Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻՆՏՐԱ ԵՒ ԻՐ «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»Ը

Գրողներ կան որոնց տաղանդին անյաղթելի բացարձակութիւնն եւ մտքին անճողոպրելի հեղինակութիւնն ինքզինքնին հարկադիր կ՚ընեն իրենց ժամանակին վրայ։ Անտեղիտալի բռնակալութիւնն է ան հանճարին որուն առջեւ ստիպուած ենք խոնարհիլ։ Ուրիշներ կան, հասարակ տաղանդները, դիւրին, բեղուն, աւելի կամ նուազ ճկուն, ու հետեւակ։ Ծեծուած ճամբաներու վրայ երթեւեկող կառապաններ են ասոնք։ Իրենց հետ հանգիստ ենք ու ապահով։ Հասարակաց հաւանութիւնն ու վստահութիւնն անոնց հետ է, հասարակաց ծոյլ վստահութիւնը, որ կը վախնայ խոտորնակ ճամբաներէն, անընդունակ է տոկալու անոնց յոգնեցուցիչ հաճոյքին։

Կան նաեւ տարականոն տաղանդները։ Հանճարին տիեզերականութիւնը չուինին անոնք։ Բայց մեկուսի ու վեր են հասարակ միտքերու ռամիկ սովորականութենէն։ Արտուղի, կողմնակի, նորերեւոյթ ճիգեր են անոնք. մերթ, լաւագոյն պարագային, յոյժ շահեկան։ Իրենց միակողմանիութիւնը, աւելի կամ նուազ անձուկ, աւելի կան նուազ աղանդամոլ անհատապաշտութիւնը՝ հաճելի չէ ամենուն։ Մանաւանդ թէ՝ հասարակաց զայրոյթն ու հակակրութիւնը կը գրգռէ յաճախ։ Սովորաբար, չենք սիրեր այս մարդիկը՝ որք նմանութեան եզրերը կը խանգարեն։ Անհրաժեշտապէս կ՚ուզենք որ մարդիկ իրարու նմանին։ Ասիկա՝ հասարակաց մտքին տափակութեան զայրալիր խոստովանութիւնն է։ Տարտամօրէն ու խուլօրէն կ՚զգանք թէ ամենուն չնմանողներն իրենց վրայ բան մ՚ունին՝ որ եթէ միշտ գերազանցութիւնը չէ՝ բայց ուշադրութիւն կը հրաւիրէ. մինչդեռ, սովորական դէմքերը, աւա՜ղ, իրարու հետ կը շփոթուին։ Հետեւաբար, այդ զարտուղի տաղանդներուն մօտենալու պատշաճագոյն եւ լաւագոյն եղանակը, առանց կանխորոշութեան, հանդարտօրէն, ու մանաւանդ համակրութեամբ հետաքրքրուիլն է անոնցմով։ Առանց բարեմտութեան, առանց արուեստի ազատութեան սկզբունքին ընդունելութեան, եւ առանց տեսակ մը հոգւոյ ճկունութեան, որ ընդունակ ըլլար բոլոր ձեւերուն հետ ձեւաւորուելու, այդ զարտուղի տաղանդներն անվիճելիօրէն մերժելի են։ Համակրութիւնը լաւագոյն révélateurն է այդ զգայուն տախտակներուն (plaque sensilbe) վրայ պահուըտած անտեսանելի պատկերներուն յստակ յայտնումին։

Ներաշխարհի հեղինակը կը պատկանի գրագէտներու այս վերջին դասակարգին։

Տիրան Չրաքեան՝ խրոխտ, անհամբոյր, խստօրէն եսական միտք մ՚է։ Շատեր, որք տասնեակ տարիներէ ի վեր հետամուտ եղած են մեր գրական խլրտումին, թերեւս նոր լսեցին իր անունը։ Այս անողոքելի դժուարապահանջը, իրեն համար պատուոյ խնդիր համարած է բոլորովին հեռու մնալ մեր արդի լրագրական գրականութենէն, ուր վերջին քանի մը տարուան միջոցին յայտնուող դէմքերը, առանց բացառութեան, թշուառութիւն ու ոչնչութիւն են միայն։ Այս ոչ ոքի հաւնող մարդը, կարծես անապատի մը մէջ մինակ գտնելով ինքզինքը, մխիթարուելու համար, կամ իր ձանձրոյթը փարատելու համար, խոշորացոյց հայելիի մը մէջ կը նայի մերթ։ Իսկատիպ խառնուածք մ՚է ինքը, անվիճելի կերպով։ Իր կերպասը՝ սովորական կերպաս մը չէ։ Բայց իսկատպութեան բնազդն իրեն մէջ գիտակցութեան բարձրացած վիճակ մ՚է։ Գիտակցութեան գերակշիռ աճումը կը վնասէ արուեստի գործին։ Անդին Թլկատինցին, բուն իսկատիպ գրողն է, ինքնաբուխ, բնական։ Մինչդեռ, իսկատպութիւնը, գիտակցութեան բարձրացած, այլեւս հոգ մը եւ յաւակնութիւն մ՚է։ Ուրիշներուն ըրածը շատ ողորմելի բան մ՚է. ուրիշներուն չըրածը պէտք է ընել։ Որովհետեւ, հարկ է ջնջել ուրիշներուն հետ հասարակաց ամէն եզր, եւ ստեղծել, նոյն իսկ, նոր լեզու մը, նոր քերականութիւն մը։ Այսպէս ըրած չէ՞ Նարեկացին, այսպէս ըրած չէ՞ Տէմիրճիպաշեան. այսպէս ըրած չէ՞ Մալլառմէ։ Չրաքեան՝ անհունօրէն կը գերազանցէ զանոնք։ Իր այլամերժ, ինքնաբաւ, գոռոզ անհատականութիւնը կը թուի ունենալ ուզուած մաս մը, որ թերեւս չափը կ՚անցընէ։ Եւ գուցէ այդ է պատճառն որ, իր տաղանդը հանդուրժելի չի հանդիսանար ծայրէ ծայր։ Խաղարարութեան բաժին մը կասկածելի կ՚ըլլայ հոն։ Վասն զի ի՞նչ անթարգմանելի բան բացատրելու համար պիտի կրնային յօրինուիլ քմածին կազմութեամբ ածանցումներ ու բարդութիւններ՝ որոնց ճիշտ ու կանոնաւոր հոմանիշները գոյութիւն ունին, արդէն, եւ մանաւանդ, ի՞նչ բանաւոր պէտքի գոհացում տալու անհրաժեշտութեամբ, այլանդակօրէն եւ կամայականօրէն ձեւազեղծ կ՚ըլլան կարգ մը բառեր, օրինակ, մտատանջ մտանջ, ճարտարարուեստ ճարտարուեստ, մարդադաւ մարդաւ, լուսասփիւռ լուսփիւռ եւն. ինչպէս շատ իրաւամբ դիտած է Պէրպէրեան էֆ[էնտի] իր գեղեցիկ յառաջաբանին մէջ, սքանչելիք մը նրբութեան, հեգնութեան, փափկութեան ու փաղաքշոտ անկեղծութեան։

Հասարակաց եզրերու ջնջման մէջ լեզուն ունի, ճաշակի տէր եւ լուրջ մարդուն համար, տեսակ մը նուիրականութիւն, զոր չենք կրնար պղծել առանց մեծամտութեան, կամ առանց տգիտութեան։ Լեզուական իսկատպութիւնը մանաւանդ արտառոցութիւն մ՚է։ Իսկատիպ է Թլկատինցին. իսկատիպ է Սրուանձտեանց։ Բայց շինծու չէ իրենց լեզուն։ Դասական լեզուն իսկ կարող է իսկատիպ խառնուածք մը լիովին թարգմանել։ Հարիւրաւոր օրինակներ կարելի է մէջ բերել օտար մատենագրութիւններէ։ Անշուշտ, կենդանի լեզուն չէ սառեր վերջնական կաղապարումի մը մէջ։ Ասիկա նկարագիրն է մեռած լեզուներուն։ Կենդանի լեզուն կը փոխուի, կը շրջուի, անշուշտ, քանի որ կ՚ապրի։ Բայց այս պարագան չի կրնար շփոթուիլ բնաւ, շինծու, բռնաճիգ ու փախուկ լեզուական յանդգնութիւններուն հետ։

Ներաշխարհը, Չրաքեանի նորատիպ գործը, հոգիի մը պատմութենէն՝ բացառիկ կերպով տպաւորուած վայրկեաններու նկարագրութիւն մ՚է, բանաստեղծաշունչ, քնարական յուզումով թրթռուն։ Ներաշխարհը փոթորիկ մ՚է. փոթորիկի մը անկարգ, զանազանակ եւ ընդդիմակ երեւոյթներուն հանդիսարանը։ Թոթովում մը եւ զառանցանք մ՚է ան. զգայապատրանական նոպայի մը ուժգին զարկը։ Յորձանապտոյտ միգամածի մը պակուցիչ սաստկութիւնը, ցնորաբեր շփոթն ու ջղագալար ուժգնութիւնը կայ հոն։ Ներաշխարհը տեսիլքներու դիւթական հանդիսարանն է, մթնշաղին տարտամ ոսկեզօծման մէջ խլրտացող հմայիչ տեսիլքներուն տողանցումը։ Իրականին ու գաղափարականին տարօրինակ շփոթումն է ան, նիւթին տեսլակերպ անվերջ անօսրացումը, գաղափարացումը։ Հոն ամէն պատկեր, ամէն իր՝ խորհրդանշանական եւ ներքսածական կերպարանափոխում մ՚է, եւ ներածածուկ իմաստի մթին հոծութիւն մը կ՚արտաշնչէ։ Այլատարր, հակառակաբնոյթ իրերու եւ իրողութիւններու մոգական, բնազանցական միաւորման ջանքը, համագոյից ներքին ու գաղտնի առնչութիւններուն միաւորիչ ընդելուզման յանդուգն խուզարկութիւնն է Ներաշխարհը։

Պատկերները, դէպքերը, երազային ու տեսլական պատկերներ են, անկապ, անշրջագիծ։ Արդէն, զգայաբանօրէն ըմբռնելի աշխարհին երեւութական ստուգութիւնը չի գոհացներ, վիճելի կամ տարակուսելի ըլլալով։ Եւ, ճշմարտութիւնը, վերջնական, իսկական, «ներէական» ճշմարտութիւնն այլուրին կամ «անաշխարհային» ոլորտին մէջ փնտռելու տենչը՝ այլեւս մոլութիւն մը հիւանդութիւն մ՚է, մինչդեռ հոս, մարդկութիւնը, իր խոհանոցային աշխարհահայեցողութեան մէջ, աւա՜ղ, այնքա՛ն ողորմելի է, այնքա՛ն թշուառ։

Եւ զայրագին, կնճռոտ նրբամոլութեամբ մը, հոն կը վերլուծուի ամէն բան. անվերջ տրոհում մը, կոտորակում մը, դէպի հիւլէական, նախատարրային ալքիմիական կազմութիւնը մարդուն եւ տիեզերքին։ Անկէց վերջը, նիրվանան է. ոչ թէ անէութիւնը, այլ «հանրէութիւնը» մանաւանդ, ուր ամէն ինչ այլ եւս իրարու հետ կը շփոթուի։ Խաբուսիկ մասնաւորմանց այս ժխտումն ու զզուանքը, եւ «հանրէական» հալումին այս փափաքն ո՛րքան տրամաբանական ու ցանկալի կը դարձնէ մահը, որուն կը տենչայ արդէն բանաստեղծը հոգեւին, նոյնանալու համար մեծ ամբողջին հետ։

Ասոնք նոր ճշմարտազանցութիւններ չեն. բայց միշտ շահեկան են։ Ներաշխարհն անկախ, զարտուղի, բուռն անհատականութեան մը ծառացումն է ահա, ընդդէմ սովորական, անմիջականօրէն իրական աշխարհին ու իր պայմաններուն։

Ներաշխարհը միայն այս չէ սակայն։ Յոռետես մտածողին քով, որ իր պատրանքները, ցաւերն ու զզուանքները կ՚ըսէ տեսակ մը շնական բուռն միամտութեամբ, որ իր բաղձանքները կը բանաձեւէ հաւատացողի մը ոգիով, հոն է նաեւ բանաստեղծը, քնարերգուն ու արուեստագէտը։ Բայց հոս, ինչպէս այլուր, ոչ մէկ չափաւորութիւն, ոչ մէկ ներդաշնակիչ, զտիչ, կանոնաւորիչ նկարագիր։ Պատկերները, զգացողութիւնները այնքա՛ն իսկատիպ, այնքան ուշագրաւ, կը մթննան, կը խճողուին կը ծանրաբեռնուին, գոյներու, գիծերու, երանգներու եւ ճապաղ թրթռացմանց յորդառատ շռայլութեան մը մէջ։

Բայց Ներաշխարհն էջեր ունի, ուր քնարերգութիւնը կը թրթռայ վէտայական ու աստուածաշնչական մեծվայելչութեան կշռոյթին համեմատ։ Լոյսին քերթուածը կայ հոն, զոր կարելի չէ կարդալ առանց խորապէս ցնցուելու, առանց դող ելնելու էութեան ամենէն յետին մասնիկով։ Եւ Յիսուսի տեսիլքը, հոյակապ էջ մը, ուր հոգին իր անճառ հիացումը կը հեւայ, յափշտակուա՜ծ, պակուցեալ, ու կը ցնծայ՝ բոլորանուէր ներշնչման մը ներքեւ լիալիր թրթռումով սաստկօրէն հնչող քնարի մը հանգոյն։

Չրաքեան՝ միսթիք բանաստեղծ մ՚է։ Նաեւ, յայտնապէս զգալի է իր մտքին ésotérique եւ hermétique նկարագիրը։ Իր զգացողութիւններու ու իր գաղափարներուն ներքին հմայքին հետ հաղորդակցելու համար, անհրաժեշտ է քիչ թէ շատ ծանօթացած ըլլալ occultisme-ին եւ յաճախած ըլլալ միսթիք գրագէտներու մօտ։

Այս տեսակէտէն անջատաբար, Չրաքեանի ոճը մանուածապատ, խրթին, ճապաղ ու ճոռոմ է. պատճառն այն չէ որ այդ ոճը կախում ունի իր մշակած գաղափարներուն խորութենէն կամ բարձրութենէն, լայնութենէն կամ երկարութենէն, այլ որովհետեւ, ոճը՝ մարդն իսկ է, le style est l'homme։ Ոճը՝ գաղափար մը չէ, ոչ իսկ գաղափարներու արդիւնք։ Գաղափարներն ենթակայ են ոճէն անկախ փոփոխութեանց։ Ոճը կրնայ փոխուիլ՝ մարդու մը ընդհանուր նկարագրին կրած եղանակաւորումներուն համեմատ միայն։ Մարդ, անկեղծօրէն ու բնական վիճակի մէջ, ինքն իրեն համար ոճ մը չի շիներ։ Կ՚ունենայ զայն։ Կամ եթէ կը շինէ՝ շինած կ՚ըլլայ զայն, շինծու արուեստակեալ։ Չրաքեանի ոճին նկարագիրը վերագրելի է իր իսկ անհատական նկարագրին։

Եզրակացութիւն. Ներաշխարհը նորութիւն մ՚է մեր գրականութեան մէջ, իր արտառոցութիւններով ու անհեթեթութիւններով. անիկա շահեկան է իր մեծաշռինդ քնարերգութեամբ, իր նրբամոլ ու մանրախոյզ մտքով, եւ այն ամէն անակնկալներով՝ որոնք դուրս կուգան իրմէ, եւ այս շահեկանութիւնը բնաւ բաղդատելի չէ հետեւակ, հասարակ ու ռամիկ գրականութեան մը յարուցած կամ գրգռած հետաքրքրութեան հետ։

 

«Բիւզանդիոն», 19 Յուլիս 1906