրաբարագէտ Գարագաշեանէն յետոյ։ Ինքը միակը եղաւ որ յիսուն տարուան գրական գործունէութեան մը մէջ, մինչեւ մահուան դուռը, իր տաղանդը երիտասարդական թարմութեամբ մը արժեցնելու կորովը պահպանեց։ Ստուգիւ, մեր միջավայրին համար, ուր գրականութիւնը տակաւին ասպարէզ մը չէ, բառին շուկայիկ ու գործնական իմաստովը, ու կը մնայ փորձութեան վտանգաւոր նրբանցքը՝ ուրկէ քիչերու տրուած է յաղթական դուրս գալու դիմացկունութիւնն ունենալ, 50 տարուան մշտադալար պտղաբերութիւն մը՝ ճշմարիտ երեւոյթ մը կրնայ նկատուիլ։

Այն բազուկը, որ կէս դար գործած է անդուլ, ասեղով հոր բանալու տաղտկալի համբերութեամբ, ստուգիւ պատկառելի բազուկ մըն է։

Գրական հորիզոնին վրայ բազմաթիւ եղած են ասուպի մը կամ գիսաւորի մը սխրալի երեւոյթները։ Քիչեր՝ արեւի մը անխափան ու անշէջ փողփողումները կրցած են պահել, հորիզոնին յաճախադէպ մթութիւններուն, ամպամածութիւններուն, մրրիկներուն մէջ։

Գրական փառասիրութիւնը, գրական կիրքը, այս պարագային մէջ հոմանիշ գաղափարի փառասիրութեան ու կրքին, ո՛չ մէկ հոգիի մէջ կրցած են այնքան յարատեւ թանձրութեամբ մակընթանալ։ Իր շուրջի անկումներուն ու բարձրացումներուն, մեծութիւններուն ու պզտիկութիւններուն, զղջումներուն ու դասալքութիւններուն մէջ՝ այս միամիտ ծերունին մինչեւ վերջը անխախտ պահեց այն «դպրոցական»ի, «վարժապետ»ի, «պատուելի»ի համոզումը թէ՝ ժողովուրդի մը իմացական ընդհանուր զարգացումը՝ զարգացումներու ամէնէն իրականն ու ամէնէն ազնիւն է, եւ, գրչի աշխատութիւն ու գրականութիւն այն տարրերն են՝ որ միեւնոյն ատեն պատճառ եւ արդիւնք, հիմնաքարը կը կազմեն այդ զարգացման։

Կամքը ու յարատեւութեան ոգին՝ ըստ ինքեան հոգեբանական ընդունակութիւններ են միայն։ Իրենց բարացուցական արժանիքին աստիճանաչափը այն բարոյական ազդակներն են՝ որոնց կը հպատակին անոնք։ Մարդերու մեծագոյն մասը՝ բացարձակ նիւթամոլութեան այս տխուր դարուն մէջ, անմիջական շահէն, անձուկ եսասիրութեան մը մէջ խեղդուած զգացումէն տարբեր զսպանակ մը չունի իր գործունէութեան մեքենականութիւնը լարող։ Ուրեմն որքա՜ն տխրօրէն ռամիկ ու տափակ է այս մարդկութիւնը, իր մեծադղորդ պիտակներուն ներքեւ, միմիայն ուտելու եւ հագնելու անասնական հոգին մէջ բանտարկուած։ Հիմա խորհեցէք թէ ի՜նչ համեմատութիւններ կ՚առնէ բարոյական արժէքը այն յարատեւութեան՝ որ մեր ողորմելի հասկացողութեան համեմատ վազած է սնամէջ փառասիրութեան մը ետեւէն, որ մանաւանդ հաց չիտար, փոր չի կշտացներ։

Ու, այս ջանքին փոխարէն, Մամուրեան, աննման իր եղբայրակիցներուն շատին որոտընդոստ ծափասիրութեան, տեսակ մը բարձրագոյն ու ազնուօրէն հպարտ փառասիրութեամբ, ուրիշ վարձատրութիւններ չփնտռեց, եթէ ոչ՝ ներքին գիտակից գոհունակութիւնը՝ պարտականութիւններու, սիրուած պարտականութիւններու, հաւատարմօրէն ծառայած ըլլալուն, «առժամեայ դեղ ու դարման փնտռելով «աղօթք»ին, այն է աշխատութեան մէջ, Ազգին բարոյական ու մտաւոր զարգացման փառասիրութեան մէջ»։ Անշուշտ զգացիք թէ աշխատութեան նուիրականութիւնը ասկից աւելի երկիւղած պաշտամունքով կարելի չէր հռչակել։

Եթէ ծանրացայ Մամուրեանի յարատեւութեան ոգիին ու գործունէութեան ընդարձակութեան վրայ, մտքէս չեմ անցներ անոր գործը զուտ քանակական արժէքի մը վերածել։ Մամուրեան՝ մտաւորական պարզ բեռնակիր մը չէր։ Անիկա՝ գեղեցիկ ու լայն իմացականութիւն մըն էր, եթէ ոչ ամէն բան ընդունող՝ գէթ ամէն բան հասկցող ու գնահատող։ Ստուգիւ, խիզախ ու արտակարգ իսկատպութեամբ նորամոյծ մը չէր ինքը։ Չէր նաեւ սակայն, յետամնաց մը։ Իր պահպանողականութիւնը, ընկերային-տոհմային հարցերու սահմանին մէջ, շինուած էր չափաւորութեամբ, կշիռով, լրջութեամբ ու բանականութեամբ։ Մամուրեան չէր սիրեր յախուռն ու չափազանց երեւակայոտ խանդավառութիւնները, որոնց մէջ իմաստութեան բաժինն այնքան քիչ է յաճախ։ Ինքը, սակայն, հաւատացող մը, ու անկեղծ հաւատացող մըն էր յառաջդիմութեան։ Բնաշրջութիւնը, իրեն համար, բնական ու ընկերային կարգերուն մէջ, անիմաստ ու աննպատակ փոփոխութիւններու շարայարութիւն մը չէր։ Ստորաբաժանման ու բարդութեան կնճիռները՝ բարերար փոփոխութիւններ էին՝ միշտ դէպի աւելի կատարեալն ու աւելի օգտակարը։ Կը հաւատար ուրեմն գիտութեան, եւ իր պահպանողականութիւնը՝ կը յամենար, այնքա՜ն իրաւամբ, իսպաս գիտութեան՝ որ իր նպատակներուն մէջ համեստօրէն ճշգրիտ է ու իր քայլափոխներուն մէջ ինքնավստահ դանդաղութիւնը ունի պատկառելի մեծութիւններուն։

Ուրեմն որքա՜ն լաւ սնած ու որքան հարուստ էր այս ուղեղը, որուն համար իմաստասիրական ու գիտական ոչ մէկ իրողութիւն, հին թէ նոր, գաղտնիք մը չէր։

Իրեն համար, գրականութիւնն ալ, աւելի քան մտքի գերագոյն ու բարձրագոյն մարզանք մը, նպաստ մըն էր բնաշրջութեան գործին։ Այսպէս, ինքը, ամէնէն խելացին մեր գրագէտներուն, անոնց ամէնէն ազնուազգին (?) չէր։

Այդ էր պատճառը՝ որ իր թարգմանական ահագին գործը ձգտեցաւ զուտ օգտակարական ընտրութեան մը, պատշաճ իր ժամանակին իմացական ու բարոյական միտումներուն ու ճաշակներուն՝ որոնցմէ բոլորովին ապահարկ չկրցաւ նկատել ինքզինքը։ Քանզի ո՞վ չի գիտեր այսօր թէ՝ Աղեքսանդր Տիւմա գրագէտ մը չէ՝ Ֆռանսայի լաւագոյն փառքերու սերունդէն։

Բացորոշ է թէ Մամուրեան, հեռատես հասկացողութեամբ այդ իմացականութիւնը, բոլորովին անխորհուրդ թարգմանող մը չեղաւ։ Իր թարգմանութիւններուն անվերջ շարքը՝ ժամանակակից սերունդին վրայ ուժգնօրէն ազդեց։ Քանինե՜ր գիտեմ, որոնց վրայ Աթոս մը իր ասպետական խրոխտ բարձրութենէն, Տարդանեան մը՝ իր նրբամիտ քաջասրտութենէն, Արամիս մը՝ իր խորաթափանց նենգամտութենէն ու Բորթոս մը՝ իր պաշտելի միամտութեամբ հաւատարմութենէն՝ բան մը ձգած են։

Բայց նոյնինքն Մամուրեան չէ՞ նաեւ թարգմանիչը Կէօթէի այն մահասարսուռ Վէրթէրին, այդ փոքրածաւալ՝ այլ մեծ կործանումներով լեցուն գրքին՝ որուն գրական բարձր արժէքը, իմաստասիրական լայնածաւալ կենսալիր համաստուածութիւնը՝ տխուր ու ժխտական եզրակացութեան մը, մահաշունչ հրապոյրով վերջաւորութեան մը մէջ կը մթննան։

Հարկ է տակաւին, ու մանաւանդ, նկատել Մամուրեանը՝ իր գրական եւ խմբագրական ընդարձակ գործունէութեան մէջ։ Այլ ըստ իս, ճանչնալու համար Մամուրեանը իր հոգեկան իսկութեան ամէնէն անկեղծ ու ամէնէն խուսափուկ երանգներուն մէջ, անհրաժեշտ է առանձին ուսումնասիրել Շահնուրի թղթակցութիւններուն սքանչելի շարքը։

Իբր վիպագիր եւ իբր հրապարակագիր, այս ձգտումնաւոր գրագէտը՝ հեռու էր ըլլալէ տափակ արձակագիր մը։ Ըսելու համար իր սեփական մտածումը իր ժամանակին տոհմային, ընկերական ու գրական հարցերուն մասին, ունէր ինքնուրոյն ու շահեկան եղանակ մը։ Իր ոճը՝ առոյգ ու կորովի ոճ մըն էր, բնատիպ ու տոկուն գոյնով մը, առանց դժուարին ծալքերու, մանուածոյ ճկունութիւններու եւ կորութիւններու, փափկանկատ՝ բայց անկիւնաւոր, առանց ըլլալու վարդապետական։ Իր պարբերութիւնը չունի թռուցիկ, շոյտ ու շնչասպառ արագութիւնը՝ կտրատ խօսքերու մէջ իր մտածումը բզկտելու անհամբերութեան։ Առանց ըլլալու ծանր ու դանդաղ, լուրջ է ան ու հատու, երբեմն կուտակուած ու հոծ, մտրակի ճկունութիւններուն մօտ՝ վերապահելով լախտի վստահ ու անվրէպ հարուածը մը։ Զուարթախոհ հեգնութիւն մըն ալ, որ յաճախ թռիչ տուած է իր գրչին, հեռու է ըլլալէ թեթեւամիտ ու զուարճասէր կամ տմարդի ծաղրը, մնալով՝ իրերուն եւ իրողութիւններուն ցաւալի կողմը հեգնական ու բռնազբօսիկ զուարթութեան մը մէջէն ցայտեցնելու լուրջ տրամադրութիւնը։

Ասոնցմէ դուրս, Մամուրեանին մէջ տեսանողի հոգի մը կար, հորիզոնին մթաստուեր ամպամածութիւններուն ընդմէջէն՝ ուրախ ու մեծափառ արշալոյսներու կարմիր ուրուագծումներուն արբշռութեամբը զեղուն։ Իր պայծառ երեւակայութիւնը, հասարակաց սակաւապետ ու կարճատես տեսողութենէն անդին, առասպելական յանդուգն արշաւանքներուն ճաշակն ունէր։ Հաւատքով ու պաշտամունքով լեցուն հոգին էր ան, որ իր բարձրօրէն պարկեշտ բարութեան ընդմէջէն լաւատես իղձն ու վստահութիւնն ունի տխուր ու թշուառ մարդկութեան բարոյական մեծ բարձրացումներուն։ Ու այս պայծառ հաւատքը՝ անկարեկիր սկեպտութեան մը սեւ ամպերէն չէր սպառնացուած բնաւ։

Ստուգիւ, ի՞նչպէս կարելի է մոռնալ այն երազատենջ ներշնչումով վսեմ շեշտը՝ զոր ինքը, վարպետը թողուց իբր կարապի երգ՝ իր գրական յիսնամեայ յոբելեանին ճառին մէջ։

«Իբրեւ մարդկային ազգի մի մաս ապրելու իրաւունքին հետ, ուրիշ իրաւունքներ, բարոյական ու իմացական կարգին մէջ, վայելելու համար, հարկ է որ անուղղակի գործակից գտնուի նաեւ մեր համայնքը, հանրային լուսաւորութեան գործին։ Համազգային այս գործունէութեամբ պիտի հասնի՞ արդեօք այն օրը՝ երբ ցեղային, կրօնային եւ այլ խտրութեանց պատնէշները վերնալով, ազգերը իրենց իսկական շահերուն վերահասու, զիրար ողջագուրեն եղբայրական սիրով եւ ուխտեն հաշտութեան ու խաղաղութեան դաշինք դնել եւ տիեզերական երջանկութեան թուական մը բանալ. ո՛վ գիտէ. անշուշտ այդ օրը ապագայ դարերու անջրպետով մը մեզմէ բաժնուած, շատ ու շատ հեռու է, սակայն որ եւ է լրջամիտ ազգի ներելի չէ հրաժարիլ այդ գերագոյն իտէալէն, վհատիլ այդ մշուշոտ հեռանկարին առջեւ, այլ ընդհակառակը պարտի ճշմարտութեան դիմել անձանձիր, վասնզի ճշմարտութիւնը թէեւ հալածական երբեմն բարւոյն պէս, իր շրջանը ընելով կը վերադառնայ իբրեւ անմեռ սկզբունք, եւ բարւոյն պէս՝ մարդկային գիտակցութեան ծնունդ»։

Իրը, իր կեանքի սեփական նպատակն ու իր գործունէութեան ձգտումը՝ այս էր ճշդիւ, ու

«Փողփողումովն այս պայծառ հաւատքին,

Որուն բոցափայլութիւնը կը դիտէ պիշ,

Տարիներէ ի վեր իր աչքերուն առջեւ,

Գեղին ու ծանր իրիկուան մէջ,

Հսկայ եւ ընդրամացած դարբինը,

Իբրեւ թէ աշխատէր պողպատը հոգիներուն,

Կը մրճահարէ ուժգին՝ լեցուն հարուածներով՝ շեղբերն

Անհուն՝ համբերութեան եւ լռութեան» [1] ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1904, Յունուար 28, թիւ 5, էջ 124-129


[1]            Les Villages Illusoirs, E. Verharren.