Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ

Իրմէն բնաւ շատ աղուոր բան մը կարդացած ըլլալու բաղդաւորութիւնը չեմ յիշեր։ Կը խոստովանիմ սակայն թէ իր վրայ գրուած ոչ նուազ աղուոր բաներ կարդացած եմ։

Բայց ինչո՞ւ այս հակասութիւնը, որ կրնայ հեռուները տանիլ, խիստ ու անողոք եզրակացութիւններ ընդգրկել, դատապարտող հանգամանք մը ստանալ ինծի դէմ, կամ հանդէպ այն գրական մարդուն՝ որուն դիմաստուերը կուզեմ ուրուագծել։

Վասնզի կամ չունիմ այն գրական կրթութիւնը, այն գրական՝ պիտի ըսէի՝ dilettantismeը, որ ինծի թոյլ պիտի տար ճաշակելու իսկութիւնն այն տաղանդին՝ զոր Պոլսահայ միտքը գրական աստուծոյ մը պաշտամունքով շրջապատած է, եւ կամ Թէրզեան չունի զուգահեռական արժէք այն համբաւին՝ որ զինքը կուռքի մը պատուանդանին վրայ է բարձրացուցած համակրողներու սրտին մէջ։

Ուրեմն ո՞վ պիտի լուծէ այս տարակոյսը։

Այն խրոխտ, այն արհամարհոտ, այն լռասէր ու փղոսկրեայ աշտարակի մը առանձնամոլ բարձրութենէն զինքը շրջապատող աշխարհին ողորմելիութիւնը դիտող կիսաստուածի դիրքը, զոր ինքն իրեն տալ հաճոյական է համարած Թովմաս Թէրզեան, պիտի կրնա՞ր լուրջ դեր մը ունենալ խնդրի լուծումին մէջ։

Ինծի կը թուի թէ իմ գեղացի մարդու իմացական ու ընկերական առանձնութիւնս, որ չէ սպառնացուած ո՛չ մէկ օտարոտի թելադրութեամբ ու զգացման տկարութեամբ, իմ հեռաւորի անկախութիւնս, ուր դատումներս ուղղավարող ազդակները մանաւանդ ուղղակի տպաւորութիւններ են, քան պատրաստ թելադրութիւններ, ինծի կը թուի թէ իմ միտքս, այս պայմաններուն մէջ, աւելի զերծ է կոյր կանխորոշութենէն, քան Թէրզեանի պատուական համակիրներուն տարափոխիկ պաշտամունքը, ու իմ տպաւորութիւններս կը յուսայի որ աւելի զուտ ըլլային, քան հիացումը պլշկան (վարակուած) թելադրուողներուն։

Բայց Թէրզեանի պատկերը՝ հմայքոտ պատկեր մըն է, կը խոստովանիմ։ Գրիգոր Զօհրապ, իր վարպետի ճարտար գրչով, հրապուրոտ դէմք մը շինած է անոր, իր Ծանօթ դէմքերու գեղեցիկ շարքին մէջ։

«Թէրզեան գրեթէ առջի խարտիշագեղ երիտասարդն է միշտ, որ մոռցած է ծերանալու, ճիշտ միեւնոյն անձը՝ որուն քսան տարի առաջ պատիւ ու բաղդ ունեցած եմ աշակերտելու»։ «…Ոսկի ակնոցին ետեւը, նոյն կարճատես աչքի կոպերուն յարատեւ մերձեցումն է հպումը գրեթէ, որուն բաց մնացող պզտիկ անջրպետին սէջ սղմելու կ՚աշխատիս, բէշդ բէշիդ բերելու, պզտիկնալու փափաքներ կ՚ունենաս, ապարդիւն ջանքեր կ՚ընես դիմացինիդ նայուածքը չյոգնեցնելու, տեսողութիւնը դիւրացնելու համար, երբ դիպուածով դէմը գտնուիս այդ թարթափող աչքերուն»։

Ո՛չ նուազ անկեղծ հիացում կայ սա պատկերին մէջ՝ զոր գծած է Թէրզեանին համար Հրանտ Ասատուր, Զօհրապին հանրածանօթ ընդդիմակութիւնը։

«Թէրզեան միշտ պատնէշին վրայ, միշտ երիտասարդ. իր ակնոցներուն ետեւը հրահոսան յարաշարժ աչուըներովը, գրելով միշտ, դասախօսելով միշտ, գրականութեան վրայ ճառելով ներշնչեալի մը պէս, ձեռքի շնորհալից շարժումի մը մէջ ամբողջ քերթուած մը դնելով, դէպի վեր ամբարձիկ բիբերուն մէջէն մատնելով յաճախ իր սրտին գերանուրբ զգայնութիւնը»։

Խոստովանելու է թէ լուսանկարը շատ հմայքոտ է, եւ այնքա՛ն աւելի՝ որքան երկու հակառակորդ ոսպնեակներ կը համաձայնին իրարու հետ այդ մասին։

Վարպետ ելած աշկերտին, որ իր կարգին գրական ճաշակ մըն է այսօր, զգայուն ու երախտագէտ նայուածքին ներքեւ՝ վարպետի դէմքին ստացած գեղեցիկ համեմատութիւններուն եւ աստուածացումին հրապոյրը ես չէի որ գերագոյն ապուշութիւնը պիտի ունենայի տարակոյսի ներքեւ դնելու։ Ընդհակառակն ատիկա կը խանդաղատեցնէ զիս։

Չեմ ալ համարձակիր հերքելու թէ, փառքի պատրուակ մը եւ պատկառանքի հմայք մը միշտ կրնան գոյութիւն ունենալ ի նպաստ այն երջանիկ մահկանացուին որ Պէշիկթաշլեանի, Աճէմեանի, Հէքիմեանի, Թղլեանի սերունդէն է, Ռափայելեան վարժարանին աշակերտ, այն բաղդաւոր դասարանին՝ որուն Ալիշան անձամբ աւանդած է հայ լեզուի ու պատմութեան դասերը, ինչպէս կը վկայեն արժանահաւատ կենսագիրներ։

Հետեւեալ վկայութիւնն ալ, չեմ համարձակիր ուրանալու թէ՝ կրնայ վաւերական նշանակութիւն ունենալ հայ գրականութեան աղքատիկ պատմութեան մէջ՝ ի նպաստ Թէրզեանի ապագայ համբաւին։

«Պէշիկթաշլեան, Հէքիմեան, Թէրզեան, Նարպէյ, ամէն բանէ առաջ խորհած են թատրոն հիմնել հայոց մէջ, անոր բացումը կատարած են գրաբար ողբերգութիւնով մը, յետոյ, բացարձակ անյաջողութենէն բռնադատուած, գրաբարը՝ գրաբարախառն աշխարհաբարի փոխած են, եւ դասական կամ ռօմանթիկ խաղերու նմանութիւններ, Ալֆիէրիի, Շէքսբիրի, Հիւկօի, Շիլլերի խաղերու թարգմանութիւններ տուած են ժողովուրդին, եւ գրած են գրաբար կամ կէս աշխարհաբար քերթուածներ, լեզուով միայն հայերէն»։

Եւ բացառիկ ու աղուոր բաղդաւորութիւն, ջոջերու անհերքելի գնահատութեան՝ պզտիկներն ալ, երեկի գրական տղաքն ալ իրենց խանդավառ ու յափշտակուած հաւանութեան շեշտը բերին ի նպաստ վարպետին փառաւորման։ Չէ՞ք յիշեր Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆին վիճաբանական յօդուածները՝ Ս. Թղլեանին հետ, որ Թէրզեանի սերունդէն անբաղդ մըն է։

Յետոյ, նաեւ, ե՞ս էի որ տարակոյսի ներքեւ դնել պիտի համարձակէի Թէրզեանը՝ իր տաղանդաւոր խօսողի (causeur) համբաւին մէջ, ես՝ որ իրմէն բառ մը լսած ըլլալու բարեբաղդութիւնը չեմ կրնար յիշել, աւա՜ղ։ Ու անօգուտ պիտի ըլլար հոս խնդիր ընել նոյն իսկ իր պատուական ուսուցչի եւ ներհուն գրահմուտի արժանիքը։ Իրեն համար կ՚ըսեն թէ ո՞վ իրաւունք ունի արգիլելու որ չըսեն, թափանցած է միջազգային գրականութիւններուն, սիրած ու սիրցնել գիտցած է զանոնք՝ իր աշակերտներուն։ Կ՚ըսեն թէ՝ իրմով է որ հայ վարժարաններուն մէջ գրականութեան դասը ազատագրուած է պատուելիական սովորամոլութենէն։ Այս կենսագրական գիծերը նոյնքա՛ն փառքի տիտղոսներ են իրեն համար, զորս շահախնդիր եւ աղտոտ նախանձը միայն պիտի համարձակէր նսեմացնել Սթէֆան Մալլարմէ, որ այնքան քիչ միայն գրած է իբրեւ բանաստեղծ, սակայն իր ազդեցութիւնը ֆռանսական symbolsmeի սերունդին վրայ կ՚ընդունուի որ անհո՛ւն եղած է, իբրեւ théoricien ու իբրեւ գեղեցկագէտ, շնորհիւ իր խօսողի եւ ուսուցանողի բարձր ու հրապուրոտ տաղանդին։

Ինծի անծանօթ են սակայն Թէրզեանի, այս խրոխտ եսասէրին գրական յաւակնութիւնները։ Չեմ գիտեր թէ ինքզինքին համար ինքը ի՛նչ կը հաւատայ։ Նոյն իսկ չեմ գիտեր թէ ունի՞ որ եւ է յաւակնութիւն. իր առանձնամոլի ու լռասէրի հպարտ տրամադրութեան մէջ՝ գերագոյն համեստութիւն մըն ալ իրաւամբ պիտի կրնար սղմիլ։

Բայց մենք, նոր սերունդին տղաքը, որ օրուան գրական կեանքին մէջ կ՚ապրինք, ու իրեն չենք աշակերտած, Թէրզեանը ճանչնալու պատիւը ունինք միայն այն քանի մը թարգմանութիւններով ու քերթուածներով՝ զոր երբեմն քիչ մը ամենուրեք տարտղնելու հաճոյքն ունեցած է ինքը։

Եթէ փորձէիք փունջի մը վերածել այն ցրուած տպաւորութիւնները, զոր այդ ճամբու տերեւները կրնային թողած ըլլալ մեր վրայ, ապահովաբար Թէրզեանին շատ կարդացած մարդու անունը պիտի երաշխաւորէինք։ Այլազան ազդեցութիւնները տարասեռ ու այլացեղ գրականութիւններուն՝ յայտնի են հոն։ Չի կարելի չզգալ թէ ճաշակի ու ճանաչողութեան կիրթ վարժութիւններ չեն պակսիր անոր՝ որ այդ արուեստական ծաղիկները յօրինած է։ Իր գրական լայն ու ճկուն հասկացողութեան երաշխիքը՝ իր ոտանաւորներուն խորքն է։ Մի՛շտ լուրջ իմաստ մը կամ գիտակից յուզմունքի թրթռում մը կը սարսռայ հոն, ու երբէք գրչի հարեւանցի ու զբօսասէր շարժուձեւի մը արտադրոյթը, արկածի քմահաճոյքին ձգուած։ Ես այն տպաւորութիւնը կրած եմ որ Թէրզեան իր ոտանաւորները գրի առնելէ առաջ արդէն խնամքով փայփայած, շոյած ու պատկերացուցած է զանոնք իր մտքին մէջ, ոլիմպիական հանդարտութեամբ ու մաթեմաթիքական ճշտասիրութեամբ։

Այս գրականութեան անկեղծ ու պատուական ամաթէօռը, վասն զի Թէրզեան յաւիտենական ամաթէօռն է, որ կը սիրէ գրականութիւնը եւ կը վայելէ զայն՝ միմայն անձնական հաճոյքին գոհացումով, երբէ՛ք լաւ բանաստեղծ մը չէ սակայն։ Ի զո՜ւր որ եւ է իսկատպութիւն պիտի ջանայինք փնտռել իր բանաստեղծութեան մէջ։ Ամբողջովին օտար տպաւորութիւններով կազմուած խմոր մըն է ան, զուրկ ինքնուրոյն նկարագրին համէն ու հոտէն։ Եթէ, մանաւանդ բանաստեղծութեան մէջ, գրագէտի արժանիքին տատանիլը իր անհատականութեան աստիճանն է, իբրեւ այդ, Թէրզեան անբաղդ բանաստեղծ մըն է, չունենալով շեշտուած ու կարկառուն բանաստեղծական անհատականութիւն մը։ Իր հեղինակութիւնները պիտի կարծուէին մանաւանդ թարգմանութիւններ ըլլալ, անյաջող ու տկար իրագործումով։ Անոր համար է որ իր գրածին մէջ չենք իմանար այն ազդումը որ կրնայ գոյութիւն ունեցած ըլլալ իր խօսքին մէջ, իր ունկնդիրներուն համար։ Վասն զի եթէ իր խօսքը հմտութիւնը կը թարգմանէ, այլ հմտութիւնը՝ գրական տաղանդը չէ, եւ գրագիտութեան դասատուները՝ անպատճառ գրագէտներ չեն։

Թէրզեանին ոտանաւորն ալ միշտ քաջատեղեակ չէ բառերու ձայնական առնչութիւններուն գիտութեան, լեցուն ըլլալով անյաղթելի խորտուբորդութիւններով, որոնք որ եւ է երաժշտականութեան վերջնական հաւանականութիւնը կը ջնջեն։ Յանգի կիրառութիւնն ալ գիտակից դիտաւորութեամբ արհամարհուած ու դուրս ձգուած է հոն առ հասարակ։

Ասիկա արդեօք ա՞ն հասկցնել կ՚ուզէ մեզի՝ թէ բանաստեղծութիւնը հոմանիշ չէ ոտանաւորին։ Բայց այո՛։ Շատերս, նորեկ բանաստեղծներէն, պէտք է դաս առնենք այս օրինակէն։ Միայն թէ, ոտանաւորը, իր ձեւին տեսակէտէն նկատուած հոս, յայտնի յաւակնութիւն մըն է զայն ձեռք առնել ուզողին համար։ Առանց բառերու ներդաշնակութեան ու վիժանուտ սահունութեան, առանց յանգի ու ոտքի, առանց տաղաչափութեան օրէնքներու, որոնք էապէս պէտք է հիմնուած ըլլան ներդաշնակութեան ու համաչափութեան սկզբունքին վրայ, ոտանաւոր չկայ։ Ոտանաւորը, իր ծագումին մէջ ու իր կրած բոլոր բազմաթիւ փոփոխութիւններուն տակ, դասական ոտանաւորէն մինչեւ ազատ ոտանաւորը (vers litre) հիմնապէս երաժշտական է ու անանկ կրնայ մնալ։ Բայց ես չէի որ այս խնդիրներուն վրայ պիտի համարձակէի ճառել Թէրզեանին առթիւ՝ որ գրականութիւններու պատմութեան համբաւաւոր ուսուցիչ մըն է։

Լա՛ւ ուրեմն, սակայն, իր ոտանաւորը աւելի՛ ողորմելի է քան միջակութիւնը։ Մենք կը սարսափինք այդ բարբարոս արուեստէն՝ զոր չի պարտկեր ու չարդարացներ իսկատիպ ու ինքնաբուղխ ներշնչումը, ինչ որ կը հաստատենք ռուսահայ մեծ բանաստեղծ Քամառ-Քաթիպային մէջ։

Նկատելի է թէ այս ոտանաւորին լեզուն չէր որ քննադատութեան առարկայ պիտի ուզէի ընել։ Ներդաշնակութեան գաղափարը անկախ է ապահովաբար անոնց գրաբարի ու աշխարհաբարի տգեղ խառնուրդ մը ըլլալու հանգամանքէն։ Պէշիկթաշլեան, Նար-Պէյ, Աճէմեան՝ տարբեր լեզուով մը գրած չեն իրենց սահուն ու երաժշտական ոտանաւորները։

Յետոյ, նոյն իսկ մէկ կողմ թողլով անոնք՝ զորս Թէրզեան կրնայ գրած ըլլալ այն ատեն՝ ուր լեզուական հրէշութիւնը, փոխանցման երեւոյթ, նորութեան հրապոյրն ունէր քանի մը նուրբ ճաշակներու համար իսկ՝ որ Դուրեանին ու Ոսկանին աշխարհաբար ոտանաւորները տեսած էին արդէն, մենք կը զարմանանք որ այս գրականութեան պատուելին տաղաւարի յաւիտենական տօնարարը մնացած ըլլայ, (չէ՞ մի որ «բարւոք է մեզ աստ լինել»), հայ աշխարհաբարին կրած այլակերպութիւններուն ետեւ, իր վերջնական կայքին մէջ միամտօրէն խրոխտ ու հանգստաւէտ ընկողմանում մը փորձելով։

Դեռ չհամարձակի՞մ հարցնելու. ի՞նչ հակասութիւն՝ այդ լեզուական նողկալի խաւիծը, եւ այդ նրբաճաշակի շողշողուն համբաւը։

«Եթէ աստուածները կը մեռցնէք, իրենց գահոյքները պարապ պիտի մնան, բողոքողներ գտնուին թերեւս։ Նուիրականութիւններուն աւանդական յարգանքը կը սրբապղծէք, հանդարտ ու անկարեկիր շնականութեամբ, մինչդեռ նոր հաւատք մը, նոր պաշտամունք մը չունիք մեզի տալիք։ Ոճիր է պատրանքները բզկտել, քանդել, երբ սրտի ունայնութիւնը եւ հոգիի անբաւականութիւնը պիտի յաջորդեն անոնց»։

Չէ՛, ես չեմ հերքեր այս ողբին սրտառուչ շեշտերը։ Գիտեմ թէ շատեր այսպէս կը խորհին, գտնուելով այսօրինակ պարագայի մը առջեւ։

Բայց՝ վախնալու բան չկայ բնաւ։

Եթէ աստուածները կը տապալին, գահոյքները պարապ չպիտի մնան, եւ հին պատրանքներուն նորերը պիտի չուշանան յաջորդել ընդհուպ։ Լա՛ւ է որ պատուանդաններ սարսին, կուռքեր վար իյնան։ Ի՜նչ օգուտ, աշխարհ կը ձանձրանայ միօրինակութենէ, ամէն բան կը մաշի ու կը հիննայ, ամէն բան կը գունաթափի ու կը մեռնի, պատրանքներն իսկ, եթէ ամէն ինչ պատրանք չէ արդէն այս աշխարհիս մէջ, որոնք բարերար հիասթափումին պէտք ունին, վերընձիւղելու համար ուրիշ ձեւերու ներքեւ, մարդկային խստապահանջ ու բազմապէտ իմացականութեան մէջ։

Կը կրկնեմ, վախնալու բան չկայ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, Օգոստոս 30, թիւ 35, էջ 825-830